«Քայլարշաւ Յիշելու համար» Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ Փասատինայի մէջ


«Քայլարշաւ Յիշելու համար» Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ Փասատինայի մէջ

  • 18-04-2012 12:09:35   | ԱՄՆ  |  Հասարակություն

Հայկական Ցեղասպանութեան 97-ամեակին առթիւ, ՍԴՀԿ «Կայծ» երիտասարդական միութիւնը, համագործակցելով Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի հետ (ՀԱԽ), կազմակերպած է մոմավարութիւն-հսկում, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 23-ի երեկոյեան Փասատինայի քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ, որուն պիտի յաջորդէ քայլարշաւ, դէպի Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի: «Քայլարշաւ Յիշելու համար», խորհրդանշական միջոցառում մըն է, յարգելու համար յիշատակը 1.5 միլիոնին, որոնք զոհ գացին մարդկութեան դէմ գործուած առաջին Ցեղասպանութեան. ոճրագործութիւն մը որ մինչեւ օրս կը մնայ չճանչցուած եւ հետեւաբար` անպատիժ: Միջոցառումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6-ին: Քայլարշաւի մասնակիցները պիտի համախմբուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ առջեւ (2215 East Colorado Boulevard Pasadena) ապա պասերով պիտի ուղղուին քաղաքապետարան, ուրկէ պիտի սկսի լուռ քայլարշաւը դէպի Եկեղեցի: Քայլարշաւի աւարտին, երեկոյեան ժամը 9-ին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական յայտագիր, որու ընթացքին պիտի ըլլան ելոյթներ: Ապա, Եկեղեցւոյ հովիւ, Տէր. Սարգիս Պետոյեան պիտի կատարէ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Նոյյան տապան  -   Հասարակություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play