Կիրակոս Գույումճեան. Գոյատեւելու արվեստը


Կիրակոս Գույումճեան. Գոյատեւելու արվեստը

  • 23-04-2013 08:41:24   | Հայաստան  |  Վերլուծություն

 

Տարիներ առաջ էր այն ուրախալի օրը, երբ որպէս զբօսաշրջիկ առիթը ունեցայ կանգնելու մայրաքաղաք Հռո- մի լաւապէս պաշտպանուած եւ ցուցադրուած փլատակներէն մէկուն առջեւ, ուր հսկայ չափերով՝ 3x3 մեթր տարածութեամբ պատի մը վրայ գծուած էին չորս նոյնաչափ քարտէսներ, որոնք իրարմէ կը զանազանուէին իրենց քաղաքական սահմաններով միայն։ 
 
Առաջին քարտէսը ցոյց կու տար հին Հռոմը, ուր Ռումոս եւ Ռումոլոս եղբայրները հիմը դրած էին հետագայ կայսրութեան մայրաքաղաքին։ Ան քարտէսի ընդհանուր սեւ շրջագիծէն կը զանազանուէր իր կարմիր գոյնի սահմանագիծով եւ զետեղուած էր քարտէսի ձախ բաժնի կեդրոնական մասին մէջ, հազիւ ափի մը չափ, մինչ քարտէսին աջ կողմը կ՛երեւէին անծանօթ երկիրներու անուններ եւ Պարսկաստանի անունը։ Միջերկրականի վրայ կը նկատուէին Կիպրոսն ու դէպի վար՝ փիւնիկեցիներու ու փարաւոններու երկիրները։ 
 
Ինծի համար ամէնէն ուշագրաւն ու ուրախութիւն ներշնչողը՝ Միջերկրականի վերի եւ աջ կողմի վրայ գըտնըւող մեծատառ արձանագրութիւնն էր՝ ՄԵԾՆ ԱՐՄԵՆԻԱ-ն (ARMENIA MAJOR) ։ 
 
Նկատելի էր, որ քարտէսին վրայ չկային յստակ քաղաքական սահմանային բաժանումներ, այլ միայն տարածաշրջաններ եւ օրուայ պետութիւններու անուններ, ինչպէս՝ Յունաստան, Փալմիրա եւ այլն։ Քարտէսին վրայ գրուած էր՝ Հռոմ 5-րդ դար (Ք. Ա)։ Երկրորդ քարտէսը ցոյց կու տար կարմիր սահմանագիծերուն ընդարձակուիլը դէպի հարաւ։ Կայսրութեան հարաւային սահմանները ընդարձակուած էին ու տարածուած՝դէպի հիւսիս ու արեւելք, մինչ քարտէսին վրայ կ՛երեւային նոր պետութիւններու անուններ եւ դարձեալ մեծ տառերով արձանագրուած՝ ՄԵԾՆ ԱՐՄԵՆԻԱ անուանումը։ Քարտէսին վրայ գրուած էր՝ Հռոմ 4-րդ դար (Ք. Ա)։ 
 
Երրորդ քարտէսը կը նշէր հռոմէացիներու տարածումը դէպի արեւմուտք, հիւսիս եւ արեւելք, ինչպէս նաեւ՝ դէպի Եգիպտոս։ Քարտէսին վրայ գրուած էր՝ Հռոմ, 3րդ դար (Ք. Ա), ուր դարձեալ յստակօրէն կ՛երեւէրՄԵԾՆ ԱՐՄԵՆԻԱ անունը։ 
 
Կը հասնիմ չորրորդ քարտէսին, որ ի տարբերութիւն միւսներէն, խճողուած էր նոր երկրանուններով ու քաղաքական յստակ սահմանային բաժանումներով։ Կարմիր գոյնը ողողած էր բոլոր ուղութիւններով ընդարձակ տարածութիւններ եւ ծածկած էր Արմենիան։ Քարտէսին վրայ գրուած էր՝ Հռոմ 2-րդ դար (Ք. Ա)։ Վերոնշեալ չորս քարտէսներուն վրայ ալ չկար Թուրքիոյ յիշատակութիւնը… Շատ ժամանակ անցած է այդ օրէն, սակայն մտքիս մէջ տակաւին թարմ են անկէ ստացած տպաւորութիւններս, հրճուանքս եւ հպարտութիւնս ի տես՝ այդ քարտէսներուն վրայ գտնուող ԱՐՄԵՆԻԱ անունին, բացի անշուշտ այն բաժինէն, ուր կարմիր գոյնը ողողած էր Հայաստանը… Այն ատեն մտաբերեցի հայոց թագաւորի, հռոմէացի զօրավար Անթոնիոսի եւ Եգիպտոսի Կլէոպաթրա թագուհիի անուններուն հետ կապուած դժբախտ դէպքեր։ Հռոմ այցելութենէս թերեւս անցած է աւելի քան երեսուն տարի, որմէ ետք հպարտութեամբ վայելեցի հայրենիքիս պանծալի անկախացումն ու Արցախի ազատագրումը եւ սրտանց ցանկացի որ մեր պատմական ձեռքբերումները այլեւս ժամանակաւոր չըլլան եւ երբեք չնահանջենք մեր դիրքերէն։ 
 
Վերջերս կը գտնուէի ԱՄՆ-ի Նիւ Ճըրզի քաղաքը, ուր յատուկ կարգադրութեամբ հանդիպեցայ հայ հանրածանօթ մտաւորական եւ լրատուական գործակալութեան մէջ ղեկավար պաշտօն ունեցող ազնուափայլ տիկնոջ մը։ Զրուցեցինք մեր ազգն ու հայրենիքը մտահոգող զանազան հիմնահարցերու մասին, խօսեցանք այլ ազգերու քաղաքակըրթութեան, քաղաքական, գիտական թէ մշակութային ասպարէզներուն մէջ կատարած իրագործումներուն եւ արձանագրած բազմաբնոյթ նուաճումներուն մասին եւ որպէս հետեւանք՝ այդ ժողովուրդներու վայելած ազգային հպարտութեան՝ըլլան անոնք ֆիզիքական թէ բարոյական։ Ֆիզիքական ըսելով պիտի հասկնանք անշուշտ անոնց ռազմական ոյժն ու ճարտարապետաշինարարական, գիտական ու մարզական ասպարէզներու մէջ արձանագրած նուաճումները, իսկ բարոյական ըսելով պիտի ըմբռնենք անշուշտ անոնց մտաւորական, մշակութային թէ գեղարուեստական յառաջընթացը։ 
 
Եթէ նկատի ունենանք ազգերու դարաւոր պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, թէ իւրաքանչիւր ազգի մօտ կը գերազանցէ յիշեալ ազդակներէն մէկը, երկուքը կամ աւելին։ Խօսակիցս բարձր կը գնահատէր մեր ազգին արժանիքները, օրինակ բերելով հայոց լեզուի հարստութիւնը, սքանչելի այբուբենը եւ անոր ընծայած բազմահազար օգուտները մեր ազգին ու մշակոյթին։ Կը խօսէր մեր անկախութեան ու Արցախի ազատագրութեան մասին, մեզի հպարտութիւն առթող պատմական ու ներկայ բազմազան իրողութիւններու մասին։ 
 
Մեր զրոյցը հոգեկան թռիչքներով շարունակուեցաւ մինչեւ որ հասանք մեր դարաւոր թշնամիին՝ Թուրքիոյ ընդհանուր քաղաքակրթութեան ու պատմութեան մէջ արձանագրած նուաճումներուն։ Ան կը հերքէր անոնց իրաւացիութիւնը եւ զանոնք կ՛որակէր Ասիոյ խորերէն ներխուժած բարբարոս ցեղեր, որոնք իրենց կայսրութիւնը հիմնեցին այլ ազգերու հողերն ու ինչքերը ասպատակելով եւ անոնց հարստութիւնները սեփականացնելով, որոնք այնքան արժէքաւոր ու կարեւոր հարստութիւններ կը նկատուէին, իսկ իրենց փառքը հիմնեցին այդ ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեանց վրայ, ինչպիսիք են՝ յունական եկեղեցիները կամ հայ ճարտարապետներու ճաշակով ու հմտութեամբ կառուցուած մզկիթներն ու այլ ճարտարապետական կառոյցներ, եւ այլն։ 
 
