Յարութ Սասունեան. Թրքական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկը Պիտի Փակուի 2020ին. Լաւ Ազատեցանք
13-06-2019 13:03:42 | ԱՄՆ | Յօդուածներ
Թրքական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկը (ԹՈւՀ) շահ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, որ հիմնադրուած է 1983ին, Ուաշինկթընի մէջ, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 3 միլիոն տոլար նուիրատուութեամբ։ 31 Մայիս 2019ին, ԹՈւՀ հանդէս եկաւ մամլոյ հաղորդագրութեամբ՝ յայտարարելով, որ կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը 30 Սեպտեմբեր 2020ին։
Այս յայտարարութիւնը անսպասելի էր երկու պատճառով․
1) Երեք միլիոն տոլարը համեմատաբար մեծ գումար մը չէ թրքական կառավարութեան համար, որ տարիներ շարունակ տասնեակ միլիոն տոլարներ ծախսած է Միացեալ Նահանգներու մէջ հանրային կապերու (PR) եւ լոպիիստական ընկերութիւններ վարձելու համար։ Երեք միլիոն տոլարի կամ մնացորդի վերադարձը Թուրքիոյ՝ չի կրնար էական ազդեցութիւն ունենալ երկրին նիւթական դրութեան վրայ։ Տնտեսական անկումէն ուշքի գալու համար Թուրքիոյ անհրաժեշտ է քանի մը հարիւր միլիառ տոլար։
2) Հակառակ հիմնարկի յաջողութիւններուն մասին անոր ղեկավարութեան հրապարակած պարծենկոտ մամլոյ հաղորդագրութեան, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ դրամական միջոցներու դադրեցումը կը նշանակէ, որ հիմնարկը չէ կրցած հասնիլ իր քարոզչական նպատակներուն։ Թրքական կառավարութիւնը դադրեցուցած է ԹՈւՀի ֆինանսաւորումը 2015ին։ Բարդացնելով խնդիրը՝ հիմնարկի ղեկավարները իրենց մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ խոստովանած են, որ չեն յաջողած արտաքին աղբիւրներէ բաւարար միջոցներ ստանալ հիմնարկի գործունէութիւնը շարունակելու համար։ Վերջին տարիներուն ԹՈւՀ նիւթական մասնակի աջակցութիւն ստացած է Ճորճթաունի համալսարանէն, Koç հոլտինկէն, FIBA հոլտինկէն եւ Մուխթար Քենթէն («Քոքա-քոլա» ընկերութեան խորհուրդի նախկին նախագահ) եւ անոր տիկնոջմէ, ինչպէս նաեւ այլ անհատ նուիրատուներէ։
ԹՈւՀի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 1983էն սկսեալ իր դրամաշնորհները նպաստած են Թուրքիոյ եւ թրքերէնի ուսումնասիրութեան՝ «ԱՄՆ 45 նահանգներու եւ Քոլումպիայի շրջանին մէջ: Աւելի քան 130 դրամաշնորհային ատենախօսութիւններ վերածուած են 70է աւելի փրոֆեսէօրական պաշտօններու բարձրագոյն կրթութեան ամերիկեան հաստատութիւններու մէջ, իսկ լեզուական եւ հետազօտական պարգեւները օգնած են առնուազն 235 անձերու, որոնք գրաւած են դասախօսական եւ հետազօտական պաշտօններ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլուր։ Վերջին հինգ տարիներու ընթացքին քանի մը տասնեակ երիտասարդ գիտնականներու տրուած պարգեւները լրացուցիչ օգուտ պիտի բերեն ապագային։ Գրեթէ 80 ամերիկեան հաստատութիւններու մէջ ստեղծուած են Թուրքիոյ վերաբերեալ գրադարանային եւ հետազօտական հաւաքածոներ, կամ բաւականաչափ աւելցած են առկայ միջոցները ԹՈւՀի ֆինանսաւորման շնորհիւ, իսկ 19 ամերիկեան համալսարաններ ստացած են մեկնարկային գումարներ՝ Թուրքիոյ վերաբերեալ դասաւանդման նոր պաշտօններու հաստատման աջակցելու համար»։
Վերջին տարիներուն ԹՈւՀ հաստատուած էր Ուաշինկթըն, Ճորճթաունի համալսարանի Էտմոնտ Ա. Ուոլշի արտաքին ծառայութեան դպրոցի տարածքը: Հիմնարկի պատուաւոր նախագահը Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանն էր, որ անմիջական վերահսկողութիւն հաստատած էր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ տրամադրուած ԹՈւՀի դրամաշնորհներուն վրայ։
Թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը ինկած է շարք մը գայթակղութիւններու մէջ, սկսած Հիթ Լորիէն, որ հիմնարկի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէնն էր 1983-1993 թուականներուն: Լորին կարեւոր դեր խաղցած է՝ ամբողջական էջ մը յայտարարութիւններու պատրաստման եւ հրատարակման գծով «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ «Ուաշինկթըն Թայմզ» թերթերու մէջ, 19 Մայիս 1985ին՝ ստորագրուած 69 «մտաւորականներու» կողմէ, որոնք կը ժխտէին Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութիւնը։ Լորին հետագային դարձաւ օսմանեան եւ ժամանակակից թրքական հետազօտութիւններու Աթաթուրքի փրոֆեսէօր Փրինսթընի համալսարանի մէջ՝ շնորհիւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 750 հազար տոլար նիւթական աջակցութեան։
1985ին, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին մէջ ամերիկացի մտաւորականներուն անունները թուարկելու եւ թրքական հիմնարկէ իւրաքանչիւրին ստացած գումարներուն մասին յօդուած գրելէ ետք, ես դարձայ թրքական հիմնարկի հետ իրաւական առճակատման առաջին թիրախը։ Հետաքրքրական է, որ թրքական հիմնարկը այդ մասնագէտներէն շատերուն դրամաշնորհներ տուած է: ԹՈւՀի փաստաբաններէն ես նամակ ստացայ, ուր ըսուած էր, որ անոնք դատ պիտի բանան ինծի դէմ՝ զրպարտութեան մեղադրանքով, եթէ ես չհրապարակեմ ծաւալուն հերքում իմ յօդուածիս առնչութեամբ, ինչ որ ես մերժեցի ընել։ Փաստաբաններս տեղեկացուցին թրքական հիմնարկի իրաւաբաններուն, որ իրենց զրպարտութեան մասին պնդումը անհիմն է, եւ յայտնեցին անոնց, որ մենք իրենց դէմ բողոքի հայց պիտի ներկայացնենք։ Ի պատասխան՝ ԹՈւՀ հրաժարեցաւ իր սպառնալից դատական հայցէն…
Այնուհետեւ, 1995ին, Ողջակիզումի եւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ամսագրին մէջ հրապարակուեցաւ «Փրոֆեսիոնալ բարոյականութիւն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը» վերնագրով յօդուած, որ բացայայտեց ԹՈւՀի գործադիր տնօրէն Հիթ Լորիի կազմած նամակը, որ 1990ին թուրք դեսպան Նուզէթ Քանտեմիրի անունով ուղարկուած էր փրոֆեսէօր Ռապըրթ Ճէյ Լիֆթընի՝ ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։ Լորիի սեւագիր նամակը դեսպանի անունով անզգուշաբար յղուած էր փրոֆ․ Լիֆթընի, ինչ որ ակադեմական մեծ գայթակղութեան պատճառ դարձաւ:
2006ին, ամերիկացի փրոֆեսէօր Տանըլտ Քուաթերթ հրաժարական տուաւ ԹՈւՀի խորհուրդի նախագահութենէն՝ մերժելով ենթարկուիլ Թուրքիոյ դեսպանի հրամանին, որ Թուրքիա կը ջնջէ ԹՈւՀի ֆինանսաւորումը, այնքան ատեն որ փրոֆեսէօր Քուաթերթ չէ հերքած գիտական գիրքի մը մասին իր գրութիւնը, ուր ան գրած էր՝ «այն, ինչ որ տեղի ունեցած է հայերու հետ, լիովին կը համապատասխանէ ՄԱԿի «ցեղասպանութիւն» սահմանումին»։ Ի նշան բողոքի՝ ԹՈւՀի խորհուրդի քանի մը այլ անդամներ շուտով հրաժարական տուին։
Ակնյայտ է, որ թրքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի փակման յայտարարութեամբ, Միացեալ Նահանգներու մէջ կը նուազի թրքական քարոզչութեան հնարաւորութիւնը՝ խեղաթիւրելու Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգական ճշմարտութիւնները։