Թուրքիայի նախագահ Գյուլ. «Ադրբեջանի բռնագրավված հողատարածքները պիտի ազատագրվեն»
12-06-2012 19:32:38 | Թուրքիա | Ի՞նչ է գրում մամուլը
Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ա. Կիւլ Յունիս 8-ին այցելած է Տողու Պայազիտ եւ Իգդիր: Ան ժողովուրդին ըսած է. “Թուրքիա շատ կ՛աշխատի, որպէսզի Կովկասի մէջ հաստատուի վերջնական կայուն հաշտութիւն: Այդ ուղղութեամբ մեր տարած աշխատանքին մէկ մասը ձեզի ծանօթ է, մէկ մասն ալ ծանօթ չէ: Երբ այդ հաշտութիւնը իրականանայ, ինշալլահ Ազէրպայճանի բռնագրաւուած բոլոր հողամասերը պիտի ազատագրուին, ինշալլահ փոխադարձաբար պիտի մոռցուի անցեալը, եւ միասնաբար պիտի նայուի դէպի ապագայ: Կովկասը դէպի Ասիա բացուող դուռ մը պիտի դառնայ: Այն ատեն պիտի տեսնէք, որ ձեր այս հողատարածքը ո՛րքան հմայիչ պիտի դառնայ”:
Կիւլ ընդունած է, որ այսօր Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն, մանաւանդ Իգդիրի առջեւ Հայաստանի սահմանը՝ հսկայ պատի մը նման կանգնած է եւ փակած է ճամբաները: “Բայց երեւակայեցէ՛ք, թէ որքան շատ բան պիտի փոխուի երբ այս ∩պատ∪ը օր մը ∩դուռի∪ վերածուի”, ըսած է ան՝ շարունակելով. “Այն ատեն այս դուռը իրարու պիտի կապէ Ասիան ու Եւրոպան, եւ ասիկա շատ հեռու չէ, մենք ասոր նշանները տեսնել սկսանք արդէն”:
Միայն թէ յայտնի չէ թէ որո՞նք են Կիւլի տեսած նշանները եւ ո՞ւր տեսած է զանոնք:
ՆՅ, Փարիզ