Ո՛չ պատերազմին...


Ո՛չ պատերազմին...

  • 08-09-2013 18:29:01   | ԱՄՆ  |  Քաղաքական
Երկու տարի առաջ պայթեցաւ արաբական գարունը, ներշնչելով արաբ ճնշուած զանգուածները աւելի արդար, բարգաւաճ եւ ազատ հասարակութիւն մը ունենալու յոյսերով:
 
Դժբախտաբար շուտով յաջորդեց բիրտ ոյժի գործածութիւնը եւ մանաւանդ մեզի, հայերուս համար կարեւոր երկիր մը՝ Սուրիան  դարձաւ քաղաքացիական պատերազմի թատերաբեմ: Հայերուս համար կարեւոր գաղութներ հանդիսացող  Լիբանան, Իրաք եւ Եգիպտոս նոյնպէս ենթակայ են անկայունութիւններու:
 
Տարածաշրջանային ոյժերու մրցակցութեան որպէս հետեւանք, մէկ կողմէ շիա իսլամներու ղեկավար՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, միւս կողմէ սիւննի իսլամներու ղեկավարներ՝ Սաուտի Արաբիան, Քաթարը եւ Թուրքիան, այլ կողմէ արաբ-իսրաէլեան առճակատումը,  ինչպէս նաեւ մէկ կողմէ գերոյժերու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Արեւմուտքի իր դաշնակիցներու  եւ միւս կողմէ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի միջեւ աճող մրցակցութիւնը, կը զինեն երկու կողմերը, վերածելով Սուրիան արիւնոտ դժոխքի մը:
 
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի իր դաշնակիցներու Սուրիան հարուածելու վերջին սպառնալիքները շատ կը մտահոգեն մեզ, որովհետեւ պատերազմը կրնայ րնդարձակուիլ, անհաշուելի ու անկանխատեսելի  հետեւանքներով:
 
Նոր քանդումներ, բազմահազար նոր մեռեալներ, գաղթականներ, ցաւ տառապանք:
 
Մենք, որպէս Եւրոպայի Հայերու Համագումար կը մերժենք ռազմատենչ եւ գաղութարար ոյժերու հրահարիչ պատերազմը եւ մեր ձայնը կը միացնենք խաղաղասէր, ժողովրդավար ոյժերու ձայնին:
 
Պատերազմին զոհը ի վերջոյ մարդկութիւնն է ու մարդ արարածը, օգտուողը ռազմական ընկերութիւններն են  եւ անոնցմով սնուողները:
 
Ո՛չ, հազար անգամ ոչ՝ պատերազմին: 
 
Եւրոպայի Հայերու Համագումար
6 սեպտեմբեր, 2013թ.
Ուփսալա  Շվեդիա
 
Նոյյան տապան  -   Քաղաքական