Յարութ Սասունեան. Աշխարհը Չի Սիրեր Թրամփը Եւ Անոր Քաղաքականութիւնը՝ Ըստ «Փիւ» Հետազօտական Կեդրոնին
30-11--0001 00:00:00 | Հայաստան | Վերլուծություն
«Փիւ» հետազօտական կեդրոնի (Pew Research Center) հրապարակած ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ աշխարհի վրայ շատեր հաւանութիւն չեն տար նախագահ Տանըլտ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան։ Ասիկա զարմանալի յայտնագործութիւն մը չէ, բայց ասիկա ամբողջութեամբ կը հակասէ նախագահի կատարած պնդումներուն՝ իր ուռճացուած նուաճումներուն մասին։
Նոյնիսկ ընտրուելէն իսկ առաջ նախագահի թեկնածու Թրամփ բազմիցս յայտարարած է, որ նախագահ Պարաք Օպամա յարգանք չէր վայելեր մնացած աշխարհին մէջ, եւ որ ինք, որպէս նախագահ, կը վերականգնէ Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ օտար երկիրներու յարգանքը:
Հաշուի առնելով Թրամփի բազմաթիւ չափազանցութիւններն ու բացայայտ սուտերը, ոչ ոքի պէտք է զարմացնէ անոր պնդումներուն կեղծ ըլլալը։ Փաստը այն է, որ իր նախորդը՝ Պարաք Օպամա, շատ յարգուած էր ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ, ընդհակառակն, Թրամփ մարդոց մեծամասնութեան կողմէ դարձած է ծաղրանքի առարկայ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս, բացառութեամբ Թուրքիոյ, Հիւսիսային Քորէայի, Ռուսիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ բռնակալ ղեկավարներուն։
Եկէք տեսնենք իրական թիւերը՝ «Փիւ» հետազօտական կեդրոնի տուեալներուն հիման վրայ։ Հետազօտուած 33 երկիրներու մէջ միջին հաշուով մարդոց միայն 18%ն է յայտարարած, որ դրական կը համարէ Թրամփի արտաքին քաղաքականութիւնը։ Զարմանալի չէ, որ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան ամէնէն բարձր վարկանիշը եղած է իսրայէլացիներու շրջանին մէջ (55%), մինչդեռ 32%ը հաւանութիւն չէ տուած, իսկ 13%ը նշած է՝ «ոչ մէկ տարբերութիւն»:
Հետեւեալ երկիրները, նուազման կարգով, արտայայտած են իրենց հաւանութեան աստիճանը նախագահ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ՝ Լեհաստան (34%), Հունգարիա (31%), Ուքրանիա (29%), Նիճերիա (29%), Հնդկաստան (27%), Քենիա (25%), Հարաւային Ափրիկէ (25%), Սլովաքիա (24%), Աւստրալիա (24%), Լիթվա (22%), Չեխիա (22%), Ֆիլիփփիններ (21%), Ինտոնեզիա (19%), Յունաստան (19%), Պուլկարիա (18%), Լիբանան (18%), Մեծն Բրիտանիա (18%), Իտալիա (17%), Ճափոն (17%), Հարաւային Քորէա (16%), Քանատա (16%), Ռուսիա (14%), Հոլանտա (11%), Շուէտ (11 %), Արժանթին (10%), Թունիս (9%), Մեքսիքօ (9%), Թուրքիա (9%), Ֆրանսա (9%), Պրազիլ (8%), Սպանիա (7%) եւ Գերմանիա (6%)։ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան հաւանութեան վարկանիշը կազմած է 37%: Մտահոգիչ է այն փաստը, որ ամէնէն ցած վարկանիշներէն մէկ քանին ՆԱԹՕի դաշնակիցներու շրջանէն էին։ Վարկանիշները շատ ցած էին նաեւ դրացի երկիրներուն՝ Քանատայի եւ Մեքսիքոյի մէջ:
Հետազօտուած 33 երկիրներու մէջ քաղաքականութեան առանձին խնդիրներու վերաբերեալ հարցման պատասխանները միջին հաշուով ցոյց կու տան հետեւեալ վարկանիշները․
- Միացեալ Նահանգներու կողմէ այլ երկիրներէ ներմուծուող ապրանքներու սակագիներու կամ վճարներու բարձրացումը. 18%ը հաւանութիւն կու տայ, 68%ը հաւանութիւն չի տար։
- Միացեալ Նահանգներուն դուրս գալը կլիմայի փոփոխութեան միջազգային համաձայնագիրներէն. 14%ը հաւանութիւն կու տայ, 66%ը հաւանութիւն չի տար:
- Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքոյի միջեւ սահմանի վրայ պատի կառուցումը. 24%ը հաւանութիւն կու տայ, 60%ը հաւանութիւն չի տար:
- Միացեալ Նահանգներու աւելի քիչ ներգաղթողներու մուտքի թոյլտուութիւնը. 34%ը հաւանութիւն կու տայ, 55%ը հաւանութիւն չի տար:
- Միացեալ Նահանգներու դուրս գալը Իրանի միջուկային զէնքի համաձայնագիրէն. 29%ը հաւանութիւն կու տայ, 52%ը հաւանութիւն չի տար:
- Միացեալ Նահանգներու բանակցութիւնները Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չէն Ընի հետ, երկրի միջուկային զէնքի ծրագիրին վերաբերեալ. 41%ը հաւանութիւն կու տայ, 36%ը հաւանութիւն չի տար:
Ինչ կը վերաբերի այն յարգանքին, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայ եւ նախկին երկու նախագահները՝ Թրամփ (2017-2019), ՃորՃ Պուշ (2001-2008) եւ Պարաք Օպամա (2009-2016) վայելած են ամբողջ աշխարհի մէջ, «Փիւ» հետազօտական կեդրոնը պարզած է, որ ուսումնասիրուած 33 երկիրներէ մարդոց շրջանին մէջ Օպամա շատ աւելի բարձր դասուած է, քան Պուշ եւ Թրամփ։ Ահա երեք նախագահներու դասակարգումը իրենց նախագահութեան տարբեր տարիներուն` ամէնէն ցած եւ ամէնէն բարձր գնահատականներով.
Վերջապէս, «Փիւ» հետազօտական կեդրոնի կողմէ 33 երկիրներու մէջ տեղի ունեցած հետազօտութեամբ նախագահ Թրամփ աշխարհի միւս մեծ առաջնորդներու համեմատութեամբ երրորդ տեղը կը գրաւէ՝ զիջելով Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ նոյնիսկ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, սակայն մէկ կէտով գերազանցած է Չինաստանի նախագահ Սի Ցզինփինի։
Յաջորդ անգամ, երբ Թրամփ ինքնապարծենայ, թէ ինչպէ՛ս զինք կը յարգեն ամբողջ աշխարհի մէջ ի տարբերութիւն նախագահ Օպամայի, կրնաք ժպտիլ եւ ըսել դուք ձեզի՝ ահա եւ մէկ կեղծիք եւս․․․