Կայացավ համերգ՝ «Անցյալից մինչեւ մեր օրերը՝ հայ հորինողներ» խորագրով,


Կայացավ համերգ՝ «Անցյալից մինչեւ մեր օրերը՝ հայ հորինողներ» խորագրով,

  • 25-05-2012 14:27:38   | Թուրքիա  |  Մշակույթ
Սրահը Լեցնող Հանդիսականներ Յաճախ Մենակատարներուն Միացան Երբ Կերգուէին Նշանաւոր Երգեր ՎԱՏԻՓի նախաձեռնութեամբ եւ «Աշիյան» Երաժշտական Միութեան ու Պէյազըտի Լայնս Ակումբի կազմակերպութեամբ, նաեւ Մայր Քաղաքապետութեան ու Եւրոմիութեան համատեղ աջակցութեամբ, երէկ գիշեր Ճէմալ Րէշիտ Րէյ համերգասրահին մէջ սարքուեցաւ «Անցեալէն մինչեւ մեր օրերը՝ հայ յօրինողներ» խորագրեալ համերգ մը, որ պսակուեցաւ անօրինակ յաջողութեամբ եւ որ հայկական երաժշտական արուեստի փայլատակումներէն մէկը հանդիսացաւ, հպարտութեան բազում ակնթարթներ պարգեւելով բոլոր հանդիսականներուն։ Այս կերպով անգամ մը եւս Թուրք հանրային կարծիքին ցոյց տրուեցաւ թէ Հայ յօրինողները ինչ անմահ ներդրում մը ունեցած են Թուրք երաժշտութեան ոլորնտերէն ներս։ Սրահի մուտքին պատերը զարդարուած էին Պալեան հռչակաւոր գերդաստանի ճարտարապետական շինութիւններու հսկայ լուսանկարներով, որոնք ներկաներուն կողմէ կը դիտուէին մեծ հետաքրքրութեամբ ու հիացումով։ Սրահը բերնէ բերան լեցուն էր։ Համերգին ներկայ գտնուեցան իսթանպուլահայ հաստատութիւններու պատասխանատուներու, ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու կարգին, պետական դէմքեր, յայտնի թուրք լրագրողներ ու քրոնիկագիրներ ու արուեստագէտներ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողքին տեղ գրաւած էին Սահակ Սրբազան, Զատիկ Աբեղայ, Պաքըրգիւղի Քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէն, Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Մայր Քաղաքապետութեան խորհրդական Տիկին Նատիա Թաշէլ ու ազգային դէմքեր։ Միջոցառման հանդիսավարն էր Աշիյան Երաժշտական Միութեան Ատենապետուհի Հանտան Քավաս, որ բացման խօսքը արտասանելով ուրախութիւն յայտնեց որ այսպիսի աննախադէպ ձեռնարկով մը յարգանքի տուրք կը մատուցուէր հայկական հարուստ երգարուեստին։ Յետոյ ելոյթ ունեցաւ Տատեան Վարժարանի ուսուցչուհի եւ համայնքիս սիրուած երգչուհիներէն Տիկին Թաթիանա Պօսթան, որ մէկ առ մէկ ծանօթացուց այն յօրինողները, որոնց ստեղծագործութիւնները պիտի հրամցուէին այս համերգի ընթացքին։ «Աշիյան» Երգչախումբը՝ Սատըք Քավասի մականին տակ ու մօտաւորապէս 70 անդամներով, համերգի առաջին մասը բացաւ Պիմէն Շէնի երգերով, շարունակեց Թադէոս Էֆէնտիի, Աբէթ Մսըրլեանի, Արթաքի Ճանտանի, Քէմանի Սարգիս Էֆէնտիի յօրինումներով։ Ամէն երգի մեկնաբանութենէն առաջ հանդիսավարը կարճ տողերով բացատրութիւններ կուտար հեղինակներու կենսագրական գիծերու մասին եւ կը պատմէր թէ ինչպիսի պայմաններու ներքեւ է որ ստեղծուած էին այդ անմահ երգերը։ Երգերու մէջ մենակատարութիւններով հանդէս եկան Թէոման Արճաք, Տէրիա Սիրքէճիօղլու, Երից Մանկանց երգչախումբէն Յակոբ Չավուշեան, որ հոյակապ երգեցողութեամբ մը հրամցուց «Քիմսէյէ էթմէմ շիքայէթ» սիրուած երգը, Պետրոս Ծատուրեան, Պէսթէ Կիւնէշ, որ Թադէոս Էֆէնտիի «Պու աքշամ կիւն պաթարքէն կէլ» երգը մեկնաբանեց, ամբողջ սրահի ընկերակցութեամբ։ Երկրորդ մասի բացումէն առաջ հանդիսավարը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց, Նախարար Էկէմէն Պաղըշին, Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան կարգ մը երեսփոխաններուն, Մայր Քաղաքապետ Թօփպաշին եւ ղեկավար այլ դէմքերուն, որոնք թէեւ ներկայ չէին, բայց ծաղկեպսակներ ղրկած էին։ Յայտագրի երկրորդ բաժնին մէջ Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի անմոռանալի ձայներէն Մէլիհաթ Կիւլսէս հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններէն ընտիր փունջ մը պատրաստած էր ու զայն ներկայացուց յոտնկայս ծափեր խլելով հանդիսականներէն։ Մանաւա՛նդ Ուտի Հրանդի »Հասթայըմ եաշըեորում« նշանաւոր երգը մեկնաբանեց բոլոր հանդիսականներու ընկերակցութեամբ, յայտնելով որ իր հայրը շատ կը սիրէր այս երգը ու այժմ ինք զայն կը ձօնէր իր հօր յիշատակին։ Կիւլսէս իր ելոյթի աւարտին ըսաւ որ ուրախ է այսպիսի համերգի մը մասնակցելով եւ թէ ինք մեծ հաճոյքով կը մեկնաբանէ հայ յօրինողներու երգերը։ Համերգի աւարտին բեմ հրաւիրուեցան Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պր. Պետրոս Շիրինօղլու, որ այս համերգը կազմակերպելու աշխատանքին մէջ շատ մեծ դեր ունեցած էր, Արամ Սրբազան, Աթէշ Իւնալ Էրզէն, Պօյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Պր. Նազարէթ Էօզսահակեան, որ երկարատեւ ճիգերով համակարգած էր համերգի կազմակերպչական աշխատանքը, նաեւ ՎԱՏԻՓի անունով Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Պր. Յարութիւն Շանլը, որ ծաղկեփունջ մը նուիրեց խօսնակ Հանտան Քավասի։ Կը շնորհաւորենք ձեռնարկին հեղինակները, որոնց միջեւ գիտենք թէ ինչպիսի կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ Նազարէթ Էօզսահակեան, որ հինէն ի վեր մեծ աշխատանք տարած է այս նիւթէն ներս։ «Մ»
Նոյյան տապան  -   Մշակույթ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play