Համացանցէն Առաջ Եւ Համացանցէն Ետք … Եւ Հայերէն Գիրքի Ճակատագիրը


Համացանցէն Առաջ Եւ Համացանցէն Ետք … Եւ Հայերէն Գիրքի Ճակատագիրը

  • 24-10-2012 13:15:42   | Հայաստան  |  Վերլուծություն
Շուտով պիտի սկսինք մեր կեանքի հանգրուանները հաշուելու հետեւեալ ձեւով` «համացանցէն առաջ եւ համացանցէն ետք»: Ինչո՞ւ. որովհետեւ այսուհետեւ կեանքի հանգրուանները պիտի հաշուըւին «ինթըրնեթէն առաջ» եւ «ինթըրնեթէն ետք» բաժանումներով: Նախորդ դարը մօտիկ ապագային պիտի կոչուի «դանդաղութեան դարը» եւ պիտի երթայ կորսուելու անցեալին մէջ: Եթէ մէկը քեզի հարցնէ, թէ այս յօդուածը ե՞րբ գրած ես, պիտի խնդրես, որ խօսակիցդ վայրկեան մը սպասէ, եւ դէպի համակարգիչդ երթաս եւ ստուգես գրութեանդ թուականը: Շատ պարզ է: Եթէ յայտագրին մէջ չգտնես պատասխանը, կը նշանակէ որ համացանցի գիւտէն շատ առաջ գրած ես: Կարեւոր չէ, թէ ո՛ր թուականին: Կը նշանակէ, նաեւ, որ դուն հին սերունդին կը պատկանիս: Նախ եւ առաջ, երբ կը սկսիս համակարգիչը գործածել, զայն կը գործածես գրամեքենայի նման եւ այդպէս ալ կը շարունակես, մինչեւ որ մէկը քեզի ըսէ, թէ այս մեքենան ուրիշ բաներ ալ կ՛ընէ: «Քրիստոսէ առաջ» եւ «Քրիստոսէ ետք»: Մեղանչած չեմ ըլլար, կարծեմ, եթէ այս ձեւը գործածեմ: Ներկայ դարուն աստուածն է համակարգիչը` իր բոլոր նորոյթներով: Շատերու համար նաեւ փրկիչը` թերեւս: Այսուհանդերձ, իր բացառիկ առաւելութիւններուն հետ անիկա ունի նաեւ սարսափելի ժխտական կողմեր: Այս մէկը նոր գիւտ մը չէ: Գրեթէ ամէն մարդ գիտէ: Պատանիներու թիւ մէկ թշնամին է անիկա. ըստ անոնց, սակայն, ան իրենց մեծագոյն բարեկամն է: Բայց բոլորս ալ գիտենք, որ այդ բարեկամը ի վերջոյ կը դառնայ մոլութիւն: Եւ ո՞ր մոլութեան արդիւնքը լաւ` գէթ օգտակար եւ տանելի եղած է պատանիին եւ ընդհանրապէս` մարդուն համար: Ներկայիս մարդկային հաղորդակցութեան մեծագոյն եւ ամէնէն գրաւիչ միջոցն է անիկա: Բայց նաեւ` առողջութեան վնասակար, որովհետեւ կը քաջալերէ մարդը բոլոր գործերը նստած, առանց տեղէն շարժելու ընել: Նոյնիսկ, անցեալները, բարեկամ մը յայտնեց, թէ այլ բարեկամ մը ամուսնալուծութեան դիմած է, չեմ գիտեր ի՛նչ պատճառներով: Պայման ալ չէ, որ գիտնամ: Երբ բարեկամիս հարցուցի, թէ ո՞ւր լսեր է այդ լուրը, ան շատ զարմացած տգիտութեանս, քիչ մը արհամարհանքով ըսաւ. «Դիմատետրէն» (facebook): Այս երեւոյթը երիտասարդութեան համար շատ հետաքրքրական նորոյթ է, իսկ հին սերունդին` մղձաւանջը: Իսկ, անդրադառնալով դրամին հակառակ կողմին, շատեր իրենց ամուսնութեան հրաւէրը կը ղրկեն ե-նամակով: Ուրեմն զարմանալի չէ, որ ամուսնալուծումն ալ յայտարարեն նոյն միջոցով: Այս ձեւը շարունակելով` մարդիկ աստիճանաբար կը հեռանան իրարմէ: Հաղորդակցութեան ընձեռած դիւրութիւնը մեզի կը յիշեցնէ հետեւեալ ասացուածքը` «Աչքէ հեռու, սրտէ հեռու»: Ճիշդ է, որ մարդիկ ե-նամակով կրնան աւելի արագ ձեւով կապ պահել իրենց սիրելիներուն կամ բարեկամներուն հետ: Այդուհանդերձ, կապը այդ ջերմ կապը չէ, ինչ որ մարդիկը նախապէս կը բերէր քով քովի: Նոյնիսկ բարեկամներուն հետ ձեռք սեղմելը աւելի ջերմ է, քան` թերթ մը թուղթը, որուն վրայ գրուած ըլլան ամենաջերմ խօսքեր: Նոյնիսկ հեռաձայնը, որուն միջոցով նուազագոյնը կարելի է լսել մարդկային ձայն մը: Շատեր պիտի ըսեն, որ բոլոր այս ժխտականներուն կողքին, կան նաեւ դրականներ. բարիքներ, զորս չէինք կրնար ունենալ առանց համացանցին: Հաստատենք, թէ այս հարցը նորութիւն չէ: Հետզհետէ կ՛անդրադառնանք այն անխուսափելի հաւանականութեան, որ մեր հարուստ, կամ աւելի համեստ գրադարանները անիմաստ եւ աւելորդ կարասիներ պիտի դառնան: Տակաւին ասկէ նուազագոյն տասնեւհինգ տարի առաջ գրողներ եւ մտաւորականներ սկսած էին մտահոգուելու համակարգիչի սրընթաց յառաջդիմութեամբ: Ի՞նչ պիտի ըլլային իրենց գիրքերը, եթէ դասական ձեւով չհրատարակուէին, այսինքն` թուղթի վրայ, մելանով, որովհետեւ, ինչպէս կը տեսնենք, բոլորս ալ համացանցի իշխանութեան տակ կը գտնուինք: Բոլորս, այսինքն նորածինէն մինչեւ մահամերձ մարդ կը գտնուինք վերջին արհեստագիտական միջոցներու «մամուլ»-ին տակ, որ կը ճզմէ բոլորիս գլուխները, արժանապատուութիւնը եւ յառաջանալու ամէն կարելիութիւն: Բայց, ի՞նչ կրնանք ընել: Այսօր, մեր այս թշնամին նաեւ շատ անհրաժեշտ է մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Ոչինչ կրնանք ընել` առանց անոր օգնութեան: Կը կարծէինք, որ գէթ հայ գրականութիւնը իր բոլոր ճիւղերով զերծ կը մնայ այս նոր բռնակալէն: Սխա՛լ: Որովհետեւ նոյնիսկ պարզ նամակ մը չենք կրնար գրել եւ հասցէատիրոջ ղրկել` առանց անոր օգնութեան: Նամակները, գիրքերը ասկէ ետք պիտի կարդանք համացանցէն: Այս երեւոյթը գէթ մեզ կ՛ազատէ այլ մտահոգութենէ մը. ի՞նչ պիտի ըլլան մեր բոլոր գիրքերը. որո՞ւ կրնանք վստահիլ զանոնք երբ մեկնինք այս աշխարհէն: Բոլորիս գործածած լուսանկարչական մեքենաները եւս կը դառնան անպէտ: Ինչպէս բոլորս ալ քիչ թէ շատ կը նախատեսէինք, շուտով բոլոր նոր գիրքերը պիտի կարդանք համացանցէն: Ինչպէս կ՛ըսէի, այս մտահոգութիւնը բոլորովին նոր չէ: Լաւ կը յիշեմ: Երբ տակաւին Լիբանան կր գտնուէինք, Պէյրութի «Բագին» գրական ամսագիրը լայնօրէն անդրադարձած էր այս հարցին: Ամսագրի խմբագիրներէն Սարգիս Կիրակոսեանի յօդուածը լայն լոյս կը սփռէր համացանցի բարիքներուն եւ չարիքներուն վրայ («Բագին», Ձմեռ 1998, էջ 84): Արտագրենք հատուած մը այդ յօդուածէն. «Ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ լսատեսողական «արձակ»-ը տակաւ առ տակաւ կը դառնայ յառաջիկայ դարուն «վէպ»-ը, տպագիր գիրին անփոխարինելիութիւնը պաշտպանող նոր լոյս տեսած իւրաքանչիւր հրատարակութեան հետ գրականութիւնը կը մղէ իր անհաւասար գոյամարտը` ընդդէմ արտայայտչական այլազան կարելիութիւններով օժտուած պակերասփիւռային ֆիլմաշարին, շարժապատկերի ժապաւէնին եւ լսատեսողական հաղորդակցութեան նորագոյն հնարաւորութիւններուն դէմ (ինթըրնեթ, սիտի ռամ, վիտէօ քլիփ…)»: Սոյն երեւոյթը ինծի կը յիշեցնէ քսանականներու Խորհրդային Հայաստանը, երբ իր կարգ մը մտաւորականներու գլխաւորութեամբ եւ մեղսակցութեամբ, ստեղծուեցաւ հայերէնի «նոր» ուղղագրութիւնը: «Նոր»-ը միշտ չի նշանակեր լաւագոյն կամ բարեփոխուած: Ասիկա կը նշանակէ «գլխիվայր դարձած» որեւէ բան: Այս պարագային` ուղղագրութիւն: Շատեր զայն կը կոչեն «սխալագրութիւն»: Ընդունինք, որ սոյն փոփոխութիւնը վնասեց ոչ միայն լեզուին: Անիկա հարուած տուաւ նաեւ ներգաղթող հայուն. որովհետեւ փոփոխութեան տրամաբանութիւնը, ըսին, կատարուած է ներգաղթողներուն համար, այդ փոփոխութիւնը իբրեւ հայերէն սորվեցնելու լաւագոյն ձեւ: Կարծէք` ներգաղթողները հայրենիք կ՛երթային Ափրիկէի խորերը գտնուող անտառներէն: Կամ շրջանէ մը, ուր հայկական գաղութ եւ վարժարաններ գոյութիւն չունէին: (Բոլորս շատ լաւ գիտենք բուն պատճառը): Դասական ուղղագրութեան հակառակորդները ընդհանրապէս շահադիտական պատճառներով է, որ դէմ կը դնեն հինին, դասականին, որովհետեւ կը վախնան, որ իրենց գիրքերը ընթերցող պիտի չունենան, եւ ուրեմն` շուկայ պիտի չունենան: Չեմ զարմանար անձնակեդրոն այս կեցուածքին, որովհետեւ միայն հայրենիքի գրողները չեն, որ այս կեցուածքը ունին: Եւ երեւակայել, որ ասոնք այն մարդիկն են, որոնց կը վստահինք մեր լեզուին պահպանումը: Անցեալները, երբ կնոջ մը հետ կը վիճէի սոյն նիւթով, ան առանց ամօթ զգալու` հետեւեալը ըսաւ ինծի. «Եթէ մեր երկրի նախագահը այսօր մեզի հրահանգէ վերադառնալ հայերէնի դասական ուղղագրութեան, նոյն օրն իսկ կը սկսինք այդ մասին մտածելու»: Եւ ես տեղուոյն վրայ սկսայ մտածել: Կ՛երեւի, խորհեցայ, այս է իրենց օրէնքը. ուրեմն ամէն բանի համար պէտք է նախագահը որոշէ: Եւ իրենք անպայման կը հետեւին անոր հրահանգին: Ամէն բանի համար չեմ մեղադրեր զիրենք, որովետեւ գիտեմ այդ տրամաբանութեան պատճառները. բայց հայերէնի՞ն համար: Ըստ իս, նոյնիսկ մտածելը ներելի չէ: Եթէ իսկապէս հայ են, եւ հայ կը զգան, պէտք չունին նախագահի որոշման սպասելու: Ժամանակը արագ կը թաւալի: Վաղը կրնայ շատ ուշ ըլլալ: Թէեւ, անձնապէս ես շատ յոյս չունիմ, որ մօտերս բան մը կը փոխուի: Կիրակոսեանին նոյն գրութենէն` ուրիշ հատուած մը եւս: «Այսպէս, մերօրեայ մարդուն ներկայ կենցաղին պատճառով (հարցերու մակերեսային մօտեցում, կեանքի մեքենայացում, նոր արհեստագիտութեան արագ զարգացում, ընկերային ու տնտեսական անհակակշռելի պայմաններ), դարավերջի մարդը սկսած է ենթարկուելու մեքենայացած քաղաքակրթութեան, իշխանութեան ու գոհանալ արագ ու դիւրամատչելի հաղորդակցութեանց, այսինքն` օգտակարն ու հաճելին միախառնող արդի միջոցներով,- պատկերասփիւռ, սիտի, ինթըրնեթ, եւն…» (էջ 88) Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, սպառնալիք է նաեւ հետեւեալը. «… հայ գիրքն ու գրական մամուլը չեն կրնար հեռու մնալ քաղաքակրթական այս մտահոգիչ տագնապէն: Վտանգը համընդհանուր է: Մեր պարագային անիկա կրկնակ, չըսելու համար` քառեակ, տարողութիւն ունի եւ սփիւռքի հայկական գաղթօճախները, ինչպէս նաեւ արեւմտեան ու շուկայական յարաբերութեան մտածողութիւնը ամենայն շուտիկութեամբ որդեգրած Հայաստանի Հանրապետութիւնը չեն կրնար խուսափիլ դարավերջի քաղաքակրթական սպառնալիքներէն: …մեր պարագային հարցը ճգնաժամային տարողութիւն ունի եւ մենք ստիպուած ենք լուծումներ բերել մէկ կողմէ մեր զուտ հայկական մշակութային ու քաղաքակրթական օր ըստ օրէ աւելի բարդացող հարցերուն, եւ միւս կողմէ` ճակատ յարդարել մեր անմիջական շրջապատի, կարճ խօսքով` տագնապահար երկրագունդի մտահոգիչ անդրադարձներուն դէմ (էջ 89)»: Կ՛անդրադառնամ, յանկարծ, որ թերեւս այս տարի պէտք չէ յիշենք Թարգմանչաց օրը կամ ամիսը: Ի՞նչ իմաստ ունի ոգեկոչել դէպք մը, որ շուտով պիտի դառնայ ՅԻՇԱՏԱԿ, եւ ուրիշ ոչինչ: Ատիկա պիտի նշանակէր Մեսրոպ Մաշտոցի եւ բոլոր իր աշակերտներուն քթին խնդալ: Այնքան անպատկառ ենք, կամ անպատկառ դարձած ենք, որ մեր ազգին կեանքը երկարաձգող երախտաւորներուն քթին կը խնդանք: Մենք, ո՞վ ենք որ: Մենք այն սերունդն ենք որ, նորոյթի հետեւելով կամ մեր օտարամոլութեան տուրք տալով, կը ծախենք մեր ինքնութիւնը, կամ անոր երաշխիքը եղող մեր մշակոյթը` փոխանակ զայն ծաղկեցնելու կամ զարգացնելու: Թէեւ տակաւին կան հայեր, որոնք չեն բաժներ մեր այս մտահոգութիւնը: Մենք որ տակաւին միայն վերջերս էր, որ սկսած էինք նոր մարտավարութիւններու, կամ զանոնք յաջողցնելու մասին մտածելու: Նաեւ օտարամոլ ենք, որովհետեւ ինքնավստահութիւն չունինք: Մենք մեզ շատ փոքր եւ աննշան կը զգանք: Ատոր անգլերէնով կ՛ըսեն մեր «self-esteem»-ը գրեթէ անգոյ է: Կամ` հայու արժանապատուութիւն չունինք: Օր մը, մօտ ապագային, պիտի անդրադառնանք մեր սխալին. բայց սրբագրուելու համար, շա՜տ ուշ պիտի ըլլայ: ԱՓՍՈ՜Ս: Ռիթա Որբերեան GlobalHye Information Services
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play