Ազգային Արժանապատիւ Կեցուածք՝ Ճգնաժամային Օրերու Հրամայականը


Ազգային Արժանապատիւ Կեցուածք՝ Ճգնաժամային Օրերու Հրամայականը

  • 18-02-2013 13:45:37   | Սիրիա  |  Վերլուծություն

Այսօր, Արեւելքի երկնակամարին վրայ սեւ-սեւ ամպեր կ’որոտան, հողմեր ու փոթորիկներ կատաղի իրար կը բախին, երկիրը արեան ալիքներու մէջ կը ծփայ, կը տապալի մարդկութիւնը աշխարհի երեսէն, ու կը խանգարուի ժողովուրդներու ապահով ու խաղաղ կեանքը: Ազգերու պատմութեանց մէջ կան անկումի ու պարտութեան, պատերազմի ու թշուառութեան յոռի շրջաններ, եւ կան նաեւ փառքի ու յաղթանակի, խաղաղութեան ու բարձրութեան բարգաւաճ դարաշրջաններ: Թէ ինչո՞վ կ’որոշուի ժողովուրդի մը անհատականութիւնը, եթէ ոչ իր ուժեղ նկարագիրով, իր բարձր արժանապատուութեամբ, իր ապրելու ու գոյատեւելու կամքով եւ իր ազգային ինքնութիւնը հաստատելու վճռակամութեամբ: Սակայն՝ ժողովուրդի մը պատմութիւնը սոսկ պատմական անցքերու եւ իրադարձութիւններու, յաղթանակներու եւ պարտութիւններու թուականներ չեն: Այլ՝ այդ դէպքերու ետին յայտնուող ժողովուրդի մը հոգեկան աշխարհն է, այդ եղելութիւններուն թողած ազդեցութիւնն է, այն բարոյական հետքերը, որոնք իրենց անդրադարձը կ’ունենան մարդոց կեանքին մէջ: Որքա՜ն օրհասական ու ճգնաժամային պահեր ապրած է հայ ժողովուրդը, երբ գլխուն վերեւ կախուած էր եաթաղանը, իրեն սպառնացող բնաջնջման ու ձուլման վտանգը: Քանի անգամներ հայ ժողովուրդին վիճակուած է անցնիլ փորձութեան դժուարագոյն ուղին, երբ այդ ճակատագրական պահերուն հայուն աննկուն ու անսասան ոգին կրցած է յաղթահարել այդ փորձութիւնները՝ ապահովելով արժանապատիւ կեանքի պայմաններ: Եւ կարծես ժողովուրդներու կեանքին մէջ այդ փորձութիւնները չեն պակսիր ու չեն անհետանար, երբ թշուառութեան նոր երեւոյթներ այլ եւ այլ կերպարանքով երեւան կու գան: Սուրիացի ժողովուրդը այսօր կ’ապրի տագնապալի դժուար օրեր, զորս կարելի չէ բառերով նկարագրել: Երկրին մէջ տեղի ունեցող ողբերգական դէպքերուն ծանրածանր հետեւանքներուն պատճառաւ մարդիկ հասած են թշուառութեան գագաթնակէտին, եւ թշուառութեան մէջ դառնացած կը պայքարին անտանելի պայմաններուն դէմ: Հայ համայնքի զաւակներ, մեծ վնասներու ենթարկուած, կորսնցուցած են իրենց բնակելի տուներն ու գործատեղիները: Պատերազմին գործած աւերը զգալի է ամէնուրեք: Մութին ու ցուրտին դէմ պայքարելով, փամփուշտներու տարափին տակ մարդիկ միջոցներ կը փնտռեն իրենց հանապազօրեայ ապրուստը ապահովելու համար: Ժողովուրդին կարիքները բաւարարելու անյետաձգելի պահանջ մը կայ: Օրէ օր կ’աւելնան կարօտեալ ընտանիքներուն հսկայական թիւերը: Բարեբախտաբար, հայկական կառոյցներէն ներս իրենց պաշտօնին ու կոչումին գիտակցութիւնը ունեցող պատասխանատուներ, փարած մնացին իրենց առաքելութեան, անձնուրաց նուիրումով կը կատարեն իրենց վստահուած գործը: Թէեւ շատեր ապահով կեանքի որոնումով, հեռացան երկրէն դէպի զանազան տարածաշրջաններ: Մարդասիրական ծառայութիւններու բնագաւառին մէջ տարիներու փորձ ունին մեր բարեսիրական հաստատութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը չի խուսափիր իր պարտաւորութիւնները կատարելու հայ համայնքին հանդէպ: Այս ծիրէն ներս յատկանշական է Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան ծաւալած գործուէնութիւնը Սուրիոյ տարածքին եւ յատկապէս Հալէպի հայահոծ գաղութէն ներս: Հաստատութիւնը իր որդեգրած լայն ծրագիրներով, ոչ միայն ճիգ չի խնայեր հոգալու ժողովուրդին կարիքները, այլ քաջ գիտակցութիւնը ունի, որ այս օրերուն ժողովուրդին տխուր ու անորոշ իրավիճակը կը պահանջէ լարուած ուժերը, ուր ոչ պակաս կարեւոր են նաեւ բարոյահոգեբանական գործօնները, բարձր դիմադրութիւն ցուցաբերելու, դիմանալու տիրող պայմաննրուն ու հանգամանքներուն: Հալէպահայ կեանքի մէկ խճանկարը կը տեսնենք երբ կ’այցելենք Գարակէօզեան հաստատութիւնը: Հոն ուր զգալի կը դառնայ կեանքի դառնութիւնն ու դժուարութիւնները մեղմացնելու կոչուած այս կառոյցէն ներս տարուած աշխատանքին տարողութիւնը ու կը համոզուինք, թէ կեանքի դպրոց ու բարեսիրութեան ամրոց է այս կառոյցը: Հոն՝ ուր կարելի է շփուիլ մարդկային կեանքի անկեղծ իրականութեան հետ, ու ճանչնալ կեանքը իր իսկութեան մէջ, իր դժուարութիւններով ու մաքառումներով, իր տխուր ու յուսադրիչ կողմերով: Հոն՝ ուր կը նկատենք պարտաճանաչ անձնակազմին ազնիւ վերաբերմունքը եւ նուիրումը աշխատակազմի պատրաստակամ երիտասարդներու, որոնք անտեսելով ամէն քայլափոխին յայտնուող վտանգները, կրակներու մէջ կը հասնին քաղաքին տարբեր ծայրամասերը ժողովուրդին կարիքները, սննդեղէնն ու պարենային մթերքները ապահովելու համար: Հաստատութիւն մը, որ տասնամեակներ շարունակ անշահախնդիր ազգասիրութեան ու մարդասիրութեան ներշնչումով առաջնորդուած անհատնում բարիք կը սփռէ Սուրիոյ տարածքի հայ համայնքներուն: Կեանքի յորձանուտներուն մէջ ընկղմած մարդկանց համար եղած է բալասան, օգնութեան ձեռք երկարելով կարօտեալ ընտանիքներուն, կը բարելաւէ անոնց կենսամակարդակը, նեցուկ կը կանգնի հայ երիտասարդ սերունդին հարթելու համար իրենց կեանքի դժուարութիւնները: Իր մանկախնամ ծրագիրներով բժշկական-առողջապահական հոգատարութիւն կ’ապահովէ հայ մանուկներուն, որպէսզի անոնք մեծնան առողջ ու բարենպաստ պայմաններու մէջ: Ու կը տեսնենք, թէ Աստուածահաճոյ այս գործը կը կատարուի լուռ ու անաղմուկ, հետեւելով հիմնադիր բարերարներու ուղեգիծին, այն համոզումով, որ բարեսիրական աշխատանքը կ’իմաստաւորուի մարդկանց բարեկեցութեան մէջ: Եւ այդ բարեկեցութիւնը ապահովելու համար, Գարակէօզեանը կը հոգայ մարդոց ոչ միայն կենսական կարիքները, այլ լրջօրէն ուսումնասիրուած իր պարագաներուն կը հաղորդէ բարոյական ներուժ ու քաջալերանք, յաղթահարելու համար կեանքի դժուար պայմանները: Եւ անկասկած, մարդասիրութեան գաղափարներու այս ըմբռնումը թոյլ կու տայ, որ մարդոց խոնաւ ու թախծոտ աչքերուն մէջ երախտագիտութեան ուրախ ժպիտներ կայծկլտան: Եւ ակնթարթի մը մէջ կարելի է տեսնել, թէ ինչպէս թախիծն ու արցունքը կը փոխուին ժպիտի: Եւ միթէ՞ այս չէ բարեգործութեան իմաստը եւ հիմնական նպատակը: Բարեգործութիւն, որ իր բառացի լայն իմաստով կարելի է բնութագրել որպէս բարի գործ կատարող, բարիք բաշխող: Բարիք, որ կը բխի բարի կամեցողութենէն ու մարդասիրական վեհ զգացումներէ: Դժուար է ըսել, թէ որքանով ընդունելի են մարդկային կեանքի մասին այս ըմբռնումները մեր շրջապատէն ներս: Որովհետեւ մարդիկ երբեմն բարիքը ողորմութեան հետ կը շփոթեն, մոռնալով որ մեր ժողովուրդը իր ողջ պատմութեան ընթացքին իր ուժերուն ապաւինած՝ չէ փորձած երբեք ողորմութիւն հայցել, այլ իր արժանի հատուցումը գտած է իր սերմանած բարիքին մէջ: Հետեւաբար, երեւոյթներու մակերեսային ընկալման հետեւանքով, բացառուած չէ հասարակութեան մէջ երբեմն յայտնուող կամայական վերաբերմունքներն ու տագնապալի օրերուն չյարմարող կարգ մը մարդոց ցուցադրական ակնբախ մսխումները: Պէտք է ընդունիլ, որ քաղաքակրթութեան միակողմանի ընկալման պարագային հասարակութեան մէջ ի յայտ կու գան որոշ թերիներ, որոնք տարիներու հետեւողական ուսումնասիրութիւն պահանջող թերութիւններ են: Այս խորհրդածութիւնները գրի կ’առնէի, երբ յանկարծ ներս կը մտնէ հայ համայնքի արժանապատիւ քահանան: Տէր Հայրը ջերմօրէն ողջագուրելով Հաստատութեան յարգարժան տնօրէնին իր գնահատանքի խօսքերը ուղղեվ կ’ըսէ. «Իրաւ բարեգործութիւն է Տոքթո՛ր, ձեր կատարած աշխատանքը, մարդասիրական վերաբերմունք է հայ համայնքի զաւակներուն հանդէպ անխտիր»: -Ուր որ կարիք կա՛յ, մենք հոն ենք Տէր Հայր, կ’աշխատինք որպէսզի մեր սերունդները ապրին արժանապատիւ կեանքով, կը պատասխանէ բժիշկը: Այդ պահուն կը զգայինք, թէ չէինք սխալած մեր տպաւորութիւններուն մէջ, մեր մտքին մէջ տեղաւորուած գաղափարները ճիշդ ու ճիշդ կը համըկնէին Տէր Հօր ու Տնօրէնին կարծիքներուն: Ի վերջոյ ի՞նչ է ճգնաժամային օրերու հրամայականը՝ եթէ ոչ պինդ ու պատրաստ ըլլալ դիմագրաւելու ամէն կարգի դժուարութիւններ ու փորձութիւններ, ազգային արժանապատիւ ձեւով յաղթահարելու Հալէպի մութ ու ցուրտ օրերը, չմեղմացող տիրող պայմանները՝ խաղաղ ու ապահով կեանքի տեսիլքով: Հոն՝ ուր քաղաքակրթութիւնը ծնաւ, իր ազգերով ու ժողովուրդով, կը գալարին թշուառութեան մէջ ու կը հեծեն աղիողորմ...: Ազգային Արժանապատիւ Կեցուածք՝ Ճգնաժամային Օրերու Հրամայականը

Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան, Հալէպ, Սուրիա

Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն