10-10-2015 13:43:35 | Հայաստան | Մամլո հաղորդագրություն
Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Համահայկական 71րդ Պատգամաւորական Ժողովը, որ ընթացք առած էր Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2015ին, Երեւանի մէջ, իր աւարտին հասաւ Շաբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2015ին։ Վեց օրերու ընթացքին, 22 երկիրներէ ժամանած պատգամաւորները քննելէ ետք անցնող քառամեակին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ընդհանուր գործունէութիւնը, գնահատեց Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութիւնը եւ յառաջիկայ քառամեակին համար յատուկ ծրագիրներ որդեգրեց։ Կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ բարեսիրական ծրագիրներուն կողքին ժողովը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի տագնապալի իրավիճակին, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի հայրենակիցներուն զօրակցութեան, ՀՕՄի Սօսէ¦ Ստեփանակերտի Մանկապարտէզի շինարարութեան, հայ զինուորի օժանդակութեան, սահմանամերձ գիւղերու հարցերը, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի վարժարաններու դիմագրաւած տնտեսական տագնապին, ինչպէս նաեւ բոլոր հայ գաղութներու անմիջական կարիքներուն, եւ որդեգրեց համապատասխան բանաձեւումներ եւ ծրագիրներ։
Պատգամաւորական Ժողովի աւարտին, 2015-2019 շրջանի Կեդրոնական Վարչութեան կազմի ընտրութիւնը։ Վարչութիւնը ընտրեց իր դիւանը հետեւեալ ձեւով.-