Փրկութիւն Թ՞է... Սպիտակ Ջարդ


Փրկութիւն Թ՞է... Սպիտակ Ջարդ

  • 14-12-2015 12:10:46   | Լիբանան  |  Վերլուծություն

 
Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան կը գրէ.
 
Աշխարհատարած լրատուական միջոցներ ինչպէս նաեւ «Արմէնփրես» քանի մը օր առաջ հաղորդեցին, որ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոն Թորոնթոյի օդակայանին մէջ անձամբ դիմաւորած է Սուրիայէն ժամանող փախստականները, որոնց մէջ եւ սուրիահայերը: 
Գանատայի առաջին կառավարական օդանաւը Թորոնթօ բերած է 163 փախստականներ:
Ըստ հաղորդուածին, Վարչապետը առաջինը ողջունած է սուրիահայ Գէորգ Ժամկոչեանը, անոր կինն ու 16 ամսական դուստրը` ըսելով. «Բարի գալուստ ձեր նոր տունը»: Ժամկոչեանը Թրուտոյին ըսած է. «Մենք իսկապէս շնորհակալ ենք այս ջերմ հիւրընկալութեան եւ ողջոյնին համար: Մենք մեզի կը զգանք ինչպէս մեր տունը: Մենք շատ տառապած ենք: Կարծէք  դժոխքէն դրախտ եկած ըլլանք»:
Ինչպէս հաղորդեց «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը, Սուրիայէն ժամանած ընտանիքներուն բաժնուած են ձմեռային հագուստներ եւ խաղալիք արջուկներ: Գանատա ապաստանող գաղթականներու յաջորդ օդանաւը Գանատա ժամանեց Դեկտեմբեր 12ին:
Դարձեալ ըստ հաղորդուածին, Գանատայի կառավարութիւնը մեծապէս մտահոգուած է՝ սուրիացի փախստականներուն իր յարկին տակ ընդունելու գաղափարով: Պետութիւնը մտադիր է մինչեւ 2016ի Փետրուարի վերջը ընդունիլ 25 հազար սուրիացի փախստականներ...:
Ի տես վերոյիշեալ այս լուրին մեզի կը մնայ հարց տալ, թէ ո՞ւր է Հայրենի պետութիւնը: Հասկնալի է, որ ան նիւթական նոյն կարողութիւնները չունի ինչպէս Գանատան: Լաւ ո՞ւր են սփիւռքահայ հայկական միութիւնները, մեծահոգի անհատները, նուիրատուները... զօրավիգ կանգնելու Հայրենի պետութեան նմանօրինակ վերահաստատման ծրագիր մը կազմակերպելու...։ Չկամութի՞ւն, անփութութի՞ւն, անկազմակերպուածութի՞ւն... թէ վստահութեան պակաս:
Վերոյիշեալ լուրին մէջ ինչպէս ըսուած է, հազիւ իր ոտքերը Գանատայի հողին վրայ դրած՝ «կարծէք դժոխքէն դրախտ եկած ըլլանք», ըսած է սուրիահայ Գէորգ Ժամկոչեանը: Չէ՞ որ մենք մեր մանկութենէն արտասանած ենք «Հայաստան երկիր դրախտավայր»...: Հայաստանի պետութիւնն ու Հայրենի ժողովուրդի ժխտական տարրերը դեր մը չունի՞ն՝ սփիւռքահայուն միտքին մէջ Հայաստանը «դրախտավայր»  սեպելու պատկերացումը աղաւաղած ըլլալու...: 
Չբնորոշուելու համար որպէս ցեղամոլ կամ ազգայնապաշտ, կ՛արժէ այստեղ հարց տալ նաեւ, թէ ո՞ւր են նաւթով հարուստ արաբական երկիրները՝ իրենց սուրիացի արաբ եղբայրակից գաղթականները արժանապատուութեամբ հիւրնկալելու աշխատանքին մէջ...: Այս հարցին արծարծումը վստահելով արաբատառ մեր պաշտօնակից մամուլին՝ մեզի կը մնայ մտահոգուիլ մեր ժողովուրդին զաւակներով...:
Դէպի Գանատա, Աւստրալիա կամ ընդհանրապէս արեւմուտք գաղթը անշուշտ եւ անվարան անձնական մակարդակով փրկութիւն մըն է՝ չորս տարիներէ ի վեր արիւնաքամ եղած հայագաղութի մը զաւակներուն համար: Սակայն ինչ կը վերաբերի հաւաքականին՝ հայապահպանման, եղածը սպիտակ ջարդ չէ՞...: Գաղթող Հայ ընտանիքները, որոնք նոր արիւն եւ երիտասարդ մարդուժ պիտի ներմուծեն գանատական «ծերացող» հաւաքականութեան մէջ, քանի մը սերունդ ետք՝ ժամանակի եւ ընկերատնտեսաքաղաքական համարկումի բնական պայմաններով, անոնցմէ քանի՞ն ինքզինք որպէս Հայ պիտի բնորոշէ:
Հարցումներ՝ որոնք որքա՜ն երկար են, այնքան ցաւալի, ո՞վ պիտի պատասխանէ անոնց:
 
ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
 
 
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն