Իտալական Պատկերասփռումներ` Լիբանանահայութեան Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին


Իտալական Պատկերասփռումներ` Լիբանանահայութեան Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

  • 20-11-2017 20:30:11   | Լիբանան  |  Քաղաքական

«Մետիասեթ կրուփ»-ը «Էքս. սթայլ» պատկերասփիւռի ծրագիրին ընդմէջէն ներկայացուցած է տեղեկատւութիւն մը Լիբանանի եւ անոր մայրաքաղաքին մասին` լայն տեղ յատկացընելով հայութեան վերաբերող բաժինին: Իտալացի լրագրողներ Թիզիանա Քափրիոնի եւ Ռաֆայէլա Պիանչի Լիբանան ժամանեցին եւ նիւթեր հաւաքեցին այս ծրագիրին համար:

«Մետիասեթ կրուփ»-ի ներկայացուցիչները ծրագրած են 24 ապրիլին  Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական աշխատանք մը պատրաստել տրուած ըլլալով, որ տարիներէ ի վեր իտալական ամէնէն կարեւոր լրատուամիջոցները չեն անդրադառնար այս նիւթին: Զանազան ժողովներէ ետք, (նկարներ, տեսերիզներ, ժապաւէններ պատրատել)  «Մետիասեթ կրուփ»-ի ներկայացուցիչները դէմ յանդիման գտնուեցան տեղեկութիւններու, որոնց տեղեակ չէին, եւ որոնք յուզմունք յառաջացուցին անոնց մօտ: Հետեւաբար 24 ապրիլ 2016-ին «Մետիասեթ կրուփ»-ին պատկանող 4 կայաններէն սփռուեցաւ Ցեղասպանութեան մասին նիւթը:

Ապա «Մետիասեթ կրուփ»-ի ընդհանուր տնօրէնը որոշեց շարունակել գործակցութիւնը եւ խօսիլ Հայկական հարցին մասին: Ան ներկայացուց «Էքս. սթայլ»  ծրագիրը, որ տարբեր երկիրներ կ՛այցելէ եւ տեղեկատւութիւն կը պատրաստէ: Անոնք որոշեցին Լիբանան այցելել` եւ անդրադառնալ հայ համայնքին  եւ անոր դաւանած կրօնին: Անոնք ծրագրեցին այցելել Անթիլիասի մայրավանք, Պիքֆայա, Ժիպէյլի թանգարան, որբանոց: Անոնք, երբ եկան Լիբանան եւ իրենց աչքերով տեսան ամէն բան, պատրաստեցին տեղեկատւութիւն մը, որուն մէջ լայն բաժին գտաւ հայկականը:

Ըստ անոնց, «Մետիասեթ կրուփ»-ը հիմա կը մտածէ այլ նախաձեռնութիւններու դիմել, որովհետեւ Հայկական հարցը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ իրենց վրայ: Անոնք բաւական նիւթեր հաւաքեցին Լիբանանի մէջ եւ միայն անոր 2 կամ 3 առ հարիւրը օգտագործեցին տեղեկատւութեան մէջ, ուստի կը մտածեն այդ նիւթերով յաջորդ ապրիլ 24-ին յատուկ ծրագիր մը պատրաստել Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

«Ազդակ» կապ հաստատած է այս լրագրողներուն հետ` անոնց հարց տալով, թէ ի՛նչ էր այն մղիչ ուժը այս ծրագիրը պատրաստելուն, եւ ի՞նչ են իրենց տպաւորութիւնները Լիբանանի ժողովուրդին մասին: Ըստ անոնց, հիմնական նպատակն էր ծանօթանալ Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին: Անոնք որոշեցին կատարել այս ճամբորդութիւնը` ծանօթանալու այլ կացութիւններու, ժողովուրդի եւ վայրերու եւ պատրաստելու կարճ տեղեկատւութիւն մը` ներկայացնելով այսօրուան Պէյրութը տարբեր կողմերով:

Այս տեղեկատւութիւնը դիտուած է եւ պիտի դիտուի միլիոններու կողմէ: Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ի՛նչ արձագանգներ ստացան, եւ ի՞նչ պատգամ կը յղէ «Էքս. սթայլ» ծրագիրը իտալերէն խօսող հանրութեան, յատկապէս` անոնց, որոնք ծանօթ չեն Լիբանանին, լրագրողները նշեցին, որ արձագանգը շատ հետաքրքրական է մինչեւ հիմա, եւ շատեր տեղեակ չէին Պէյրութի մասին: Անոնք աւելցուցին, որ ստացան դրական մեկնաբանութիւններ, որով մարդիկ կը նշէին, թէ որքա՛ն անակնկալ էր իրենց համար բացայայտել Պէյրութի բոլոր երեսները: Լրագրողները յայտնեցին, որ դժբախտաբար իտալացիները երբեմն կը վախնան Միջին Արեւելք ճամբորդելէ եւ ասիկա հաճելի վերահաստատում մը եղաւ, որ Պէյրութը  ապահով է եւ կեանքով ու առաջարկներով լեցուն:

«Ազդակ» հետաքրքրուեցաւ նաեւ այն բաժիններով, որոնք կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան, Արամ Ա. վեհափառի կարծիքներուն եւ «Արամ Պէզիքեան թանգարան»-ի բաժիններուն, որոնք փայլուն կերպով ներկայացուած են սփռուած յայտագիրին մէջ: «Ազդակ» նաեւ ուզեց գիտնալ լրագրողներուն կարծիքները այս մասին: Լրագրողները նշեցին, որ ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան հարցին, իրենք շատ յուզւած են եւ խորապէս ներգրաւուած: Անոնք ընդգծեցին, որ Ցեղասպանութեան մասին լսած էին գիրքերէն, ժապաւէններէն, լուրերէն, բայց ուղղակիօրէն ըլլալ պատմութեան առջեւ ըլլալը, անհաւատալի համարուող ցաւին եւ ողբերգութեան հետ շփուիլը  յարատեւօրէն պիտի մնան իրենց միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ: Անոնք իրենց կեանքին եւ, իբրեւ լրագրողներ, իրենց ասպարէզին համար «գլուխ գործոց» համարեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հանդիպելու պատիւը:

Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք «Մետիասեթ կրուփ»-ին, «Էքս. սթայլ»  ծրագիրին եւ լրագրողներուն` այս բարձրորակ ծրագիրին համար: Անոնք լաւապէս եւ յստակ ձեւով ըմբռնած էին ու արհեստավարժ ու ազդեցիկ ձեւով ներկայացուցած էին Հայկական հարցը:

Տեղեկատւութիւնը կարելի է դիտել «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ:http://www.video.mediaset.it/video/x_style/clip/beirut-capitale-del-libano_772513.html

Նոյյան տապան  -   Քաղաքական

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play