Հայկական ավանդական ձեռագործ գորգերի արտադրություն՝ Արցախում


Հայկական ավանդական ձեռագործ գորգերի արտադրություն՝ Արցախում

  • 18-09-2013 15:16:08   | Հունաստան  |  Վերլուծություն


«Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը՝ 
Արցախի  «Ղարաբաղ-Քարփեթ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն 
Սեւակ Խաչատրեանի հետ

Մօտ ամիս մըն է որ Արցախի մէջ (Շուշի եւ Ստեփանակերտ) սկսած է գործել հայկական ձեռագործ գորգերու արտադրութեան գործարանը:

Հայկական մշակոյթի այս հնագոյն ճիւղի պահպանումն ու գորգարուեստի վերազարթնումը կարեւոր նշանակութիւն ունին Արցախի եւ Արցախի երիտասարդ սերունդին համար, որ իր ապագան միախառնուած կը տեսնէ իր երկրի զարգացման հնարաւորութիւններուն:

 

Ինչպէ՞ս սկսաւ այս ծրագիրը եւ ի՞նչ նպատակներով։ 

Արդէն երկու ամիսէ ի վեր Ղարաբաղի մէջ սկսած է գործել ձ եռագործ գորգերու արտադրութեամբ զբաղող Ղարաբաղ-Քարփեթ ընկերութիւնը։ Մենք նպատակ ունինք վերարտադրել հին արցախեան թիփիք հայկական գորգերը, որ ցաւով կը հաստատենք թէ այսօր կործանման եզրին կանգնած են։ Այսօր շատ քիչ թիւով նման գորգեր կը պահպանուին ընտանիքներու մօտ, որ գործուած են տարբեր ժամանակներու ընթացքին։ Շատ կարեւոր է վերականգնել այս մշակոյթը, որ մեր աւանդութեան հռչակաւոր ու իմաստալից բաժինը կը կազմէ։ Մանաւանդ գիտակցելով թէ Ատրպէյճանը, խորհրդային տարիներուն ընթացքին, յատուկ ու դիտաւորեալ քաղաքականութիւն իրականացուց իրեն վերագրելով Արցախի մէջ գորգերու արտադրութեան աշխատանքը։

Գորգը որպէս առարկայ միայն չէր տեսներ երբեք Արցախի հայութիւնը։ Գորգի արտադրութեան գործը բաւականին լուրջ եւ արժէք ներկայացնող աշխատանք էր, իսկ իւրաքանչիւր ընտանիքի մօտ պահուած կ'ըլլար ընտանեկան գորգը, տան ամէնէն յարգի բաժնին մէջ։ Գորգագործութիւնը կը կատարուէր տան մէջ, ընտանիքի կին անդամներուն կողմէ (աղջիկ, տատիկ, մայրիկ) որոնց մօտ ժառանգաբար կը փոխանցուէր այս գործը։

Հետագային, ատրպէյճանցիները իմանալով այս մշակոյթի լուրջ եւ արժէքաւոր նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ նիւթական արժէքը, յատուկ մշակուած քաղաքականութեամբ՝ ընտանիքներու քովէն վերցուցին գորգերը, մէկուն դրամական գումար վճարելով, ուրիշին այլ գորգ մը տալով (որ ի հարկէ արհեստական կամ շատ աւելի նուազ արժէքի գորգ էր եւ որեւէ ձեւով չէր փոխարիներ ընտանեկան գորգը) եւ տարբեր առիթներով կարողացան ձեռք բերել Արցախի ընտանիքներուն մօտ պահուած հին ձեռագործ թանկագին գորգերը։ Այդ գորգերուն մեծամասնութիւնը կարելի է այսօր գտնել Պաքուի թանգարաններուն մէջ, որ կը ներկայացուին որպէս հին ազերիներու կողմէ գործուած գորգեր...

Կ'ուզեմ շեշտե՛լ. աշխարհի մէջ չկայ ատրպէյճանական գորգ։ Այս մէկը շատ պարզ իրականութիւն մըն է, որ ծանօթ է պատմաբաններուն եւ գորգագործութեան դաշտի քաջատեղեակ մարդոց։ 

Այժմ մենք լուրջ հարց ունինք, այս հարցը դիմագրաւելու առումով։ Մանաւանդ որ Ատրպէյճան այսօր եւս մոլեգնօրէն կը շարունակէ նոյն քաղաքականութիւնը վարել, փաստօրէն իր մօտ հաւաքած ըլլալով Արցախեան գորգերու մեծագոյն պաշարը։ Անոնք իրենց գործարաններուն մէջ կը շարունակեն պատրաստել Արցախեան հայկական աւանդական գորգերը եւ աշխարհին կը ներկայացնեն որպէս բուն ազերիական,. մեծ յաջողութիւն արձանագրելով համաշխարհային շուկայէն ներս, որովհետեւ անոնք սիրուն են, արժէքաւոր են եւ մեր հնադարեայ աւանդութեան կարեւոր մասը կը կազմեն։

Պահը եկած է որ մենք պէտք է տէր կանգնինք մեր մշակոյթին եւ աշխարհին ցոյց տանք թէ ո՛վ է այս մշակոյթի իրական տէրը։

Մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը յայտարարեմ թէ Ղարաբաղի մէջ արդէն կայ ու կը գործէ այս ընկերութիւնը, Ղարաբաղ-Քարփեթ ձեռագործ գորգերու արտադրութեան գործարանը եւ նպատակ ունի ստեղծել ու վերարտադրել գորգերը։

 

Դուք հիմա շատ արագ աշխատանքի մէջ էք, պատրաստելու համար մեծաքանակ գորգեր, որ առաջին հերթին պիտի տրամադրուին ԼՂՀ ազգային վիճակախաղի մասնակցող ժողովուրդին, որպէս թանկագին եւ իւրայատուկ նուէրներ։

Այո։ Ինչպէս տեղեակ էք, կարճ ժամանակ առաջ, ԼՂՀ պետութեան նախաձեռնութեամբ Արցախի մէջ կեանքի կոչուեցաւ ԼՂՀ ազգային առաջին վիճակախաղը, որու կազմակերպումը շատ կարեւոր եւ նշանակալից իմաստ ունի մեր պետութեան եւ ժողովուրդին համար, վերաբնակեցման ծրագրին նպաստելու նպատակով։ Վիճակախաղի նուէրներու մէկ մասը պիտի կազմեն հայկական ձեռագործ գորգերը եւ այսօր մենք այս պատուէրն ենք իրականացում։

 

Ե՞րբ սկսաւ գործել գործարանը: 

Երկու ամիս առաջ սկսաւ մեր աշխատանքը, Շուշիի մէջ բացուած մասնաճիւղով։ Իսկ Ստեփանակերտի մէջ մօտ ամիս մըն է որ կանոնաւորապէս սկսած է աշխատանքը, արագ ընթացքով։ Մեր մօտ կ'աշխատին արդէն 40 հոգի եւ նպատակ ունինք 100 հոգիի հասցնելու մեր աշխատաւորներու թիւը, ըստ հնարաւորի արագ պատրաստելու համար գորգերու մեծ պահեստ մը։

Դուք տեսաք արդէն մեր ընկերութեան մասնաբաժինները, ուր հսկայ շէնքի մը մէջ արագօրէն կը պատրաստուին յատուկ բաժինները։ Մեծ պատուհաններով, լուսաւոր եւ գեղեցկօրէն նորոգուած շէնքի մը մէջ տեղաւորուած են գորգագործութեան սարքերը, իսկ մօտ ապագային արդէն կը պատրաստուին յատուկ այլ բաժիններ, բուրդը ներկելու, գորգերը լուալու եւ չորցնելու բաժիններ։

Շէնքային համալիրի մէկ այլ շատ ընդարձակ բաժնին մէջ, դերձանի արտադրութիւն կը կատարուի, գառնուկներու բուրդը կը պատրաստուի, կը լուացուի եւ կը մշակուի ու դերձանի կը վերածուի։ Նպատակ ունինք բոլորովին ինքնաբաւ դառնալու, ըստ հնարաւորի արագ։

Ձեր աշխատողները մեծ մասով երիտասարդ աղջնակներ են։ Ո՞վ կը վարժեցնէ իրենց իւրայատուկ այս արուեստին տիրապետելու եւ իրագործելու։ Հետաքրքրուա՞ծ է Արցախի երիտասարդութիւնը տուեալ դաշտէն ներս աշխատանք ապահովելու իմաստով։ 

Գիտ էք ես շատ ուրախ եմ այս գծով։ Ի՛րապէս երիտասարդ աղջիկներ են, որ կը փափաքին գորգագործութեամբ զբաղիլ։ Ինչպէս նկատեցիք աւելի հասուն տիկիններ ալ կ'աշխատին մեր մօտ, որոնք կամ ժամանակին սորված են այս արհեստը կամ ալ ընտանեկան պայմաններու մէջ։ Շատ ուրախ եմ որ իրենց մօտ կ'աշակերտեն երիտասարդ աղջիկները եւ մեծ հաճոյքով կը սորվին գորգի արտադրութեան քայլերը։ Այս աղջիկները այդքան երիտասարդ են, որ իրենց կեանքին մէջ նման աշխատանք չեն տեսած Արցախի մէջ։ Մեծ ոգեւորութեամբ կը կատարեն այս գործը, գիտակցելով անոր ազգային արժէքին։

 

Ի՞նչ հանգրուաններ կը ներառնէ գորգի մը արտադրութեան աշխատանքը։

Ստեփանակերտի մեր գործարանը կ'ապահովէ գորգի արտադրութեան ամբողջական գործընթացը։ Բնաւ պատահական չէ այս մէկը, այլ դիտաւորեալ քաղաքականութեան շնորհիւ ջանք կը տարուի լրիւ ապահովելու համար տուեալ մարզը։ Անցեալին, միշտ աշխատանք տարուած էր որ գորգի պատրաստութեան տարբեր հանգրուանները այլ երկիրներու մէջ ամբողջանային, որպէսզի Արցախի մէջ ամբողջական արտադրութիւն չի յաջողուէր եւ վաճառք ալ կարելի չ'ըլլար։

Այս անգամ ուրեմն, գործարանային մակարդակով, աշխատանք կը տարուի որպէսզի լրիւ աշխատանքը ապահովուի Արցախի մէջ։ Այսինքն թելի պատրաստութենէն, մինչեւ ներկը, խնամքը, մշակումը, ապա գորգի հիւսքը, ձեւերը, սանտրի մեքենայով տրուած վերջնական տեսքը՝ ամէն ինչը մինչեւ վերջնական վաճառք՝ կը կազմակերպուի մեր գործարանէն։

 

Եւրոպայի կամ աշխարհի որեւէ ցամաքամասէ անհատ մը եթէ կը փափաքի իր տան մէջ ունենալ Արցախեան ձեռագործ գորգ մը, ինչպէ՞ս կրնայ դիմել ձեզի, ընտրել ձեր բազմաթիւ ձեւերուն ընդմէջէն, ապսպրել եւ ստանալ իր նախընտրած գորգը։ Պատրա՞ստ էք լրիւ այս համակարգը տրամադրելու։

Այդ առումով մենք շատ լուրջ աշխատանք ունինք դեռ ընելիք, որովհետեւ կ'ուզենք նախապէս մեր տրամադրութեան տակ ունենալ այն պաշարը, որ ներկայանալի եւ լրիւ ամբողջականութիւն կազմող գորգերու հաւաքածոյ մը պիտի տրամադրէ հետաքրքրուող անձերուն։ Մեր նպատակն է համաշխարհային շուկայ դուրս գալ հարուստ ու պատշաճ պաշարով եւ աւելի գրագէտ ձեւով։

Գրեթէ ամբողջացած է մեր գործարանի կայքէջը, որ բաւական որակեալ եւ լրիւ է, բազմաթիւ լեզուներով եւ հնարաւորութիւն պիտի տայ հետաքրքրուողներուն ծանօթանալու մեր աշխատանքին։ Շատ կարեւոր կը նկատենք տեսնել նաեւ արտադրանքի լման գործընթացը, իր որակով եւ խնամուած պատրաստութեամբ։ Կայքէջին միջոցաւ պիտի տրուի այս կարելիութիւնը։ Պատուիրատուն կարելիութիւնը պիտի ունենայ տեսնելու գորգի արտադրութեան լման աշխատանքը, հիանալի մաքուր պայմաններու մէջ անոր մշակումը՝ թելէն սկսեալ մինչեւ վերջնական գեղեցիկ ու թանկագին գորգի ապահովումը։

 

Կարելիութիւնը պիտի տրուի յատուկ ապսպրանքներ կատարելո՞ւ։

Այո, լրիւ։ Ոեւէ պատուիրատու կրնայ ընտրել իր ուզած ձեւը, իր ուզած գոյները, իր ուզած չափերը, իր ուզած որակը եւ նախշերը եւ իրեն համար յատկապէս պատրաստուած գորգ մը պատուիրել։ Կրնայ նոյնիսկ իր ուզած ձեւը մեզի առաջարկել եւ լրիւ կարելիութիւնը ունինք այդ մէկը իրագործելու։

 

Մեր մշակոյթին մէջ ինչպիսի՞ դեր խաղացած է ձեռագործ գորգը։ 

Շատ պատմագէտներ կը հաստատեն թէ հայկական գորգի պատմութիւնը շաղկապուած է հայ ազգի գոյութեան հետ։ Գորգագործութիւնը եւ գորգը միշտ ուղեկից դարձած են մեր ազգին տարիներու ընթացքին։ Գորգը անբաժան եղած է հայ ընտանիքին եւ ինքը գորգագործութիւնը, որպէս արհեստ եւ գորգը որպէս հայու պաշտամունք եւ արարողակարգ՝ եղած է ամէն հայ ընտանիքի կարեւոր մէկ գանձը։

Արցախը միշտ հանդիսացած է ոչ միայն հայկական լեռնաշխարհի, այլ ընդհանրապէս ամբողջ աշխարհի մէջ հին գորգագործական կեդրոններէն մէկը։

Ըսեմ անշուշտ, որ հին աշխարհի մէջ շատ ալ չէին գորգագործական կեդրոնները։ Այս առումով՝ պատմական Հայաստանը ծանօթ էր որպէս գորգագործութեան կեդրոն, իսկ Արցախը իւրայատուկ դեր ունէր այս բնագաւառէն ներս, իր առանձին կեդրոններով։ Գորգը   տարբեր ժամանակներու ընթացքին ունեցած է ծիսապաշտամունքային նշանակութիւն եւ արժէք։ Հինէն մինչեւ այսօր գորգը կ'օգտագործուի եկեղեցիներու մէջ, տարբեր արարողութիւններու ժամանակ, երբ որ միւռոնի պատրաստութիւն կայ՝ պարտադիր պիտի կատարուի գորգի վրայ։ Այսօր հայկական աւանդական հարսանիքները անպայմանօրէն չեն կատարուիր գորգի վրայ, բայց շատ գիւղերու մէջ ուր աւանդական հարսանիք կը կատարուի՝ գորգը տեղադրուած կþըլլայ հարսի եւ փեսայի թիկունքին։ Երբ հարսը առաջին անգամ տուն կը բերեն, պէտք է գորգը անպայմանօրէն փռուած ըլլայ դրան առջեւ եւ հարսը հոն կոխելով պիտի անցնի։

Քիչ խօսքով ընտանիքի մը ամէնէն կարեւոր հանգրուաններուն՝ հարսնիք, ծնունդ, կնունք կամ մահ՝ գորգը կարեւոր եւ խորհրդանշական ներկայութիւն ունի։

 

Ի՞նչ կը նշանակեն գորգի վրայ պատկերուած նախշերը, խորհրդանիշ-սիմպոլները եւ ինչպէ՞ս կ'ընտրէք ձեր պատրաստած գորգերուն ձեւերը: 

Արցախեան մեր գորգերուն մէջ շատ յայտնի են արծուագորգերը, վիշապագորգերը, արեւագորգերը, տարբեր տիպի արցախեան գորգերը որոնց նախշերուն մէջ կ'արտացոլայ պատմական մեր ազգային կերպարը եւ մեր պաշտպամունքն ու հաւատքը։ Օրինակի համար ըսենք որ մինչ քրիստոնէութեան ընդունումը գորգերուն վրայ պատկերուած էր արեւը։ Հայերը կը պաշտէին արեւը որպէս կեանքի եւ յաւերժութեան նշան։ Այլ ձեւերու մէջ պատկերուած էր վիշապը, որպէս պաշտպանութեան խորհրդանիշ։ Վիշապը այլ ազգերու մօտ չարի խորհրդանիշ կրնայ համարուիլ, բայց մեր մօտ ուժն ու բարին եւ ընտանիքի պաշտպանութիւնն է որ կը խորհրդանշէ։

Այլ նախշերով պատկերուած է հայկական աշխարհի բուսակենդական աշխարհը։ Մենք կ'ապրինք գեղեցիկ լեռնաշխարհի մէջ եւ հայ գորգագործները գորգերու նախշերուն մէջ ամպայման ներառած կ'ըլլան իրենց սիրած գեղեցիկ բնութիւնը եւ շրջակայ աշխարհը, ինչ որ բացայայտօրէն կը նշէ հայու կապը իր ապրած հողին հետ։ Գորգին վրայ պատկերուած է լեռը, արեւը, աստղը, ծաղիկը, կենդանին, ամէն ինչը որ կապ ունեցած է հայու առօրեայ կեանքին հետ։

Ձեւերը կ'ընտրենք պատմական մեր մատեաններու ընդմէջէն:

Հայութեան համար մեծ նշանակութիւն ունի «կենաց ծառը» (կեանքի ծառը) որ միշտ պատկերուած է գորգերուն վրայ, որպէս յաւերժութեան ու կեանքի նշան, որ վերածնունդի իմաստը կ'ընդգրկէ իր մէջ։


 

Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն