Փաշինեան կը մնայ հաստատակամ Արցախի կնճիռի անել դրութեան առջեւ ելքի նոր լուծումներ գտնելու մէջ. Խմբագրական


Փաշինեան կը մնայ հաստատակամ Արցախի կնճիռի անել դրութեան առջեւ ելքի նոր լուծումներ գտնելու մէջ. Խմբագրական

  • 22-03-2019 12:09:34   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

 
Փաշինեան, վարչապետ դառնալով, Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններուն նոր լիցք տուաւ։ Նախաձեռնեց միջազգային յարաբերութիւններու խաղի օրէնքները ի նպաստ Հայաստանի դարձնելու գործին, մեկնելով՝ երկրին ներքին քաղաքական իրականութենէն։ Անդուլ կերպով լծուեցաւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, պետականութեան հիմքերու զօրացումին,– քրէապէս հետապնդելով նոյնիսկ երկրորդ նախագահը,– օրէնքի գերակայութեան հաստատման… պաշտպանեց Հայաստանի քաղաքացիին շահը, ինքնիշխան քաղաքացին։ Թէեւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը չունէր արտաքին ազդակ, սակայն ներքին փոփոխութիւնները ունեցան իրենց դրսեւորումը, անոնց ազդեցութիւնը զգալի դարձաւ արտաքին եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն վրայ։ Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ նաեւ որ յեղափոխութիւնը միայն խօսք չէ, տեսութիւն կամ ցանկութիւն չէ, այլ՝ գործնական առումով՝ փոխյարաբերութիւններուն մէջ որակային փոփոխութիւն յառաջացնելու մտադրութիւն։
Դիւրին չէ Հայաստանի նման արտաքին նպաստէ, օգնութիւններէ եւ ներդրումներէ կախեալ, շրջափակումի ենթակայ պետութեան համար՝ պարտադրել խաղի նոր օրէնքներ։ Երկրի մը ղեկավարը պէտք է ըլլայ անբարդոյթ ու անշահախնդիր, հոգեկան, գաղափարական, մտաւորական զգալի կարողութիւններու տէր, որպէսզի կարենայ յանդգնիլ նման քայլերու դիմել։ Ըլլա՛յ Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի ծիրէն ներս, ըլլա՛յ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի միջնորդած բանակցութիւններուն մէջ, Փաշինեան կրցաւ կաղապարուած ընկալումները, ամրագրուած պայմանները խախտելով՝ առաջարկել նոր լուծումներ, ինչպէս Արցախի անկախութեան հարցի պարագային, որ ներկայիս Փաշինեան-Ալիեւ հաւանական հանդիպումի շրջագծին մէջ շատ լուրջ քննարկումներու եւ ճնշումներու առարկայ է։ 
Իր վերջին մամլոյ ասուլիսին՝ Փաշինեանի «Ես՝ որպէս բանակցութիւններում նոր մարդ, ունեմ բազմաթիւ հարցեր։ Ես պէտք է հասկանամ, թէ ինչ է կատարւում, ամէն բառը եւ ամէն փուլը։ Սա քմահաճոյք չէ, այլ՝ անհրաժեշտութիւն» պարզ ու անկեղծ արտայայտութիւնը՝ խոստովանութիւն մըն է, արտասովոր երեւոյթ մը երկրի ղեկավարի մը համար, այսուհանդերձ կարեւոր մեկնակէտ է հանգուցալուծումի արդար առաջարկներ փնտռելու, որուն մէջ բնականաբար Արցախի իշխանութիւնները եւ ժողովուրդը իրենց որոշիչ դերը պէտք է ունենան։
Տակաւին շօշափելի արդիւնքներ չկան. հակառակորդ կողմը կը մնայ անդրդուելի իր դիրքորոշումին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային հանրութիւնը. միջնորդ երկիրներու հակադիր շահերը կը պահանջեն բանակցութեան պայմաններու անշարժութիւնը։ Այսուհանդերձ, Փաշինեան կը մնայ հաստատակամ Արցախի կնճիռի անել դրութեան առջեւ ելքի նոր լուծումներ գտնելու մէջ։ Ողջունելի է Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու միացեալ ժողովը Ստեփանակերտի մէջ։ Գիտակցելով, որ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ միայն հզօր երկիրները իրենց խօսքը կրնան պարտադրել ուժի ճամբով, Հայաստանի իշխանութիւններուն կը մնայ ամուր կառչիլ անառարկելի տրամաբանութեան, զօրաշարժի ենթարկել իր ինքնիշխան քաղաքացին, Սփիւռքի քաղաքական ուժերն ալ համակարգելու լուրջ աշխատանք կատարելով։
 
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Ժ. Չ. 
ՆՅ
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play