Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնակցեցաւ «Խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն Ասիոյ մէջ» խորհրդակցական ժողովին


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնակցեցաւ «Խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն Ասիոյ մէջ» խորհրդակցական ժողովին

  • 09-08-2011 16:04:35   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (WCC) եւ Ասիոյ Քրիստոնեայ Համաժողովի (CCA) Կազմակերպութեամբ «Խաղաղութիւն եւ Ապահովութիւն Ասիոյ մէջ» թեմայով խորհրդակցական ժողովը տեղի ունեցաւ 1-5 օ•ոստոս 2011-ին Պանքոքի մէջ, Թայլանտ: Սոյն խորհրդաժողովին մասնակցեցան 22 երկիրներու քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Իրանէն հետեւեալ ժողովին մասնակցեցաւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սար•իսեան, ներկայացնելով Իրանի Հայ Եկեղեցին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Խորհրդաժողովը իր աշխատանքները սկսաւ երեքշաբթի 2 Օ•ոստոս 2011-ի Պանքոքի քրիստոնեայ համա•ումարներու կեդրոնատեղիին մէջ, 33 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Առաւօտեան պաշտամունքէն եւ Աստուածաշնչական սերտողութիւններէն յետոյ ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն: Իւրաքանչիւր երկրէ մէկ ժողովական ներկայացուց իր երկրի եկեղեցական կեանքը իր մարտահրաւէրներով, ձեռքբերումներով եւ մտահո•ութիւններով: Սեպուհ Սրբազան համա•ումարին ներկայացուց Եկեղեցին Իրանի մէջ թեմայով դասախօսութիւն, անդրադառնալով որ եկեղեցին, կամ քրիստոնեայ համայնքը իբրեւ փոքրամասնութիւն, օրէնքով պաշտպանուած է եւ կը վայելէ պետութեան հովանաւորութիւնը: «Քրիստոնէութիւնը վաղուց մուտք •ործած է Իրան» ըսաւ Սրբազանը, նշելով եկեղեցւոյ եւ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ դերը իրանեան հայրենիքին մէջ: Երեք օրերու վրայ տարածուած ժողովական աշխատանքներուն մեր եկեղեցին իր •ործնական եւ անմիջական մասնակցութիւն բերաւ: Սեպուհ Սրբազան մարդկային իրաւունքներու թեմայով զրոյցի շրջա•իծին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան, ցեղասպանութեան անուղղակիօրէն շարունակման եւ Արցախեան հիմնահարցի եւ Պաղեստինցի ժողովուրդի արդար պայքարին եւ իրաւունքներուն: Իր եռօրեայ աշխատանքներու աւարտին, խորհրդաժողովը յատուկ յայտարարութեամբ շեշտեց իր յանձնառութիւնը, շարունակելու իր աշխատանքը եկեղեցիներու եւ երկիրներու միջեւ մարդու իրաւունքներու եւ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեամբ: Յայտնենք, որ Սեպուհ Սրբազան յանուն Վեհափառ Հայրապետին հրաւիրեց Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղարը այցելելու Անթիլիաս, եւ հանդիպում ունենալու Նորին Սուրբ Օծութեան հետ: Ժողովական աշխատանքներու աւարտին Սեպուհ Սրբազանը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս՝ Պրն. Արթօ Յարութիւնեանին:
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play