Ես այսպէս չէի բացատրեր ու արժեւորեր ազգերու եւ ժողովուրդներու պատմական զարգացումները։ Ըստ ինծի, այն ինչոր նպաստաւոր նկատուած է մեր ազգային շահերուն ու յառաջընթացին, նոյնը չէ եղած ուրիշներու պարագային։ Ազգերու իմաստուն ղեկավարներ միշտ կատարած են իրենց ազգային շահերուն համընկնող ընտրութիւններ։ Պարզ օրինակ մը՝ Անի քաղաքին մէջ հազար ու մէկ եկեղեցի ներշինելու փոխարէն՝ բաւարարուէինք հարիւր մէկով միայն եւ տրամադրուած աշխատակազմով, ծախսով ու ժամանակով թերեւս այդ օրերու թագաւորը կարենար հզօր բանակ մը պատրաստել ու սպառազինել զայն եւ նորանոր հողատարածքներ նուաճել։ 
 
Հազարաւոր եկեղեցականներ պատրաստելու եւ ժողովուրդին կրօնական դաստիարակութիւն ջամբելու փոխարէն՝արդեօք աւելի նպաստաւոր պիտի չըլլա՞ր ունենալ զինուորական վարժարաններ, որոնք զբաղէին զօրավարներ, սպարապետներ ու մարտիկներ պատրաստելով եւ զանոնք սիրաշահելու ու խանդավառելու պայմաններ ստեղծելով։ 
 
Մեր հոգեւորականները, փոխանակ դարերէ ի վեր միայն Աւետարանէն ու Յիսուսի կեանքէն կրկնուած մէջբերումներու օրինակներ կատարելու, նոյնպէս այլ ազգային գործիչներ լաւ կ՛ըլլար որ քարոզէին քաջութեան, խիզախութեան, միասնականութեան, զոհաբերութեան, եղբայրասիրութեան, ազգասիրութեան եւ մանաւանդ հողին կապուածութեան մասին, որոնք ուղղակի թէ անուղղակիօրէն պիտի նպաստէին մեր ազգի ու պետութեան վերին շահերու պահպանման, զարգացման ու գոյատեւման։ Խորաթափանց ու իրապաշտ մօտեցումով հարցին, պիտի տեսնենք որ մեր ազգային ու բարոյական արժէքներու խթանումն ու պահպանումը միշտ չէ որ նպաստած է մեր ազգային ու պետական շահերու ամրապնդման. օրինակ՝ բարոյական արժէքներու նախապատուութիւն տալը, մշակութային ու գեղարուեստական գրականութեան զարկ տալը, ճարտարապետութիւնն ու շինարարութիւնը զարգացնելը կարեւոր հանգամանքներ ըլլալով հանդերձ, այնքան ալ ազդու միջոցառումներ չեն եղած մեր ազգը հզօրացնելու տեսակէտէ. մեր թագաւորները, իշխաններն ու կրօնաւորները իրենց պատգամներուն ու ճառերուն մէջ չեն կրցած իրենց զաւակներուն հոգիներուն ու մտքերուն մէջ սերմանել ու ամրապնդել ազգովին հզօրանալու գաղափարականն ու տեսլականը։ Մեր ի խորոց սրտի հաւատքը ընդհանրապէս եղած է հոգեբարոյական եւ նկարագըրային պարկեշտ հասկացողութիւններու ամրապնդումը եւ անոնց որպէս հետեւանք՝ բարի, հնազանդ, խղճամիտ ու յաճախ երկչոտ ու լաւ առաքինութիւններով օժտուած մարդու կերտումը։ 
 
«Մահ իմացեալ անմահութիւն է»… Այս խորհուրդը հազիւ թէ քանի մը անգամ իրագործուած է մեր պատմութեան մէջ։ Մեր պատմական յիշողութիւնը այնքան ալ նմանատիպ օրինակներ չունի խրախուսանքի, բացի մեր նախանցեալ դարու արձանագրած յաղթանակներէն, որոնք պսակուեցան 1918 թուականի Մայիսեան յաղթանակով ու Հայաստանի անկախացմամբ եւ Արցախի ազատագրմամբ, սակայն պէտք է խոստովանիլ նաեւ որ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի ազատագրական պայքարը իսկական նուաճումի եւ նոր հողատարածքներ ազատագրելու հպարտութիւնը չպարգեւեց մեզի, այլ պարզապէս բռնագրաւուած հայրենական սահմանափակ տարածքներու ազատագըրումն է որ կատարուեցաւ, ի գին աւելի մեծ ու սիրելի հողատարածքներու։ 
 
Հարց կու տամ, թէ մեր ազգային նկարագրային գիծերը չե՞ն կրցած իրենց մէջ լայն տեղ տալ մեծ ազգերու կարգին դասուիլ ձգտող ժողովուրդներու անհրաժեշտ հրամայականին ու պայմաններուն, որոնց մէջ կարեւորագոյնը եղած է մարդուժի պատրաստութիւնն ու լաւագոյնս օգտագործումը վեհ գաղափարի մը շուրջ համախմբուած։ Արդեօք ինչո՞ւ պատմութեան ընթացքին չենք եղած մեծաթիւ ժողովուրդ ու չենք կրցած մեր հոծ թիւով կամ հզոր ուժով երկիւղ, հեղինակութիւն եւ նոյնիսկ յարգանք պարտադրել մեզ շրջապատող երկիրներուն։ Մեր կիները յաճախ պատրաստակամութիւն չեն ցուցաբերած բազմազաւակ ընտանիքներ կազմելու եւ պատրաստ չեն եղած իրենց զաւակներուն հոգերն ու դժուարութիւնները դիմագրաւելու։ Թերեւս մեր մէջ քիչ եղած են այն մայրերը, որոնք «Բարձր հասակիդ մայրդ մեռնի, դուն ալ քու ազգիդ մեռիր» երգած են։ 
 
Մեր ազգային նախասիրութիւններուն մէջ ընդհանրապէս չէ եղած զինուորական ըլլալու կամ զաւակը զինուորագրութեան մղելու ընտանեկան հասարակաց ըմբռնում եւ համոզում։ Ընտանիքներու մէջ գոնէ մէկ զինուոր ունենալը կը փոխէ ընտանիքներուն մարդկութեան եւ հայրենիքին հանդէպ ունեցած դիրքորոշումը, որը ինքնին կը փոխէ նաեւ կեցուածքը պատերազմի եւ նահատակութեան պատրաստակամութեան շուրջ։ Երբեմն կը թուի թէ մեր ազգային նկարագրային յատկութիւններուն մէջ հազիւ թէ նշմարելի եղած են դիւանագիտական խորամանկութիւնն ու սրամտութիւնը։ Մեր հին թէ նոր պատմութեան էջերուն մէջ հազիւ թէ նկատուին հայ ղեկավարներու դիւանագիտական ցայտուն յաջողութիւններ։ Ընդհակառակը, պէտք է համեստաբար ընդունիլ, որ մեր պատմութեան էջերը կը վկայեն ձախող բանակցութիւններու այնպիսի դրուագներ, զորս յիշելու կարիքը չենք տեսներ այստեղ. (Չըսելու համար թէ օտար պետութիւններու արխիւներուն մէջ ինչե՜ր կան արձանագըրուած նման անյաջողութիւններու մասին)։ 
 
Քաղաքական միտքըիր ծրագրելու եւ գործադրելու երկու կարեւորագոյն գործօններով կ՛ամբողջացնէ ազգի մը նկարագրական պատկերը։ Այդ կարողութիւնները վերոյիշեալ զինուորական, դիւանագիտական, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու աշխարհագրական հնարաւորութիւններով է միայն որ կրնայ Խրիմեան Հայրիկի թուղթէ շերեփը դարձնել երկաթէ շերեփ եւ միամիտ կարծեցեալ յաղթանակները զետեղել իրենց իսկական ու արժանի իրատեսական անկիւնը։ 
 
Վերեւ յիշուած Հռոմի քարտէսին վրայ երեւցող հըսկայ տարածութիւնը, որ ասկէ մօտ 2500 տարի առաջ կը պատկանէր հայոց եւ կ՛անուանուէր Արմենիա, այսօր հազիւ թէ ան կը կազմէ անոր 10 առ հարիւր տարածութիւնը միայն։ Մեր պատմութեան զանազան ժամանակաշրջաններուն ընթացքին մերթ ընդարձակուող, մերթ կծկուող աշխարհագրական, քաղաքական թէ քաղաքակրթական իրադարձութիւնները, ներկայիս ամփոփուած են երկրագունդի վրայ հազիւ նշմարելի նորօրեայ Հայաստանով, առանց բնական հարստութիւններու, ծովային տարածքի, սակաւաթիւ բնակչութեամբ ու սահմանափակ տնտեսական հնարաւորութիւններով։ 
 
Չենք փափաքիր անձնատուր ըլլալ տիրող կացութեան, բայց վերյիշելով յօդուածի ընթացքին բացուած զանազան չակերտներու ընդմէջէն փորձենք հարց տալ ու անկեղծօրէն պատասխանել Նիւ Ճըրզի բնակող մեր զրուցակից տիկնոջ, թէ՝ ո՛րն է այն ազգը, որ պէտք է պարծենայ կամ ո՛րն է այն ազգը որ պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր արմատացած շատ մը հասկացողութիւններն ու ընկալումները, ա՞յն՝ որ չկրցաւ իրեն համար ապահովել թիզ մը հող ծովափին եւ պաշտպանել իր պապենական իրաւունքները, թէ այն՝ որ բարբարոսաբար ներխուժեց ու իր տիրապետութեան տակ առաւ աշխարհի ամենաբարեբեր հողատարածքը իր աշխարհաքաղաքական կարեւորագոյն դիրքով։ Ա՞յն՝որ այսօր կը հաշուէ 73 միլիոն մարդ եւ ունի 783 հազար քառ. քմ. տարածութիւն եւ կ՛աճի անընդհատ, թէ այն՝որ հազիւ կը հաշուէ 10 միլիոն անձ եւ ունի մօտ 30 հազար քառ. քմ. տարածութիւն եւ որուն բնակչութիւնը կը նօսրանայ տարուէ տարի։ Ա՞յն՝ որ իր ռազմական եւ տնտեսական հնարաւորութիւններով ինքնաբաւ է եւ կը մրցի միջազգային մեծ պետութիւններու հետ, հոգ չէ թէ չունի սեփական այբուբեն, թէ՞ այն՝որ պէտք ունի իրեն թեւ թիկունք կանգնող ու զինք պահող ու պաշտպանող երէց եղբօր… 
 
Հարկ չկայ երկարելու բախտատութիւններու շարքը, որ կը հանգի սուր, սթափեցուցիչ եւ ուժեղ պոռթկումի մղող խռովիչ եզրակացութեան. Թէ մենք, հայերս, մեր բոլոր արժանիքներով հանդերձ գիտցած չե՛նք։ Իսկ մեր դրացիները, իրենց բոլոր բարբարոսութիւններով հանդերձ գիտցա՛ծ են Գոյատեւելու արվեստը:
ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play