ԱՆԱՐՁԱԳԱՆԳ ՄՆԱՑՈՂ «ԺԱՌԱՆԳ»ԱԿԱՆ ՁԱՅՆԵՐ


ԱՆԱՐՁԱԳԱՆԳ ՄՆԱՑՈՂ «ԺԱՌԱՆԳ»ԱԿԱՆ ՁԱՅՆԵՐ

  • 28-04-2012 07:24:39   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Եթէ Հայաստանի խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւնները պիտի ըլլան «ազատ, արդար ու թափանցիկ», ինչպէս կը պահանջէ ու կը յայտարարէ ամէն ոք, սկսած գործող նախագահէն, ատոնք ինչպէ՞ս կրնան իրականանալ, երբ բազմաթիւ գործօններ կ’արգելակեն զանոնք։ Հայրենաբնակներու մեծամասնութիւնը այլեւս չի հաւատար այդ փխրուն խօսքերուն, ասկէ ալ՝ անտարբերութիւն կամ համակերպութիւն ընտրութիւններու նկատմամբ, «ինչ էլ ուզի թող լինի»ի, «ով էլ ուզի թող լինի»ի տրամաբանութեամբ։ Դժբախտաբար, անցնող խորհրդարանական ու նախագահական բոլոր ստուգատեսները (բացի առաջին նախագահականէն), գերազանցապէս եղան խարդախութիւններու, զեղծարարութիւններու ու կեղծարարութիւններու ամբողջ շարան մը։ Ո՞վ չտեսաւ այդ բոլորը, ո՞վ չզգաց, ո՞վ չհասկցաւ, ընդհուպ օտար ու միջազգային դէտերէն սկսեալ։ Այդուհանդերձ, բան մը փոխուեցա՞ւ, որեւէ կողմ զգաստացա՞ւ, ընդհակառակը՝ բոլորն ալ իրենք զիրենք «անպարտ» հռչակելէն զատ, ամէն ճիգ թափեցին աւելի ամրացնելու եւ ընդարձակելու իրենց դիրքերը։ Սակայն, ի՞նչ գնով։ Ժողովուրդը աղքատացնելով եւ օտարելով, կեղեքելով ու հարստահարելով, անիրաւութիւնները քօղարկելով, անարդարները պաշտպանելով, անարժանները առաջ մղելով, բողոքողները լռեցնելով եւ, ամենէն ահաւորը, խօսքի ու կարծիքի ազատութիւնը ոտնահարելով։ Արդի՞ւնք։ Անվստահութիւն գացող-եկող իշխանութիւններու ու պետական այրերու նկատմամբ, դուռ բանալով ահաւոր եւ աննախընթաց արտագաղթի մը, որուն՝ ահազանգի ուժգնութեամբ կ’արձագանգեն նաեւ միջազգային հիմնարկներ ու նշանաւոր փորձագէտներ։ Կը թուի թէ այս բոլորը չեն մտահոգեր գործող իշխանութեան օղակները, մանաւանդ Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ մոռնալով կամ անտեսելով զանոնք, լծուած է այդ ընտրութեանց նախապատրաստական գործին, զօրաշարժի ենթարկելով իր ուժերն ու միջոցները։ Ոմանք կրնան այս «տեղաշարժ»երուն մէջ անբնական ոչինչ տեսնել, սակայն, կարելի՞ է այդ մակերեսայնութեամբ մօտենալ տիրող անբաղձալի կացութեան կամ համակերպիլ գործելաձեւի այդ ոճին, որ աղէտաբեր ըլլալու բոլոր պատճառները ունի։ Սերժ Սարգսեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ իր վարչախումբը, յամառօրէն կառչած կը մնան իրենց «բանալի» պաշտօններէն առաւելագոյնս օգտուելու ու շահագործելու դիտաւորութիւններուն, կարծես թէ կ’ապրին… աւատապետական շրջաններու մէջ։ Եթէ իրենց այս «խանդավառութիւն»ը ըլլար ժողովրդային շահերէն մեկնելով, ուր հասարակութիւնը չտառապէր գոյութիւն ունեցող «աղքատացման» ու «փախստացման» արհաւիրքներէն, ոչ միայն շատ լաւ, այլեւ խրախուսական պիտի նկատուէր։ Սակայն, արդեօ՞ք այդպէս է։ Որոշապէս՝ ո՛չ։ Տիրող ծանր իրավիճակը երբեք պէտք չէ բաղդատել հետը այն երեւոյթներուն, որոնք յատկապէս «կը խենթեցնեն» ու «կը զգլխեն» սփիւռքահայ մեծաթիւ հատուածներ, որոնք «ծափիկ-ծափիկ»ի ինքնագոհութեամբ, չեն ուզեր տեսնել դառն իրականութիւններ ու իրենք զիրենք կը նկատեն «բացառիկ» հայրենասէրներ, տեսնելով միայն… վարդագոյն կողմերը հայրենիքին։ Ոչ ոք՝ մէկը միւսէն աւելի հայրենասէր է, բայց երբ կը խօսուի ու կը քննարկուի հայրենի ներկայ իրականութեան մասին, ուր վերնախաւը՝ իր շահերը ու պաշտօնները կը նախընտրէ պահուած տեսնել, մինչ ժողովուրդը կը խեղճանայ ու կը լքէ երկիրը, պահ մը պէտք է սթափիլ եւ ա՛յդ ակնոցով դիտել տեղի ունեցող վերիվայրումները։ *** Գործող իշխանութիւնները՝ իրենց պետական-կառավարական, կուսակցական-քաղաքապետական, գիւղապետական-համայնքապետական, գերակշռող հրետանիներով, ի՞նչպէս կրնան ժողովրդավարական եւ ազատական ընտրութիւններ կայացնել, երբ երկրի բոլոր կառոյցները «նուաճած» են… Աւելին՝ նախագահ Սարգսեան, անկախաբար իր նախագահական ու կուսակցական հանգամանքներէն, տասնեակ մը հաստատութիւններու պատուոյ (թէ այլապէս) նախագահն է, ուր կը գործեն քանի մը տասնեակ հազարաւոր պաշտօնեաներ, որոնք, «մատի մէկ շարժում»ով, ստիպուած են իրեն եւ իր շրջանակներուն հնազանդելու։ Րաֆֆի Յովհաննէսեան Ատենին, Սարգըսեանի նախագահական նախընտրական շրջանին եւ անկէ ետք, այս «փափուկ» հարցին անդրադարձած էինք հրապարակագրութեամբ, պարզապէս ցոյց տալու համար նման դրութեան մը անյարիրութիւնը, բայց մանաւանդ կանխատեսելու անոր իշխանութեան հասնելու ու հոն մնալու ախորժակները։ Աւելի հզօր ու համապարփակ հրապարակային առաջարկներով հանդէս եկած էր Հայաստանի «Ժառանգութիւն» կուսակցութան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեան, որ 15 կէտերէ բաղկացած իր «բաց նամակ»ով կը պահանջէր Սերժ Սարգսեանին հրաժարումը իր այդ բոլոր պաշտօններէն։ Շատ պարզ է. այդ առաջարկ-պահանջները հրապարակ կը նետուէին, որպէսզի ընտրութեանց շրջանին չշահագործուին նախագահական «առանձնաշնորհում»ները, իսկ քուէարկողները չենթարկուին «շանթաժ»ներու։ Սակայն, փորձառութիւնները ցոյց տուած են, որ այս եւ նմանատիպ կոչեր եւ յայտարարութիւններ, ե՞րբ զգաստացուցած են պետական այրեր։ Բացառուած եղած է այդ մէկը։ Մանաւանդ երբ ականջալուր կ’ըլլանք յառաջիկայ ընտրութիւններուն ի հաշիւ կազմակերպուած ու բարձրացուած «ցանկապատ»երուն, որոնք հիւսուած են ու կը հիւսուին, որպէսզի ամէն ինչ մնայ միաիշխանութեան բարձունքին վրայ, առանց անսալու ժողովուրդին կարիքներուն։ *** Շատեր կը մտածեն թէ՝ կանխահաս է այս մասին խօսիլ կամ մեկնաբանութիւններ կատարել։ Բնաւ ալ այդպէս չէ։ Հայրենի լրատու միջոցներն ու մամուլը արդէն իսկ կ’արձագանգեն այս հաւանականութիւններուն, իսկ նախագահական-կուսակցական «կառք»ը մեկնարկ վերցուցած է… ինքնայաղթութեան վճռակամութեամբ, առանց անսալու «ժառանգութիւն»ներու առաջարկներուն։ Պարոյր Աղպաշեան «Նոր Յառաջ», Ապրիլ 28, թիւ 358
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը