Սարգիս Սողանալեանի սրտին մէջ կ՚ապրէր Հաճընի անպարտելի հերոսներուն հայրենասիրութիւնը


Սարգիս Սողանալեանի սրտին մէջ կ՚ապրէր Հաճընի անպարտելի հերոսներուն հայրենասիրութիւնը

  • 20-10-2011 13:30:14   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
«Նոր Յառաջ» Հոկտեմբեր 20 70-80ական թուականներուն իր մասին խօսեցուցած է միջազգային եւ հայկական մամուլին։ Կրցած էր «մահուան վաճառականութեան» հրապարակէն դուրս նետել իրեն նման ուրիշ մեծ զինավաճառ մը՝ Ատնան Խաշոկչին եւ իր վրայ կեդրոնացնել այն մեծ առեւտուրը, որ կը զուգադիպէր Ցուրտ Պատերազմի մայրամուտին եւ «Նոր Աշխարհ»ի համաշխարհայնացման նոր պատերազմի արշալոյսին: Ժամանակաշրջանը օգնեց իրեն: Արեւմուտքը առաջնորդութեամբ Միացեալ նահանգներուն, կարիքն ունէր զէնքի վստահելի վաճառականի մը. չէր կրնար առանց միջնորդի ուղղակի զինամթերք հայթայթել երկիրներու՝ յարգած ըլլալու համար ՄԱԿ-ի որդեգրած համաձայնագրութիւնը: Զէնքի մատակարարումը, ստեղծուած նոր քաղաքական իրավիճակին մէջ, մեծ դեր պիտի ունենար Արեւմուտքի շահերը պաշտպանելու առումով: Սողանալեան Հայ էր եւ իր կրօնքը, դաւանանքը խնդրայարոյց պիտի չընէին իր առեւտուրը: Հաճընցի ծնողներէ Իսկէնտէրուն ծնած է Սարգիս, 1929ին: Հօրը մահէն ետք, հաստատուած է Պէյրութ, ինչպէս բոլոր այն Հայերը, որոնց համար Լիբանան դարձած էր առեւտրական լայն կարելիութիւններով պարարտ երկիր մը, օժտուած՝ ազատ առեւտուրի պայմաններով: Բարձր ուսման մը չկրցաւ հասնիլ, արդէն առաջին օրէն աչքը բացաւ շուկային մէջ: Նոյնիսկ չէ աւարտած Նոր Հաճըն թաղամասի վեցամեայ հայկական դպրոցի ընթացքը: Որքան Հայ, նոյնքան լայն հետաքրքրութիւններով լեցուն կեանք մը կ?ուզէր դիմաւորել միջազգային կեանքէն ներս: Յանդուգն ու արկածախնդիր իր նկարագրին մասին կը վկայեն Պէյրութի իր երբեմնի բարեկամները։ Աշխատած է ինքնաշարժներ նորոգելու արհեստին մէջ: Շուտով՝ Լիբանանի նախագահներ, վարչապետներ եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ իր յաճախորդները դարձած են: Սկսած էր արդէն կապեր ստեղծել արաբական աշխարհի թագաւորական ընտանիքներու անդամներուն հետ ալ: Չմոռնանք որ Լիբանանը դարձած էր անապատի երկիրներու ազդեցիկ իշխաններուն ամարանոցը: 1958ին, կ?ամուսնանայ ամերիկացի ուսուցչուհիի մը՝ Շըրլի Ատամսի հետ, որ կը դասաւանդէր հայկական վարժարանի մը մէջ. կ?ամուսնալուծուի 70ականներուն, երբ արդէն իր կեանքը կ?անցընէր օդանաւերու մէջ ցամաքամասէ ցամաքամաս ճամբորդելով։ Երկու զաւակներէն որդին՝ Կարօն կ?ապրի Մայամի (Ֆլորիտա) եւ դուստրը՝ Մելինէ (Մելօ) Սոլթ Լէյք Սիթի (Իւթահ)։ Ան ունեցաւ երկար տարիներու գործակցութիւն մը լիբանանեան քրիստոնեայ մարոնիթ զինուորեալներու հետ, անոնց առաքելով սովետական զէնքեր: Իր գրասենեակը հեռու չէր Պէյրութի Համրա թաղամասի ֆրանսական դեսպանատունէն: Աւելի ուշ Նիւ Եորքի շրջանին մէջ գերմանական «Վոլքսվակըն» ինքնաշարժերու ներկայացուցիչը դարձաւ նախքան՝ բովանդակ Միացեալ Նահանգներու տարածքին եւրոպական ամեն տեսակի ինքնաշարժերու ներկայացուցիչը դառնալը: Դիւրաւ կը խօսէր հինգ լեզուներ: Անոր արկածախընդրական կեանքը կ?արժէ ժապաւէնի վերածել: Իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը… չըսելու համար արկածախընդիրներու համար օրինակելի տիպար: Անոր կեանքը հարուստ է վերիվայրումներով, մակընթացութիւններով, ուրախ եւ տխուր պատմութիւններով… այնքա՛ն՝ որ մեզ պիտի տանի Ճէյմզ Պոնտեան (007) ֆիլմերուն: Հետաքրքրակա՛ն, վերջապէս: Ան ճանչցուեցաւ որպէս անցեալ դարու մեծագոյն զինավաճառը: 1980ականներուն Իրան-Իրաք պատերազմի օրերէն արդէն՝ Սատտամ Հիւսէյնի զէնքի գլխաւոր մատակարարն էր Սողանալեան. եւ ա՛յս՝ անշուշտ Միացեալ Նահանգներու օրհնութեամբ, չըսելու համար ամերիկեան կառավարութեան քաջալերանքով: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ ունէր զէնքի պահեստանոցներ, իր բեռնատար օդանաւերով զէնք կը մատակարարէր տարածքաշրջանի բռնատէրերուն. անոնց, որոնք Ուաշինկթընի կողմէ օգտագործուելէ ետք, երբեմն նոյնիսկ Ամերիկայի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կախաղան բարձրացուեցան: Ահա այսքան անողոք է քաղաքականութիւն ըսուածը: Երբեմնի դաշնակիցը, առանց հաշիւի կրնայ մահուան արժանանալ: Անոր գործը արդէն աւարտած է… եւ ասոնց էր, որ Սողանալեան զէնք կը հայթայթէր: 1981էն իսկ, Սողանալեան մեղաւոր ճանչցուեցաւ Մաւրիթանիոյ զէնքի վաճառքի ընթացքին խաբէութեան յանցանքով: Բայց անշուշտ, ամերիկեան արդարադատութիւնը զինք անպարտ արձակեց, նկատի ունենալով որ ան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտպանութիւնը կը վայելէր: Շարունակելով, դատարանը այս անգամ 1993ին զինքը 6,5 տարի բանտարկութեան դատապարտեց 103 ուղղաթիռներու առուծախի կապակցութեամբ, սակայն դարձեալ ներման արժանացաւ, երբ ան հետաքննողներուն աջակցեցաւ Լիբանանի Պէքաա Հովիտին մէջ «Հեզպոլլահ»ի եւ Իրանցիներու՝ կեղծ 100 տոլարնոց թղթադրամներու արտադրութեան վայրին բացայայտման գործին մէջ: Ահա անգամ մը եւս խոյս կու տար բանտ առաջնորդուելէ: Քանի մը ամիս ետք, դարձեալ կը հետապնդուէր, սակայն պատիժը կը կրճատուէր, որպէսզի Յորդանան մեկնի եւ մասնակցի Փերուի նախկին քննիչ Վլատիմիրօ Մոնտեսինուսի գործի հետաքննութեան: Ըսենք որ իր փաստաբանը եղած է Լոս Անճըլըսէն հանրածանօթ հայ Մարք Կիրակոս: Այս ամենը ցոյց կու տան որ Սարգիս Սողանալեան ոչ միայն աշխատակցած է այլ գործակցած է Ամերիկայի Հետախուզութեան Կեդրոնական Գրասենեակին (C.I.A.), այլ նաեւ Հետաքննութիւններու Դաշնակցային Բիւրոյին (F.B.I.) հետ: Ծանօթ են նաեւ իր մատակարարումները Արժանթինի կառավարութեան, Անգլիոյ դէմ պատերազմի՝ Ֆոքլենտ կղզիներու գրաւման օրերուն. ու դեռ Նիքարակուայի «Գոնթրազ»ին, շատ անգամ ի հեճուկս ամերիկեան կառավարութեան եւ յաճախ ալ նոյն այդ կառավարութեան իսկ գիտակցութեամբ: Ի վերջոյ, քաղաքականութիւնը տարրեր չէ պոռնկային նկարագրէն… ճի՛շդ է ըսուած, գոնէ այս պարագաներուն: Երբ 2001ին հարց կը տրուէր իրեն, «Ֆրոնթլայն»ի կողմէ Ֆոքլենտ կղզիներու հարցով, ան կը պատասխանէր. “Ամերիկեան կառավարութիւնը հաստատ տեղեակ էր զէնքի առաքումներու մասին իմ գործողութիւններէս իւրաքանչիւրին, ամեն վայրկեան, ամե՛ն ժամ”: Ու ա՛յս՝ երբ Անգլիան եւ Ամերիկան դաշնակիցներ են դեռ: …Եւ անշուշտ հակառակ ՄԱԿ-ի կողմէ զէնքի վաճառականութեան արգելքի տրամադրութիւններուն: Իր յարաբերութիւնները նախագահ Ռեկընի եւ փոխ նախագահ Ճորճ Պուշի (հայր) հետ բաւական սիրալիր եղած են ու այդ կը կը բաւէր իրեն՝ գործելու սանձարձակ: 1990ականներուն, Սարգիս Սողանալեան փոխադրուեցաւ Մայամի Պիչ, իր զաւկին հետ բանեցնելու օդային բեռերու առաքումի ընկերութիւն մը, Մայամիի միջազգային օդակայանէն: Ան ունէր իր բնակարանները Աթէնքի, Մատրիտի, Փարիզի եւ Ամմանի մէջ: Սեփականատէրն էր 136 հեքթար հողատարածքի մը Ուիսքանսըն նահանգին մէջ: Փալմ Սփրինկզի մէջ ալ ունէր ձիերու համար մասնաւոր ագարակ: Բայց իր մնայուն տունը եղաւ օդանաւը, իր յաճախակի ճամբորդութիւններուն պատճառով: Ցուրտ Պատերազմի օրերուն այցելած է Երեւան, ամերիկահայ ծանօթ անձնաւորութիւններու հետ, երբ արդէն Ամերիկան եւ Եւրոպան սկսած էին կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ Արցախի ազատագրման, թէ Լենինականի երկրաշարժի հետեւանքներու դարմանելու գործերուն մէջ: Կարելի չէ այս հարցին աւելի մանրամասն անդրադառնալ, սակայն 1992-93 թուականներուն թրքական թերթերը գրեցին, որ Սողանալեան արդիական հակօդային թեթեւ զէնքեր նուիրած է Հայաստանին: Իր գրասենեակի մնայուն այցելուներուն մաս կազմած են ամերիկացի, իսրայէլացի, պաղեստինցի, լիբանանցի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ: Վերջապէս, Սողանալեան կը սիրէր իր գործը եւ հաճոյքով կ?աշխատէր առանց յոգնելու: Օդային բեռնափոխութեամբ սկսած գործառնութիւնը ընդարձակուելով արդէն տէրն էր զէնքի առեւտուրի կայս րութեան մը: Անոր կապերը այնքան ամրապնդուած էին, որ նոյնիսկ իսրայէլեան «Մոսատ»ը չէր համարձակած դէպի Իրաք իր ղրկած զինամթերքին վնաս հասցնել: Սողանալեան կրցած էր սաուտցի Ատնան Խաշոկչիի տեղը գրաւել զինավաճառութեան ասպարէզին մէջ։ Հակառակ անոր, որ Խաշոկչին համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւն ունէր, Սողանալեան Նոր Հաճընի նախնական իր ուսումով կրցած էր համոզել Ամերիկացիները, թէ ինք աւելի՛ վստահելի էր իրենց համար, քան՝ իր մրցակիցը։ «Մահուան Վաճառական» Սողանալեան յառաջացեալ տարիքին սկսած էր լայն հետաքրքրութիւն ցուցաբերել ազգային մեր կեանքին: Ունէր ներքին նախանձ մը ազգին մեծ րարերարին՝ ՀԲԸՄ-ի նախագաՀ Ալեք Մանուկեանի նկատմամբ: Կ?