ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ. Ամէն Բանէ Աւելի` Ինչի՞ Պէտք Ունի Մեր Երկիրը Այսօր


ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ. Ամէն Բանէ Աւելի` Ինչի՞ Պէտք Ունի Մեր Երկիրը Այսօր

  • 30-04-2017 11:25:52   | Լիբանան  |  Վերլուծություն

Յօդուածագիրին մտածումներուն տեղ կու տանք` յարգելով տեսակէտի ազատութիւնը, առանց բաժնելու այնտեղ տեղ գտած հիմնական մտածումները: Կ՛ուզենք աւելցնել, որ երկրին մէջ կառավարական համակարգը փոխուած է հիմնովին: Փոփոխութիւնները կ՛իրականացուին փուլ առ փուլ, երկարատեւ աշխատանքներէ եւ սկզբունքային կեցուածքներէ մեկնած հետեւողական դիրքորոշումներէ. իսկ այս առումով գործադիր իշխանութեան մասնակցութիւնը հիմնականին մէջ կը նպատակադրէ այդ առաջադրանքներու իրացման միջոցներու որդեգրումը: Գործադիր իշխանութեան մասնակցութիւնը այս առումով կ՛ընկալուի եւ որեւէ կերպ չ՛առնչուիր հարստապետական կարգերու հետ համագործակցութեան թիւրըմբռնումին հետ:
 
«Ազդակ»
 
«Ա.»
 
Հայրենի մամուլին մէջ վերջերս աւելի եւ աւելի յաճախակիօրէն կը հանդիպինք «լյումպենացում» բառին: «Լյումպենացում»-ին հայերէնը «ցնցոտիացում»-ն է: Այսինքն, ժողովուրդի մը կամ ժողովուրդի հատուածի մը ծայրայեղ աղքատացում, աշխատաւորութեան` ցնցոտիներ հագուող չափազանց աղքատ խաւի վերածում:
 
Սփիւռքը եօթանասուն տարի երազեց Հայաստանի ազատագրում եւ անկախացում: Հայաստանը անկախացաւ եւ այդ թուականէն քսանհինգ տարիներ ետք, այսօր, մեր հայրենի ժողովուրդէն լայն խաւ մը ցնցոտիացած է:
 
Առաջին (միջանկեալ) հարցում. ինչո՞ւ սփիւռքը բուռն կերպով չի բողոքեր այս վիճակին դէմ: Սփիւռքի մամուլը,  մտաւորականութիւնը, կազմակերպութիւնները ընդհանրապէս ոչ ըմբոստ եւ ոչ պահանջկոտ կեցուածք ունին հայրենի ժողովուրդին ցնցոտիացման իրողութեան գծով (բացառութիւնները` յարգելի): Կարելի չէ այս ընթացքը բացատրել` ըսելով, թէ երկրին ապահովութիւնը նախապատուութիւն ունեցող, աւելի կարեւոր եւ լուրջ հարց է (այսինքն` պէտք է ընդունիլ ժողովուրդին ցնցոտիացումը, որովհետեւ գոյութիւն ունի Արցախի տագնապը, եւ երկիրը վտանգի դիմաց է): Հարցադրող մարդը շուտով կ՛անդրադառնայ, որ կարելի է երկիրը ապահով վիճակի մէջ պահել առանց զոհելու ժողովուրդին օրուան հացը: Հարցադրող մարդը կ՛անդրադառնայ նաեւ, որ ժողովուրդը ցնցոտիացնելու ռազմավարութիւնը երկրին ապահովութիւնը չ՛աւելցներ, այլ կը  պակսեցնէ՛:
 
Իրաւամբ, երկրի ղեկավարութեան կողմէ որդեգրուած ցնցոտիացնող ռազմավարութեան արդիւնքներէն են հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած վատառողջ տնտեսութիւնը, վտանգաւոր աստիճանի հասած արտագաղթը, բնակչութեան թիւի անկումը, մարդուժի նօսրացումը, ժողովուրդին ապրած հոգեկան փլուզումը, տնտեսական ներուժի անկումը եւ պետական միջոցներու խեղճացումը: Բոլոր այս զարգացումները մեծապէս կը տկարացնեն երկիրը եւ երկրին ինքնապաշտպանութեան կարողութիւնը. հետեւաբար`լրջօրէն կը վտանգեն անոր ապահովութիւնը: Ուրեմն, ուժեղ կեցուածք չորդեգրող սփիւռքի յանցանքը կրկնակի է եւ մեծ: Յանցանքը կրկնակի է եւ մեծ, որովհետեւ մեր այս կեցուածքով ներող կ՛ըլլանք թէ՛ ընկերային արդարութեան ոտնակոխումի ահաւոր երեւոյթներուն, թէ՛ երկրին ապահովութեան լուրջ վտանգումին դիմաց:
 
Այժմ` ցնցոտիացումի երեւոյթին պատճառներուն մասին:
 
Պատճառները մեր հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլին մէջ ներկայացուած են: Ցնցոտիացած է ժողովուրդի լայն խաւ մը, որովհետեւ կազմուած է անօրէն ձեւերով գործող մեծահարուստներու խումբ մը, որ կողոպտած է եւ կը շարունակէ կողոպտել երկրին բոլոր հարստութիւնները եւ աշխատաւոր ժողովուրդին ձգած է`գրեթէ ոչինչ:
 
Սակայն ինչպէ՞ս է, որ իրենց ծրագիրներուն մէջ յաջողութեան կը հասնին այս մարդիկը: Այս հարցումին պատասխանը նոյնպէս կարելի է գտնել մամուլին մէջ եւ ընդունուած է բոլորին կողմէ: Ընդունուած բացատրութիւնը այն է, թէ սերտաճում կայ քաղաքական իշխանութեան եւ տնտեսական ուժերուն միջեւ: Այս սերտաճումը կ՛արտօնէ իշխանաւորներուն` իշխանութիւնը պահել, իսկ մեծահարուստներու խմբակին` շահագործումը եւ կողոպուտը շարունակել:
 
Այստեղ սակայն նոր հարցումներ իրենք զիրենք կը պարտադրեն:
 
Ա) Ի՞նչ են այս սերտաճումին եւ գործակցութեան իրական պայմանները, ո՞ր ուժն է գերիշխողը
 
Մտածումի առաջին փորձով մը կարելի է ենթադրել, թէ քաղաքական իշխանութիւն ունեցողն է, որ կը ղեկավարէ, կամ հաւասար ուժ ունեցող երկու խումբեր (մէկը` քաղաքական, միւսը` տնտեսական) ձեռք-ձեռքի կու տան` հաւասար դերակատարութեամբ: Այդպէս չէ սակայն, որովհետեւ քաղաքական-տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ միշտ աւելի ուժեղն է, որ թելադրելու կարողութիւն ունի, իսկ նուազ ուժեղը ընդհանրապէս կ՛ենթարկուի ուժեղին փափաքներուն (ժամանակաւոր ըմբոստութիւնները կարելի են, բայց անոնք անցողակի բացառութիւններ են): Իսկ ո՞վ է ուժեղը: Անվիճելի է, որ դրամատիրական աշխարհին մէջ տնտեսական ուժ ունեցո՛ղն է ուժեղը: Կը հետեւի, որ մեր երկրի քաղաքական ղեկավարները կը ղեկավարուին երկիրը կողոպտող մեծահարուստներու խմբակին կողմէ:
 
Վերոյիշեալ ղեկավարումը տեսականօրէն կրնայ ըլլալ անուղղակի կամ ուղղակի: Անուղղակի է, երբ քաղաքական ղեկին տիրապետողները չեն պատկանիր շահագոծող խմբակին, բայց կ՛ենթարկուին անոր ցուցմունքներուն: Ուղղակի է, երբ առաջինները իրենք եւս կը պատկանին շահագործողներու խմբակին: Այս վերջին տեսակին կը համապատասխանէ մեր երկրին պարագան. կողոպտող խմբակը ի՛նք  ուղղակիօրէն կ՛իշխէ: Իշխող-կողոպտող  խմբակը քսանհինգ տարի է, որ կը վտանգէ եւ կը քանդէ երկիրը ու կը ցնցոտիացնէ ժողովուրդը:
 
Անկախացումէն ասդին, ճիշդ է, երկրին ղեկավարութիւնը քանի մը անգամ փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ, բայց այդ փոփոխութիւնները սակաւապետերու խմբակի ներքին պայքարներուն կը համապատասխանէին եւ ոչ` տիրող համակարգի իրական հոլովոյթի մը:
 
Բ) Ի՞նչ վտանգ կը սպառնայ երկրին
 
2 ապրիլ 2017-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները ցոյց տուին, թէ այս իշխող-կողոպտող խմբակը կրնայ ստիպել երկրին մարդուժն  ու ժողովուրդը, որ ենթարկուին իր բոլոր  յանցաւոր քմայքներուն եւ կրնայ զանոնք ուղղորդել դէպի անկումային ամէնէն անյոյս ընթացքները: Ինչո՞ւ այդպէս է:
 
Այստեղ, նախ, մէջբերում մը` այս տողերը գրողին կողմէ հինգ տարիներ առաջ գրուած մէկ յօդուածէն. «Հայաստանի մեր ժողովուրդը, ապրած ըլլալով խորհրդային վարչակարգի փորձառութիւնը, ճնշուած եւ տառապած ըլլալով գաղափարաբանութեան մը անունով անմարդկային ոճիրներ գործած այդ վարչակարգի ձեռքին տակ, դարձած է շատ գործնապաշտ եւ գաղափարական շարժումներու նկատմամբ ծայրայեղօրէն թերահաւատ: Նոյն այդ փորձառութիւնը ըրած է այնպէս, որ հայ անհատին մօտ զարգանայ վերապրումի ուժգնօրէն անհատապաշտ ոճ:» (Տես «Հայաստանի գործադիր բարձրագոյն իշխանութեան մաս կազմելու եւ Հայաստանի մէջ իշխանութեան ձգտելու հարցերը» յօդուածը, «Ազդակ», 24-11-2012):
 
Ահաւասիկ, այս վիճակը կ՛ընէր այնպէս, որ հայ քուէարկողը հաւատք չընծայէր կուսակցութիւններուն եւ անոնց գաղափարախօսութիւններուն, հաւատք չ՛ընծայեր անոնց ընկերային-քաղաքական ծրագիրներուն ու խոստումներուն, անձնական ու ընտանեկան կարճաժամկէտ շահին տար նախապատուութիւն եւ, կա՛մ ընտրակաշառքի դիմաց, կա՛մ վարչական հրահանգներու ենթարկուելով, իր քուէն տար իշխող-կողոպտող խմբակին:
 
Իսկ այսօր արձանագրելի նորութիւնը այն է, որ կացութիւնը աւելի վատացած է: Անկախացած Հայաստանի քսանհինգ տարիներու փորձին ընթացքին այս գործնապաշտութեան, գաղափարական շարժումներու նկատմամբ թերահաւատութեան եւ անհատապաշտութեան վրայ եկած են գումարուելու ժողովուրդի ցնցոտիացումի՛ն արդիւնքները: Առանց ընկերային գիտութիւններու մասնագէտ ըլլալու, կարելի է տեսնել պատմութեան ընթացքին բազմիցս փաստուած այն իրողութիւնը, որ ծայրայեղ աղքատութիւնը կ՛առաջնորդէ հոգեկան փլուզումի, կ՛առաջնորդէ ժողովուրդի հաւաքական անհատականութեան խամրումին եւ համատարած հասարակական վարմունքի մը, որ ամբողջովին ապագաղափարական է, ապաքաղաքական եւ շահամոլական:
 
Ահա այսպէս է, որ Հայաստանի իշխող-կողոպտող խմբակը, շնորհիւ իր շահերու գիտակցութեան եւ քսանհինգ տարիներու անդուլ աշխատանքին, այսօր ունի միջոցը` ժողովուրդին իր բոլոր յանցաւոր քմայքները պարտադրելու նոյնիսկ առանց ընտրական կեղծումի: Ժողովուրդը վերածուած է յուսահատած, խեղճացած, անգիտակից եւ անկամ մասսայի: Նման մասսա ատակ չէ ազդելու երկրին ընթացքին վրայ, կ՛ընդունի ինքնակործանումը եւ կրնայ որդեգրել անկումային ամէնէն անյոյս ընթացքները, ինչպէս քիչ վերը կը նշուէր:
 
Վերջապէս, արդեօք ապրիլ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին մեր զինուորներուն քաջարի ընթացքը այստեղ ըսուածին կը հակադրուի՞: Չի հակադրուիր, որովհետեւ հասարակական-քաղաքական կեանքի մէջ, այն ինչ կը կատարուի ճգնաժամերու՛ ընթացքին կրնայ շատ տարբեր ըլլալ բնականոն կեանքի ընթացքին կատարուածէն: Ապրիլ 2016-ի բախումներուն ընթացքին ստեղծուեցան ճգնաժամային պահեր եւ հայ զինուորը փրկեց երկիրը: Այդ երեւոյթն ու բնականոն պայմաններու մէջ ընտրական քուէ տալը իրարմէ տարբեր բաներ են եւ  ընտրութիւններու առիթով, պարզ վարչական հրահանգը կը բաւէ, որ նոյն այդ զինուորները քուէարկեն ըստ պահանջուածին:
 
Գ) Ամէն բանէ աւելի` ինչի՞ պէտք ունի մեր երկիրը այսօր
 
Հասարակական-քաղաքական օրէնքները եւ տրամաբանութիւնը կ՛ըսեն, որ իշխող այս մեքենան երբեք ինքնաբերաբար պիտի չկազմալուծուի, որ իշխող այս մեքենան պիտի շարունակէ իր յանցաւոր գործը` այնքան ատեն որ ժողովուրդը իր քուէի ուժով զինք վար չ՛առներ:
 
Երկիրը ուրեմն պէտք ունի ցնցոտիացումի ժխտական ազդեցութենէն ազատած, հաւաքական գործին հանդէպ աւելի մեծ հաւատք ունեցող, աւելի քաղաքականացած եւ գաղափարական արժէքներուն ու շարժումներուն աւելի մեծ արժէք տուող, գիտակի՛ց հասարակութեան մը:
 
Նաեւ յստակ է, որ երկիրը չի կրնար իր ներկայ ահաւոր  կացութեան մէջ երկար ատեն անվտանգ մնալ ու դիմանալ: Արտաքին քաղաքական-զինուորական ճնշումները շատ են, եւ խելացութիւն չէ յուսալը, թէ պիտի պակսին: Տնտեսական տագնապը շատ լուրջ է, եւ խելացութիւն չէ յուսալը, որ ինքնաբերաբար պիտի չքանայ: Երկիրը պէտք ունի, ուրեմն, որ հասարակութեան հոգեմտաւոր յեղաշրջումը չուշանայ:
 
Մեր երկիրը պէտք չունի կեղծ ընդդիմութեան:  Պէտք չունի իշխանական աթոռներու տիրանալ ուզողներու պայքարին: Պէտք չունի նոր սակաւապետերու, որոնք կ՛ուզեն ներկայ տիրողներուն տեղերը առնել կամ միանալ կողոպտող խմբակին: Պէտք չունի անիրականանալի խոստումներու:
 
Պատմութեան բազմաթիւ օրինակները կը սորվեցնեն, թէ հասարակական-քաղաքական նոր կացութիւն ստեղծելու համար առաջնահերթ պայման է հաստատուած վատ վիճակին մերժումը:  Նորը կը ծնի հինի եւ ներկայի մերժումէն: Իսկ վատ վիճակին մերժումը կ՛առաջնորդէ այդ վիճակը ստեղծողներուն եւ պահպանողներուն դէմ քաղաքական պայքարի: Մեր երկրին պարագային անհրաժեշտ է այդ պայքարը, որովհետեւ պէտք է օգնել ժողովուրդին, որ տեսնէ, թէ այս իշխող-կողոպտող խմբակը ընտրութիւններուն առիթներով զինք իր չնչին նուէրներով կը խաբէ, բայց քանի մը ամիս կամ քանի մը տարի ետք անհամեմատ աւելին  ե՛տ կը խլէ իրմէ: Այսինքն օգնել, որ տեսնէ իր երկարաժամկէտ շահերուն վտանգուիլը: Օգնել նաեւ, որ տեսնէ, թէ այս խմբակին գործունէութիւնը երկրին համար չարիք է:
 
Իշխող-կողոպտող խմբակին դէմ պայքարի անհամբեր եւ կարճաժամկէտ ճամբան յեղափոխական ըմբոստացման ճամբան է: Հայաստանի ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ ժողովուրդը վերը ներկայացուած հոգեմտաւոր ոչ յուսատու վիճակին մէջ է եւ երկիրը կը դիմագրաւէ  ապահովական հարցեր,  նման փորձ դատապարտուած է ձախողութեան եւ անիմաստ ու վտանգաւոր արկածախնդրութիւն է:
 
Պայքարի երկարաժամկէտ ճամբան` մեղմ հակադրութեամբ,  ոչ ըմբոստ քարոզչութեամբ եւ ժողովուրդին համբերատար ու երկարաշունչ դաստիարակութեամբ զբաղելու բարեշրջական ուղին է: Այս ուղին եւս դատապարտուած է ձախողութեան, այն պարզ պատճառով, որ ժողովուրդը այս ձեւով գիտակցութեան բերելու փորձը կրնայ երբեք արդիւնք չտալ եւ, յամենայնդէպս, պիտի առնէ շատ երկար ժամանակ եւ շատ հեռու է երկրին դիմագրաւած լուրջ վտանգները կանխելու ապահովութիւնը ներշնչելէ:
 
Կը մնայ մէկ յուսալի`միջին ժամկէտով ուղի. բուռն, բայց խաղաղ, պատասխանատու եւ վաւերական ընդդիմութեան ուղին: Ընդդիմութիւն մը, որ`
 
ա) գաղափարական առողջ եւ ուժեղ սկզբունքներու վրայ հիմնուած է.
 
բ) բարոյական անվիճելիօրէն մաքրամաքուր դիմագիծ ունի.
 
գ) իր ղեկավարութենէն եւ պայքարողներու իր շարքերէն անկոտրում հաւատք, վճռականութիւն ու անանձնական նուիրում կը պահանջէ.
 
դ) արկածախնդրութենէ հեռու, կը գործէ պատասխանատու մօտեցումով եւ հաւասարակշռուած ու հեռահար ռազմավարութեամբ մը, որ կը յատկանշուի գործունէութեան հետեւեալ հիմնական ուղղութիւններով եւ միջոցներով.
 
Ա) Ուղղութիւններ
 
Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան եւ ապահովութեան ամրացում.
բուռն կերպով հակադրութիւն` իշխող-կողոպտող խմբակին.
ընկերային-տնտեսական արդարութեան ապահովման ուղղութեամբ պահանջատիրութիւն.
երկրի տնտեսութեան վերականգնումին ուղղութեամբ պահանջատիրութիւն.
ժողովուրդին եւ յատկապէս երիտասարդութեան գիտակցութեան մէջ յեղաշրջման յառաջացում` անոնց մօտ գաղափարականութիւնը, քաղաքականացումը եւ հաւաքական գործի հանդէպ հաւատքը արագօրէն աճեցնելու ուղղութեամբ:
Բ) Միջոցներ
 
Լաւագոյնս կազմակերպուած այժմէական եւ բծախնդիր քարոզչութիւն.
քաղաքական-ընկերային բուռն եւ ծաւալուն աքթիվիզմ` անզէն պայքարի բոլոր կարելի միջոցներու օգտագործումով (նախընտրաբար` օրինական, իսկ ի հարկին` օրինականէն անդին անցնող, բայց առանց երբեւիցէ երկրին հաւասարակշռութիւնը վտանգելու):
Այս չորս կէտերուն մէջ ամփոփուած յատկանիշներով վաւերական ընդդիմութիւն, ներկայիս, գոյութիւն չունի:
 
Ամէն բանէ աւելի` ահա նման դիմագիծով եւ նման ռազմավարական արեւելումով ընդդիմադիր շարժումի մը պէտք ունի մեր երկիրը, այսօր: Նման ընդդիմադիր շարժումով կարելի է արթնցնել թմբիրի մէջ մտած ժողովուրդը, յոյս եւ հաւատք ներշնջել անոր եւ ստեղծել Հայաստանին արդարութիւն եւ ապահովութիւն բերող անպարտելի հոսանք:
 
26 ապրիլ 2017
Պէյրութ
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն