«Խաչիկ Պապիկյան հիմնադրամ»-ը շարունակում է քաջալերել լիբանանահայ շնորհայի աշակերտներին
19-11-2012 11:10:17 | Լիբանան | Գիտություն եւ տեխնոլոգիաներ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2012-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհարանի դահլիճը տարբեր հմայք ունէր: Լիբանանահայ խումբ մը շնորհալի աշակերտ-աշակերտուհիներ, ծնողներ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ եկած էին միասնաբար ողջունելու «Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամ»ի աշակերտական մրցանակի բախտաւորները եւ վերահաստատելու հայ լեզուով, գրականութեամբ, հայոց պատմութեամբ, մշակոյթով եւ քրիստոնէական աւանդութիւններով ու արժէքներով հպարտ հայ աշակերտի իրենց ուխտը:
Արդարեւ, երրորդ տարին ըլլալով, տօնական արտայայտութիւնը կարելի էր կարդալ բոլոր ներկաներուն դէմքերուն վրայ: Լիբանանահայ գրեթէ բոլոր միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանները` 17 միջնակարգ եւ 12 երկրորդական կրթօճախներ, 89 երկսեռ աշակերտ-աշակերտուհիներով, մասնակցած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող «Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամ»ի կազմակերպած հայ լեզուի եւ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտական նիւթերու մրցանքներուն: Բոլորը ուրախ էին եւ միաժամանակ` անհամբեր: Հասկաքաղի պահը մօտեցած էր:
Մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան բացումը կատարելով` Կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ Կրթական Հարցերու գրասենեակի վարիչ Սարգիս Կիրակոսեան առաջին հերթին ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ վարժարաններու կրթական պատասխանատուներոն, ուսուցիչներուն, դատակազմի անդամներուն եւ մասնակից աշակերտներուն, «որոնք իրենց ամբողջական գործակցութեամբ մեծապէս նպաստեցին այս օգտաշատ նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակելու ճիգերուն եւ այս մրցանքին տուին իւրայատուկ գրաւչութիւն»: Այնուհետեւ ան դիտել տուաւ, որ հակառակ նոր ժամանակներու կախարդական նորութիւններուն եւ համակարգչային արհեստագիտութեան արագընթաց զարգացումներուն, լիբանանահայ աշակերտները կը փորձեն կառչած մնալ ազգային արժէքներուն ու գանձերուն, եթէ իրենց հայագիտական արդիւնքները նոյնիսկ որոշ չափով հեռու կը մնան ցանկալի մակարդակէն:
Եզրակացնելով` Ս. Կիրակոսեան շեշտեց, որ մեծագոյն յաղթականը այսօր Հա՛յ Դպրոցն է, իսկ մրցանակակիրները` բոլո՛ր մասնակիցները: Ապա, ան հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյն գահակալ եւ հայ աշակերտի առաջին բարեկամ ու հայր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որպէսզի իր ձեռամբ պարգեւատրէ բախտաւորները եւ կատարէ մրցանակաբաշխութիւնը:
Մրցանակաբաշխութեան սրտայոյզ պահէն ետք, իր հայրական խօսքը ներկաներուն փոխանցելով` Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Դժբախտաբար հայ լեզուն ու հայագիտական նիւթերը սկսած են կամաց-կամաց նահանջ արձանագրել մեր կեանքէն ներս: Հայ դպրոցին առաքելութիւնը ամէն բանէ առաջ հայակերտում է: Նման նախաձեռնութիւններ մեծապէս կը նպաստեն նոր սերունդի հայակերտումի աշխատանքին»: Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց հայ վարժարաններուն աշակերտներուն ու ծնողներուն յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու մեր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու ուսուցման ու տարածման, որովհետեւ անոնք կը կազմեն ողնասիւնը հայու ինքնութեան ու գոյութեան: