Քիչ մը չափազանցելով՝ կարելի է ըսել, թէ գրեթէ օր չ?անցնիր, որ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Նիսի ծուխը յուզող լուր չհասնի մեզի:
Այս անգամ, հարցը կը վերաբերի կեղծ ելգիրի մը, որ ղրկուած է ծուխի հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Գրիգոր Խաչատրեանի անունին եւ ստորագրութեան գործածութեամբ: Յունուար 8ին, «Պայքար Վերջ» ելգիրի հասցէէ մը՝ գլխաւորաբար հայկական միութիւններու անդամներու յղուած ելգիրին մէջ Հայ Գրիգոր իբրեւ թէ գրած է՝ «MASONA-HERYAGAN DAVAJANERI VERSHE HASAV»:
Զեղծարարութիւնը հերքելու համար իր յղած ելգիրին մէջ Հայր Գրիգոր կ?ըսէ, թէ միայն «stgregoire13@yahoo.fr» հասցէէն ղրկուած ելգիրերը իրեն կը պատկանին:
Նշենք, թէ «զուարճալի» զուգադիպութեամբ՝ այն ժամուն, երբ կը ղրկուէին իր կողմէ՝ Ազատ որմնադիրները եւ Հրեաները դատապարտող ստայօդ այդ ելգիրերը, Հայր Գրիգոր կը գտնուէր Նիսի գլխաւոր սինակոկին մէջ, մասնակցելու համար հրէական արարողութեան մը:
«ՅՀ»