Ահաւոր է, ահաւոր է մեր երկրի քաղաքական բանավէճի մակարդակը․ Րաֆֆի Դուդալկյան


Ահաւոր է, ահաւոր է մեր երկրի քաղաքական բանավէճի մակարդակը․ Րաֆֆի Դուդալկյան

  • 13-11-2020 19:52:04   | Հայաստան  |  Մեկնաբանություն

Ահաւոր է, ահաւոր է մեր երկրի քաղաքական բանավէճի մակարդակը: Հայաստանն ու Արցախը ծայր աստիճան բարդ խնդիրներու առջեւ են, հազարաւոր գաղթականներ, պատերազմէն կոտրտուած բանակ, տնտեսական դժուարութիւններ, կովիդի ահագնացող թիւեր, եւ այս բոլորին մէջ՝ մէյ մը դիտեցէք իշխանական եւ ընդդիմադիր շրջանակներու բանավէճի մակարդակը: Փողոցային հայհոյանքներէ, դաւաճանական փոխադարձ մեղադրանքներէ, սպառնալիքներէ եւ փոխադարձ ամբաստութիւններէ անդին չանցնիր... Ա՞յս եք դուք, հայ ժողովուրդի քաղաքական էլիտա կոչուածներ:
Ճգնաժամի ամէնէն սուր ժամերուն, ա՞յս է քաղաքական դիսկուրսի մակարդակը: Երկուստեք կիրքեր հրահրելով, սուտ եւ իրաւ լուրեր տարածելով որո՞ւն վստահութիւնը կը
փորձէք շահիլ: Վերջ դրէք այս իրավիճակին եւ վենտեթայէն անդին անցնելով քաղաքական լուրջ քննարկումներու սկսեք:
Ձեր այս ընթացքով անտէր ժողովուրդին ցաւն ու յուսախաբութիւնը, անզօրութիւնն ու հիասթափութիւնը աւելի ու աւելի կը խորացնէք:
Շուտով ոչ թէ Արցախէն, այլ Հայաստանէն պիտի սկսին փախչիլ հայերը: Յոյս փնտռեցէք, կեանք փնտռեցէք: Փորձեցէք խաւարին մէջ մոմ մը վառել, լոյս սփռել: Կարողութիւնը չունի՞ք: Հեռացէք ձեր աթոռներէն եւ հրապարակէն, իշխանաւոր ըլլաք թէ ընդդիմադիր...
ՀԵՐԻՔ Է, ԲՈԼՈՐԴ ԱԼ:
Նոյյան տապան  -   Մեկնաբանություն