ՀՀ նախագահի հանդիպումը Ֆրանսիայի նախագահի հետ


ՀՀ նախագահի հանդիպումը Ֆրանսիայի նախագահի հետ

  • 15-11-2012 11:36:36   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ֆրանսա կատարած եռօրեայ պաշտօնական այցելութեան շրջանակին մէջ, Նոյեմբեր 12ին հանդիպում ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակից Ֆրանսուա Հոլանտի հետ: Ժամը 13ին, անոնք Էլիզէի պալատի բակէն ներս տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին երկու ղեկավարները ողջունեցին ֆրանքեւհայկական բարեկամական յարաբերութիւնները: Նախագահ Հոլանտ ոգեկոչելէ ետք «ողբերգական անցեալը», որ կապերու հաստատման պատճառը հանդիսացած է երկու երկիրներուն միջեւ, անդրադարձաւ Արցախի խնդրին, որու մասին ըսաւ, թէ պէտք է “ընենք ամէն ինչ, որպէսզի բանակցութիւնները յանգին իրենց աւարտին՝ Մատրիտի սկզբունքներուն հիման վրայ”: Նախագահները խօսեցան Սուրիոյ տագնապին մասին եւս: Հոլանտ ըսաւ, թէ այս հարցին մէջ ինք ծանօթ է Հայաստանի խոհեմութեան՝ իր դիրքին բերմամբ՝ ակնարկելով Սուրիահայութեան: Գալով իրանեան թղթածրարին, Ֆրանսայի նախագահը ըսաւ, թէ կը վստահի իր հայ պաշտօնակիցին՝ իրանեան կողմին շարք մը պատգամներ փոխանցելու համար: Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական կալուածի գործակցութեան անդրադառնալով՝ Հոլանտ ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ ֆրանսական ներդրումները գնահատելի երկրորդ տեղը գրաւելով հանդերձ, կարելի է դեռ այդ բնագաւառը զարգացնել մանաւանդ գիւղատնտեսութեան եւ փոխադրամիջոցներու մարզերէն ներս: Ան խօսեցաւ նաեւ Ֆրանսայութեան մասին, զոր որակեց «կարեւոր հարստութիւն»: Հոլանտ ընդառաջելով նախագահ Սարգսեանի հրաւէրին՝ ըսաւ, թէ Հայաստան պիտի այցելէ 2013ին: Նախագահ Սարգսեան ալ ըսաւ, թէ հաճոյք եւ պատիւ կը զգայ Ֆրանսա գտնուելով, ու ինք եւս աւելցուց, թէ ամէն ջանք պիտի թափուի երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող արդէն բաւական ստուար գործակցութիւնը ա՛լ աւելի խորացնելու համար: Շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Հոլանտին եւ ֆրանսացի ժողովուրդին, որ յստակ կերպով կ?արտայայտեն իրենց դիրքը Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրին մէջ: Ասուլիսին յաջորդեց ճաշ մը, որուն մասնակցեցան շուրջ 20 հրաւիրեալներ՝ Տիկին Սարգսեան, Արտաքին գործոց նախարար Էդ. Նալբանդեան, դեսպան Չիտեչեան, Ֆրանսայի Երեւանի դեսպան Անրի Ռենօ, Ֆիլիփ Քալթընպախ եւ Ֆրանսուա Փուփոնի, CCAF-ի նախագահներ Ա. Կէօվճեան, Ա. Թորանեան, Մ. Փափազեան, ինչպէս նաեւ ֆրանսական շօու−պիզի հռչակաւոր դէմքեր, Շառլ Ազնաւուր, Լեւոն Սայեան, շարժանկարի ծանօթ արտադրիչ Ալէն Թէրզեան, երաժիշտ Անտրէ Մանուկեան…: Ինչ որ հայկական շրջանակներու կողմէ՝ ասուլիսի ընթացքին անհամբերութեամբ կը սպասուէր Ֆրանսայի նախագահին բերնէն, եւ լսելի չեղաւ, լսուեցաւ ճաշին ընթացքին եւ Ֆրանսայի նախագահը հաստատեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրէնքին որդեգրման համար ջանք պիտի չխնայէ: ՆՅ
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը