Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը Արդեօք Պիտի Կրկնէ՞ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Կարտինալ Պերկոլիոյի Խօսքերը


Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը Արդեօք Պիտի Կրկնէ՞ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Կարտինալ Պերկոլիոյի Խօսքերը

  • 26-03-2013 19:00:56   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Կարտինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոյի` Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապ դառնալէն քիչ անց, հայկական եւ թրքական լրատուամիջոցները շտապեցին իրենց հանրութեան տեղեկացնելու, որ աժանթինցի արքեպիսկոպոսը զանազան առիթներով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Երբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը 2004 թուականի Ապրիլ 23-ին այցելեց Պուէնոս Այրես, Կարտինալ Պերկոլիոն միացաւ անոր տիեզերական պատարագին եւ խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին: Կարտինալը ըսաւ. «Մենք միասնական ենք Ցեղասպանութեան` 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան վշտի մէջ. Ցեղասպանութիւն, զոր հզօր կայսրութիւնները կը ձգտին լռութեան մատնել եւ քողարկել կարելի բոլոր միջոցներով”:
Նախորդ շաբաթ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին յղած իր շնորհաւորական ուղերձի մէջ “քաղցրութեամբ յիշեցուց” Արժանթինի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն եւ միասնական աղօթքներուն մասին, եւ կաթողիկէ քահանայապետը գովաբանեց իբրեւ “քաջ, իմաստուն եւ արդարամիտ հովիւի”:
Կաթողիկոսը անդրադարձաւ կարտինալ Պերկոլիոյի` “հայ ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերած անկեղծ սիրոյն”, աւելցնելով` “ուրախութեամբ ենք հաստատում, որ մեր եկեղեցիների պատմական յարաբերութիւնները յատկանշուած են եղբայրական ջերմութեամբ: Մեծապէս կարեւորում ենք այն առաջընթացը, որ արձանագրել են մեր եկեղեցիները մեր եւ մեր նախորդների շրջանում` փոխադարձ այցերով, կրթական եւ բարեսիրական բազում ծրագրերով”:
2006 թուականի Ապրիլ 22-ին Պուէնոս Այրեսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 91-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն Կարտինալ Պերկոլիօ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ` անվերապահօրէն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը` իբրեւ “հայ ժողովուրդի եւ ամբողջ մարդկութեան դէմ օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ծանրագոյն ոճրագործութիւն”:
Վերջերս 2011 թուականին, երբ Արժանթինի դաշնակցային դատարանը, ի պատասխան վերապրող Գրիգոր Հայրապետեանի հայցի, Թուրքիան մեղաւոր ճանչցաւ հայերուն դէմ գործած Ցեղասպանութեան համար, կարտինալ Պերկոլիոն հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` դատապարտելով “ցեղասպանութեան նողկալի ոճիրը, զոր թրքական պետութիւնը կատարած է հայ ժողովուրդին դէմ 1915-1923 թուականներուն”:
Այժմ հայերն ու թուրքերը իրենք իրենց հարց կու տան, թէ Ֆրանչիսկոս պապը իր նոր պաշտօնի ստանձնումէն ետք պիտի կրկնէ՞ արդեօք այն խօսքերը, զորս ան արտասանած է իբրեւ կարտինալ Պերկոլիօ: Հայերը շատ ուրախացած էին, որ իրենց արժանթինահայ համայնքի մտերիմ բարեկամը ընտրուած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ: Մինչդեռ թրքական մամուլը մեծ մտահոգութիւն յայտնած էր, որ` “նորընտիր պապը կրնայ (հայկական) լոպպիստական խումբերու ազդեցութեան տակ իյնալ”:
Այժմ ան կը գտնուի Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ բարձրագոյն մակարդակին վրայ, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ Ֆրանչիսկոս պապը ինչ դիրք պիտի որդեգրէ Հայկական հարցին նկատմամբ: Պէտք է յիշել, որ Հռոմի պապը ունի երկու տարբեր առաքելութիւններ` կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Վատիկանի ինքնիշխան քաղաք-պետութեան առաջնորդութիւններ: Այլ խօքով, ան թէ հոգեւոր առաջնորդ է, թէ պետութեան ղեկավար: Հետեւաբար, խնդիրի բնոյթին համաձայն, միշտ չէ, որ ան կրնայ արտայայտել կարտինալ Պերկոլիոյի տեսակէտները: Երբեմն-երբեմն քաղաքական դրդապատճառներէն մեկնելով` ան կրնայ դիրքորոշուիլ այնպէս, որ շեղի իր անձանական տեսակէտներէն եւ իր կեցուածքը համընկնեցնէ Վատիկանի աւելի աշխարհիկ շահերուն: Հռոմի պապը, իբրեւ Վատիկանի պետութեան ղեկավար, հաւանաբար ստիպուած ըլլայ գործելու իբրեւ ոեւէ այլ քաղաքական գործիչ, ինչպէս` նախագահ Օպաման, որ ընտրութիւններէն առաջ բան մը ըսաւ, իսկ յետոյ փոխեց խօսքը:
Սակայն, իբրեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ եւ բարձր բարոյական արժէքներով օժտուած անձնաւորութիւն, Հռոմի պապը չի կրնար պարզապէս անտեսել իր մէջ խորապէս արմատաւորուած համոզումները կամ հակասել անոնց:
Գիտակցելով, որ Հռոմի բոլոր պապերը իրարու նման չեն, հետաքրքրական է վերանայիլ վերջին պապերու յայտարարութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը երկու առիթով օգտագործած է Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը` 2000 թուականի Նոյեմբեր 9-ին եւ 2001 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին: Սակայն, ի տարբերութիւն իր նախորդին, Պենետիկտոս ԺԶ. հրաժարած է օգտագործել այդ եզրը` նախընտրելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակել իբրեւ “նահատակութիւն” եւ “անասելի տառապանք”:
Ֆրանչիսկոս պապի պարագային հայերը կարիք չունին պնդելու, որ ան օգտագործէ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը, քանի որ Վատիկանը երկու անգամ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ուստի, իմաստ չունի պահանջել իւրաքանչիւր նորընտիր պապէ` դարձեալ վերահաստատել Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Կարեւորը այն է, որ Ֆրանչիսկոս պապը չնահանջէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր նախապէս որդեգրած դիրքորոշումէն. փոխարինող բառերն ու մեղմաբանութիւնները պատշաճ չեն ըլլար:
Նկատի առնելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ Վատիկանի դրական դիրքորոշումը` աւելի լաւ կ’ըլլայ դուրս ելլել այս հարցի շրջանակներէն եւ փնտռել այլ ոլորտներ, ուր Հռոմի պապը կրնայ նեցուկ ըլլալ, ինչպէս` անվտանգութեան երաշխիքներ պահանջելու սուրիահայերու եւ այլ քրիստոնեաներու համար: Նաեւ պէտք է ջանքեր գործադրուին ամրապնդելու համար Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ առկայ բարեկամական կապերը, եւ Վատիկանի պետութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ջերմ յարաբերութիւնները:
 
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը
 
  -   Յօդուածներ