ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Էրտողանը Կը Պնդէ, որ Ցեղասպանութիւն Չէ Եղած, Քանի որ Բոլոր Հայերը Չեն Սպաննուած


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ. Էրտողանը Կը Պնդէ, որ Ցեղասպանութիւն Չէ Եղած, Քանի որ Բոլոր Հայերը Չեն Սպաննուած

  • 12-05-2014 17:59:15   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Քանի մը օր անց Ապրիլ 23ի խորամանկ յայտարարութեան հրապարակումէն, որ շատերը մոլորութեան մէջ ձգած էր, թէ իբր թէ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ան փոխեց իր դիրքորոշումը ամերիկեան պատկերասփիւռի յայտագիրի մը ընթացքին` պնդելով, որ 1915 թուականի հայերու զանգուածային սպանութիւնը ցեղասպանութիւն չէր:
Պատասխանելով վաստակաւոր լրագրող Չարլի Ռոզի հարցումին, թէ արդեօք հնարաւո՞ր է Թուրքիոյ վարչապետին համար այդ սպանութիւնները բնորոշել իբրեւ  ցեղասպանութիւն, Էրտողանը ծիծաղելի պատասխան տուաւ. «Հնարաւոր չէ, քանի որ եթէ ցեղասպանութիւն եղած ըլլար, հայեր պիտի ապրէի՞ն այս երկրի մէջ (Թուրքիոյ մէջ):
Անհաւատալի է, որ Թուրքիոյ նման մեծ երկրի ղեկավարը անտեղեակ է ցեղասպանութեան աշխարհով մէկ ընդունուած սահմանումէն: Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն (նախկին փրոֆեսէօր) եւ այլ զարգացած թուրքեր հաւանաբար շատ ամչցան` տեսնելով, թէ ինչպէս իրենց վարչապետը կը խայտառակուի` բացայայտելով իր անգրագիտութիւնը միլիոնաւոր ակնդիրներու առջեւ:
1948 թուականի Դեկտեմբեր 9ին ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուած «ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու» պայմանագրի 2-րդ յօդուածը ցեղասպանութիւն կը համարէ` «այն գործողութիւնները, որոնք կը կատարուին որեւէ ազգային, ցեղային կամ կրօնական խումբի մը լիակատար կամ մասնակի ոչնչացման մտադրութեամբ»:
Պէտք չէ ցեղասպանագէտ ըլլալ հասկնալու համար, որ պարտադիր չէ ոչնչացնել որոշ խումբի իւրաքանչիւր անդամ` ցեղասպանութեան իրականացման մէջ մեղադրուելու համար: Արդեօք Հիթլերը կրցա՞ւ սպաննել Գերմանիոյ բոլոր հրեաները: Միթէ Էրտողանը պիտի յանդգնէ՞ր երթալ ամերիկեան պատկերասփիւռի ընկերութիւն եւ նման վիրաւորական կարծիք յայտնել Հրէական ողջակիզման վերաբերեալ` պնդելով, թէ ատիկա ցեղասպանութիւն չէ, քանի որ այսօր ալ բազմաթիւ հրեաներ կ’ապրին Գերմանիոյ մէջ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան արժանի պատասխան տալով` յորդորեց Էրտողանին հետեւելու Գերմանիոյ` Ողջակիզման ընդունման օրինակին` «Ճանչնալու, դատապարտելու եւ ներողութիւն հայցելու» միջոցով: Նալբանդեան պէտք էր նաեւ աւելցնէր «փոխհատուցման» պարտադիր պահանջը, առանց որուն մնացածը սին խօսքեր են:
Էրտողանին պէտք է յիշեցնել, որ ընդամէնը քանի մը օր առաջ ան կոչ կ’ուղղէր ստեղծելու պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով` «պատմական փաստերը» ուսումնասիրելու համար: Ի՞նչ իմաստ ունի նման ուսումնասիրութիւն իրականացնել, եթէ ան արդէն եզրակացուցած է, որ ցեղասպանութիւն չէ եղած: Վարչապետին առաջարկը ոչ լուրջ է եւ ոչ ալ անկեղծ …
Չարլի Ռոզի հետ ունեցած իր հարցազրոյցի աւարտին Էրտողանը լրացուցիչ հակասական յայտարարութիւններ ըրաւ` ցեղասպանութեան համար մեղքը բարդելով  օսմանցիներուն վրայ. «Անիկա տեղի չէ ունեցած ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրով: Անիկա եղած է Օսմանեան կայսրութեան օրով…. Եթէ փաստաթուղթերը ցոյց տան, որ մեր նախնիները որեւէ սխալ գործած են… եթէ  պատմաբանները կրնան ի ցոյց դնել ատիկա, ուստի մենք պէտք է փոխհատուցենք ատոր հետեւանքներուն համար»:
Հակառակ անոր որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ոչ մէկ հայ խաբուեցաւ Էրտողանի կեղծ յայտարարութենէն, Թուրքիոյ որոշ հայերու արձագանգը հասկանալիօրէն աւելի բարեացակամ էր: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան իր շքախումբին հետ շտապեց Անգարա` Թուրքիոյ վարչապետին հետ «հաճելի» զրոյցի եւ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուին հետ մտերմիկ Ճաշկերոյթի համար: Արքեպիսկոպոս Աթեշեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ ղեկավարներուն` անոնց կողմէ «ընդհանուր ցաւ» արտայայտելու համար, վկայակոչելով Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին զոհուած հայերն ու թուրքերը:
Գովասանքի նման խօսքեր զարմանալի չեն հաշուի առնելով Թուրքիոյ բռնատիրական եւ դաժան վարչակարգին մէջ հայերու` իբրեւ պատանդներ կարգավիճակը, ինչպէս էր պարագան լրագրող Հրանդ Տինքի, որ իր կեանքի գնով վճարեց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը ըսելուն համար: Որոշ թրքահայեր, սակայն, սորված են օգտագործել երկրի վերնախաւին համակարգը իրենց անձնական շահերը յառաջ տանելու համար: Անոնք պատրաստ են ընդունելու Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ժխտողականութիւնը` հարստութիւն դիզելու համար մութ գործարքներու մէջ մտնելով պետական պաշտօնեաներու հետ եւ/կամ ապահովելու իրենց բարձրաստիճան պաշտօնները հայ համայնքին մէջ: Իրօք, քանի մը հանրայայտ թրքահայեր առաջարկած էին Էրտողանը առաջադրել Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի` Ապրիլ 23ի անոր յայտարարութեան համար… Երկու հայ գործարար նոյնիսկ ինքնախարազանող յայտարարութիւններ տեղադրեցին թրքական թերթերու մէջ` շնորհակալութիւն յայտնելով Էրտողանին եւ ներողամտութիւն հայցելով Ա.  Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ թրքական «կորուստներ»-ուն համար:
Վերջ ի վերջոյ, կարեւորը այն չէ, թէ Էրտողանը իր յայտարարութեան մէջ կամ Տաւութօղլուն «Տը Կարտիըն» թերթի իր սիւնակին մէջ ինչ կ’ըսեն կամ չեն ըսեր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Աւելի հիմնարար հարց է, թէ արդեօք թուրք պաշտօնեաները պատրա՞ստ են քաւելու հայ ժողովուրդին դէմ իրենց նախնիներուն գործած ոճրագործութիւններուն մեղքերը: Հայերու մեծամասնութեան համար կարեւորը փոխհատուցումն ու արդարութիւնն է,  ոչ թէ դատարկ հռետորաբանութիւնը … Էրտողանի խօսքերը չափազանց անբաւարար են եւ խիստ ուշացած: Անոր յայտարարութիւնը սոսկ խորամանկ հնարք է վնասի մեղմացման համար, հաշուի առնելով բազմացող միջազգային տրամադրութիւններն ու կոչերը` պատասխանատուութիւն կրելու Հայոց Ցեղասպանութեան համար, ինչպէս նաեւ` շեղելու ուշադրութիւնը Թուրքիոյ եւ անոր վարչապետին շուրջ աղմկայարոյց  յորձանուտէն:
 
 
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
 
 
  -   Յօդուածներ