Նորվան Արք. Զաքարեանը իր հրաժարականը պետք է ներկայացներ թեմին և ոչ՝ Կաթողիկոսին


Նորվան Արք. Զաքարեանը իր հրաժարականը պետք է ներկայացներ թեմին և ոչ՝ Կաթողիկոսին

  • 11-07-2013 17:26:48   | Ֆրանսիա  |  Հարցազրույցներ

ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔ. ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԺԱԳ ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
“Կը սպասեմ, որ Սրբազան հօր Հրաժարականը հրապարակուի”
 
«Նոր Յառաջ» – Շատ մօտէն կը հետեւիք ֆրանսահայ առաքելական եկեղեցական կեանքին, ինչպէ՞ս ընկալեցիք Նորվան Սրբազանին հրաժարականը։
 
ԺԱԳ ՓԱՆՈՍԵԱՆ - Շատ գէշ։ Կը ցաւիմ ըսելու, բայց պէտք է որ ըսեմ՝ Նորվան Սրբազան իրաւունք չունէր հրաժարելու։ Ընտրուած է ֆրանսահայ թեմին կողմէ, ի՞նչ ըսել է Կաթողիկոսը կը նեղացնէ՝ չի հանդուրժեր, ուրեմն՝ կը հրաժարի։ Ինք պատասխանատու է թեմի անդամներուն հանդէպ:
Ուրիշ հարց մըն ալ կայ։ Նորվան Սրբազանը թեմակալ առաջնորդ ընտրողը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը չէ, Ֆրանսահայ առաքելական թեմն է։ Պէտք է որ իր հրաժարականը ներկայացնէ թեմին։ Եւ ոչ՝ Կաթողիկոսին։ 
«ՆՅ». – Այո, այսուհանդերձ, ըստ Հայ Առաքելական նուիրապետական կարգին, Ամենայն Հայոց հայրապետին գերիշխանութեան ենթակայ է։ Եւ ան է որ կը վաւերացնէ ընտրութիւնը։ Ուրեմն, իբր տիպար եկեղեցական նախապատւութիւն տուած է իր գերադասին յղել իր հրաժարականը։
Ժ.Փ. – Հրաժարական կու տաս այն ժողովին որ քեզի կ՚ընտրէ։ Ամենայն Հայոց հայրապետը Ֆրանսայի թեմին ընտրութիւնը կը վաւերացնէ։ Վաւերացումը ընտրութիւն չէ։
«ՆՅ» – Սակայն, հրաժարականը միայն Առաջնորդական պաշտօնին չի վերաբերիր, կը հրաժարի նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Կաթողիկոսական պատուիրակութենէն եւ Գերագոյն խորհուրդի անդամակցութենէն, որոնք որքան որ գիտենք նշանակումներ են։
Ժ.Փ. – Մեր պարագային մեր խօսքը կը վերաբերի իր Առաջնորդակա՛ն պաշտօնին, որուն հասցէատէրը ֆրանսահայ գաղութն է։
Խօսքը մէջերնիս, եթէ Նորվան Սրբազանը երթայ ո՞վ պիտի գայ տեղը։ Ո՞վ պիտի կարենայ գրաւել իր պաշտօնը։ Պէտք էր որ նախքան հրաժարիլը այս հարցը նկատի ունենար։ Զինք ընտրած ենք եօթը տարուան համար, գոնէ թող աւարտին հասցնէր իր պաշտօնը։
Աւելին ըսեմ. եթէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ֆրանսայի Առաքելական թեմին նկատմամբ յարգանք ունենար, ինք պէտք է որ յորդորէր առաջնորդին որ իր հրաժարականը յղէ թեմական մարմիններուն։ Սակայն, ըստ երե-
ւոյթին Կաթողիկոսին եւ Առաջնորդին յարաբերութիւնները ապառողջ են (pervers), հրամայական, բռնազբօսիկ։
 
«ՆՅ» – Տեղեա՞կ էք, Նորվան Արք. Զաքարեանի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին յղած նամակին բովանդակութենէն։
Ժ.Փ. – Ո՛չ։ Կը սպասեմ որ հրապարակուի։
 
Հարցազրոյցը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ 
 
«ՆՅ»
 
Նոյյան տապան  -   Հարցազրույցներ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play