ՊԱՀԵՐ ՈՒ ԽՈՀԵՐ ԼԻԱՑՈՒՄ՝ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՆՉՈՎ


ՊԱՀԵՐ ՈՒ ԽՈՀԵՐ ԼԻԱՑՈՒՄ՝ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՆՉՈՎ

  • 31-03-2013 08:23:26   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն

 

Յարութեան գաղափարախօսութիւնը քրիստոնէական կրօնքին ամենէն իւրայատուկ եւ հիմնական գիծն է, որ իր սկիզբը առած է Անպարագրելի ԲԱՆին ՄԱՐԴԵՂՈՒԹԵԱՆ խորհուրդէն ու զայն կամրջած՝ Խաչելութիւն-Թաղում եւ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ միացեալ Իմաստաւորումին: Կրօնաշունչ խորհրդածութիւնները կը պատկանին ամբողջ մարդկութեան անխտիր՝ իբրեւ կեանքի ուղեգիծ, որուն հաւատաւոր անդամները նոյնիսկ եթէ տարբերին ուրիշներէն իրենց մտածումներովն ու կեանքին օրինակովը: Աստուած ԲԱՆն իսկ է, իսկ Աստուածայայտնութիւնը կը խորհրդանշէ ԲԱՆին Մարդեղութեան խորհուրդը: Մտածումներու նոյն զուգորդութեամբ Հրաշափառ Յարութեան մէջ մենք կ՚ողջունենք Մարդ Էակին ՈԳԵՂԻՆԱՑՈՒՄը առ Աստուած, սակայն այն միակ պայմանով՝ որ մեր հոգիները գիտնանք վերածել Բարիին ու Վսեմին ձօնուած տաճարներու:
Հայկական մեր դարաւոր քրիստոնէաշունչ ըմբռնողութիւնը մեզ առաջնորդած է դէպի ԲԱՐԻն ու ՎՍԵՄը: Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը եղած է ԱՆՎԵՐՋ ՊԱՅՔԱՐ յանուն մեր Ինքնութեան ու Գոյապահպանման: Մեր ներաշխարհն ու մտածողութիւնը պարուրուած են քրիստոնէական բարոյագիտութեան առաջնահերթ սկզբունքներով ու մեր առօրեան կը ներշնչուի նոյն Ոգիով: Այսինքն՝ մեծագոյն ճշմարտութիւնը այն է, թէ՝ ՃԱՌԱԳԱՅԹԸ ՉԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆՈՒԻՐ ու կարելի չէ զայն ԹԱՂԵԼ ինչ ալ ըլլան պայմանները: Պիտի գայ ժամանակը, —ուշ թէ կանուխ—, որ Ճառագայթը պիտի ունենայ կարողութիւնը իրեն պարտադրուած Տապանաքարն իսկ պարտութեան մատնելու եւ դուրս շպրտելու զայն: Ահաւասիկ՝ այն միակ տարբերութիւնը, որ մենք կը գտնենք ընդմէջ քրիստոնէութեան եւ կրօնական այլ վարդապետութիւններու:
Արդարեւ, Քրիստոսի ծնունդով նուիրականացած Աստուածայայտնութիւնն ու Մարդեղութեան Խորհուրդն անոր, աշխարհի մարդկութեան հոգեբարոյական ճակատագիրը պիտի չփոխէր այնքան՝ որքան Յարութեան գաղափարին յաղթանակը, որ կ՚աւետէր մարդկութեան, թէ՝ գիտակցեալ մահով կարելի կը դառնայ յաղթել մահուան սպառնալիքներուն, որ Մարդ Էակին անվերջակէտ երկխօսութիւնն է Անհունին հետ՝ ովկիանոսային խորութիւններուն հակադրուող իր երկնասլաց իմաստասիրութիւններով ու գեղարուեստական անմրցելի նուաճումներով,- նկատի ունիմ Քրիստոնեայ համայն աշխարհին իմաստասիրական եւ գեղարուեստական Միտքին քսան դարերու հսկայածաւալ ստեղծագործութիւնները:
Ոեւէ քրիստոնեայ մարդու համար այս մտածումները ունին հաւասարազօր իմաստ: Հայուն համար՝ նոյնպէս, միայն այն տարբերութեամբ, թէ մենք իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն պահելով հանդերձ քրիստոնէութեան համամարդկային տարողութիւնը, զայն շաղկապեր ենք նաեւ մեր ազգային պատմութեան Գոյերթին ու Ճակատագիրին հետ: Օտարազգի քրիստոնեաները, —երբեմն կրօնամոլ փոքրամասնութիւններն անոնց—, կը մերժեն հոգեւոր զգացողութեան եւ հաւատալիքներուն շաղկապումը ժողովուրդներու ազգային աւանդութիւններու եւ անոնց առողջ հաւաքական գիտակցութեան հետ: Սակայն, այն ինչ որ անյարիր է անոնց համար, մեր պարագային՝ մենք Հայ Եկեղեցիին յանձներ ենք մեր ժողովուրդին տէր կանգնելու անվերապահ եւ անփոխարինելի իրաւունքը, մանաւանդ այն ժամանակներուն երբ զգացեր ենք բացակայութիւնը հայկական անկախ պետականութեան ու բանակային ՈՒԺին: Այս փոխադարձ կապը եղած է այնքան սերտ եւ անխզելի, որ հայ եկեղեցականը բնականօրէն Յիսուսի կեանքին դրուագներուն մէջ գտած է նմանութիւնը Հայ ժողովուրդի ապրած անպատմելի տառապանքին ու Գողգոթային, եւ արձանագրած իր ազատագրական յաղթանակներուն, Աւարայրէն՝ մինչեւ Սարդարապատ եւ Արցախ, ի դէմս՝ հրաշափառ Յարութեան Գաղափարին,- եւ այս՝ յանուն հայ ժողովուրդի ազգային արդար իրաւունքներու պատմական ճշմարտութեան ու յաղթանակին:
Հայ Մարդուն համար Յարութեան Գաղափարը իր լիութիւնը կը գտնէ, երբ գերեզմանաքարը կը փոխարինենք Մեղքի ու մեղանչումի Տապանաքարով: Արդ, պիտի կարենա՞նք արդեօք մեր մարդկային ուժերով յարութիւն առնել մեր վրայ ծանրօրէն ճնշող Մեղքի հանապազօրեայ փորձութիւններէն: Պայման չէ՝ որ սպասենք Աւագ Շաբթուան իւրաքանչիւր Օրուան Խորհուրդին ու Պատգամին խորապէս ըմբռնելու համար տիեզերաշունչ գաղափարախօսութիւնը Յարութեան: Այն ատեն է որ մենք մեզի իրաւունք պիտի տանք Զատկուան այս օրերուն հոգեմտաւոր զգացումներով ողջունել զիրար եւ աւետել Մեծ Վարդապետին Յարութեան Տօնը, որ լաւագոյնս կը խորհրդանշէ Ինքնութիւնը ՀԱՅ ՄԱՐԴուն:
 
Արամ  Սեփեթճեան
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն