Թուրքիա Հրէական ողջակիզման խնդրի մէջ նոր քայլ մը պիտի առնէ


Թուրքիա Հրէական ողջակիզման խնդրի մէջ նոր քայլ մը պիտի առնէ

  • 01-02-2011 15:57:24   |   |  Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը
Մարմարա Թուրքիա Հրէական Ողջակիզման խնդրի մէջ նոր քայլ մը եւս պիտի առնէ ներկայ գտնուելով Ողջակիզման յիշատակութեան արարողութեան մը որ պիտի սարքուի այսօր 1 Փետրուար 2011-ին Լեհաստանի Աուշվից քաղաքին մէջ, քաղաք՝ որ պատմութեան մէջ նշանաւոր դարձած է հրեաներու համար բացուած Կեդրոնական Ճամբարներով եւ որ խորհրդանշան մը կը նկատուի ողջակիզման զոհ գացած հրեաներուն համար։ Թուրքիոյ անունով հանդիսութեանց ներկայ պիտի գտնուին Եւրոմիութեան Աւագ Բանագնաց Էկէմէն Պաղըշ, Հանրապետութեան նախագահ Կիւլի ներկայացուցիչ Եաշար Եագըշ, եւ Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան ներկայացուցիչ Մէվլուտ Չավուշօղլու։ Ինչպէս պիտի յիշուի, անցեալ շաբաթ Թուրքիա իր ներկայացուցիչներով պաշտօնապէս մասնակցեցաւ Իսթանպուլի Նէվէ Շալոմ Սինակոկին մէջ կայացած հանդիսութեան։ Աուշվիցի ոգեկոչման մասնակցելով Թուրքիա քանի մը օրուան մէջ երկրորդ քայլը կ’առնէ հրեաներուն հաճոյ թուելու ու անոնց սուգը բաժնելու ուղղութեամբ։ Հաղորդուեցաւ որ ոգեկոչման ներկայ գտնուելու հրաւիրուած են Հրեայ, Մահմետական ու Քրիստոնեայ Հոգեւոր Առաջնորդներ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ու Պոսնիոյ Միւֆթիւները։
  -   Ի՞նչ է գրում սփյուռքի մամուլը