«Սիփան-Կոմիտաս» երգչախմբի անտիպների խտասկավառակը


«Սիփան-Կոմիտաս» երգչախմբի անտիպների խտասկավառակը

  • 15-02-2012 09:12:44   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Յապաղած ձմրան Յունուարի այս ցուրտ երեքշաբթին, երբ նամակատուփս բացի, ապահովագրութեան, ջուրի եւ ելեկտրականութեան վճարագիրներուն հետ տուն հանեցի խտասալիկ մը: Քսանմէկ երգեր: Յետ միջօրէին, երբ ոչ ոք կրնայ զիս խանգարել, կը լսեմ: Երգեր՝ որոնք արձագանգն են հայու հոգիներուն, Էրգիրէն բերուած, զորս շիջելու վրայ եղող սերունդ մը պահեց մասունքի պէս, հուսկ իր տեղը տալէ առաջ փիփըլ համարուած ժողովրդային կոչուած երգին, զոր աւելի ճիշդ կ’ըլլայ կոչել՝ ամբոխային հարա-հրոց: Փիփըլ ըլլալու ախտ՝ մշակոյթի եւ քաղաքական ճառի մէջ, ամենուրեք: Երբ այս տողերը կը գրեմ, երգը կը հոսի: Երաժշտական քննադատ ըլլալու յաւակնութիւն չունիմ: Թերեւս այսպէս ալ աւելի լաւ է, քանի որ կը լսեմ ինչ որ երգը ինծի կ’ըսէ, ինծի կը բերէ աղմուկէն եւ ոտքերու դոբիւնէն տարբեր բան, երբ աղմուկ եւ կապկումներ չեն փոխարիներ իրաւութիւնը: Առաջին անգամը չէ որ կը լսեմ այս երգերը, անոնք կը հնչէին դպրոցական հանդէսներուն, դպրոցականներու ձայներով, երգի ուսուցիչներու ջանքերով: Այսինքն, սերունդ եղաւ որ դպրոցներու մէջ վարժուեցաւ ոչ միայն լսելու, այլ մանաւանդ ժառանգելու այն երգը՝ որ դարերը կը բերէր ներկային մէջ: Խումբը կ’երգէ Կոմիտասի «Գութաներգ»ը: Այս տղաքը եւ աղջիկները, զորս բեմի վրայ ալ տեսած եմ, երաժշտական վարժարաններէ պսակաւորներ չեն, բայց հարազատ երգը կը զգան եւ կ’երգեն, այնպէս ինչպէս «վարպետ»ը իրենց մէջ կը դնէ, եւ իրենք այդ կ’ընդունին սիրով՝ բառին հարուստ իմաստով: Կէս դար տեւած «ալշիմիստ»ի յամառութեան վկայութիւնն է այս խտասալիկը: Արմէն Տիգրանեանէն բեկոր մը, Բարսեղ Կանաչեանի «Մարալօ»ն, Ալէմշահ, Թաթուլ Ալթունեան, Կոմիտաս եւ անոր ժառանգորդը՝ Կարպիս Ափրիկեան… Ի՜նչ փոյթ դուրսի ցուրտը, եթէ կայ ջերմացնող հայ երգը, երբ դեռ ատակ ենք ջերմանալու: Հայերէն երգ ոչ միայն «թուքով կպցրած» բառերով, այլ ինքնութիւն կերտած եւ պահած որակով: Երգ՝ ներդաշնակ, հայաշունչ եւ հայաշեշտ: Ձայները Սոնիա Նիկողոսեանի, Մկրտիչ Պօղոսեանի, Մարիօ Հանիոթիսի, Ռընէ Մարթայեանի, որոնք կը հոսին որակի հունով, որպէսզի արուեստը չըլլայ «թամ-թամ» եւ «թամաշա», կամ ամբոխավարական հայրենասիրութեան աժանագին դրսեւորում: Կը հոսին երգերը… Անոնք արձանագրուած են տարբեր առիթներով, երբ խումբը երգած է բեմերու վրայ: Նշուած է. 1957-1989… Սփիւռքի մէջ, երեսուն տարիներու վրայ տարածուած հայ արուեստի տաճարին մէջ արարում, քուրմի մը կողմէ, որ օտարացման տուրք տալով յաջողութեան չձգտեցաւ, այլ մշակեց սեփական այգին, եւ այդ եղաւ մեծութիւն, այդ պէտք էր՝ հայուն մեծութիւնը իր սեփական տան տիրութեամբ: Առանց բացառութեան կարգի: Կարպիս Ափրիկեան եւ իր խումբի տղաքը հաւանօրէն չեն կարդացած Վիգէն Խեչումեանի գրականութիւնը, չեն լսած անոր հանճարեղ խօսքը. ՕՏԱՐԻ ԴՐԱՆԸ ՔԵԶ ԿԸ ԿՈՉԵՆ ՀԻՒՐ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՉԱՍԵՆ ԾԱՌԱՅ: Խտասալիկ մը՝ որ կ’երգէ «ոչ հիւր եւ ոչ ծառայ» ըլլալու երգը: Հայկական կեդրոնի մը յանձնուած էին հինգ խտասալիկներ… վաճառուելու համար, հոն էին, կը սպասէին, թերեւս ալ այդպէս պիտի մոռցուէին: Ազգային թթխմոր պահած հայ մարդ մը այդ մասին լսեց, հինգն ալ գնեց որպէս ազգային այցետոմս նուիրելու համար բարեկամներու: Եթէ այսպէս վերաբերած ըլլայինք հայ գիրքին եւ մշակոյթին, մեր արժէքներուն, ժանտ օտարումն ու օտարացումը մեր դռներուն առջեւ չէին նստեր, եւ թերեւս մեր ինքնութեան գոյները այսօր աւելի լաւ կ’ըլլային քան ինչ որ էին երէկ: Կը շարունակուի ոչ հիւր եւ ոչ ծառայ ըլլալու երգը, ինչ փոյթ որ սիպերիական ցուրտը հասած է քաղաքին վրայ: Միայն ան չնստի հոգիներուն վրայ… Եւ գիտնանք զրահուիլ հարազատով եւ որակով… Ինչ որ կ’ըսեմ չ’արձանագրուիր բարոյախօսութեան գլխուն տակ, այլ ինքնութեան պաշտպանութեան, որ պերճանք պէտք չէ համարուի: Միթէ՞ այս պահանջը աղմկարարութիւն է՝ կորսուած դատի մը համար: Հայ երգը կը շարունակուի տարածուիլ, եւ ձմրան պարտադրած առանձնութիւնը կը բնակուի: Վահան Թէքէեան պիտի ըսէր, թէ «այս գիշեր կրկին կը մեծնայ, կը շատնայ հոգիս, կռուի գացող բանակի մը պէս»… ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ ՆՅ
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play