Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնակցեցաւ «Խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն Ասիոյ մէջ» խորհրդակցական ժողովին


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնակցեցաւ «Խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն Ասիոյ մէջ» խորհրդակցական ժողովին

  • 09-08-2011 16:04:35   |   |  Մամլո հաղորդագրություն
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (WCC) եւ Ասիոյ Քրիստոնէայ Համաժողովի (CCA) Կազմակերպութէամբ «Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Ասիոյ մէջ» թեմայով խորհրդակցական ժողովը տեղի ունեցաւ 1-5 օգոստոս 2011-ին Պանքոքի մէջ, Թայլանտ: Սոյն խորհրդաժողովին մասնակցեցան 22 երկիրներու քրիստոնէայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Իրանէն հետեւէալ ժողովին մասնակցեցաւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգիսէան, ներկայացնելով Իրանի Հայ Եկեղեցին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Խորհրդաժողովը իր աշխատանքները սկսաւ երեքշաբթի 2 Օգոստոս 2011-ի Պանքոքի քրիստոնէայ համագումարներու կեդրոնատեղիին մէջ, 33 ներկայացուցիչներու մասնակցութէամբ: Առաւօտէան պաշտամունքէն եւ Աստուածաշնչական սերտողութիւններէն յետոյ ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն: Իւրաքանչիւր երկրէ մէկ ժողովական ներկայացուց իր երկրի եկեղեցական կէանքը իր մարտահրաւէրներով, ձեռքբերումներով եւ մտահոգութիւններով: Սեպուհ Սրբազան համագումարին ներկայացուց Եկեղեցին Իրանի մէջ թեմայով դասախօսութիւն, անդրադառնալով որ եկեղեցին, կամ քրիստոնէայ համայնքը իբրեւ փոքրամասնութիւն, օրէնքով պաշտպանուած է եւ կը վայելէ պետութէան հովանաւորութիւնը: «Քրիստոնէութիւնը վաղուց մուտք գործած է Իրան» ըսաւ Սրբազանը, նշելով եկեղեցւոյ եւ եատկապէս հայ եկեղեցւոյ դերը իրանէան հայրենիքին մէջ: Երեք օրերու վրայ տարածուած ժողովական աշխատանքներուն մեր եկեղեցին իր գործնական եւ անմիջական մասնակցութիւն բերաւ: Սեպուհ Սրբազան մարդկային իրաւունքներու թեմայով զրոյցի շրջագիծին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութէան, ցեղասպանութէան անուղղակիօրէն շարունակման եւ Արցախէան հիմնահարցի եւ Պաղեստինցի ժողովուրդի արդար պայքարին եւ իրաւունքներուն: Իր եռօրէայ աշխատանքներու աւարտին, խորհրդաժողովը եատուկ եայտարարութէամբ շեշտեց իր եանձնառութիւնը, շարունակելու իր աշխատանքը եկեղեցիներու եւ երկիրներու միջեւ մարդու իրաւունքներու եւ խաղաղութէան ամրապնդման ուղղութէամբ: Եայտնենք, որ Սեպուհ Սրբազան եանուն Վեհափառ Հայրապետին հրաւիրեց Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղարը այցելելու Անթիլիաս, եւ հանդիպում ունենալու Նորին Սուրբ Օծութէան հետ: Ժողովական աշխատանքներու աւարտին Սեպուհ Սրբազանը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութէան պատուոյ հիւպատոս՝ Պրն. Արթօ Եարութիւնէանին:
  -   Մամլո հաղորդագրություն