Մեսրոպ Մաշտոցը և հայկական տառերի ակունքները


Մեսրոպ Մաշտոցը և հայկական տառերի ակունքները

  • 25-07-2013 12:37:52   | Հայաստան  |  Մշակույթ

ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻՆ ՀԵՏ
 
ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ 
ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՌԵՐՈՒ ԱԿՈՒՆՔՆԵՐԸ
 
Լեւոն Շառոյեան
Բ.
 
Բանասէրները իրարու դէմ հանող տարակարծութեան գլխաւոր կէտը հետեւեալն է.-
 
Հայոց Այբուբենի 36 տառերը, իբրեւ ձեւ (պատկեր), բոլորովին ինքնուրո՞յն ստեղծագործութիւններ են, թէ Մեսրոպ անոնց համար իբր բնորդ (մօտէլ) ունեցած է ուրիշ լեզուներու այբուբեններ։
 
Ահա՛ կարեւոր հարցում մը, որուն համար շատ մելան հոսեցուցեր են մեր սիրելի հայագէտները։ Զորօրինակ, Փրոկ. Լ ..Խաչերեանի համոզումով՝ Մեսրոպ իր տառերը յօրինելու համար ոչ միայն չէ հետեւած բացարձակապէս որեւէ այբուբենի, այլեւ իր ուղեղէն վանած է իրեն ծանօթ բոլոր գրահամակարգերու բոլոր տառերուն բոլո՛ր պատկերները…, ու միայն անկէ ետք է որ իրագործած է իր գիւտը կատարեալ ինքնուրոյնութեամբ։ Այս տեսակէտը պաշտպաներ է նաեւ Հ. Միքայէլ Չամչեանը։ 
 
Մինչդեռ Աճառեան, Ակինեան եւ համախոհներու մեծ խումբ մը կը պնդեն որ Մեսրոպ իրեն բնորդ ունեցած է յունա-ասորա-պարսկական այբուբենները։ Կան նաեւ այլ կարծիքներ, որոնք մասնակի յղումներ կը կատարեն ուրիշ այբուբեններու։ Բայց արդեօք ո՞րն է իրականութիւնը։
 
Տոքթ. Եղիայեան ա՛յս հարցին է, որ կը բերէ շատ անսովոր պատասխան մը։ Բայց նախքան իր եզրակացութիւնը, ան երկարօրէն ու համապարփակ ձեւով կը քննարկէ հարցին բոլոր ծալքերը, գիտական ու տրամաբանական ձեռնհասութեամբ կը վերլուծէ կամ կը ջրէ զինք նախորդող բանասէրներուն անհամոզիչ տեսակէտները, կը զատէ որոմը ցորենէն, սեղան կը բերէ ի՛ր սեփական պրպտումներուն արդիւնքը եւ ի վերջոյ մեզ դէմ յանդիման կը դնէ Մեսրոպեան տառերու ակունքներուն հետ…։
 
ՔԻՉ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳՐԱԲԱՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
 
Ըստ տոքթ. Եղիայեանի, Մեսրոպի օրով Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ կը գործածուէին հետեւեալ այբուբենները.- Յունական, լատինական, ղպտական, պարսկական, ասորական եւ հին-եբրայական։
Հայոց տառերուն ակունքները փնտռելու առաքելութեան կոչուած հայ թէ օտար բանասէրները վերեւ յիշատակուած վեց գրահամակարգերու ծիրին մէ՛ջ է որ կատարեր են իրենց պրպտումները շարունակ, ինչ որ ըստ տոքթ. Եղիայեանի՝ «միակողմանի արեւելում» մըն է ու կը նկատուի այդ բանասէրներուն մեթոտաբանական մեծ թերութիւնը։ Հեղինակը կ՚ափսոսայ, որ հայ բանասիրութիւնը իր կարկինը աւելի լայն չէ բացած, հետեւաբար ալ՝ չէ կրցած մատչիլ Մեսրոպեան տառերու իսկական ակունքներուն…։
 
Տոքթ. Եղիայեան ընթերցողը ներքաշելէ առաջ իր բուն նիւթին մէջ, նախ բաւական ընդարձակ ծանօթութիւններ կու տայ աշխարհի հնագոյն այբուբեններուն մասին։ Գրապատկերներու ուղեկցութեամբ՝ ան կը խօսի փիւնիկեան, հին-եբրայական, արամէական, յունական, ղպտական, պարսկական (իր ենթաբաժանումներով՝ արշակունեան, սասանեան, պահլաւական եւ աւեստական), ասորական եւ նաբատական (արդի արաբերէնի նախատիպը), գիրերու մասին, որոնցմէ ոմանք ունեցած են աշխարհագրական լայն տարածում, մինչ ուրիշներ՝ օգտագործուեր են լոկ պաշտօնական գրագրութեան համար։
 
Միաժամանակ, ան կ՚ըսէ որ այս լեզուներէն ոմանք ազդած են հայերէնին վրայ։ Օրինակ, ըստ Աճառեանի, պարսկերէնը մեր լեզուին տուած է 1400 բառարմատ, ինչ որ ըսել կու տայ տոքթ. Եղիայեանին՝ թէ «այս պատկառելի թիւը կարելի է բազմապատկել երեքով կամ չորսով, եթէ ոչ աւելի, եթէ ի մտի ունենանք անոնցմով կազմուած ածանցեալ ու բարդեալ բառերը եւս, որոնք կ՚ընդգրկեն մեր կեանքի բոլոր ոլորտները անխտիր, եւ կը կազմեն հայերէնի բառային հիմնական ֆոնտի մէկ կարեւոր մասը» (էջ 29)։ Մինչդեռ ասորերէնէն դէպի հայերէն թափանցեր են հազիւ 200 բառեր, իսկ եբրայերէնէն՝ հատուկենտ բառեր միայն։
 
Զանազան այբուբեններու մասին խօսելու առթիւ, տոքթ. Եղիայեան կարեւորութեամբ նկատել կու տայ, որ ատոնցմէ ո՛չ մէկուն ծննդաբանութիւնը յայտնի է, բացի հայերէնէն (իսկապէս ալ, գէթ արաբական երկիրներու մէջ ապրողներս, ցարդ չենք հանդիպած արաբ լեզուագէտի մը՝ որ մեզի պատմէ, թէ ե՞րբ կամ որո՞ւն կողմէ ստեղծուած են արաբերէնի տառերը, որոնցմով ալ գրուած է Ղուրանը)։
 
Հայերէնի այբուբենը, ուրեմն, բախտաւոր բացառութիւն մը կը կազմէ այս տեսակէտով։ Բոլոր հետազօտողները կ՚ընդունին թէ Մեսրոպ Մաշտոցն է որ հնարեց Հայոց տառերը, բայց ճիշդ ի՞նչ ըրաւ ան, կամ ի՞նչպէս ըրաւ՝ ա՛յդ է որ մութ է, որովհետեւ պատմութեան սկզբնաղբիւրները մանրամասնութիւններ չեն տար մեզի։
 
Ծանօթ է որ երեք սկզբնաղբիւրներ կան այս նիւթին շուրջ.- Կորիւն, Մովսէս Խորենացի եւ Ղազար Փարպեցի։
 
Ի՞նչ կ՚ըսեն ասոնք։
 
Տոքթ. Եղիայեան առանձին գլուխի մը տակ կարճ հատուածներ զետեղած է անոնց պատումէն՝ ինչ կը վերաբերի ուղղակի գիրերու գիւտին։ Կորիւն եւ Խորենացի (Ե. դար) կը պատմեն, որ Միջագետքի Դանիէլ Ասորի եպիսկոպոսին կողմէ Հայաստան ղրկուած գիրերը Մաշտոցի կողմէ պահ մը ուսուցուեցան դպրոցներու մէջ, սակայն յետոյ խափանուեցան, որովհետեւ ատոնք չէին գոհացներ հայերէն լեզուի հնչիւնական պահանջները։ Հետեւաբար, Մեսրոպ անձամբ ուղեւորուեցաւ Միջագետք ու Եդեսիա, պրպտումներ կատարեց այնտեղ ու ի վերջոյ ձեռնամուխ եղաւ Այբուբենի գիւտին։ 
 
Կորիւն, որ թէեւ Մեսրոպի աշակերտն էր, բայց բացակայ էր գիրերու յօրինումի աշխատանքէն, լակոնական ոճով կ՚ըսէ, որ իր ուսուցիչը «իր սուրբ աջով հայրաբար ծնունդ տուաւ նոր եւ սքանչելի նշանագրերու»։
Խորենացի ունի տարբեր հայեացք մը։ Ան բուն գիւտը կը դիտէ տեսիլքի մը ընդմէջէն՝ երբ Տիրոջ Աջը վէմի մը վրայ կ՚արձանագրէր մեր տառերը (այս պարագային, հարց պէտք է տալ անշուշտ՝ թէ ո՞ւր մնաց Մաշտոցի գիւտարարի հանգամանքը…)։
 
Իսկ Փարպեցի, որ Մեսրոպի մահէն ետք ծնած է, կ՚ըսէ որ Մեսրոպ նոր գիրեր չհնարեց, այլ գոհացաւ Հայաստան ղրկուած Դանիէլեան գիրերով ու անոնցմո՛վ կերտեց հայ տառերը, աշխոյժ օժանդակութեամբը Սահակ կաթողիկոսին եւ խումբ մը զարգացեալ հոգեւորականներու…։
 
***
Հայ տառերու ծագումով զբաղած բանասէրներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կ՚ընդունի որ կատարուած է փոխառութիւն մը։ Այսինքն՝ գոյութիւն ունեցած այլ այբուբեններէ՝ մասնակի եւ դիմափոխեալ ընդօրինակութիւն մը, առաւել կամ նուազ ձեւափոխումներով։ Ուրեմն, կը մնայ որոշել, թէ որո՞նք են այդ փոխատու այբուբենները, եւ որո՞նք են փոխառեալ տառերը։
 
Յիսունէ աւելի հայ եւ օտար հայագէտներ փորձեր են պատասխաններ գտնել վերի հարցումին։ Շատ շատեր (Աճառեան, Ակինեան, Աբրահամեան, Հ. Գաբրիէլ Մենեւիշեան, Գերմանացիներ Լեփսիուս եւ Գարդհաուզէն եւայլք) պնդեր են, որ մեր Այբուբենին 20-30 տառերը փոխառութիւն են յունական տառերէն։
 
Տոքթ. Եղիայեան բնաւ համոզիչ չի գտներ սակայն այդ բռնազբօսիկ եւ տարտամ «փաստարկում»ները, որովհետեւ պատկերային նմանութիւններ չի տեսներ մերինին ու յունականին միջեւ (ի բաց առեալ յունական Փ «Ֆի» տառէն, որ ամբողջութեամբ կը նմանի մեր Փ-ին)։ Այբուբեններու բաղդատական ցանկեր ալ զետեղելով իր գրքին մէջ (էջ 62-80)՝ ան կը հրաւիրէ ընթերցողը անձամբ համեմատելու զանոնք մեր Այբուբենին հետ ու տեսնելու պատկերային աղաղակող անհամապատասխանութիւնները…։ «Մեր տառերուն պատկերային ոճը բոլորովին տարբեր յղացք ունի թէ՛ յունականէն, թէ՛ պարսկականէն, թէ՛ ասորականէն», կը ճշդէ ան։ Կ՚ընդունի միայն, որ Մեսրոպ ներշնչուած կրնայ ըլլալ յունարէնի գրաբանական յատկութիւններէն (այբուբենի կարգը, ձայնաւորները, գիրերուն աջընթաց ուղղութիւնը եւայլն)։
 
Հատորին հեղինակը կը բացատրէ նաեւ, թէ այբուբենէ մը դէպի ուրիշ այբուբեն տառա-
յին փոխառութիւնները (այլ խօսքով՝ տառայօրինումները) կը 
կատարուին երեք սկզբունքներով.
Ա)- Փոխառեալ տառը կ՚առնուի՝ պահելով փոխատու այբուբենին մէջ իր ունեցած թէ՛ պատկերը, թէ՛ հնչիւնը։ Ասիկա կը կոչուի նոյնականութեան օրէնք։
 
Բ)- Գոյութիւն ունեցող տառ մը կը ձեւափոխուի կամ կը զեղծուի ու գիտակցուած փոփոխութեան կ՚ենթարկուի՝ կերտելու համար նո՛ր տառ մը։ Այս ալ կը կոչուի այլանմանութեան կամ տարբերացման օրէնք, որ իր բնոյթովն իսկ՝ բանասէրներուն առջեւ դուռ կը բանայ կամայական ու քմահաճ մեկնաբանութիւններու։ 
 
Գ)- Փոխառեալ տառը կ՚առնուի իր պատկերային հարազատութեամբ ու ա՛յլ այբուբենի մը մէջ անոր կը յատկացուի տարբեր հնչիւն մը։ Այս մէկն ալ կը կոչւի պայմանականութեան օրէնք։ Այստեղ, տառին ընդունուած պատկերին ու անոր հնչիւնին միջեւ խզում մը կը յառաջանայ։ Մեսրոպ Մաշտոց կիրարկած է այս օրէնքը իր հնարած կովկասեան երեք այբուբեններուն մէջ։ Օրինակ, հայերէն «Ի» տառը վրացին կ՚արտասանէ «Չ», իսկ աղուանական այբուբենին մէջ ատիկա «Դ» է։
Այս բոլոր տեղեկութիւնները շարայարելէ ետք, տոքթ. Եղիայեան հարց կու տայ, թէ ո՞ւր պէտք է փնտռել ու գտնել այն գրահամակարգը, որ կրնար անցնիլ Մեսրոպի ձեռքը ու տառայօրինումի երեք օրէնքներով՝ ծնունդ տար Հայոց գիրերուն։
Պատասխանը անսպասելի է ու ցնցիչ.- Եթովպիա եւ դասական եթովպերէնը՝ Գեեզ (Gee’z)։
 
(Շար. 2)
Լ.Շ.
sharoyanlevon@gmail.com 
ՆՅ
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Մշակույթ

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play