ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Հայկական Կարելիութիւնները Առաւելագոյնի Հասցնել` Հիմնական Մարտահրաւէրները Յաղթահարելու Համար


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Հայկական Կարելիութիւնները Առաւելագոյնի Հասցնել` Հիմնական Մարտահրաւէրները Յաղթահարելու Համար

  • 13-03-2013 11:18:55   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

 

Նիւ Եորքի մէջ գործող «Սփիւռքի ձայնը» պատկերասփիւռի ընկերութիւնը (VOATV NY) Մարտի 2-ին իր տարեկան երկրորդ դրամահաւաք ճաշկերոյթը կազմակերպեց Նիւ Ճըրզիի Քլիֆսայտ փարքի «Փալիսատիումէ» սրահին մէջ: Այդ հանդիսութեան առիթով ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդը մեծարեց գրող եւ Սրբոց Նահատակաց հայկական վարժարանի տնօրէն Զարմինէ Պօղոսեանը, գրող, բեմադրիչ եւ դերասան դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը եւ «Քալիֆորնիա Քուրիեր” թերթի հրատարակիչ եւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեանը:
Ձեռնարկի հանդիսավար Հայկ Քոչարեանի բացման խօսքէն եւ «Սփիւռքի ձայնը»ի նախագահ դոկտ. Արամ Գազազեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, դափնեկիրները ներկայացուցին ՀԲԸՄ-ի Այլընտրանքային կրթութեան տնօրէն Նաթալի Գաբրիէլեանը, մանկավարժ եւ երկրաչափ Յարութիւն Միսերլեանը եւ Միացեալ Նահանգներու «Հայ Կեանք» պարբերականի հրատարակիչ Աբօ Չափարեանը: Շնորհաւորական ուղերձով հանդէս եկան արուեստագէտ Վիքի Շողակ Յովհաննիսեանը եւ «Սփիւռքի ձայնը» ընկերութեան գործադիր տնօրէն եւ հանդիսավար Կարինէ Քոչարեանը:
Յարութ Սասունեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ ներկայ 300 հիւրերուն հետ կիսեց իր խորապէս արմատաւորուած համոզումները` հիմնուած 40 տարիներու քաղաքական գործունէութեան եւ համայնքային ներգրաւուածութեան վրայ: Ան յոյս յայտնեց, որ ստորեւ ներկայացուած խորհուրդները կ’ամրապնդեն եւ կը հզօրացնեն աշխարհասփիւռ հայութիւնը։
1. Խրախուսել կիներու մասնակցութիւնը համայնքային գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ, որովհետեւ կիները կը կազմեն հայ ժողովուրդին կէսը։ Երբ արդէն իսկ հնամենի եղած խոչընդոտները յաղթահարուին, հայերը կրնան արագօրէն կրկնապատկել իրենց ընդհանուր պաշարներն ու կարելիութիւնները:
2. Երիտասարդութիւնը ներգրաւել հասարակական գործունէութեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ` անոնց տալով յատուկ պարտականութիւններ, քանի որ անոնք պիտի կերտեն հայ ժողովուրդին ապագան: Եթէ այսօր հայերը չյաջողին իրենց ձեռքբերումներն ու գործունէութիւնը փոխանցել յաջորդող սերունդներուն, ապա անոնց բոլոր ջանքերը ապարդիւն կ’ըլլան:
3. Իւրաքանչիւր հայու վերաբերիլ իբրեւ ընտանիքի անդամի` անկախ անձնական տարակարծութիւններէն կամ հասարակական, քաղաքական եւ կրօնական պատկանելութեան կամ ծագման երկրի տարբերութիւններէն, հայերը իրարու հետ պէտք է վարուին ինչպէս հաւասարը հաւասարի հետ, որեւէ խտրութիւն պէտք չէ դրուի սփիւռքահայու եւ հայաստանցիի միջեւ:
4. Հրաժարիլ որոշ հայերու կողմէ ժառանգուած օսմանեան եւ խորհրդային մտածելակերպէն: Թէեւ անոնք շատոնց լքած են Օսմանեան կայսրութիւնը, եւ վերջերս ալ` Խորհրդային Միութիւնը, սակայն կարծէք թէ այդ մտածելակերպերու յետադիմական ազդեցութիւնը դեռ չէ լքած զանոնք:
5. Oգնութեան ձեռք մեկնել Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին անկախ անոնց ղեկավարութեան վերաբերեալ տեսակէտներու տարբերութենէն: Նախագահներն ու վարչապետները ժամանակաւոր են, մինչդեռ հայրենիքը յաւերժական է:
6. Միշտ ձգտիլ համախմբուելու եւ ոչ թէ տարակարծութիւն յառաջացնել: Եղէք միաւորող, այլ ոչ թէ` բաժնող: Յիշեցէք հայ մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցին պատգամը` «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Իտէալական կ’ըլլայ, եթէ սփիւռքը ունենայ ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած ներկայացուցչութիւն` հայերը հաւաքելով մէկ հովանիին տակ:
7. Աջակցիլ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններուն, ըլլան անոնք հասարակական, մշակութային, կրօնական թէ քաղաքական բնոյթի` ապահովելու համար սփիւռքի գոյատեւումը: Հզօր սփիւռքը ուժեղ եւ ապահով Հայաստանի ողնաշարն է:
8. Մերժել անկարողութեան ու ստորակայութեան զգացումները եւ վերացնել բոլոր պարտուողական դիրքորոշումները: Անհատապէս եւ հաւաքականօրէն հայերը կրնան իրականացնել իրենց արդարացի ձգտումները, եթէ միասնաբար աշխատին յանուն իրենց համընդհանուր նպատակներուն: Միայն միասնական եւ ուժեղ մնալով` անոնք կրնան յաղթել բոլոր հակառակորդներուն եւ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները: Եթէ հայերը կարենան կարգի բերել իրենց հարազատ տունը, ապա անոնք կրնան դիւրութեամբ դիմակայել արտաքին բոլոր սպառնալիքները:
9. Վերջապէս, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի առնչութեամբ աշխարհասփիւռ հայութիւնը` Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները, ինչպէս նաեւ` սփիւռքը, պէտք է համախմբուին մէկ ընդհանուր ուղերձի շուրջ` Թուրքիայէն իրենց պահանջներու առումով: Հայաստանը եւ սփիւռքի համայնքները պէտք չէ առանձին եւ տարբեր պահանջներ ներկայացնեն` շփոթութեան մէջ ձգելով իրենց համակիրներն ու հակառակորդները: Միակ բառը, որ կ’ընդգրկէ համահայկական պահանջը Թուրքիայէն` «արդարութիւն»ն է, որ կը ներառէ հայ ժողովուրդին բարոյական, նիւթական եւ տարածքային հատուցումը:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«ԵՌԱԳՈՅՆ» կայքէջը
 
  -   Յօդուածներ