ԵՐԲ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐԸ Կ՚ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՆ ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՀԱՐԱՒԷՆ


ԵՐԲ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐԸ Կ՚ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՆ ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՀԱՐԱՒԷՆ

  • 11-12-2012 08:43:47   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Վրոցուաւի (Լեհաստան) «Թէաթր Զար» թատերախումբը, որ 10 տարիէ ի վեր կը գործէ Կրոթովսքի հիմնարկին* երդիքին տակ՝ Եարոսուաւ Ֆրէթի տնօրէնութեան ներքոյ, կը բեմադրէ աշխատանքներ, որոնք փոխանակ խօսքի՝ կը հիւսուին շատ հին ժամանակներու հոգեւոր երգերով: Թատերախումբը աշխարհի չորս ծագերէն անդամներ ունի: Հին վրացական, գորսիքական, սարտենական երգերու շուրջ աշխատանք տարած է: 

Թատերախումբին վերջին ծրագիրը նուիրուած է Հայոց պատմութեան եւ ցեղասպանութեան: Թատերախումբին պատասխանատուներուն մտքերուն մէջ այս հեռանկարը ծիլ արձակած է Երեւան այցելութենէ մը ետք: Ու մանաւանդ քանի մը տարի առաջ՝ Վրոցուաւի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած ու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէսի մը ներկայացուած գործերուն՝ անծանօթ չարագործներու կողմէ փճացումէն ետք, Կրոթովսքիի տնօրէնը վրդոված ու ա՛լ աւելի ամրապնդուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով աւելի մօտէն հետաքրքրուելու անհրաժեշտութեան հակող իր համոզումին մէջ. հասկցած է, թէ բա՛ն մը կայ ընելիք այդ բնագաւառին մէջ, մօտէն պէտք է հետաքրքրուիլ Հայոցմով, ուստի՝ հայ հոգեւոր երաժշտութեամբ: 
Հիմնարկը երկու տարի առաջ կապ հաստատած է փարիզաբնակ երաժիշտ-երաժշտագէտ Արամ Քերովբեանի հետ, որ ընդունելով առաջարկը՝ գացած է Վրոցուաւ եւ սկսած է հայ հոգեւոր երգերու միաձայն եւ ձայնեղանակային համակարգի աշխատանոցներ վարելու: Վերժին Քերովբեան ալ վարած է օրօրներու աշխատանոցներ, ինչպէս նաեւ Վահան Քերովբեան՝ արեւելեան ռիթմերու աշխատանոցներ: 
2011ին, խումբին անդամները այցելած են Պոլիս՝ մօտէն ծանօթանալու Հայերու եւ միւս ժողովուրդներու երաժշտական առանձնայատկութիւններուն: 2012ի սկիզբը այցելած են նաեւ Երուսաղէմ եւ նոյն տարուան ամրան ալ՝ Անատոլիա՝ Խարբերդի եւ Բալուի շրջանները, Տէրսիմ, Տիյարպէքիր եւ Մարտին: Այս վեցօրեայ ճամբորդութեան այցելած են հայկական աւերակ եկեղեցիներ, վանքեր, դպրոցներ, այդ վայրերուն անցեալին եւ ներկային մասին զրուցած են բնակիչներու հետ: Տեսակցութիւններ ունեցած են նաեւ երաժիշտներու՝ մասնաւորապէս զազա եւ քիւրտ տէնկպէշներու (աշուղներու) հետ: 
Երկար այս աշխատանքներէն ետք՝ ծնունդ առած է հանրային առաջին արտայայտութիւն մը՝ «My Silent Sister» («Լուռ քոյրս») խորագրուած եօթնօրեայ ձեռնարկը՝ «Voice Encounters» («Ձայնային հանդիպումներ») փառատօնի ծիրէն ներս, որ թէեւ թատերական չէ: Անով հետապնդուած նպատակն է՝ ժողովուրդին ներկայացնել այն նիւթը եւ մթնոլորտը, որոնք պիտի հանդիսանան ողնայարը թատերական ներակայացման, որ նախատեսուած է 2013ի աշնան: 
Այսպէս, Նոյեմբեր 5էն 11 տեղի ունեցած այս շաբթուան առաջին հինգ օրերուն ցուցադրուեցան 6 ժապաւէններ՝ Սերժ Աւետիքեանի «Chienne d’histoire»ը «Շան պատմութիւն» (2010), Փէա Հոլմքուիսթի եւ Սիւզան Խարտալեանի «I Hate Dogs - The Last Survivor» («Կ՚ատեմ շուները - Վերջին վերապրողը») (2005), Փէա Հոլմքուիսթի «Back to Ararat» («Վերադարձ դէպի Արարատ») (1988), Սիւզան Խարտալեանի «Grandma’s Tatoos» («Մեծ մօրս դաջուածքները») (2011), Էրիք Ֆրիտլէրի «Աղէտ»ը (2009) եւ Ժագոպ Միքայէլ Յակոբեանի «The Witnesses Trilogy - Part III - The River Ran Red» («Վկայութիւններու եռաբանութիւն - Գ. մաս - Գետը կարմիր կը հոսի») (2009): Միանգամայն կար ցուցահանդէս մը, ուր կը ներկայացուէին Մակտալենա Մանտրայի քաշած բազմաթիւ լուսանկարները՝ Անատոլիա կատարած իրենց այցելութեան ընթացքին: 
Շաբաթավերջին տեղի ունեցան զանազան հանդիպումներ՝ աշխատանոցի, վիճարկումի եւ դասախօսութեան ձեւով: Շաբաթ եւ Կիրակի՝ Նոյեմբեր 10ին եւ 11ին, Արամ Քերովբեան եւ Վերժին Քերովբեան վարեցին հայկական հոգեւոր երգերու ընդմէջէն՝ ձայնեղանակային համակարգի  (système modal) երեքական ժամուան աշխատանոցներ՝ «Modal Singing: A Journey Within Sounds» խորագրով:
Շաբաթ կէսօրէ վերջ՝ նախ տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն մը: Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան բանախօսեց «A History of Genocide: Memory, Continuity and Defiance» («Ցեղասպանութեան պատմութիւն մը. Յիշողութիւն, շարունակականութիւն, մարտահրաւէր») թեմայով: Ան անդրադարձաւ յատկապէս Թուրքիոյ ժխտողական պաշտօնական քաղաքականութեան. իր պատրաստած քարտէսներու (եկեղեցիներու, դպրոցներու եւլն.) օգնութեամբ ապացոյցներ ներկայացուց ներկայիս Հայերէն պարպուած հողերուն վրայ՝ անցեալին հայկական բնակչութեան գոյութեան մասին: Աւելցուց, թէ պատմական այդ կառոյցներուն 75%ը այսօր անհետացած է: Ժխտողականութեան իր բացատրութիւնները հիմնեց 2005ին թրքականէն անգլիական Խորհրդարան ղրկուած ստորագրահաւաքին վրայ, որուն մէջ կ՚ըսուէր, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան թեզը հնարուած է Անգլիացիներու կողմէ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին. այս առթիւ խնդրոյ առարկայ կ՚ըլլային Կապոյտ Գիրքին մէջի փաստերը, մինչ անոնց վաւերականութեան անհերքելիութիւնը ապացուցուած է եւ ղրկուած թուրք խորհրդարանականներուն:
Նոյն օրը, աւելի ուշ, տեղի ունեցաւ վիճարկում մը Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց հիմնարկէն Այշէ Կիւնայսուի, Արա Սարաֆեանի, պեռլինաբնակ պոլսահայ պատմաբան եւ լրագրող Թալին Սուճեանի մասնակցութեամբ: Նախատեսուած էր նաեւ թուրք ծանօթ հրատարակիչ, Հայոց բարեկամ Ռակըփ Զարաքոլուի մասնակցութիւնը, որ սակայն չէր կրցած գալ՝ դատավարութեան մը պատճառով: Վիճարկումը կը կրէր «Witnessing After the Witnessing. A History of Denial» («Վկայել՝ վկայութենէն ետք. ժխտողականութեան պատմութիւն մը»): 
Թալին Սուճեան իր կեանքի փորձառութեամբ պատմեց, թէ ինչպիսի՛ ճնշումներու ենթարկուած է, թէ ինչպէ՛ս ժխտողականութիւնը մաս կը կազմէր իրենց առօրեային: 
Այշէ Կիւնայսու ալ փորձեց ցոյց տալ, թէ հակառակ համայնավար-յեղափոխականի իր եւ իր ընկերներներուն անցեալին, եւ որպէս այդպիսի տեսլականի տէրէր՝ աշխարհի միւս ծայրի անարդարութիւններուն դէմ մղած իրենց պայքարներուն, որքա՛ն կոյր եղած են՝ չտեսնելով իրենց անմիջական շրջապատին մէջ տեղի ունեցած եւ ունեցող անարդար երեւոյթները: 
Արա Սարաֆեան աւելի կը գտնուէր զրուցավարի դերին մէջ: Վիճարկումը վերջ գտաւ այն հարցադրումով, թէ արդեօք Թուրքիան ի՞նչեր կը պատրաստէ (վստահաբար կը պատրաստուի շատ լաւ, ո՜վ գիտէ ինչեր խաղալու համար Հայոց գլխուն) դիմագրաւելու համար 2015ին՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի «դժուար հանգրուանը»:
Իսկ Շաբաթ երեկոյեան, տեղի ունեցաւ հայկական ձայնեղանակային համակարգի փոխանցման նիւթով ներկայացում՝ «Transmission-Transition» («Փոխանցում, անցում») խորագրով: Արամ Քերովբեան, բացումը կատարելով, պատմեց, թէ Պոլիսը հանդիսացած է հայկական հոգեւոր երաժշտութեան օրրան, խօսեցաւ երաժշտութեան այդ ոլորտին մէջ ժառանգութեան փոխանցման նիւթին մասին, անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութենէն ետք՝ վերապրածներու կողմէ Պոլիս «փոխադրուած» հայկական երաժշտական զանազան ոճերուն: Ներկայացուց Պոլսոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երաժշտապետ Նշան Չալկճեանը եւ իր աշակերտը՝ երաժիշտ եւ ներկայիս՝ ի՛նք ալ երաժշտապետ Մուրատ Իչլինալչան: Անոնք, ընդառաջելով Ա. Քերովբեանի խնդրանքին, տեղւոյն վրայ ներկայացուցին աւանդութեան փոխանցման աշխատանքի նմոյշ մը: Արդարեւ, Ն. Չալկըճեան ժողովուրդին ներկայութեան սորվեցուց շարական մը իր աշակերտին՝ Մ. Իչլինալչային: Յետոյ թուրք լրագրող, հրատարակիչ, երաժշտագէտ Ալթուղ Եըլմազ խօսեցաւ Հայոց հոգեւոր երաժշտութեան եւ ինքնութեան կապին մասին: Ըսաւ, թէ երաժշտութիւնը ինքնութեան կառուցման կարեւոր խթան է: Նշուեցաւ նաեւ այն կէտը, թէ հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը յատկանշական է նաեւ այն առումով, որ ի տարբերութիւն հայկական միւս երաժշտական ոճերու, ձուլումի կամ այլասերումի չէ ենթարկուած: 
Յաջորդ օր՝ Նոյեմբեր 11ին, տեղի ունեցաւ ուրիշ վիճարկում մը՝ այս անգամ լեհ մասնակիցներով, որ կը կրէր «“Who, After all, Speaks Today of the Annihilation of the Armenians?” A History of Ignorance»: Կը մասնակցէին Քրիսթոֆ Ցըժեվսքի, Իրենա Կրուծինսքա-Կռոս, Լեսզեք Քոցնանովիչ, զրուցավարն էր Եարոսուաւ Ֆրէթ: Հիթլէրի վերոնշեալ ծանօթ («Այսօր ո՞վ կը յիշէ Հայոց բնաջնջումը») խօսքին լոյսին տակ՝ մասնակիցները փորձեցին ցոյց տալ, թէ բիրտ ուժի վերաբերող նիւթերու թապու (հպարգելք - «ՆՅ») մնալը միշտ կ՚առաջնորդէ անգիտութեան, որ իր կարգին կ՚առաջնորդէ անտարբերութեան, անշարժութեան: 
Դարձեալ Կիրակի՝ կէսօրէն վերջ, Եարոսուաւ Ֆրէթ հակիրճ կերպով ներկայացուց այն թատերախաղը՝ «Armine, Sister», որ պիտի ներկայացուի, ինչպէս վերեւ ըսինք, գալ աշնան: Ներկայացումը կատարուեցաւ նաեւ «Winds of Armine - Expedition to Anatolia» («Արմինէի հովերը - Շրջապտոյտ՝ Անատոլիա») ժապաւէնին, որ հայկական հոգեւոր երաժշտութեան շուրջ կատարուած այս ամբողջ աշխատանքին վաւերագրականը պիտի հանդիսանայ: Ֆիլմը կ՚իրագործուի Պելճիքայէն Նաթալի Ռոսեթթիի եւ Թուրի Ֆինոքիարոյի կողմէ: 
Այդ նոյն գիշերը՝ Sw. Antoniego z Pawdy (Փատովայի Սբ. Անտոն) եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Columns» («Սիւներ») տիտղոսը կրող համերգ մը՝ «Թէաթր Զար» թատերախումբին անդամներուն եւ Քերովբեաններու մասնակցութեամբ: Յայտագիրը կը բաղկանար հայկական եկեղեցական երգերէ: Յայտագրին յաջորդող շաբթուան ընթացքին՝ երաժշտապետ Նշան Չալկըճեան եւ Մուրատ Իչլինալչա մասնակցեցան թատերախումբի երաժշտական աշխատանքներուն՝ վարելով բազմաթիւ աշխատանոցներ։
Կրոթովսքի հիմնարկը կը նախատեսէ երաժշտական աւելի ընդարձակ յայտագիր մը ներկայացնել 2013 Մայիսին՝ ներառնելով Պոլսոյ փոքրամասնութեանց կամ պարզապէս հալածուած փոքրամասնութեանց։
 
Ք.Մ.
 
ՆՅ
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը