Արամ Սեփեթճեան.Քարերը պիտի աղաղակեն ճշմարտությունը


Արամ Սեփեթճեան.Քարերը պիտի աղաղակեն ճշմարտությունը

  • 12-02-2013 12:01:31   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն

 

ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
 
Աւարայր։ 451 թուական։
Միօրեայ տեւողութեամբ անհաւասար զինեալ ուժերու գերլարումով ընդհարում մը՝ որուն հետեւանքը չէր կրնար տարբեր արդիւնք մը արձանագրել, —իր ժամանակին ու վայրին նախնական պայմաններուն հետեւանքով—, եթէ ոչ՝ շօշափելի թուանշաններով շահ-
ւած յաղթանակը պարսկական գերակշիռ զօրքերուն։ Ռազմական գործողութիւն մը, որ պարսկական աղբիւրներու համաձայն, իր տարողութեամբ եղեր էր այնքա՜ն փոքր եւ աննշան, եւ կոչուեր՝ զսպիչ դեր մը կատարելու ազգայնական պիտակաւորումով ըմբոստութեան մը պարագային։ Այդքա՛ն միայն։
Մինչ նո՛յն երեւոյթը, Հայերուս համար, մեր պարտութիւնը կը փոխարինէր «բարոյական յաղթանակ»ով մը, որ դուրս կ՚ելլէր իր սոսկական նեղ պարունակէն, կը վերածուէր ՆԵՐՇՆՉԱՐԱՆի եւ որուն անմարելի կրակէն կեանք ու հոգի կը ստանային մեր ժողովուրդի յետագայ բոլոր ժամանակներու ազատագրական պայքարները։ Իսկ անձնազոհ քաջամարտիկներուն համար, Աւարայրը պիտի հանդիսանար աւազանը՝ կրակի մկրտութեան։
Արդ, յետադարձ հայեացքով մը եթէ ուզենք կրկին վերարժեւորումի դատաստանին յանձնել Վարդանանց շարժումին կրած «պարտութիւն-բարոյական յաղթանակ»ը «դիւանագիտական յաղթանակ»ի մը կարելիութեանը հետ, ներկայ ժամանակներու առարկայական մտածողութեամբ, արդեօք մեր գնահատանքը ո՞ր մէկ թէզը պիտի ընդունէր…։
Ժամանակը, —իբրեւ մեծագոյն դատաւոր—, տուաւ ապացոյցը Աւարայրի հերոսամարտի շուրջ 16դարեան ճշգրիտ կողմնորոշումին։ Արդարեւ, Ե. դարէն մինչեւ այսօր, շահուած «դիւանագիտական յաղթանակ» մը Տղմուտի ափին, այնքա՛ն պիտի չզսպանակէր մեր ներքին ուժականութիւնը, որքան՝ Աւարայրը, իր կրանիթեայ հաւատքով։ Այսինքն՝ եթէ Տիգրան Մեծով կը հպարտանանք, Լուսաւորիչի լուսեղէն ներկայութեամբ կը զգաստանանք, Մաշտոցի Այբուբենի հրաշքով կը հայանանք, սակայն Վարդանանց նահատակութեամբ՝ կը հզօրանանք. առանց որու՝ պիտի չծնէր շարքը Անդրանիկներուն, պիտի չմղուէր յաղթական ճակատամարտը Սարդարապատին, պիտի չհասնէինք մերօրեայ ԱՐՑԱԽին։
 
Ահա թէ ինչո՛ւ Աւարայրի միօրեայ ճակատամարտը, որուն շարունակութիւնը եւ եզրայանգումը կը գտնենք 33 տարի տեւողութեամբ Վահանեանց մղած ազատագրական պայքարին եւ յատկապէ՛ս Նուարսակի (484թ.) հայանպաստ դաշնագիրին կնքումին մէջ, կը կազմէ Հայոց Պատմութեան դիւցազնաշունչ դրուագը. մեկնակէ՛տը Հայուն կենսաիմաստասիրութեան։
Ճշմարտազանցութի՞ւն, ինքնահակասո՞ւմ, կամ ինքնախաբէութի՞ւն էր Վարդանի եւ իր ընկերներուն դիւանագիտական նրբամտութիւնը, երբ անոնք նախ Տիզբոնի օտար հողին վրայ երեւութապէս ուրացան իրենց հաւատքը, իսկ ապա՝ Աշտիշատի մէջ, հայրենի հողին վրայ արտասանեցին իրենց պատմական խօսքը՝ յանուն խիղճի ազատութեան. «Քու սուրդ եւ մեր պարանոցը»։ Ու Պարսիկը անոր փոխարէն պատասխանեց. «Կռւո՜ւմ էք. ապրեցէք»։
Այսպէ՜ս է որ ապրեցաւ հայ ժողովուրդը շուրջ 16 դարերէ ի վեր, Աւարայրի մշտաճաճանչ ռազմադաշտը վերածելով յարացոյց այն փարոսին՝ որ լուսաւորեց մեր պատմութեան ամենամութ բաւիղները։ Ան եղաւ նաեւ կենսատու աւիշ՝ դարեր ամբողջ մեր ազգային հաւաքականութեան տալով ինքնիշխան եւ ազատ ապրելու անմար տենչը։ Այսպէ՜ս է որ, ՀԱՅը, իր անկոտրում հաւատքով, լեռնե՜ր շարժող հաւատքով իրագործեց Սարդարապատի յաղթանակը, եւ Աւարայրի ոգին կամրջուեցաւ եւ օղակ առ օղակ կազմեց ամրակուռ շղթան մեր ազգային հերոսամարտերուն։ Վարդանի օրինակով՝ հրեղէն շունչ ու ոգի ներարկուեցաւ յետագայ դարերու մեր դիւցազնաշունչ մարտիկներուն եւ ծնան նոր Վարդաններ ու Վահաններ։ Հայրենի հողին պաշտպանութիւնը ա՛յս է որ կը պահանջէր։
Երէկ՝ Սարդարապատն էր Նոր Աւարայրը, իսկ այսօր Արցախն է, իր ո՛ղջ հողատարածքով. իր սարերով ու սարալանջերով ու հայ ժողովուրդը այնտեղ կը մղէ մերօրեայ Աւարայրի ճակատամարտը։ Եւ այս՝ 1988 Փետրուարէն ի վեր։ Արցախը խորհրդանիշն է յանուն մեր կորուսեալ հողերուն մղուած աննահանջ գոյամարտին եւ անհաւասար պայքարին։
Եթէ այս հանգրուանին՝ մենք շփոթենք իրա՛ւ եւ առողջ հայրենասիրութիւնը մեր համակրանքներու եւ հակակրանքներու ազդեցութեանց հետ եւ յանձնուինք զգացական մեղանչումներու ալեկոծումին… դրժած կ՚ըլլանք Աւարայրի մեր ուխտը։
Եթէ համայնակուլ Սփիւռքի տարածքին, տակաւին շարունակենք յամենալ հատուածային մտածողութեան ստուերամած տրամադրութիւններով եւ ենթարկուինք օտարամուտ աշխարհիկ թէ հոգեւոր գաղափարախօսութիւններուն ու հեռանանք Արարատէն եւ Էջմիածինէն… երկի՛ցս դրժած կ՚ըլլանք մեր ուխտը վասն՝ Վարդանանց վարդագոյն արեան ու երազին։
Աւարայրի խորհուրդով ու պատգամով, այսօր կը մղենք համահայկական մերօրեայ գոյամարտը։
Մեր պատմութեան մէջ հազուադէպ երեւոյթ էր, տեսնել մեր հայրենիքը,—թէկո՛ւզ այսօրուան սահմաններով—, Ազատ եւ Անկախ, հակառակ իրեն պարտադրուած շրջափակումին։
Ժամանա՛կն է՝ լսել պատմութեան ձայնը։
21րդ դարու հանգրուանած հայ ժողովուրդը այսօր եւս կը գտնուի դէմ յանդիման այն հսկայ ճիւաղին, որուն սկզբունքը կը սնանի վայրի անտառային ուժի գերակայութեան մտածելակերպէն։ «Իրաւունքը զօրաւորին է» միջնադարեան տրամաբանութիւնը իր գլաններուն տակ կը ճզմէ ու կը հարթէ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու, ազատ խիղճի եւ խօսքի արտայայտութեան ամէ՛ն իրաւունք, որ կրնայ խոչընդոտ հանդիսանալ «մեծ իշխանաւորներու» աշխարհատիրական ձգտումներուն։
Ահաւասիկ՝ Վարդանանց խորհուրդն ու պատգամը ԱՅՍՕՐ։
Ահաւասիկ՝ նորօրեայ Յազկերտներու սպառնալիքը ուղղուած ազգային ինքնորոշման մեր իրաւունքներուն, մե՛ր գոյատեւումին ու մեր հաւաքական գերագոյն շահերուն դէմ։ Ճակատագրական ճգնաժամ մըն է որ կ՚ապրի հայութիւնը, հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի ամբողջ տարածքին։
Ժամանա՛կն է հաւաքական իմաստութեամբ համահայկական մեր ուժերու գերլարումին՝ հանրագումարո՛վը մեր պատմական փորձառութիւններուն։
Ա՛յս է հրամայականը մերօրեայ ազգային մտածողութեան։
 
Աւարայրը՝ Յարացոյց փարո՛ս մեր ազգային հաւաքական գիտակցութեան։
 
Աւարայրը՝ Հանապազօրեայ ապրո՛ւմ մեր լինելութեան հարցականներուն իբրեւ միակ պատասխան.
 
Աւարայրը, որ «Զրահանդե՚րձն է փայլուն մեր հոգիին եւ մարմնոյն», որ պատահական ամէն չարիքի դէմ կը միաւորէ մեր ազգին բոլոր բաղադրատարրերը, կը բռնցքաւորէ ապակեդրոնացեալ ուժերը մեր ժողովուրդին եւ հաւատքի քննութենէն կ՚անցընէ իւրաքանչիւր հայ անհատ, հայ մարդ։
 
Աւարայրը՝ իր խորհուրդով ու պատգամով, մայր երակն է հայ ժողովուրդի ֆիզիքական թէ ոգեղէն գոյութեան։ Պատմական անհերքելի ճշմարտութիւն մը՝ եւ ո՛չ առասպել կամ երազախաբութիւն, ո՛չ ցանկատեսութիւն եւ ո՛չ ինքնախաբէութիւն։
Այսօր, յանձնառու հայ մտաւորականութիւնն է որ պարտաւոր է իր ձայնը լսելի դարձնել։ Հայոց պատմութեան մէջ, Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ եւ Արցախ երկարող շղթային օղակները ամրացնողները եղած են միտքի ու տրամաբանութեան մեր մշակները։ Ժամանակն է որ յանձնառու հայ մտաւորականը անսայ իր խիղճի ձայնին, եւ արձագանգէ ամենայն խիզախութեամբ միջազգային երեւոյթներէն ծնունդ առնող հրամայական պահանջքներու։ Եւ այս՝ քաղաքացիական արիութեամբ, քաղաքականօրէն դաստիարակուած մարդու լրջախոհութեամբ, համազգային շահերը միշտ աւելի բարձր դասելու վճռակամութեամբ, որպէսզի կարենանք միջազգային ատեաններուն մեր արդար ձայնը լսելի դարձնել։
Ահա թէ ինչո՛ւ, յանուն հայրենաշինութեան եւ ԱԶԳԱՀԱՒԱՔի, կենդանի օրինակովը Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅ մերօրեայ հայրենի պետականութեան կը մեկնէ եղբայրական իր ձեռքը, մեղմելու համար ցաւին կոտտանքը հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին, որպէսզի շինականէն մինչեւ ուսանող եւ արուեստագէտ, չյուսալքուին անոնք եւ անօգնական չզգան իրենք զիրենք, չըլլան զոհերը հայաթափումի սպիտակ արիւնահոսութեան։ Չէ՞ որ «լքել հիմա Հայաստանը, միեւնոյն է, թէ անցեալ դարերում լքել Աւարայրի դաշտը եւ մենակ թողնել Վարդանին, միեւնոյն է, թէ առանց դիմադրելու, հակառակորդին յանձնել Անիի բանալիները», ինչպէս շուրջ կէս դար առաջ մեզի կը յուշէին տողերը հայրենի բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի։
Ահա թէ ի՛նչ կը պատգամեն մեզի ԱՅՍՕՐ՝ Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ եւ Արցախ, վասն հայրենի հողին ու մեր խիղճին ազատութեան զոհուած մեր նահատակները։
Չկա՛յ երկընտրանքի այլ ճանապարհ եւ ոչ ալ վերադարձի ուղի՝ պարտեալներուն։
Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը, ու թող ձեզ հետ դիտեն նաեւ աշխարհի գերհզօր կառավարիչները եւ փնտռեն ու գտնեն կենդանի վկաները 20րդ դարու մեծագոյն եղեռնապատումին։ Վաղը՝ ուշ կ՚ըլլայ թերեւս։ Այդ վկաները՝ որոնք ապրեցան ու տեսան 1915ի Եղեռնը, արարումը 1918ի, 1920ի եւ 1991ի երրեակ հանրապետութիւններու եւ անոնց հոգին թեւ ու թռիչք առաւ յաղթական իրագործումներէն, —արցախեան յոյզերը փոխակերպելով յաղթական յառաջխաղացքի—, ճիգերու գերագոյն լարումով, հայրենի հողին քաջամարտիկ սերունդները կու գան բախտորոշ իրենց դերը կատարելու։ 
Ահա թէ ինչո՛ւ, եթէ մենք լռենք, քարերը պիտի աղաղակեն ճշմարտութիւնը, պիտի ցուցանիշ ընեն արդարութիւնը մեր իրաւունքներուն, վերագնահատումովը՝ անժամանցելի մեր դատին իրաւական եւ իրողական արժէքին։
Այս տողերը կը գրենք, որովհետեւ կը հաւատանք որ տպագրուած ամէն տառ ու բառ, ծնունդն է գիտակից հաւատքի, ներքին համոզումի եւ տեսիլքի, անմար կեցուածքի եւ մեր անհատականութեան։ Խօսք չէ այս՝ մեր մարտիկներուն համար, այլ թափուած արիւն եւ քրտինք՝ շաղախովը հայրենի հողին ու քարին։ Անոնց կը ձօնենք մեր այս տողերը, իբրեւ նուազագոյն զօրակցութիւն՝ իրենց հաւատքին։
Հայրենիքի անկախ պետականութեան գոյութիւնը՝ ա՛յս է որ կը պահանջէ մեզմէ, մանաւանդ Սփիւռքահայութենէն։
Ըլլալ միասիրտ ու միակամ, միախորհուրդ եւ ամբողջական՝ մեր ներկայ հայրենիքին հետ. որպէսզի միահամուռ կեցուածքով լծուինք հայրենակերտումի աշխատանքին, որբի եւ ողբի ձայնարկութիւններն ու մեղադրանքները դադրին, ու կարենանք լսել համահունչ՝ նոր ու հզօր հայրենիքին ղօղանջը։
Մերօրեայ Աւարայրը կը պահանջէ առաւե՛լ իմաստութիւն եւ արիութիւն՝ միացած դիւանագիտական նրբամտութեան։ Եթէ 15 դար առաջ վասակեան մտածողութիւնը դուրս մնաց Վարդանանց «վարդագոյն» արեան մկրտութենէն, այսօրուան Աւարայրը պիտի մէկտեղէ բոլորը՝ մէկ դրօշի տակ։
 
Որովհետեւ՝ ԱՒԱՐԱՅՐը խղճմտանքն է Հայուն ու դասագի՛րքը հայ ժողովուրդի պատմութեան։
Աւարայրի ամէնամեայ իւրաքանչիւր տօնախմբութիւն՝ ուխտառումի նոր պահ մըն է վերանորոգելու մեր հաւաքական յանձնառութիւնը, յանուն Հայո՛ւ հաւատքին ու հայրենիքին։
Ամենամեայ տօնախմբութիւն՝ որ չի հպատակիր ազգային-մշակութային յոբելենական տարեթիւերու բարոյական պարտադրանքին,
որ ներշնչարանն է մեր ազգային պատկանելիութեան եւ հաւաքական մտածողութեան, ու կը պատրաստէ ապագայ դարերուն ծնող նորահաս սերունդներուն։
Մերօրեայ Աւարայրը՝ ԱՐՏԱԳԱՂԹՆ Է ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ։ Սպիտակ արիւնահոսութիւնը։
Մերօրեայ Յազկերտները՝ մեր երիտասարդ սերունդները հրապուրող համաշխարհայնացումի առաջնորդներն են։
Մերօրեայ հաւատքին ոյժն է որ արտագաղթի ճգնաժամը պիտի փոխարինէ Ազգահաւաքի սրտառուչ հրաւէրով, մեր ներկայ անկախ եւ ազատ հայրենիքը դարձնելով այն երկիրը, ուր պիտի հանգրուանէ ամէն Հայ, հոն գտնելով իր պատմական երազներուն ու տեսիլքին իրականացումը։
Այլապէս՝ որո՞ւն համար կ՚արիւնի Հայուն սիրտը յանուն մեր անթաղ բայց եւ՝ անմահ հերոսներուն, Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ, Արցախ եւ աշխարհատարած Սփիւռք։ Փա՜ռք մեր հերոսներուն։
 
Արամ Սեփեթճեան. 
 
ՆՅ
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play