ուզէր իրեն նմանիլ, շատ լաւ գիտնալով որ պարոն Մանուկեան իր ճակտի վաստակով շահած դրամէն էր որ կու տար ազգին, իսկ իրը՝ ուրիշներու մահուան գնով վաստկուած դրամ էր: Պարոն Մանուկեան լա՛ւ հասկնալով Սողանալեանի հոգեկան այս տագնապը, կը քաջալերէր որպէսզի օգտակար ըլլար ազգին: Սարգիս Սողանալեան Մայամիի մէջ կառուցեց Ս. Սարգիս եկեղեցին՝ անշուշտ իր բազմաթիւ մեղքերուն համար Աստուծմէ թողութիւն խնդրելով: Այդ եկեղեցական համալիրի բացման հրաւիրած էր նաեւ Պարոն Ալեք Մանուկեանը եւ հոն փողոց մըն ալ մկրտած է անոր անունով: Բարեկամ էր Մեսրոպ Արք. Աշճեանին: Օգտակար եղած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրով: Ամենէն շատ օգտուեցան ՍԴՀԿ շրջանակները: Հնչակեան հակումով (մի՛ մոռնաք որ Նոր Հաճըն թաղամասը հասակ առած է), Սողանալեան բաւական հնչուն զօրակցութիւն բերաւ հնչակեաններուն: Մանաւա՛նդ Լոնտոնի շրջանակէն ներս, հիմնելով ակումբ ու թերթ: Կը սիրէր Ատլանտեան ովկէանոսի իր թռիչքներուն՝ հետը տանիլ, իր անձնական օդանաւով, իրեն սիրելի քանի մը ազգայիններ, որոնց կարգին՝ Նիւ Եորքի «Տհը Արմինիըն Ռիփորթըր» թերթի խմբագիրը՝ էտի Պօղոսեանը: Կը սիրէր նաեւ, ճոխ հիւրասիրութիւններով պատուել իր հիւրերը. Փարիզի, Լոնտոնի թէ Պէյրութի ամենէն սուղ ճաշարանները փակել կու տար իր այցելութեան օրերուն եւ ճոխ սեղաններու շուրջ քէֆ կ?ընէր: Մնաց հաւատարիմ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին եւ հայրենի սրբութիւններուն: Ունիմ նաեւ յիշատակ մը իրմէ: Նիւ Եորքի ԹՄՄ «Եուսուֆեան» կեդրոնը կարօտ էր վերանորոգութեան: Դիմումներ ըրած էինք զանազան ազգայիններու, որոնք անտարբեր մնացած էին այդ նորոգութեան մասնակից ըլլալու հարցին, բացի ծանօթ ազգային Հրաչ Գաբրիէլեանէն: էտի Պօղոսեան դիմած էր Սարգիս Սողանալեանին: Ժամադրուեցանք Նիւ Եորք 27րդ փողոց, ուր պիտի հանդիպէինք մեր կեդրոնը, Սողանալեանի հետ: Խանդավառուեցաւ, Մենհեթընի սրտին վրայ, ՄԱԿ-էն եւ Հայոց Առաջնորդարանէն ոչ հեռու, ազգային նոր կեդրոն մը ունենալու գաղափարով, որուն պատասխանատուներուն նկատմամբ ունէր յարգանք: Քանի մը այցելութիւններէ ետք, դժբախտաբար, մէկ կողմէն՝ այդ օրերու մեր պատասխանատու ընկեր Անդրանիկ Փոլատեանի հակառակութիւնը Սարգիս Սողանալեանի նկատմամբ, թէ արեան գնով շահուած նուիրատըւութեան մը՝ Թէքէեանի նման կազմակերպութեան մը կողմէ ընդունուիլը անպատւութիւն պիտի ըլլար, եւ միւս կողմէն ալ՝ կուսակցութեան օրուան իշխանութիւններուն կողմէ ի գործ դրուած փորձերը՝ ձախողեցնելու համար նման ծրագիր, որպէսզի Նիւ Եորքի շրջանակը չզօրանար, յուսահատութեան մատնեցին զիս եւ իմ ընկերներս, ծրագրին հետապնդումը շարունակելու առումով: Շուտով արդէն այդ կալուածը ծախուեցաւ կէս միլիոն տոլարով. այսօր, ան պիտի արժէր 4-5 միլիոն տոլար: Սարգիս Սողանալեան մահացաւ Հոկտեմբեր 6ին, Մայամիի «Հայալիա» հիւանդանոցին մէջ, 82 տարեկանին: Մեռաւ սնանկացած: Մեռաւ, առանց հասկնալու այս անցաւոր կեանքի գաղտնիքը: Պատմութիւնը զինք պիտի դատէ օր մը: Սակայն, հաստատ՝ իր նմանը չունեցող Հայ մը կորսնցուցինք, որուն սրտին մէջ կ?ապրէր Հաճընի մեր անպարտելի հերոսներուն հայրենասիրութիւնը: Հայրենիքին նեղ օրերուն՝ իր հասկցած ձեւով բերած օժանդակութեամբ ալ թողեց բարի յիշատակ: Յակոբ Վարդիվառեան, Նիւ Եորք
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը