Նոր հորիզոններու դիմաց. Արամ Ա. Կաթողիկոս


Նոր հորիզոններու դիմաց. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  • 21-02-2019 14:22:20   | Լիբանան  |  Նոր գրքեր

Շուրջ 600 էջերու վրայ տարածուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այս վերջին հատորը կը ներառէ վերջին ութ տարիներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի պատգամներէն, խօսքերէն ու հարցազրոյցներէն քաղուածքներ՝ հոգեւոր, բարոյական, ազգային, միջ-եկեղեցական ու պահանջատիրական խնդիրներ քննարկող։ Ստորեւ յիշեալ հատորի յառաջաբանէն բաժիններ։
 
Մարդու օրերը խոտի նման կը ծաղկին ու կը մեռնին, ինչպէս կը յիշեցնէ Սաղմոսերգուն (103.15), երբ անոնք չեն շաղախուած արժէքներով եւ չեն հունաւորուած հաւատքով ու տեսլականով։ Այսպէ´ս է նաեւ պատմութիւնը ազգերու։ 
 
Պատմութիւնը պէտք է կերտե´լ՝ մերժելով դառնալ գերին անոր պարտադրած գոյավիճակներուն։ Պատմութիւնը պէտք է կերտե´լ՝ կառչելով այնպիսի արժէքներու ու իտէալներու, որոնք կը կազմեն ազգի մը ինքնութիւնը ու կ’ամրացնեն անոր գոյութիւնը։ Պատմութիւնը պէտք է կերտե´լ՝ զարգացնելով ազգի մը ստեղծագործական ոգին եւ ամրապնդելով անոր ներքին միութիւնը։ Պատմութիւնը պէտք է կերտե´լ՝ ճի´շդ կարդալով ժամանակի նշանները (Ղկ 12.54-56) եւ քաջօրէն դիմագրաւելով մարտահրաւէրներն ու տագնապները։  
 
Այն ազգերը, որոնք պատմութիւնը կերտած են՝ ի խնդիր սրբազան արժէքներու յաւերժացման ու վեհ նպատակներու իրագործման, ի պահանջել հարկին «իմացեալ մահ»ով, գոյատեւած են պատմութեան փոթորիկներուն մէջ։ Այսպէ´ս եղած է մեր ազգին դարաւոր պատմութիւնը։ Հայ կեանքի երկնակամարին վրայ երեւցող նշանները ցոյց կու տան, թէ մեր ազգը կը գտնուի պատմութեան նոր խաչմերուկի մը դիմաց։ Ներկայ ժամանակները յղի են թէ´ նոր անորոշութիւններով եւ թէ նոր կարելիութիւններով, որոնք կը պահանջեն պատասխանատու վերաբերում ու խոհեմ մօտեցում։ Եթէ չկարենանք մեր ազգին պարզած ներկայ համայնապատկերը համապարփակ ու իրապաշտ մօտեցումով արժեւորել ու մեզ շրջապատող տագնապներու յաղթահարման առաջնորդող միջոցներու դիմել, մեր «փոքր ածուն» կրնայ ինքզինք գտնել աննախատեսելի իրավիճակներու մէջ։ 
 
Հայաստանի վերանկախացումէն շուրջ քառորդ դար յետոյ, հակառակ ներքին թէ արտաքին ճակատներուն վրայ կատարուած որոշ դրական զարգացումներուն, Արցախի հարցը, տնտեսութեան վատառողջ վիճակը եւ արտագաղթը, կը շարունակեն մնալ հայրենիքին ու ազգին մարմնին վրայ կոտտացող վէրքեր։ Անցեալի սխալները չկրկնելու եւ Հայաստանը դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդելու խոստումով ճամբայ ելած «թաւշեայ յեղափոխութեան» ստեղծած յուսալից մթնոլորտը, սպասելի է որ նպաստէ նշեալ տագնապներուն բարելաւման։ Միւս կողմէն, հաւասարակշռուած ու ճկուն քաղաքա-տնտեսական յարաբերութիւն Հայաստանի հիւսիսային հարեւանին եւ ընդհանրապէս արեւմուտքին հետ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազգ-պետութիւն ինքնութիւնը երաշխաւորող ազդակներու ու արժէքներու անվթար պահպանումը՝ առանց ինքնամեկուսացման վտանգին ենթարկելու հանրապետութիւնը, լուրջ մարտահրաւէրներ են։
 
Սփիւռքը մնայուն մաշումի մէջ է, հակառակ իր մղած բուռն գոյապայքարին։ Ներքին արտագաղթը դէպի սոսկ «հայկական ծագում»ով բնորոշուող ինքնութիւն, կը շարունակուի, ամէ´ն տեղ։ Մեր ինքնապաշտպանութեան զէնքերը սկսած են ժանգ կապել։ Մեր շրջապատէն մեզ զանազանող գիծերը սկսած են հետզհետէ անհետանալ։ Համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ ինքնակեդրոն ապրիլը՝ մեր հոգեւոր, մշակութային, կրթական եւ այլ կառոյցներով պաշտպանուած, դարձած է փաստօրէն անկարելի, ինչպէս նաեւ անճիշդ։ 
 
Արդեօք ներկայ պայմանները մեզ պէտք չէ՞ մղեն ինքնաճանաչման նոր չափանիշներ ու ինքնարտայայտութեան նոր կերպեր որոնելու՝ պահելով խորքը, միջուկը ու ոգին, եւ հայ մարդը բանալով նոր հորիզոններու։ Արդեօք Սփիւռքի ներուժը ջլատող ու գաղութները ինքնակղզիացում առաջնորդող ներ-գաղութային պայմանները մեր կառոյցները պէտք չէ՞ մղեն դուրս գալու կաղապարուած մտածողութենէն ու աւանդական գործելակերպերէն եւ իրենց դարպասները լայնօրէն բանալու նոր հորիզոններու։ Արդեօք Սփիւռքը մաշեցնող ներկայ պայմանները պէտք չէ՞ մղեն մեր երիտասարդութիւնը, որ աւիշը կը կազմէ մեր կեանքին, իր յառաջատեսիլ մտածողութեամբ ու բազմակողմանի մասնագիտութեամբ, մեր ազգը բանալու նոր հորիզոններու։ 
 
Նոր հորիզոններու բացուիլ կը նշանակէ բացուիլ ապագային՝ առանց մոռնալու անցեալը, բացուիլ նորին՝ առանց անտեսելու հինը, բացուիլ համահայկականին՝ առանց հեռանալու տեղականէն։ Նոր հորիզոններու բացուիլ կը նշանակէ՝ ներդաշնակ ու հարստացուցիչ փոխ-ներգործութիւն ստեղծել մեր շրջապատին ու համաշխարհայնացած աշխարհին հետ, մնալով կառչած մեր արժէքներուն ու ինքնահասկացողութեան։ Նոր հորիզոններու բացուիլ կը նշանակէ՝ ճշդել այնպիսի ազգային ռազմավարութիւն, որ մեզ կ᾽ուղղէ հեռանկարային ու երկրաշունչ ծրագրումներու։ 
 
Այս ծիրէն ներս, Սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է, եւ անոր ներուժին ամբողջական ու ճիշդ օգտագործումը՝ հրամայական։ Անկասկած, ինքզինք հայ դաւանող հայուն վախճանական հասցէն Հայաստա´նն է։ Սակայն, Սփիւռքին վերակազմակերպումը՝ իր մարդուժով, ներուժով ու կառոյցներով, մանաւանդ իր ինքնութեան ու ազգային պատկանելիութեան վերակենսաւորումով, առանցքային կարեւորութիւն ունի թէ´ Հայաստանի հզօրացման եւ թէ համահայկական իտէալներու իրականացման համար։
 
Ներքին դրուածքներով, մտածելակերպերով ու մտահոգութիւններով իրարմէ տարբեր գաղութները, նոյնիսկ սփիւռքները, անհրաժեշտ է համազգային գաղափարախօսականի ու տեսլականի շուրջ իրար զօդել եւ նոյն ուղղութեան մէջ դնել։ Արդարեւ, Հայաստանի հզօրացումը, Արցախի անկախութեան ամրացումը, հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը եւ ամբողջական Հայաստանի ձգտումը կրնան ո´չ միայն հիմքը ու հէնքը կազմել համազգային տեսլականին, այլ նաեւ կրնան դառնալ ազգային ինքնաճանաչման ու ինքնագիտակցութեան հարթակը ու զօրեղ պահպանման առանցքը։ Այլապէս, համազգային ամուր գաղափարախօսութենէ ու ռազմավարական յստակ ուղղութենէ զուրկ, սոսկ հայրենասիրութեան ալիքներուն մէջ օրօրուող Սփիւռքին ինքնամաշումի ընթացքը կրնայ ըլլալ արագ ու անդառնալի։
 
Սփիւռքին հայօրէն գոյատեւելը ոեւէ ժամանակէ աւելի ամէնօրեայ պայքար է։ Հայաստանին զօրակցութիւնը Սփիւռքի գոյապայքարին ճշդորոշիչ է։ Հայաստան եւ Սփիւռք իմաստութիւնը ու պատրաստակամութիւնը պէտք է ունենան, համագումարներէ ու փոխադարձ այցելութիւններէ, բարեգործութենէ ու պիզնէսային ներդրումներէ անդին, միա´սնաբար ծրագրելու ու հանգրուանային կերպով իրագործելու այն ինչ որ էական է «ուժեղ Հայաստան-ուժեղ Սփիւռք» տեսլականի իրականացման։ Այս պէտք է դառնայ համազգային անշեղ քաղաքականութիւն։ Համազգային Խորհուրդ մը ստեղծելու գաղափարը, որուն շուրջ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան վերջին քանի մը տարիներուն, կրնայ կարեւոր դեր ունենալ այս գծով։ 
 
2015-ին նշեցինք հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, 2016-ին Հայաստանի երկրորդ հանրապետութեան 25-ամեակը եւ 2018-ին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակը։ Այս ամեակները սովորական տարեդարձներ պէտք չէ դառնան մեր ազգային կեանքի օրացոյցին վրայ. այլ՝ նոր շունչ ներարկող ու հզօր պատգամ փոխանցող դէպքեր։ Հայրենասիրութեամբ ջրդեղուած կարգախօսերը գօտեպնդիչ են ու նաեւ դաստիարակիչ, անտարակոյս։ Սակայն, հարկ է հեռու մնալ լոզունգային մշակոյթին ժամանակաւոր խանդավառութենէն եւ ամէն բան վարդագոյն տեսնելու խաբուսիկ մօտեցումներէն։ Իրատեսութիւնը կրնայ յոռետեսութեան մթնոլորտ ստեղծել. սակայն ճի´շդ ուղղութեան ու դիրքորոշումներու կ᾽առաջնորդէ։ Բոլո´ր պարագաներուն ու բոլո´ր պայմաններուն մէջ, մեր ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերը առաջնահերթ նկատելը, գաղափարախօսութենէն անդին՝ անհրաժեշտ է որ դառնայ համազգային ռազմավարութեան ամուր հիմքը։ 
 
Մեր ազգին հզօրութեան աղբիւրը իր հաւաքական ներուժն է, եւ այդ հաւաքական ներուժը կազմող՝
 
– մեր արժէքներուն նկատմամբ մեր ունեցած անշեղ հաւատարմութիւնը. 
 
– մեր ձգտումներուն հասնելու մեր անտեղիտալի յանձնառութիւնը. 
 
– Հայաստանը ու Արցախը հզօրացնելու մեր անբեկանելի վճռակամութիւնը. 
 
– Սփիւռքը վերակազմակերպելու մեր հետեւողական ճիգը.
 
– եւ այս բոլորին մղում տուող՝ մեր անխորտակելի հաւատքն ու միասնականութիւնը։
 
Ուրիշ ճանապարհ չունինք։ Այլապէս, մեր կեանքի երկնակամարին վրայ մութ ամպեր պիտի կուտակուին։ Հարկ է այնպէս մտածել ու ծրագրել, գործել ու պայքարիլ, որ մեր կեանքի հորիզոնին վրայ բազմանան մեր ազգին «վարդահեղեղ արշալոյս»ը աւետող ճառագայթները։
 
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր