Բրազիլիայում չի ընդունվել հակահայկական բանաձեւը


Բրազիլիայում չի ընդունվել հակահայկական բանաձեւը

  • 25-06-2013 10:20:33   | Բրազիլիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Ազէրպայճանական լրատու միջոցները Յունիսի սկիզբը հաղորդած էին, թէ իրենց երկիրի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով խորհրդակցութիւններ ունեցած է պրազիլական պատուիրակութեան մը հետ, գլխաւորութեամբ երեսփոխաններ՝ Նելսոն Փելեկրինոյի եւ Գլաուտիօ Քախանի:

Պրազիլահայ համայնքի «Էսթեքաօ Արմէնիա» կայքէջի սիւնակագիր՝ փրոֆ. Ճէյմս Օննիկ Թամճեան, պարզաբանած է, որ Փելեկրինօ եւ Գլաուտիօ Քախան թրքական կողմին ի նպաստ լոպիական աշխատանք կատարող երեսփոխաններ են: Անոնցմէ առաջինը իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութեան անդամ է, իսկ երկրորդը՝ ընդդիմադիր, սակայն ատիկա արգելք չէ եղած՝ այս հարցին մէջ անոնց գործակցութեան:

Պրազիլցի երկու երեսփոխանները խոստացած են Մամէտեարովին դիմում ներկայացնել իրենց երկրի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ ազգային պաշտպանութեան յանձնաժողովին՝ առաջարկելով Պրազիլի աջակցութիւնը Ազէրպայճանին եւ պահանջելով հայկական զօրքերու մեկնումը Լեռնային Ղարաբաղի տարբեր շրջաններէն՝ ՄԱԿ-ի որոշ բանաձեւերու յիշատակումով:

Պրազիլահայ համայնքը նշուած՝  «Էսթեքաօ Արմէնիա» կայքէջին միջոցով ձեռնարկած է լայն արշաւի մը՝ հրաւիրելով քաղաքացիները բողոքի ձայն բարձրացնելու ազէրպայճանական գաղափարախօսութեամբ տարուած այս երկու քաղաքական գործիչներուն եւ անոնց գործողութիւններուն դէմ: Պրազիլի հայ համայնքի ներկայացուցիչները եւ Պրազիլի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Եղիազարեան եւս բողոքի նամակ մը յղած են:

Այս բոլորին շնորհիւ՝ Պրազիլի խորհրդարանին քննարկման ներկայացուած հակահայ առաջարկ-պահանջը դուրս ձգուած է օրակարգէն, ինչպէս նաեւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի օրակարգէն, թէեւ, ըստ Թամճեանի՝ վտանգ կայ, որ զայն քննարկելու նպատակով փորձ մը եւս կատարուի Յուլիս 10ին: 

Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը