«Սի.Էն.Էն.»ը ռեփորթաժ պատրաստած է լիբանանահայ բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի մասին (տեսանյութ)


«Սի.Էն.Էն.»ը ռեփորթաժ պատրաստած է լիբանանահայ բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի մասին (տեսանյութ)

  • 05-02-2012 08:54:03   |   |  Ֆինանսներ



Եթէ Ինծի Հարցնեն` Ով Եմ Ես, Պիտի Ըսեմ` Հայ Եմ. Լիբանանահայ Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեան. http://edition.cnn.com/2012/02/03/world/meast/bourj-hammoud/index.html?eref=rss_latest «Սի.Էն.Էն.»ը ռեփորթաժ պատրաստած է լիբանանահայ բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի մասին, որ կ’ապրի Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասին մէջ, որ հայաբնակ ըլլալուն համար կը կոչուի նաեւ «Փոքրիկ Հայաստան» (Little Armenia):Հայ բեմադրիչը, որ ծնած է Սուրիա եւ ուսանած ԱՄՆ-ի մէջ, «Սի.Էն.Էն.»ի լրագրողին կը պատմէ, որ ամէնէն շատը «Փոքրիկ Հայաստան»ի մէջ է, որ ինքզինք կը զգայ իր տան մէջ:«Պուրճ Համուտը ձեւաւորուած է 1930ականներուն հայ փախստականներու կողմէ, որոնք Օսմանեան կայսրութեան կործանման շրջանին` 1915ին, ջարդերու ենթարկուած էին»,- կը նշէ «Սի.Էն.Էն.»ի լրագրողը՝ աւելցնելով, որ այդ իրադարձութիւնները հայերը եւ շատ պատմաբաններ «ցեղասպանութիւն» կը համարեն, սակայն Թուրքիա կը շարունէ հերքել այդ փաստը:Բեմադրիչը իր խօսքին մէջ կը նշէ, որ յատկապես 1950էն ետք Պուրճ Համուտը զգալի դեր խաղացած է հայապահպանութեան հարցով:«Եթէ ինծի հարցնեն` ով եմ ես, պիտի ըսեմ` հայ եմ: Պուրճ Համուտը էական դեր ունեցած է իմ կայանալուս մէջ, այստեղ ձեւաւորուած է իմ հայկական հայրենասիրութիւնը: Այստեղ հայ գրականութիւնը, հայ մշակոյթը կրկին արմատներ գտան»,- կը նշէ Պեզճեան:Բեմադրիչը «Միւռոն» շարժանկարի ստեղծողն է, որուն մէջ կը նկարագրուի հայկական սրբազան հեղուկի կարեւորութիւնը հայ մշակոյթին եւ կեանքին մէջ առհասարակ: «Այսօր պատրաստուող միւռոնը ուղղակիօրէն մեզ կը կապէ 301ի հետ, երբ Հայաստան ընդունեց քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն, իսկ եկեղեցին հայկական մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ միշտ ալ կարեւոր դեր խաղացած է»,- կը նկարագրէ Պեզճեան:Ռեփորթաժը կ'եզրափակուի Նիկոլ Պեզճեանի հռետորական հարցով, որուն կը պատասխանէ ինքը՝ ըսելով,- «Աշխարհի այս մասը ինքնութեան մասին այդքան շատ չեն խօսիր, ատիկա ի վերուստ տրուած է: Ինքնութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի յայտնագործութիւնն է… ով ես դուն: Դուն այն ես, ինչ որ կաս»:
Նոյյան տապան  -   Ֆինանսներ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play