13 Հոկտեմբերը Տօնակատարութեա՞ն Թէ Սուգի Օր


13 Հոկտեմբերը Տօնակատարութեա՞ն Թէ Սուգի Օր

  • 12-10-2015 11:17:48   | Թուրքիա  |  Վերլուծություն

Երէկ խումբ մը լիբանանցիներ ընդառաջելով Ազգային ազատ հոսանքի կոչին, հաւաքուեցան Լիբանանի նախագահական պալատ առաջնորդող Պաապտայի ճամբուն վրայ՝ տօնակատարելու 13 Հոկտեմբերը, որպէս իր ձեւին մէջ յաղթանակի օր, մինչ խորքին մէջ ունենալով մէկ եւ միակ խորհրդանշական նպատակ՝ իրենց «նահապետական» առաջնորդը հասցնելու իր հին ու նոր մոլեգին մտասեւեռումին՝ Պաապտայի նախագահական աթոռին:
 
Այնտեղ հաւաքուողները երեւի մոռցած են, թէ 13 Հոկտեմբեր 1990ը ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ ամօթալի պարտութեան սեւ օր մը Լիբանանի համար, որուն ընթացքին զոհ գացին քաջարի բանակայիններ ու անմեղ քաղաքացիներ: Սեւ օր մը, որուն ընթացքին 1975էն ի վեր զոհողութեանց մեծ գինով պահպանուած՝ Լիբանանի աշխարհագրական ազատ մէկ շրջանը բռնագրաւուեցաւ օտար բանակի մը կողմէ: Վիրաւորուեցաւ լիբանանցիին արժանապատուութիւնը, երբ իր ազգային խորհրդանիշը հանդիսացող Պաապտայի նախագահական պալատը ռմբակոծուեցաւ՝ օտար բանակի մը ռազմական օդանաւերով ու ինկաւ անոր լուծին տակ: Սեւ օր մը Լիբանանի համար, երբ անոր բանակի հրամանատարը, որ դարձած էր այդ օրերուն փոխանցման զինուորական կառավարութեան վարչապետը՝ փախաւ պալատէն ապաստանելով Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատուն: Ան Լիբանանեան բանակին Սուրիոյ դէմ անհաւասար պատերազմի մը մէջ դնելէ ու ներ-քրիստոնէական եղբայրասպան պատերազմի մը մղելէ ու այսպէս իր բանակին անիմաստ ճակատամարտեր մղել տալով՝ ճակատին վրայ լքեց անոր քաջարի սպաներն ու անձնազոհ զինուորները, որոնք հալածուեցան ու անոնցմէ շատերը զոհուեցան իրենց բանակային դիրքերուն, նախագահական պալատին եւ լիբանանցիին պատիւին պաշտպանութեան համար: Այսօր հակառակ վերոյիշեալ դժբախտ իրականութեան տակաւին կան անձիք, որոնք յաճախ բարեմտաբար, իսկ երբեմն ալ ելլելով անձնական շահերէ, գրաւ դրած են Ազգային ազատ հոսանքի «նահապետական» առաջնորդին վրայ, որուն անուան, մտածելաձեւին ու վարած հակասական քաղաքականութեան շուրջ շատոնց խոր հարցականներ կան: Անոր գործած սխալներով է, որ ատենին ստեղծուած անբարենպաստ պայմանները այս սեւ օրը բերին Լիբանանին եւ մասնաւորաբար անոր Բանակին ու Լիբանանի քրիստոնեաներուն, որոնց «փրկիչը» այսօր ան կը հաւակնի ըլլալ: Իր միեւնոյն սխալ քաղաքականութիւնն ու մոլեգին մտասեւեռումներն են, որ այսօր հանգուցաւորած են Լիբանանի քաղաքական բեմը, ներառեալ լիբանանի ընկերատնտեսական վիճակը, որոնց շատ մը մանրամասնութեանց պատասխանատուն է ան եւ իր գործակիցները:
Երէկուան հաւաքին խնդիրը սակայն վստահաբար ինքը չէ, այլ իր համակիրներն ու կուսակիցներն են, որոնք երեւի կարճ յիշողութեան մը որպէս արդիւնք՝ մոռցած են իրենց առաջնորդին անցեալի մահացու սխալները ու չտեսնելու կու տան նաեւ ներկայիները:
 
Մեզի կը մնայ այսօր ողջունել Լիբանանի քաջարի բանակի իւրաքանչիւր անդամը ու ոգեկոչել 25 տարի առաջ այդ օրը ինկած իւրաքանչիւր զոհի յիշատակը՝ մաղթելով, որ ուրիշներ իրենց կարգին ուշքի քան՝ դասեր քաղելու մօտիկ անցեալէն ու զոհը չըլլալու անձի մը եսակեդրոն ու հիւանդագին ծրագիրներուն, որոնցմէ այնքան տուժած է մեր հայրենիքը՝ Լիբանանը:
 
 
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն