Կիրակի, 2 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մոսկուայէն միօրեայ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Ռուբէն Վարդանեանը:
Տիար Վարդանեան Հայաստանի ու Արցախի մէջ նախաձեռնած է զանազան ծրագիրներու, որոնցմէ հանրածանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման մէջ նպաստ բերող «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը (Aurora Humanitarian Initiative):
Տիար Վարդանեան Կիրակի օր ներկայ գտնուեցաւ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած Ս. եւ անմահ պատարագին, որմէ ետք եղաւ Նորին Սրբութեան ճաշի հիւրը: