Արցախի անկախութիւնը. տօնե՞լ, թէ՝ չտօնել


Արցախի անկախութիւնը. տօնե՞լ, թէ՝ չտօնել

  • 02-09-2016 12:44:30   | Ֆրանսիա  |  Քաղաքական

 
Սեպտեմբեր 2-ը՝ Լեռնային Ղարաբաղի 25-ամեայ անկախութեան օրը, հայութիւնը կը դիմաւորէ նեղսրտութեամբ։ Տօնախմբութիւններ ծրագրուած են, առերեւոյթ հանդիսութիւններ, որոնք որեւէ լուրջ Հայու սիրտը չեն ջերմացներ։ Բեմերէն նոյն յանկերգները պիտի լսուին, նոյն ինքնագովաբանական լեզուական դարձուածքները կրկնուին, որոնք ցաւալի իրականութիւնները ծածկելու կը ծառայեն միայն։ Ճշմարտութենէն խուսափելու։
 
Վիճակը ծայր աստիճան մթագին է։ Միջազգային հասարակութեան կողմէ հանրապետութեան ճանաչումին համար 25 տարիէ ի վեր մղուած պայքարը այսօր աւելի քան երբեք վտանգուած է։ Միջազգային ուժերը կը պահաջեն հինգ շրջաններու վերադարձը՝ Արցախի անստոյգ, միջանկեալ կարգավիճակի մը շնորհման դիմաց։ Ան կը մնայ ամէնօրեայ յարձակումի ենթակայ, պատերազմի վերսկսման վտանգի սպառնալիքի տակ։
 
Արցախը եղաւ համայն հայութեան համար յաղթանակի խորհրդանիշ, պարծանքի առարկայ, միաժամանակ ան դարձաւ 25 տարուան քաղաքական ու դիւանագիտական ձախողութեան խորհրդանիշ։ Դարձաւ մենաշնորհներու, սակաւապետութեան, կաշառակերութեան, հանրային գոյքերու իւրացումի, խաբկանքի, կեղծուած ընտրութիւններու, իշխանութեան կառչած մնալու, պետական դաւադրութիւններու դրդապատճառ։ 25 տարիներ, որոնք մաշեցուցին, սեւցուցին յաղթանակին փառքը, ոգեւորութիւնը։
 
Քոյր երկու հանրապետութիւններ, թէեւ պաշտօնապէս զիրար չճանչցող. երկուքին գոյատեւումը զիրար պաշտպանելով պայմանաւորուած է։ Ճակատագրականօրէն իրարու կապուած են։ Փոխադարձաբար՝ որեւէ մէկուն յաջողութիւնը միւսին ուժ է եւ զօրութիւն։ Իսկ ձախողութիւնը՝ միւսին կորուստը։
 
Միջազգային քաղաքականութիւնը ունի իր օրինաչափութիւնը, խաղի օրէնքները, կարելի չէ միջպետական շուկային առաւելութիւններէն, նպաստներէն, վարկերէն անպարտ կերպով օգտուիլ, չարաշահիլ, առանց վճարելու ինքնուրոյն պետութիւն ըլլալու արժանիքի կորուստով։ 
 
Կարելի չէ միջազգային համայքին պահանջներ ներկայացնել առանց պարտաւորութիւնները լրացնելու՝ ինչպիսին են ժողովրդավարական օրէնքներու գործադրութիւնը, արդարութեան պաշտապանութիւնը, տնտեսական շահերու հաւասարութեան ապահովումը …
 
Արցախ զրկուած է միջպետական առաւելութիւններու իրաւունքէն։ Իսկ Հայաստան 25 տարի է կը մսխէ իրեն տրուած բոլոր առաւելութիւնները։ Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բոլոր պետական կառոյցները պարտքի դիմաց յանձնած է օտար պետութիւններուն։ Հայաստանի հանդէպ կը վերաբերին ենթակայութեան, վասալութեան օրէնքներու հիման վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին խօսքը միջազգային շուկայի վրայ զուրկ է որեւէ կշիռէ։ Ոչ ոք կարեւորութիւն կու տայ անոր։ Որոշումներ կը պարտադրուին իրեն, հակառակ իր կամքին ու ազգային շահերուն։
 
Նոյնիսկ տնտեսական ճգնաժամային դժուարագոյն պայմաններուն մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիները ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմին ցոյց տուին Արցախին հանդէպ իրենց տածած սէրը։ «Սասնայ ծռեր» գործողութիւնը նոյնպէս։ Սակայն ժողովրդական այս երկու դրսեւորումները մնացին զգացական արտայայտութիւններ, տառապեցան ռազմավարական, հեռանկարի պակասէ։ Քաղաքական ծրագրի բացակայութենէ։ Ժողովուրդը կը զգայ իրականութիւնները, առանց զայն փոխելու կարելիութեան։
 
Ի տես այս իրավիճակին տօնե՞լ, թէ՝ չտօնել անկախութեան օրը։ Բնականաբար տօնե՛լ, ճշմարտութիւնը ըսելու պարտադրանքով։ Իրականութիւնները չթաքցնելու պայմանով։ 
 
Ժ.Չ
«Նոր Յառաջ»
Նոյյան տապան  -   Քաղաքական