Արուեստագէտը եւ բեմը զիրար վերագտան


Արուեստագէտը եւ բեմը զիրար վերագտան

  • 25-04-2019 17:33:26   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Շաբաթ, Ապրիլ 20-ի երեկոյեան Փարիզի շրջանի Հայութիւնը առանձնաշնորհը ունեցաւ 13 տարի ետք, բառիս բուն իմաստով՝ վերստին վայելելու Վարդան Պետրոսեանը։
 
Մարդկային ողբերգական դէպքի մը եւ անոր յաջորդած (ան)մարդկային ապիկարութեան պարտադրած երկար տարիներու բաժանումէ մը ետք՝ այդ երեկոյ «Ժան-Արփ» սրահը լեցուցած շուրջ 300 հանդիսատեսները առաւելաբար կը յիշեցնէին հարազատ մը վերագտնելու եկած մեծ ընտանիք մը։ 
Բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաներուն բարիգալստեան խօսք ուղղեց ձեռնարկի կազմակերպիչ «Հայաստանի զբօսաշրջութեան Փարիզի գրասենեակ»-ի տնօրէն Վարդան Գաբրիէլեան։
Այնուհետեւ, Ժիլպէր Պեքոյի «Երբ բանաստեղծը կը մահանայ» ծանօթ երգի մեղեդիներու ընկերակցութեամբ բեմին վրայ տեղ գրաւեց Վարդան Պետրոսեան, իր՝ «Իմ կիսատ թողած երգը» ներկայացնելու համար։
Շուրջ երկու ժամ տեւած ներկայացման՝ խոստովանի՛նք, եղա՛ն պահեր երբ խնդացինք, զուարճացանք սրամիտ կատակներով, անհեթեթ պարագաներու պատումով։ Բայց, ընդհանուր առմամբ արուեստագէտին հետ ապրեցանք յատկապէս ի՛ր, բայց նաեւ բանտի ընկերներուն գողգոթան, զոր ան յաջողեցաւ ներկայացնել այնպիսի հարազատ կերպով, որ շատ աւելին էր, քան՝ փաստագրական ժապաւէն մը, բայց, երբե՜ք, երբե՜ք առանց իյնալու ողբի, տրտունջի թակարդին մէջ, այլ՝ մի՛շտ իմաստութեամբ, մի՛շտ փիլիսոփայութեամբ, մի՛շտ մարդկային մօտեցումով, որոնք զինք կը յատկանշեն։ 
Այսպէս, ան սկսաւ դէպքերու պատումը՝ իր ունեցած ողբերգական արկածէն ետք՝ ոմն ՃՈ (ճանապարհային ոստիկանութեան) քննիչ ՀՀ-ի անհաւատալի, բայց իրաւ ապիկարութիւններու գրեթէ մնայուն ներկայութեամբ։ Այս նեղ տողերուն մէջ անկարելի է մանրամասնօրէն անդրադառնալ բովանդակ ներկայացման, որ ընդհանուր առմամբ ունէր երեք բաժին. արկածէն ետք,– ինք ալ բաւական ծանրօրէն վիրաւոր,– զաւեշտական հետաքննութիւնը եւ ձերբակալութիւնը, բանտի օրերը, հուսկ՝ ազատ արձակումը։ 
Ակնյայտ է, որ արուեստագէտը իր կրած բոլոր ցաւերէն,– բացի՝ այդ արկածին երկու մատղաշ կեանքեր խլելով պատճառած հոգեկան անասելի տառապանքէն,– եւ անհանդուրժելի անարդարութիւններէն անդին՝ մեծապէս տպաւորուած է բանտի կեանքով եւ այնտեղի ՄԱՐԴՈՑՄՈՎ, որոնցմէ ոմանք հրէշի կերպար ունին, բայց բոլորն ալ իսկակա՛ն ՄԱՐԴ են, ի տարբերութիւն դուրսը իբրեւ թէ մարդու կերպարին տակ պտըտկող հրէշներուն։ 
Ա՜հհհ, այդ բանտի օրերը, երբ առաւօտուն կ՚աղօթէին, կէսօրին կը հայհոյէին իշխանութիւններուն եւ իրիկունն ալ կ՚ընթերցէին Նարեկացի։ Բանտը, ուր «նստողները» (բանտարկեալները) պատրաստ էին իրենց ունեցածը-չունեցածը բաժնելու միւսներուն հետ։ Բարի, պարզամիտ Էմօն… անկիւն մը իր մատուռը սարքած Սամօն… Եւ այսպէս շա՜տ ուրիշներ։ Ոջլոտ, գարշահոտ, բայց իրենց ՕՃԱԽ դարձած այդ բանտը՜, անոր խուցե՜րը։
Օրեր, ամիսներ, տարիներ ետք երբ կը հասնի իր ազատ արձակման լուրը եւ կը պատրաստուի մեկնելու, նրբանցնքներուն մէջ, իւրաքանչիւր խուցի առջեւ կը ստիպուի կանգ առնելու եւ ճաշի մատակարարման փոքր բացութենէն ներս ձեռքը երկարելով ու դնելով իւրաքանչիւր բանտարկեալի գլխուն վրայ՝ հոգեւորականի մը նման մէկ-մէկ ազատութեան «օրհնութիւն» տալու։ Կը մեկնի ՕՃԱԽ-էն, դուրս ելլելու համար, դէպի «ազատ» կեանք՝ ԲԱՑ ԿԱԼԱՆՔ։
Վերջաւորութեան, Պետրոսեան քիչ մըն ալ անդրադարձաւ երկրին քաղաքական ներկայ վիճակին, ուր ճիշդ է, որ տեղի ունեցած է յեղափոխութիւն, ճիշդ է, որ ծագած են յոյսեր, բայց անցեալի հրէշները չեն անհետացած եւ աւելի տխուրը՝ ներկայի իշխանութիւնները յաճախ ստիպուած են գործելու անոնց՝ այդ հրէշներուն հետ, որոնք երկար տարիներու ընթացքին երկիրը ձեւով մը ձեռք անցուցած են։ 
Ներկայացման աւարտին՝ Վարդան Պետրոսեան ըսաւ, թէ շատեր համոզուած էին, որ այլեւս երբեք բեմ պիտի չբարձրանայ եւ խոստովանեցաւ, որ ինք ալ լուրջ տարակուսանքներ ունեցած է, բայց ի վերջոյ՝ ահաւասիկ…
Բարեբախտաբար, սիրելի՛ Վարդան… բարեբախտաբար։
 
Յ.Կ. ■  
«ՆՅ» 
 
 
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play