Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ապրիլ 24ին Երեւան Պիտի Գտնուի
02-04-2015 14:19:05 | Լիբանան | Ականատեսի աչքերով
ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Լիբանանեան «Monitor»ի «Lebanon Pulse» բաժինը անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ այդ առիթով Լիբանանի մէջ հայկական համայնքին կողմէ իրականացուող ձեռնարկներուն՝ նշելով, որ Ապրիլ 24ին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ նաեւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլը:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ նախաձեռնուած ձեռնարկներուն, նշուած է, որ Լիբանանի ղեկավար մարմինները հրաւէր ստացած են Թուրքիոյ իշխանութիւններէն՝ Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակը նշելու համար: Այս վիճակը որոշ դժուարութիւն յառաջացուցած է Լիբանանի քաղաքական բարձրաստիճան մարմիններուն մօտ: Յղում ընելով կառավարութեան մօտիկ աղբիւրներուն, գրուած է, որ քրիստոնեայ համայնքի՝ առաւելապէս հայերու շահերը բաւարարելու համար՝ իշխանութիւնները որոշած են Ապրիլ 24ին Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգող ձեռնարկներուն մասնակցիլ արտաքին գործոց նախարար Պասիլի գխաւորած պատուիրակութեամբ, «քանի որ նախարարը նոյնպէս քրիստոնեայ է եւ հակուած է բաւարարելու հայերու հրաւէրը»:
Անդրադառնալով թրքական հրաւէրին, հաւանական կը նկատուի, որ Լիբանանի սիւննի համայնքի շահերը բաւարարելու համար, Կալիփոլիի տօնակատարութեան պիտի մասնակցի Լիբանանի վարչապետը, որ սիւննի է: