Մեծ երազի ճանապարհի ուղևորները


Մեծ երազի ճանապարհի ուղևորները

  • 09-03-2013 12:24:41   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն

 

 
ՓԱՆՈՍ ԹԷՐԼԷՄԷԶԵԱՆ
 
 
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
(Բ. եւ Վերջին մաս)
 

ՈՒՍՈՒՄԸ ԿԸ ՍՏԻՊՈՒԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ

Փ. Թէր­լէ­մէզեան կը յա­ջողի Ս. Փե­թեր­սպուրկէն անցնիլ Փա­րիզ եւ ըն­դունուիլ «Ագա­տէմի Ժիւ­լիան» ուր 1899-1904 տա­րինե­րուն, կ՚ու­սա­նի դար­ձեալ իր ա´յնքան սի­րած նկար­չութիւն։ Ու­սա­նած է Ժան Փօլ Լօռան­սի մօտ, որ նկար­չա­կան աշ­խարհի կար­կա­ռուն դէմ­քե­րէն էր, ու­նե­նալով` նաեւ հայ աշա­կերտներ` Էտ­կար Շա­հինը, Տ. Եսա­յեանը, Ս. Քիւրքճեանը եւ ան­շուշտ Փա­նոս Թէր­լէ­մէզեանը։ 
Ուսման տա­րինե­րուն գծած է 
«Բա­նուո­րու­հին ջրհո­րի մօտ» պատ­կե­րը (1903), Փա­րիզի բա­նուո­րական թա­ղամա­սի եւ ­Ման­շի շրջա­կայ­քի բնա­կարան­նե­րը. ասոնք պատ­ճառ կ՚ըլ­լան, որ յե­տագա­յին՝ սո­վետա­կան կար­գե­րու շրջա­նին, ան շա­հի Մոս­կուայի վստա­հու­թիւնն ու խորհրդա­հայ առաջ­նորդնե­րու հա­մակ սէ­րը։ Կարճ ժա­մանա­կի մէջ կը վա­յելէ ամէն համ­բաւ իբր կազ­մա­ւորուած նկա­րիչ ար­դէն։ Կը մաս­նակցի նկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէսնե­րու եւ կ՚ար­ժա­նանայ բազ­մա­թիւ մրցա­նակ­նե­րու։ Խրի­մեան Հայ­րիկ դրա­մական օգ­նութիւն կը հասցնէ բազ­մա­տաղանդ նկա­րիչին, որ­պէսզի ան կա­տարե­լագոր­ծէ իր արուես­տը։
Հոս կ՚ար­ձա­նագ­րենք այն հայ­րա­կան նա­մակը զորս Խրի­մեան Հայ­րիկ 1901 Մարտ 1ին յղած էր ար­մե­նական իր սի­րելի սա­նու­կին։
 
ՆԿԱՐԻՉ ՈՒՍԱՆՈՂ Պ. ՓԱՆՈՍ
 
Դուք չէիք գրած, բայց Պօլ­սոյ լրա­գիր­նե­րէն իմա­ցայ որ դուք Ա. մրցա­նակն ստա­ցած էք։ Դուք այս աւե­տիս չէք տուեր մեզ։ Եր­կու պատ­ճառ ու­նի այդ. կամ այն է որ հպար­տա­ցեալ չէք վասն յա­ռաջ­դի­մու­թեան, եւ կամ այն է որ խո­րաման­կութեամբ ծած­կած էք, որ­պէս զի աւե­լի տա­րիներ դե­գերիք ի Փա­րիզ։ Ձեր վեր­ջի նա­մակով խնդրած էք որ դեռ եր­կու տա­րի եւս մնաք, այ­սինքն մին­չեւ Հայ­րիկ մեռ­նի։ Դու չգի­տե՞ս որ ես ծե­րացել եմ, եւ իմ ամե­նամեծ մտադ­րութիւնս այն է որ Մայր Աթո­ռի տա­ճար նկար­նե­րով զար­դա­րեմ։ Չեմ գի­տեր, դուք Սուրբ Գրոց պատ­կերնե­րով պա­րապո՞ւմ էք, որ ինձ հա­մար եւ Հա­յոց տա­ճար­նե­րու հա­մար ա՛յն է միայն պի­տոյ եւ ոչ այլ եւ այլ ճիւ­ղեր։
… Ես կա­տարեալ վստա­հու­թիւն ու­նիմ ձեր վրայ. ազ­նուաբար վա­րուել էք մին­չեւ այժմ, եւ պէտք է մին­չեւ վերջ այնպէս վա­րուիք։ Ծե­րացած Հայ­րիկ՝ որով օրեր համ­րուած են, նա ցան­կա­նում է ձեր պտուղ տես­նել։ Ուստի պար­տա­ւոր էք ըսել Հայ­րի­կին եւ Մա­յիսի վեր­ջին վե­րադառ­նաք առ մեզ. պէտք է նա­խապէս յայտնէք մեզ, որ­պէս զի ձեր ճա­մու ծախ­քը ղրկուի։
 
ՀԱՅ­ՐԻԿ
 
Հրա­ւէրը ըն­դունե­լով, Թէր­լէ­մէզեան ան­ցած է Էջ­միածին։ Երեք ամիս մնա­ցած է հոն, աւար­տե­լով տա­ճարի հա­մար եր­կու նկար (fresque). «Մա­րիամ Աս­տուածա­ծին» եւ «Անա­րատ Յղու­թիւն» (Միւ­րիլլո­յէ ըն­դօ­րինա­կեալ)։ Նոյն ժա­մանա­կամի­ջոցին, պատ­րաստած է եւ ցու­ցադրած Թիֆ­լի­սի մէջ «Տաճ­կա­հայ գաղ­թա­կան­ներ»ը, որոնք իր լա­ւագոյն նկար­նե­րէն են։ Ասոնք եւս կրկին Խրի­մեան կա­թողի­կոսի թոյլտւու­թեամբ։ Սա­կայն, նոյն թուակա­նին Հա­յոց կա­լուա­ծոց գրաւ­ման պատճառով, ծրա­գիրը չ՚ամող­ջա­նար եւ Թէր­լէ­մէզեան կը ստի­պուի կով­կա­սահայ գիւ­ղեր դե­գերիլ բա­ւական ատեն, ազ­գագրա­կան նիւ­թեր հա­ւաքե­լու հա­մար։ Հինգ տա­րի կը մնայ Կով­կաս մի´շտ նկար­չութեամբ զբաղելով: Վեր­ջին տա­րին կը դա­սաւան­դէ Թիֆ­լի­սի Ներ­սի­սեան եւ Յով­նա­նեան դպրոց­նե­րը։ Այդ շրջա­նին, Թէր­լէ­մէզեան կ՚ու­նե­նայ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բեղմնա­ւոր շրջան մը։ Այդ շրջանին կ՚արտադրէ «Սա­նահի­նի վան­քի գա­ւիթը» (1904), որ աւե­լի ուշ կ՚ար­ժա­նանայ Միւ­նի­խի հա­մեւ­րո­պական ցու­ցա­հան­դէ­սի ոս­կի մե­տալին։ Այ­նուհե­տեւ, Թէր­լէ­մէզեան ան­ցած է Փա­րիզ` շա­րու­նա­կելու իր նկար­չութիւ­նը։
1908ի գար­նան կ՚անցնի Եգիպ­տոս, տե­ղական եգիպ­տա­կան հնու­թիւննե­րը ու­սումնա­սիրե­լու հա­մար։ Ան­կէ կը մեկ­նի Փա­րիզ` նկար­չա­կան նոր դպրոց­ներ այ­ցե­լելով։ 
Փա­րիզ իր բնա­կու­թեան եւ ու­սա­նողու­թեան օրե­րուն, կապ կը պա­հէ ազ­գա­յին կեան­քին հետ, մտեր­մա­նալով Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րութե­նէն առաջ Փա­րիզ ապաս­տա­նած մեր մտա­ւորա­կան­նե­րուն, ազ­գա­յին գոր­ծիչնե­րուն հետ։ Այս առ­թիւ, բազ­մա­թիւ այլ գոր­ծե­րու հետ, գծած է նաեւ Ա. Շիր­վանզա­դէի դի­ման­կա­րը (1908)։
 
ԿՈՒ ԳԱՅ Կ. ՊՈ­ԼԻՍ ՈՒ Կ՚ԱՆՑՆԻ ՎԱՆ
 
Շատ-շա­տերու նման, Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րութեան հռչա­կու­մէն յե­տոյ, եր­կու տա­րի Փա­րիզ մնա­լէ ետք` ան­վա­խօրէն Թէր­լէ­մէզեան կ՚անցնի Կ. Պո­լիս` նուիրուելու իր սի­րած արուես­տին` նկար­չութեան։ Կը մտեր­մա­նայ մա´նա­ւանդ Կո­միտա­սի հետ, ինչպէս նաեւ` Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի, Սիաման­թո­յի, Երուանդ Օտեանի եւ ու­րիշնե­րու։
1911ի սկիզբնե­րը, Բե­րա «Սօ­չիաթա Օփե­րաթա Իթա­լիանա»յի սրահ­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պուած նկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին մաս­նակցած է, ցու­ցադրե­լով դի­ման­կարներ, բնան­կարներ. իր մա­սին տե­ղական հայ, թուրք եւ ֆրան­սա­կան մա­մու­լը մեծ դրուատի­քով ար­տա­յայ­տուած է։ Իր նկար­չութիւ­նը իրա­պաշտ ըլ­լա­լով հան­դերձ, նոր ուղղու­թիւններ եւս կը նշմա­րուին անոր մէջ` ուր «սեն­սե­ռիթէ»ն ամե­նէն աւե­լի աչ­քի կը զար­նէ։
Ըսենք որ, Փա­րիզի մէջ իր վար­պետնե­րը եղած են, բա­ցի Ժան Փօլ Լօ­ռան­սէն, ծանօթ Պէն­ժա­մէն Գօնսթանը, որոնց գնա­հատու­թեան եւ գո­վես­տին ար­ժա­նացած է։ 
Պոլ­սոյ մէջ, բա­ցի ուղղա­կի նկար­չա­կան գոր­ծէ, հե­տամուտ եղած է հա­ւաքե­լու հայ­կա­կան հին նկար­չա­կան նիւ­թեր, Գա­րեգին Եպիսկ. Սրունձտեան­ցի նման, որ­պէսզի օր մը հնա­րաւո­րու­թիւնը ըլ­լայ վե­րականգնե­լու հայ­կա­կան նկար­չութեան հին ոճը` որ կը տես­նուի հին ձե­ռագիր­նե­րու, խաչ­քա­րերու եւ քան­դակնե­րու վրայ։ Նշենք որ իր «Աշոտ Ողոր­մած» նկա­րը` իբր փորձ հայ­կա­կան ոճի վե­րականգման, ար­դէն ցու­ցադրուած էր Փա­րիզի «Սո­սիէթէ տէ զ՚Ար­թիսթ Ֆրան­սէ»ի 1910ի մեծ սա­լոնին։
Ու, ահա՛ կու գայ Վան։ 1913-1914ին իր ծննդա­վայ­րին մէջ կը նկա­րէ բնա­պատ­կերներ ու պատ­մա­կան յի­շատա­կարան­ներ, որոնցմէ պահ­պա­նուած կը մնայ այ­սօր «Վա­նայ լի­ճը եւ Սի­փան սա­րը Կտուց կղզիէն» (1915) կտա­ւը։ Գացած է Ախ­թա­մար կղզի` Վա­նի գե­ղածի­ծաղ ծո­վակի տե­սարան­նե­րը հրա­շակեր­տե­լու հա­մար։ Սա­կայն դժբախ­տա­բար, անոր շատ ար­ժէ­քաւոր ու հա­զուա­գիւտ նկար­նե­րը 1915ի Վա­նի գաղ­թի ժա­մանակ անհետացած են
 
ՎԱ­ՆԻ ԻՆՔՆԱ­ՊԱՇՏՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ 
ԻՐ ՄԱՍ­ՆԱԿՑՈՒ­ԹԻՒՆԸ
 
Ճա­կատա­գիրը, ան­գամ մը եւս, Փա­նոս Թէր­լէ­մէզեանը նե­տեց ազ­գա­յին յե­ղափո­խական կեան­քին մէջ։ Խա­ղաղ կեանք մը ապա­հովե­լու բո­լոր միջոցները սկսած էր ու­նե­նալ եւ­րո­պական մեծ ոս­տաննե­րուն մէջ, սա­կայն հո­ղին կան­չը զինք բե­րած է ար­մե­նական­նե­րու Վանն ու Այ­գեստա­նը։
Ապ­րի­լեան հե­րոսա­մար­տի օրե­րուն, Թէր­լէ­մէզեան հրա­ւիրուած է աշ­խա­տելու Այ­գեստա­նի Զի­նուո­րական Մարմնի գոր­ծե­րուն մէջ։ Գե­ղարուես­տա­գէտի եւ նկար­չի վրձի­նը մէկ­դի դրած, ըն­կեր Փա­նոս հրա­ցան վեր­ցուցած եւ լծուած է ռազ­մա­կան աշ­խա­տանքնե­րու, որոնց վարժ ու սի­րահար էր։ Ու մնացած է հե­րոսա­բար մար­տի ճա­կատ­նե­րուն, մին­չեւ Վա­նի գաղ­թը։ 1915ին, արեւմտա­հայու­թեան զան­գուածին հետ գաղ­թած է Անդրկով­կաս։
Այդ օրե­րուն Թէոդիկ 1916-1920 «Ամէ­նուն Տա­րեցոյ­ցը» շար­քին մէջ՝ «Հա­յոց վրձի­նը» գլու­խին տակ պի­տի գրէր. «Կո­միտաս վար­դա­պետի ան­բա­ժան ըն­կե­րը՝ Թէր­լէ­մէզեան Փա­նոս, որ պա­տերազ­մէն առաջ Հա­յաս­տան ան­ցած էր, բնա­տոհ­միկ տե­սարան­ներ ու­սումնա­սիրե­լու հա­մար, Արա­մի (Մա­նու­կեան) պէս՝ կ՚ըլ­լայ պա­րագ­լուխնե­րէն Վա­նայ ինքնա­պաշտպա­նու­թեան գոր­ծին։ Ահա­զան­գը կը հնչէր, վտան­գի մէջ էր հայ­րե­նիքը։ Վաս­պուրա­կան աշ­խարհի այդ աշ­խոյժ զա­ւակը կը զգայ որ եր­բեմնի հայ­դուկն արթնցած է իր մէջ, եւ նե­տելով վրձի­նը՝ փրկա­րար գոր­ծի­քը ձեռք կ՚առ­նէ։ Վա­նէն գաղ­թին, բո­լոր նկար­նե­րը կոր­սուած՝ կ՚անցնի Թիֆ­լիս, ուր կ՚ար­տադրէ նոր գոր­ծեր։ Եկաւ Փա­րիզ եւ բախ­տը ու­նե­ցանք իր բեր­նէն մտիկ ընե­լու “ար­ծիւնե­րու բոյ­նէն” մղուած հե­րոսա­մար­տը»։
Վա­նի ինքնա­պաշտպա­նու­թեան օրե­րուն, ու­րիշ ար­մե­նական մեծ յե­ղափո­խական մը` ըն­կեր Ար­մե­նակ Եկա­րեանի հետ լրջու­թեամբ կազ­մա­կեր­պած է այդ դժուարին աշ­խա­տան­քը։
 
ԿԵԱՆՔԸ ՆՈՒԻՐԵՑ ՀԱՅ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
 
1916ին, Թիֆ­լի­սի մէջ կը նա­խաձեռ­նէ Հայ Արուես­տա­գէտ­նե­րու Միու­թեան հիմնադրութեան, նա­խագա­հու­թեամբ` ծանօթ նկա­րիչ Ե. Թա­դեւո­սեանի։ Իսկ Ռոս­տո­վի մէջ, 1917ին կը բա­նայ նոյն միու­թեան տեղւոյն մաս­նա­ճիւ­ղը։
Յատ­կանշա­կան է հոս ար­ձա­նագ­րել Հա­յաս­տա­նի Առա­ջին Հան­րա­պետու­թեան Կրթու­թեան նա­խարար Նի­կոլ Աղ­բա­լեանի 1919 Սեպ­տեմբեր 18 թուակիր նա­մակը, ուր ան կը խնդրէր Թէր­լէ­մէզեանէն Փա­րիզ իր ճամ­բորդու­թեան ըն­թացքին կա­պի մէջ մտնել Թէոդի­կի հետ եւ խնդրել որ իր գրա­դարա­նը փո­խադ­րէ Երե­ւան։ «Ես ինքս ան­ձամբ ցան­կա­լի եմ հա­մարում… ես կը կազ­մա­կեր­պեմ արեւմտա­հայ ու­ժե­րը եր­կիր հա­ւաքե­լու, եւ այս նկա­տու­մով կ՚աշ­խա­տեմ Թէոդիկն էլ տես­նել Երե­ւան՝ մի հա­մապա­տաս­խան ազ­գա­յին հիմ­նարկու­թեան մէջ»։ Ան­շուշտ այդ չի­րագոր­ծուե-ցաւ եր­բե´ք, իշ­խա­նու­թիւննե­րուն յանձնու­մո­վը խորհրդա­յին կար­գե­րուն։
1919-1922ին կը գտնուի Կ. Պո­լիս, Իտա­լիա եւ Ֆրան­սա, ուր կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ նոր բնան­կարներ։ Ըսենք, որ այդ շար­ջա­նին կը կազ­մա­ւորուէր Ռամ­կա­վար Ազա­տական Կու­սակցու­թիւնը, որու հիմ­նա­դիր­նե­րէն շա­տերուն մնա­յուն բա­րեկամն էր։ Կը գոր­ծակցէր շա­տերու հետ։ Սա­կայն, յե­տագայ տա­րինե­րուն, Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան օրով, եր­կուստեք եր­բեք չհրա­պարա­կուե­ցան ըն­կեր Փա­նոս Թէր­լէ­մէզեանի ռամ­կա­վար ազա­տական արե­ւելումնե­րը, խնա­յելու հա­մար գո­նէ անոր արուես­տի լայն աշ­խարհն ու անոր յե­տագայ ծա­ռայու­թիւնը նո­րահաս սե­րունդին, աւան­դա­կան ազ­գա­յին գե­ղան­կարչու­թեան դպրո­ցը կա­րենալ շա­րու­նա­կելու մի­տու­մով։
1921 Նո­յեմ­բե­րին, Պոլ­սոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի Արուես­տա­գէտ­նե­րու Միու­թեան 6րդ պատ­կե­րահան­դէ­սին, որ շա­բաթ­նե­րով բաց մնաց հան­րութեան առ­ջեւ, Փա­նոս Թէր­լէ­մէզեան մաս­նակցե­ցաւ իր «Լոռեցի տղան», «Կո­միտաս վար­դա­պետ», «Սե­ւանայ վան­քը» եւ «Երե­ւան» պաս­տառնե­րով, գրա­ւելով ու­շադրու­թիւնը արուես­տա­սէր­նե­րուն։
1923ին կը մեկ­նի Միացեալ Նա­հանգներ եւ քա­նի մը տար­բե­րակ­նե­րով կը նկա­րէ «Նիակա­րա ջրվէժը» (1923), Ֆրէզ­նո­յի (1925) եւ Գա­լիֆոր­նիոյ Խա­ղաղա­կան ով­կէանո­սի ափե­րը (1926), ինչպէս նաեւ` ամե­րիկաբ­նակ այդ օրե­րու մտա­ւորա­կան­նե­րէն` Յով­հաննէս Աբէ­լեանի, Յով­հաննէս Զա­րիֆեանի եւ այ­լոց դի­ման­կարնե­րը։
Թէր­լէ­մէզեան, 1923 Ապ­րիլ 8ին, Նիւ Եոր­քի «Մաք­պէթ Կե­լըրի»ի մէջ Յով­սէփ Փուշմա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սը այ­ցե­լած ըլ­լա­լով, քա­ղաքի ծա­նօթ «Կոչ­նակ»ին մէջ կը գրէ իր տպա­ւորու­թիւննե­րը. «Փուշման Ամե­րիկա­ցի է, բայց նրա գոր­ծե­րում՝ Ամե­րիկա­յի ամե­նափոքր ազ­դե­ցու­թիւնն ան­գամ չկայ։ Կ՚ըսուի թէ արուես­տա­գէտը զա­ւակն է իր երկրին ու ժա­մանա­կին. այո՛, նրա զգա­ցումնե­րը հայ­կա­կան են, բայց նկար­նե­րի նիւ­թերն՝ ընդհա­նուր արե­ւելեան, որոնց մէջ ճա­շակ, ներ­դաշնա­կու­թիւն եւ իգէացած բնա­կու­թիւն ձեռք ձեռ­քի կ՚եր­թան։ Դա­սաւո­րու­թեան հմտու­թիւնը հրա­շալի կեր­պով թարգմա­նում է իր զգա­ցումնե­րի խո­րու­թիւնը»։ Այս օրի­նակ մըն է մեր նկա­րիչ ըն­կե­րոջ արուես­տի հաս­կա­ցողու­թե­նէն թէ որ­քա՜ն խոր է ազ­գա­յին նկար­չութեան հետ կա­պուած անոր ար­մատնե­րը։
Իր Ամե­րիկա բնա­կու­թեան օրե­րուն, Թէր­լէ­մէզեան ամէն տեղ է. այսպէս, 1923 Դեկ­տեմբեր 11ին, Ար­շակ Ֆէթ­վա­ճեանի յղացած արուես­տի ու հայ հին ճար­տա­րապե­տու­թեան մա­սին ու­սումնա­սիրու­թեան հիմ­նադրա­մի մը ստեղ­ծումի աշ­խա­տանքնե­րուն ինք եւս կը բե­րէ իր մաս­նակցու­թիւնը խօսք առ­նե­լով Բաբ­գէն Սիւ­նիի, Յով­հաննէս Աբէ­լեանի եւ ու­րիշնե­րու շար­քին։
Ամե­րիկա­յի մէջ կը գրէ իր կտա­կը, ուր կը նշուի թէ իր մա­հէն ետք դրա­մական ու նիւ­թա­կան բո­լոր ու­նե­ցուած­քը կը նուիրէ Հա­յաս­տա­նի թան­գա­րանին։
 
ԿԸ ՀԱՍ­ՏԱ­ՏՈՒԻ ՍՈ­ՎԵՏԱ­ԿԱՆ ՀԱ­ՅԱՍՏԱՆ
 
1928ին կը վե­րադառ­նայ Սո­վետա­կան Հա­յաստան՝ նուիրուելու սո­վետա­հայ արուես­տի կազ­մա­ւոր­ման եւ զար­գացման։ Նոյն թուակա­նին Երե­ւանի մէջ կը կազ­մա­կեր­պուի Թէր­լէ­մէզեանի ան­հա­տական առա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Կ՚ըն­դունուի Յե­ղափո­խական Ռու­սա­ստա­նի նկա­րիչ­նե­րու միու­թեան շար­քե­րը։ Այդ տա­րինե­րուն, մեծ թիւով արուես­տա­գէտ­նե­ր, գրող­նե­ր եւ մտա­ւորա­կան­նե­ր կու գան Երե­ւան, մաս­նա­կից դառ­նա­լու վե­րած­նող Հա­յաս­տա­նին՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու։ Ան­հուն հայ­րե­նասի­րու­թիւնը զի­րենք քա­շած էր հայ­րե­նի տուն։ Անոնք ծա­նօթ անուններ էին։
1928-31ին, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան շրջա­գայու­թիւններ կը կա­տարէ դէ­պի Գո­րիս, Ղա­փան, Տա­թեւ, Չո­րագետ, Ալա­վեր­դի, նկա­րելու՝ տար­բեր թե­մանե­րով նկար­ներ եւ դի­ման­կարներ։ Այդ շրջա­նին կը նկա­րէ Հրա­չեայ Աճա­ռեանի, Աւ. Իսա­հակեանի, Ռո­մանոս Մե­լիքեանի, Ազատ Վշտու­նիի, Ակ­սէլ Բա­կունցի, Ե. Լա­լայեանի դի­ման­կարնե­րը։ 
Ու­նի հին ու նոր Երե­ւանին նուիրուած ստեղ­ծա­գորա­կան շարք մը։
Հայ թէ օտար մա­մու­լը իր մա­սին առատ գրած է։
Կը մա­հանայ 1941 Ապ­րիլ 30ին, Երե­ւան, Հայ­րե­նական Մեծ Պա­տերազ­մի դժուար օրե­րուն։
Սո­վետա­կան Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը Թէր­լէ­մէզեանի անու­նով կը կո­չէ Երե­ւանի գե­ղարուես­տա­կան ու­սումնա­րանը։ Մին­չեւ այ­սօր այդ հաս­տա­տու­թիւնը կը գոր­ծէ, ուրկէ ան­ցած են մեր երէ­կուան եւ ներ­կայ գրե­թէ բո­լոր նկա­րիչ­ներն ու քան­դա­կագործնե­րը։
Մոս­կուան ըն­կեր Թէր­լէ­մէզեանը մե­ծարած է «Աշ­խա­տան­քա­յին Կար­միր Դրօշ»ի շքանշանով։
 
(Շար. 2 եւ Վերջ)
 
Յ.Վ.
Նիւ Եորք 
ՆՅ
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն