Հայկական պատմագրությունն ու մշակույթը՝ Մյունխենում


Հայկական պատմագրությունն ու մշակույթը՝ Մյունխենում

  • 09-02-2012 12:43:11   | Գերմանիա  |  Մշակույթ
Երեք տարի է արդէն՝ Միւնիխի մէջ գեղեցիկ սովորութիւն դարձած է հայկական օրերուն կազմակերպումը։ Այս տարի անոնք տեղի ունեցան Յունուար 31էն Փետրուար 3, Միւնիխի Լուտվիկ Մաքսիմիլիան համալսարանի Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հիմնարկէն ներս։ Հայկական օրերուն նախաձեռնողն ու կազմակերպիչն է Թալին Սուճեան, որ կը դասաւանդէ նշեալ հիմնարկէն ներս։ Ինչպէս ան նշեց իր բացման խօսքին մէջ, այս հանդիպումները կը միտին ցոյց տալ, որ Միջին Արեւելքի մասնագիտութիւնները չեն կրնար սահմանափակուած մնալ թրքագիտութեան, արաբագիտութեան, եբրայագիտութեան ու իրանագիտութեան մարզերով։ Տարածքէն ներս կան նաեւ այլ ժողովուրդներ, ինչպէս հայերը, քիւրտերը, ասորիները, որոնք բաղկացուցիչ մասերն են շրջանի պատմութեան ու մշակոյթին։ Անոնց ձայնը լսելի դարձնելը, անոնց պատմագիտութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնները սերտելը պարզապէս կրնան հարստացընել գիտութիւնը, աւելի խորացնել Միջին Արեւելքի մասին ընդհանուր ծանօթութիւնները։ Թալին Սուճեան նաեւ այս իմաստով շեշտեց հայերէն լեզուին կարեւորութիւնը, եւրոպական համալսարաններէն ներս հայերէն դասաւանդելու անհրաժեշտութիւնը։ «Վերջին հաշւով հայերէնով գրուած աղբիւրները կրնան նոր հորիզոններ բանալ Միջին Արեւելքի կապուած տարբեր մասնագիտութիւններու մէջ», դիտել տուաւ հայկական օրերուն գլխաւոր կազմակերպիչը։ Յունուար 31ին տեղի ունեցան պոլսահայ գրող՝ Յակոբ Մնձուրիի գիրքէն ընթերցումներ, որոնք կատարուեցան հիմնարկի ուսանողուհիներ Հիւլիա Պոզքուրդի եւ Ելիզ Սոյթեմելի կողմէ։ Առիթը Մնձուրիի ծննդեան 125ամեակն էր, որ այս տարի կ?ոգեկոչուի Պոլսոյ մէջ։ Ներկաներուն առջեւ կարդացւեցաւ հեղինակին «Ես» փորձը, որ թարգմանուած էր գերմաներէնի։ Փետրուար 1ին դասախօսեց Պէրլինէն՝ Վահէ Թաշճեան, նիւթ ունենալով Տիյարպէքիր նահանգէն Հայերու գաղթը դէպի Սուրիա 1920ական թուականներուն։ Դասախօսը անդրադարձաւ բազմազան այն ճնշումներուն, որոնք գործադրութեան դրուեցան այդ ժամանակներուն թրքական տեղական իշխանութիւններուն կողմէ՝ Հայերու, ինչպէս նաեւ Ասորիներու վերջին մնացորդները Սուրիոյ հետ սահմանակից թրքական այս տարածքներէն հեռացնելու նպատակով։ Վահէ Թաշճեան օրինակներու ճամբով նշեց, որ այս տարագրութեան մէջ տեղական կարեւոր դերակատարներ փաստօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Հայերու բռնագաղթին ու ջարդերուն։ Այս ձեւով դասախօսը գաղափարական շարունակութիւն մը կը տեսնէ նախկին իթթիհատական վարչակարգին ու նոր Թուրքիոյ քէմալական իշխանութիւններուն միջեւ։ Փետրուար 2ի դասախօսն էր Յարութիւն Գէորգեան՝ Փարիզէն։ Նիւթն էր Պիթլիս նահանգին Հայերու գիւղական ու քաղաքային ժողովրդագրական կառոյցը՝ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն առաջ։ Դասախօսը վիճակագրութիւններու ճամբով ցոյց տուաւ գիւղական համայնքներու թուային գերակշռութիւնը, զանազան մանրամասնութիւններ ներկայացուց գիւղական կեանքին մասին։ Գէորգ- եան իր դասախօսութեան մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ նաեւ Պիթլիս նահանգէն ներս հայ եւ քիւրտ համակեցութեան, շեշտը դրաւ այն կէտին վրայ, թէ ինչպէս քրտական ներկայութեան հզօրացումը սուր հակադրութիւններու առիթ տուած է Հայերուն եւ Քիւրտերուն միջեւ։ Փետրուար 3ի հիւր դասախօսն էր Լոնտոնէն՝ Արա Սարաֆեան։ Նիւթն էր՝ Հայերը Խարբերդի մէջ՝ Թանզիմաթի (օսմանեան բարեփոխութիւններ) տարիներուն։ Դասախօսը իր նիւթը վերնագրած էր «Զուգահեռ համայնքներ, անջատ զարգացումներ»։ Իսկապէս ալ ան փորձեց ցոյց տալ, թէ ինչպէս այդ տարիներուն հաստատուած հայկական Ազգային Սահմանադրութիւնը կազմակերպական յեղաշրջում մը յառաջ կը բերէ հայկական միլլէթէն (համայնք) ներս եւ առիթ կու տայ աւելի ամուր ու բեղուն համայնքային գործունէութեան մը։ Ան այս իմաստով լուսարձակի տակ առաւ Խարբերդի շրջանը, ուր կարճ ժամանակի մը մէջ հայերը կը յաջողին կրթական հաստատութիւններու ամբողջ ցանց մը հաստատել, գիրն ու գրականութիւնը տարածել։ Խարբերդի Հայը նոյն այս ժամանկներուն կը յատկանշուի տնտեսական ու արհեստագիտական իր յաջողութիւններով։ Սարաֆեան դիտել տուաւ, որ Խարբերդի ոչ-հայերը եւ ի մասնաւորի քիւրտ ու թուրք տարրը նոյնքանով չէ կրցած օգտուիլ այս բարեփոխումներէն ու նոյն կշռոյթով զարգացում չէ ապրած։ Այս երեւոյթը, դասախօսը նկատել տուաւ, կրնայ բացատրութիւններ տալ յետագային տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն։ Միւնիխի հայկական օրերը կարճատեւ առիթ մըն են հայկական պատմագրութիւնն ու հայկական մշակոյթը տեղական մակարդակի վրայ ծանօթացնելու ու անոնց նկատմամբ հետաքրքրութիւն ստեղծելու։ Կազմակերպիչները խոստացան նոյն ուղիով շարունակել ու ժամադրութիւն տուին գալ տարի՝ նոյնանման հայկական օրեր կազմակերպելու։ Ն. Մ. «ՆՅ»
Նոյյան տապան  -   Մշակույթ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play