Հրատարկվել է «Հովուն ձայնը՝ Քղիէն» գիրքը


Հրատարկվել է «Հովուն ձայնը՝ Քղիէն» գիրքը

  • 13-06-2012 13:09:30   | Թուրքիա  |  Նոր գրքեր
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը վերջերս թափ տուած է հրատարակչական աշխատանքի մը որ կը շարունակուի երկու տարբեր մատենաշարներու անունով։ Մատենաշարներէն մէկն է «Արմաշ Մատենաշար»ը որուն չորրորդ հատորն ալ լոյս տեսաւ այս օրերուն։ Այս անգամ ընտրուած է Պսակ Ծ. Վրդ. Տէր-Խորէնեանի «Հովուն ձայնը՝ Քղիէն» անուն գիրքը։ Այս գիրքը կը բովանդակէ Արմաշական նահատակ հայրերէն Պսակ Ծ. Վրդ. Տէր-Խորէնեանի խօսքը՝ ուղղեալ Քղիի իր ժողովուրդին։ Կը թուի թէ Պատրիարքարանը գիրքը կը հրատարակէ հեղինակին անտիպ մէկ տետրակին վրայ հիմնուելով։ Խօսքը ունի հովուական բնոյթ։ Հրատարակիչներ այս գրքոյկին մէջ տեղ տուած են նաեւ Պատրիարք Օրմանեան Սրբազանի ու Պսակ Հայր Սուրբին միջեւ փոխանակուած նամակի մը ու պատասխանին։ Թերթը խմբագրուած է Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի կողմէ, որ գրի առած է նաեւ նախաբան մը։ Գիրքին հեղինակը, Պսակ Հայր Սուրբ, բանաստեղծական գեղեցկութիւն ունեցող սա »Հովուն ձայնը՝ Քղիէն« անուն գրքին մէջ անշուշտ որ հովուն մասին չի խօսիր, այլ կþընէ գործնական ու օգտաշատ թելադրութիւններ ու քարոզութիւններ իր ժողովուրդին համար։ Գիրքը հաճոյքով պիտի կարդացուի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք ոչ միայն կը սիրեն մեր եկեղեցական կեանքն ու անցեալը, նաեւ յարգանք ունին բարոյական արժէքներու նկատմամբ։ Փափաքողները պիտի կարենան այս գիրքէն օրինակ մը ունենալ աշխատանքի ժամերուն դիմելով Պատրիարքարան։ Նշենք որ այս հատորին համար մեկենաս եղած են Փրօֆ. Յակոբ Սրկ. Թէրզան ու իր կողակիցը, որոնք Լիոն կը բնակին եւ որոնք այս գրքին հրատարակութեան առթիւ քաղաքս եկած էին կարճ ժամանակ առաջ։ «Մ»
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր