ՀԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Համահայկական Խորհուրդը Պիտի Փոխարինէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Յանձնաժողովը


ՀԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.Համահայկական Խորհուրդը Պիտի Փոխարինէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Յանձնաժողովը

  • 09-10-2015 14:10:20   | ԱՄՆ  |  Վերլուծություն

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը Սեպտեմբեր 26-ին Երեւանի մէջ միաձայն որոշում ընդունեց Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու մասին: Նիստին ներկայ էին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ աշխարհի 40 երկիրներէ, բացառութեամբ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:
 
Ձեւաւորուեցաւ 12 անձերէ բաղկացած Կազմակերպչական յանձնախումբ մը, որուն կազմին մէջ են Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ներկայացուցիչներ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի, ՀՌԱԿի, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Ռուսաստանի հայերու միութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան:
 
Հաւանաբար անուշադրութեան պատճառով, Կազմակերպչական յանձնախումբի կազմին մէջ չէ ընդգրկուած Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ: Սակայն, բանաձեւին մէջ յստակ սահմանուած է, որ Համահայկական խորհուրդի կազմին մէջ պէտք է ընդգրկուին Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, Սփիւռքի առանցքային կազմակերպութիւններու, պետական կառավարման կարեւորագոյն մարմիններու, հոգեւոր հաստատութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:
 
Ընդունուած որոշումին համաձայն՝
– -Համահայկական խորհուրդը պիտի կրէ խորհրդատուական բնոյթ, պիտի ունենայ տարածաշրջանային եւ թեմատիկ յանձնախումբեր, եւ տարեկան նիստերը պիտի գումարէ Երեւանի մէջ.
– - Խորհուրդը պէտք է իր մշտական օրակարգին մէջ ընդգրկէ հետեւեալ հարցերը. ա. աշխարհի հայերու վիճակին մասին համապարփակ ամէնամեայ զեկոյցի քննարկումը, բ. Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ անոր հետեւանքներու վերացման առնչուող խնդիրներու քննարկումը, եւ գ. համահայկական բնոյթի ձեռնարկներու համադրումը.
– - Խորհուրդը պէտք է իր անդրանիկ նիստը գումարէ Երեւանի մէջ, 2016ի Սեպտեմբեր 20ին.
– - Կազմակերպչական յանձնախումբը պէտք է մշակէ եւ մինչեւ 2016 թուականի Ապրիլ 15 յանձնաժողովի անդամներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն առաքէ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման, հիմնադիր կազմի եւ կառոյցին մասին որոշման նախագիծը, պետական յանձնաժողովի անդամներուն մասնակցութեամբ կազմակերպէ խորհրդատուութիւններ Խորհուրդի հայեցակարգի, կառոյցի եւ գործունէութեան կարգին շուրջ, նախապատրաստէ խորհուրդի առաջին նիստը եւ մինչեւ 2016ի Յուլիս 15 իրազեկէ յանձնաժողովի անդամներուն առաջին նիստին իրականացման վայրի եւ ժամանակացոյցի մասին:
– 
Սփիւռքի նախարարը՝ ՀՀ արտաքին գործոց, մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու, պետական մարմիններու հետ փոխգործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ պետական յանձնաժողովի կազմին մէջ ներգրաւուած Սփիւռքի կառոյցներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ խորհրդատուութիւններ կազմակերպելու միջոցով պէտք է նախապատրաստէ «Հայերու վիճակը աշխարհի մէջ» առաջին զեկոյցը. մինչեւ 2016ի Մայիս 1 զեկոյցի նախագիծը ներկայացնէ պետական յանձնաժողովի անդամներուն եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներուն՝ վերջիններուս առաջարկութիւնները ստանալու եւ մինչեւ 2016ի Սեպտեմբեր 20ին կայանալիք նիստը ամփոփելու նպատակով, ինչպէս նաեւ խորհրդատուութիւններ իրականացնել տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ՝ նախապատրաստելով առաջարկներ Համահայկական խորհուրդին հետ վերջիններուս փոխգործակցութեան ընթացակարգերուն վերաբերեալ:
 
Քննարկման ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան առաջարկեց, որ ի լրումն Համահայկական խորհուրդին, Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ ձեւաւորուին տարածաշրջանային յանձնախումբեր՝ 2016 թուականի Հայաստանի Հանրապետութեան 25րդ տարեդարձին, եւ 2018ի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 100ամեակի ձեռնարկներուն կազմակերպման աջակցելու նպատակով:
 
Իմ խօսքիս մէջ հարցուցի, թէ ինչո՛ւ Համահայկական խորհուրդին մէջ չեն ընդգրկուած հանրութեան ներկայացուցիչներ, որպէսզի հայկական կազմակերպութիւններու անդամ չհանդիսացող հայերու մեծամասնութիւնը ներկայացուած ըլլայ խորհուրդին մէջ: ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան պատասխանեց, որ իր աշխատակազմը նման գաղափար մը ուսումնասիրած է, սակայն հրաժարած է անկէ, հաշուի առնելով Հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներու ընտրութեան բարդութիւնը: Ես նշեցի, որ գոյութիւն ունին մեքանիզմներ հայ համայնքներէն ներկայացուցիչներ ընտրելու համար: Նախագահը խնդրեց, որ Կազմակերպչական խորհուրդը նկատի կ՛ունենայ նման առաջարկները: Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան եւ նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեան եւս արտահատուեցան Համահայկական խորհուրդին մէջ հանրութեան ներկայացուցիչներու հնարաւոր ընդգրկման մասին:
 
Ինչպէս բացատրած եմ իմ նախորդ յօդուածներուս մէջ՝ Համահայկական խորհուրդը կը վերացնէ իւրաքանչիւր հայկական ճգնաժամի կամ խնդիրի առիթով առանձին յանձնաժողովներ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Իմ կարծիքով, նախընտրելի է, որ Խորհուրդի սփիւռքեան անդամները ընտրուին հայկական համայնքներու մէջ իրականացուող ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով. այս մէկը շատ բարդ գործընթաց է, սակայն դրուատիքի արժանի՝ յաջող իրագործման պարագային։
 
Եւ վերջաւութեան, Սեպտեմբեր 2ի նիստին քննարկում չեղաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան դերին մասին Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորումէն ետք: Կազմակերպչական խորհուրդը այս կարեւոր հարցը պէտք է դիտարկէ իր յառաջիկայ քննարկումներուն ընթացքին:
 
 
ՀԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 
 
 
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «Եռագոյն»-ը
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն