Յարութ Սասունեան. Թրքական Նախապայմաններուն Պէտք Է Հակադարձել Հայկական Նախապայմաններով


Յարութ Սասունեան. Թրքական Նախապայմաններուն Պէտք Է Հակադարձել Հայկական Նախապայմաններով

  • 24-12-2018 11:52:23   | ԱՄՆ  |  Յօդուածներ

Անցեալ շաբաթ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը պատրաստ է դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ, սակայն առանց նախապայմաններու:
Այս յայտարարութիւնը անակնկալի բերաւ մեծ թիւով հայեր, որոնք յոյս ունէին, որ Փաշինեան չի կրկներ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի սխալը, որ տասը տարի շարունակ հանդէս կու գար ի պաշտպանութիւն հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման, որով կը նախատեսէր դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել երկու երկիրներու միջեւ եւ բանալ անոնց ընդհանուր սահմանը։ Սակայն, արձանագրութիւնները կը ներառէին նաեւ թեմային չառնչուող շարք մը հարցեր, ինչպէս օրինակ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան պատմական յանձնախումբի ստեղծում: Թուրքիոյ կառավարութիւնը, Ատրպէյճանի ճնշման տակ, պահանջեց, որ Հայաստան տարածքային զիջումներ կատարէ Արցախեան հակամարտութեան հարցով՝ նախքան արձանագրութիւններու վաւերացումը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս տարուան սկիզբը ստիպուած էր մերժելու այս նախապայմանը եւ չեղեալ յայտարարելու արձանագրութիւնները:
 
Առաջարկուող արձանագրութիւնները լուրջ վիճաբանութիւն յառաջացուցին Հայաստանի նախկին իշխանութիւններու եւ համայն հայութեան մեծամասնութեան միջեւ։ Այս տարուան Մայիսին իշխանութեան գլուխը անցնելէ ետք Փաշինեան բազմիցս յայտարարած է, որ ինք կը կեդրոնանայ Հայաստանի ներքին խնդիրներու լուծման վրայ, ինչպէս՝ կաշառակերութիւնն ու փտախտը, եւ չի փոխեր երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը: Հետեւաբար, Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնը այն մասին, որ Հայաստան պատրաստ է դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու, պարզապէս նախկին կառավարութեան դիրքորոշման շարունակութիւնն է:
Տակաւին 2018 Սեպտեմբերին, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այցելեց Պաքու, անգամ մը եւս կրկնեց Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատման իր նախապայմանները. «Մենք կը փափաքինք լաւ յարաբերութիւններ ունենալ մեր դրացիներուն հետ, բայց Թուրքիոյ համար ղարաբաղեան հարցի լուծումը բացարձակ նախապայման է՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման համար»: Էրտողան նաեւ նշեց իր անհամաձայնութիւնը Հայաստանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետամուտ ըլլալու կեցուածքին կապուած։ Դեկտեմբեր 11, 2018ին Էրտողանի մէկ ներկայացուցիչը անգամ մը եւս կրկնեց թրքական նախապայմանները՝ ի պատասխան Փաշինեանի առաջարկին:
Ծիծաղելի է, որ փոխանակ Հայաստան ի՛նք նախապայմաններ դնելու Թուրքիոյ առջեւ՝ նախքան դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու գծով իր համաձայնութեան, Թուրքիան է, որ կը պահանջէ Հայաստանէն՝ ենթարկուիլ թրքական նախապայմաններուն։ Կարելի էր պատկերացնել, որ հայերը՝ իբրեւ թրքական բարբարոսական զանգուածային սպանդի զոհեր, պէտք է պահանջէին, որ մինչ յարաբերութիւններու հաստատումը, Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պատշաճ հատուցում կատարէ մարդկային եւ նիւթական հսկայական կորուստներու համար…: Թուրքիոյ ներկայացուող նման նախապայմաններ կարեւոր խաղաթուղթ են հայ ժողովուրդի ձեռքին. վերջինս զայն պէտք է օգտագործէ իբրեւ սակարկութեան միջոց։ 
Իմ կարծիքով, Հայաստանի բազմաթիւ աղերսանքները ուղղուած Թուրքիոյ՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ սահմանը բանալու առումով, ամօթալի են եւ կը բացայայտեն հայկական կողմի թուլութիւնը: Ասկէ զատ, նոյնինքն Թուրքիոյ համար կրնայ շահաւէտ ըլլալ Հայաստանի հետ սահմանի բացումը՝ Հայաստանը ողողելով թրքական աժան ապրանքներով։ Արդէն իսկ հայկական շուկաները լեցուն են Վրաստանի տարածքով ներկրուող թրքական արտադրանքներով՝ վնաս հասցնելով Հայաստանի փոքրածաւալ արտադրողներուն։ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը կործանման նախանշան կ՛ըլլայ հայկական գործարաններէն շատերու համար։ 
Հայաստանի պաշտօնեաներու կողմէ յաճախակիօրէն յիշուող՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու եւ ընդհանուր սահմանը բանալու պատճառներէն մէկը այն յոյսն է, որ նման ժեսթով մը Հայաստան աշխարհի աչքին կ՛երեւի դրական լոյսի տակ, իսկ Թուրքիա անբարեացակամ եւ թշնամական՝ մերժելով Հայաստանի առաջարկը։  
Սակայն, թուրք ղեկավարները երբեք չեն մտահոգուիր, թէ աշխարհ ի՛նչ կը մտածէ իրենց մասին։ Անոնք կը գործեն իրենց երկրին շահերէն մեկնած՝ անկախ այլոց կարծիքներէն եւ քննադատութիւններէն: Նմանապէս, Հայաստանի ղեկավարները պէտք է պաշտպանեն իրե՛նց երկրին շահերը, առանց փորձելու գոհացնել Ռուսիան, Ֆրանսան, Ամերիկան կամ ուրիշ ոեւէ մէկը…:
Աւելի՛ն. ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ պէտք է առանձինն որոշում կայացնէ աշխարհի բոլոր հայերուն համար այնքան կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցին վերաբերեալ, որ կ՛առնչուի Թուրքիոյ։ Սա լուրջ սխալ է, զոր գործած է նախագահ Սերժ Սարգսեան, եւ յոյսով ենք, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը չի կրկներ նոյն սխալը, այն պահուն, երբ Հայաստանի նոր ղեկավարները կը խրախուսեն սփիւռքահայերու միաձուլումը հայրենիքին հետ:
Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճան կը շարունակէ ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի վերջինս չբանայ Հայաստանի հետ սահմանը՝ մինչեւ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորումը յօգուտ Պաքուի։ Հետեւաբար, ճակատագիրի հեգնանքով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իրենց իսկ անհամաձայնութեամբ կը խանգարեն Հայաստանը՝ հասնելու իր սեփական շահերուն վնասող համաձայնութեան։
Թեմայի առնչութեամբ, Թուրքիոյ «Անաթոլու» լրատուական գործակալութիւնը կեղծ տեղեկութիւն տարածած էր, թէ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան թուրք լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան՝ իբրեւ «տհաճ դէպքեր»ու:
Ցաւօք, որոշ հայկական լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ վերարտադրած էին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարի խօսքերուն թրքական աղաւաղումը: Ոմանք նոյնիսկ քննադատած էին զայն՝ կարծելով, որ ան իրականութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բնութագրած է իբրեւ «տհաճ դէպքեր»:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղդալեան ճշդում կատարած է` նշելով, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը նման բան չէ ըսած եւ, որ «Անաթոլու» լրատուական գործակալութիւնը խեղաթիւրած է Մնացականեանի խօսքերը: Մամլոյ քարտուղարը «Հայ Ձայն»ին ըսած է, որ «Անաթոլու»ն արդէն ներողութիւն խնդրած է եւ ուղղած իր սխալը: 
Ասիկա կրնայ դաս մը եւս ըլլալ այն հայերուն համար, որոնք հարցազրոյցներ կու տան թրքական լրատուական միջոցներուն՝ յուսալով, որ իրենց յայտարարութիւնները ճշգրիտ կերպով կը հաղորդուին։ Տասնամեակներ շարունակ հետեւելով թրքական լրատուական միջոցներուն, կրնամ ըսել, որ անոնք, որոնք կը համաձայնին հարցազրոյց տալ թուրք լրագրողին, պէտք է գիտակցին, որ իրենց խօսքերը կրնան աղաւաղուիլ։ Փոփոխութեան ենթարկուած հարցազրոյցը երբ հրապարակուած է, այն ատեն շատ ուշ կ՛ըլլայ բողոքելու եւ պնդելու համար, որ հարցապնդուողը նման բան չէ ըսած։ Լաւագոյն տարբերակը՝ երաշխաւորելու համար, որ հայերուն ըսածները չեն աղաւաղուիր, հարցազրոյց չտալն է թրքական լրատուական միջոցներուն… 
 
 
 Յարութ Սասունեան 
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
  -   Յօդուածներ