Յարութ Սասունեան.ՄԱԿ Զգայացունց Հարցարան Յղած է Թուրքիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին


Յարութ Սասունեան.ՄԱԿ Զգայացունց Հարցարան Յղած է Թուրքիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

  • 27-06-2019 16:04:32   | Հայաստան  |  Վերլուծություն

Երեսունչորս տարի առաջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբը զեկոյց մը հաստատեց, որով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ իբրեւ ցեղասպանութեան դէպք: Մինչեւ վերջերս ՄԱԿի մէջ այլ գործունէութիւն չէ եղած այս հարցին վերաբերեալ: Անսպասելիօրէն, 25 Մարտ 2019ին զարմանալի նամակ մը յղուեցաւ Զուիցերոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ գործող ՄԱԿի մօտ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Սատիք Արսլանի՝ՄԱԿի երեք կառոյցներու ներկայացուցիչներու կողմէ. անոնք են՝ Պեռնար Տուհայմ՝ Բռնի կամ հարկադրաբար անհետացած մարդոց հարցերով աշխատանքային խումբի զեկուցող նախագահ, Տէյվիտ Քէյ՝ Կարծիքի եւ արտայայտութեան ազատութեան աջակցութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով յատուկ զեկուցող եւ Ֆապիան Սալվիոլի՝ Ճշմարտութեան, արդարադատութեան, փոխհատուցման խրախուսման եւ չկրկնուելու երաշխիքներու հարցերով յատուկ զեկուցող:
 
ՄԱԿի միացեալ նամակին մէջ թուրք դեսպանէն կը խնդրուէր 60 օրուան ընթացքին պատասխանել հետեւեալ եօթը հարցերուն.
 
«1. Կը Խնդրենք տրամադրել որեւէ տեղեկութիւն եւ/կամ մեկնաբանութիւն(ներ), զորս դուք կրնաք ունենալ մեղադրանքներու վերաբերեալ. ... Թուրքիոյ վերագրուող խախտումները՝ կապուած 1915-1923 թուականներու ողբերգական իրադարձութիւններու, որոնք վնասած են հայ փոքրամասնութեան, եւ այդ դէպքերուն հետեւանքները՝ նշեալ բնակչութեան համար:
 
2. Ձերդ Գերազանցութեան կառավարութեան կողմէ ինչպիսի՞ քաղաքականութիւն մշակուած է այս մեղադրանքներուն արձագանգելու համար:
 
3. Թուրքիոյ կողմէ ինչպիսի՞ միջոցներու ձեռնարկուած են իրողութիւնը պարզելու համար, ներառեալ 1915-1923 թուականներու ընթացքին բռնի ներքին տեղահանութեան, կալանաւորման, արտադատական սպանութիւններու եւ հարկադրաբար անհետացման ենթարկուած հայերու ճակատագիրը կամ գտնուելու վայրը պարզելու համար:
 
4. Ինչպիսի՞ միջոցներու ձեռնարկուած է՝ ապահովելու համար այդ իրադարձութիւններու մասին ճշմարտութիւնը իմանալու տուժածներու եւ, ընդհանուր առմամբ, հասարակութեան իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ապահովելու համար արդարութեան եւ կրած վնասի հատուցման տուժածներու իրաւունքը:
 
5. Ինչպիսի՞ միջոցներու ձեռնարկուած է՝ այդ իրադարձութիւններուն հետեւանքով զոհուած հայերու մարմինները, ըստ կարելւոյն, յայտնաբերելու համար:
 
6. Կը խնդրենք տեղեկութիւն տրամադրել՝ 2017 թուականի օրէնսդրութեան հաստատման պատճառներուն մասին, որոնց հիմամբ օրէնսդիրներուն կ՛արգիլուի յստակօրէն արտայայտուիլ։ Պարզաբանել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս իրականութիւնը համատեղել մարդկային իրաւունքներուն առնչուող միջազգային իրաւունքի հետ, մասնաւորաբար Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրի 19րդ յօդուածին հետ:
 
7. Կը խնդրենք մանրամասն տեղեկութիւն տրամադրել՝ հայերու դէմ գործուած յանցանքներու մասին կատարուած յայտարարութիւններու համար մարդոց պատժելու նպատակով Քրէական օրէնսգրքի 301րդ յօդուածի կիրարկման դէպքերու վերաբերեալ:”
 
ՄԱԿի միացեալ նամակին մէջ մանրամասնօրէն նկարագրուած են հայերու դէմ իրականացուած վայրագութիւնները «1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութիւնը եւ անոր յաջորդած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, [որոնք] իրականացուցած են երկրի արեւելեան բաժնին մէջ ապրող հայ փոքրամասնութեան զանգուածային տեղահանութեան քաղաքականութիւն: Այդ փոքրամասնութեան պատկանող հարիւր հազարաւոր մարդիկ (մօտաւորապէս 600 հազարէն մինչեւ 1 միլիոն 500 հազարը) ենթարկուած են այդ քաղաքականութեան, ինչ որ յանգեցուցած է համատարած բռնութեան, այդ բնակչութեան դէմ։ Ըստ տեղեկութիւններու, հայերու բռնի արտաքսումը սկսած է Մարտ 1915ին, հիմնականին մէջ Անատոլիոյ, բայց նաեւ երկրի այլ հատուածներուն մէջ: Հայերը վռնտած են իրենց նախնիներու հողերէն: 24 Ապրիլ 1915ի գիշերը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալեցին քաղաքական եւ մտաւորական հարիւրաւոր ղեկավարներ, իսկ հետագային զանոնք տեղափոխեցին ուրիշ վայրեր: Հետեւանքը եղաւ այն, որ հայկական վերնախաւը գրեթէ ամբողջութեամբ ջնջուեցաւ: Ասոր հետեւեցաւ ամբողջ հայ բնակչութեան դէմ ուղղուած համակարգուած քաղաքականութիւն ամէն մէկ նահանգի եւվիլայէթի մէջ, պաշտօնական նպատակ ունենալով հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումը Անատոլիոյ արեւելեան նահանգներէն՝ դէպի Հալէպ եւ սուրիական անապատներու մէջ գտնուող ճամբարները: Հայերը ենթարկուեցան պարտադրուած երթերու: Անոնց մեծ մասը, ենթադրաբար, հետզհետէ մահացաւ ուժասպառութենէ, սովէ, հիւանդութիւններէ կամ կոտորածէ, մինչ անոնց աճիւնները հիմնականին մէջ մնացին լքուած: Տեղ հասնելով՝ ողջ մնացած քանի մը հոգին կը պահէին ճամբարներու մէջ, ուր եւ անոնք կրնային խոշտանգուիլ կամ արժանանալ դաժան, անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերումի. հետագային վերապրածներուն մեծ մասին սպաննեցին: Գործընթացը շարունակուեցաւ մինչեւ 1923 թուական: Կ՛ենթադրուի, որ այս գործողութիւնները կրնային սահմանուիլ իբրեւ բռնի անհետացումներ, այն աստիճանի, որ.
 
1. Հայերը Թուրքիոյ մէջ ենթարկուած են ձերբակալութիւններու, բանտարկութիւններու կամ առեւանգումներու եւ կամ ուրիշ ձեւով զրկուած են իրենց ազատութենէն.
2. Ըստ տեղեկութիւններու, այս գործողութիւնները վերագրուած են պաշտօնատար անձերու կամ կառավարութեան տարբեր ճիւղերու կամ մակարդակներու.
3. Մինչեւ այսօր կառավարութիւնը չէ բացայայտած այդ մարդոց ճակատագիրը կամ գտնուելու վայրը»:
 
ՄԱԿի նամակին մէջ քննադատուած է նաեւ Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը․ «Նաեւ կը տեղեկացուի, որ Թուրքիա ոչ միայն կը մերժէ ճանչնալ այդ իրադարձութիւնները, այլ նաեւ դիտաւորութեամբ ներգրաւուած է զոհերու ճակատագիրին կամ գտնուելու վայրի մասին ճշմարտութեան ժխտման եւ խոչընդոտման մէջ․․․: Թէեւ մենք չենք փափաքիր կանխորոշել այդ մեղադրանքներուն ճշգրտութիւնը, մենք կը փափաքինք արտայայտել մեր անհանգստութիւնը՝ նշուած ժխտողականութեան եւ 1915-1923 թուականներուն հայերու բռնի տեղահանման համար ճշմարտութեան հաստատման եւ արդարութեան ապահովման համար յառաջընթացի բացակայութեան նկատմամբ, որ յանգեցուց վիթխարի տառապանքի եւ դաժան վերաբերումի ու մահուան։ Համապատասխան փաստերու հաստատման եւ ճանաչման յառաջընթացի բացակայութիւնը, ոչ միայն վնաս կը հասցնէ զոհերու եւ անոնց սերունդներու արժանապատուութեան, այլեւ կրնայ խոչընդոտել յիշողութեան պահպանման եւ ճշմարտութեան հաստատման համար միջոցներու նախաձեռնելու հնարաւորութիւնը»։
 
17 Մայիս 2019ին, ՄԱԿի հարցապնդման 60 օրուան ընթացքին, Թուրքիոյ դեսպանը արձագանգեց երեք էջնոց նամակով՝ նշելով, որ ՄԱԿի նամակը «անպատասխան կը մնայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ»...: Դեսպան Արսլան նաեւ յայտարարեց, որ «իմ իշխանութիւնները բաւականին շփոթած էին այդ հաղորդակցութենէն», զոր ան նկարագրեց իբրեւ «չարամիտ եւ քաղաքական դրդապատճառներով թելադրուած»։
 
ՄԱԿի նամակին մէջ առկայ յայտարարութիւնները ժխտելէ բացի, դեսպան Արսլան նաեւ վկայակոչեց ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունը եւ անոր մամլոյ խօսնակ Ֆարհան Հաքը՝ պնդելով, որ ՄԱԿ երբեք դիրքորոշում չէ ունեցած այն իրադարձութիւններուն մասին, որոնք տեղի ունեցած են ՄԱԿի ստեղծումէն առաջ։ Թէ՛ գլխաւոր քարտուղարը, թէ՛ անոր խօսնակը սխալ են, քանի որ ՄԱԿ յատուկ օր սահմանած է հրէական Ողջակիզումը յիշատակելու համար. անիկա տեղի ունեցած էր 1945ին, ՄԱԿի հիմնադրումէն առաջ: Աւելին, ես հարցազրոյց ունեցած եմ Պան Քի Մունի խօսնակ Ֆարհան Հաքի հետ եւ անոր հարցուցած 1985 թուականին ՄԱԿի ենթայանձնախումբի Ցեղասպանութեան զեկոյցին մասին, որ ճանչցած է քանի մը ցեղասպանութիւններ, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ընդ որուն բոլորն ալ տեղի ունեցած են մինչեւ ՄԱԿի հիմնադրումը։ Հաք ինծի ըսաւ, որ տեղեակ է ՄԱԿի ենթայանձնախումբի Ցեղասպանութեան զեկոյցին մասին, սակայն ան ակնարկեց ՄԱԿի Գլխաւոր յանձնախումբին կողմէ ճանաչման բացակայութիւնը։
 
Աւելի՛ն. հեղինակները ՄԱԿի նամակին հետ ներկայացուցած են Միջազգային մարդասիրական օրէնքէ յղում, ուր կ՛ըսուի․ «Անպատժելիութեան դէմ պայքարելու միջոցով մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ աջակցութեան համար թարմացուած Սկզբունքներու ամբողջութեան 2րդ սկզբունքը կը սահմանէ բոլոր անձերուն անքակտելի իրաւունքը՝ իմանալու ճշմարտութիւնը անցեալի դէպքերուն մասին՝ կապուած նողկալի ոճրագործութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքներու եւ պատճառներու մասին, որոնք յանգեցուցին նշեալ դէպքերուն: Ճշմարտութեան իրաւունքի լիարժէք եւ արդիւնաւէտ իրականացումը կ՛ապահովէ կենսական կարեւոր երաշխիք ընդդէմ խախտումներու կրկնութեան։ Չորրորդ սկզբունքը կը սահմանէ, որ զոհերը եւ անոնց ընտանիքները ունին անժամանցելի իրաւունք իմանալու ճշմարտութիւնը այն հանգամանքներուն, որոնց պատճառով տեղի ունեցած են խախտումները, ինչպէս նաեւ զոհերու ճակատագրին մասին»։
 
Վերջապէս, դեսպան Արսլան կրկնած է նոյն կեղծիքը այն մասին, որ Հայաստան չէ պատասխանած Թուրքիոյ 2005 թուականի նամակին, ուր կ՛առաջարկուէր «ստեղծել պատմաբաններէ եւ փորձագէտներէ կազմուած համատեղ յանձնախումբ՝ 1915ի իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու համար»։ Ասիկա սուտ է: Հայաստան արձագանգած է՝ առաջարկելով, որ նախատեսուող յանձնախումբը քննարկէ երկու երկիրներու միջեւ առկայ բոլոր չլուծուած հարցերը, այլ ոչ թէ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Թուրքիան է, որ երբեք չէ պատասխանած։
 
Այժմ, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կրկին բարձրացուած է ՄԱԿի մէջ, իբրեւ յաջորդ քայլ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է պաշտօնապէս ներառնէ ՄԱԿի նամակը եւ թրքական ժխտողական պատասխանը՝ ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի օրակարգին մէջ եւ հետամուտ ըլլայ փոխհատուցման եւ արդարութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն համար։
 
 
Յարութ Սասունեան      
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
 
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն