Եռակողմ համաձայնագիր


Եռակողմ համաձայնագիր

  • 10-12-2020 14:05:14   | Հայաստան  |  Մամլո հաղորդագրություն

 
Այս յօդուածին ամբողջ նպատակը կը կայանայ անոր մէջ, որ փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ եւ ինչո՞ւ: Վստահ եմ, որ ապագային տեղի ունենալիք լրացուցիչ հե¬տաքննութիւնները աւելի մանրամասնօրէն պիտի բացայայտեն այն ամէնը՝ ինչ տեղի ունեցաւ:
 
Սակայն այսօր մեզի կը մնայ միայն վերլուծել այն իրավիճակը, որուն մէջ այսօր կը գտնուի Հայաստան: Ի՞նչ տարբերակներ ունին այսօր հայերը՝ ապահովելու ապագայի իրենց անվտանգութիւնը եւ գոյատեւումը:    
Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած յայտարարութիւնը դժուա¬րու-թեամբ ընդունած են ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ ամբողջ աշխարհի հայերը: Յատ¬կապէս անոնք, որոնք կորսնցուցած են իրենց սիրելիները, տունն ու հայրենիքը:
 
Հայաստանի բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնները եւ Սփիւռքի հայերուն մեծ մա-սը, ներառեալ Նորին Սրբութիւն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, մերժած են եռա-կողմ յայ¬տարարութիւնը: Ի հարկէ, բոլորը կը ցանկային աւելի լաւ արդիւնք ունենալ, բայց արդեօ՞ք հայերը աւելի լաւ այլընտրանք ունէին՝ հաշուի առնելով, որ անոնք պար¬տուող կողմն էին: Մենք միթէ կը մոռնա՞նք այդ:
 
Տասնամեակներ շարունակ հայերը կը համարէին, որ Լեռնային Ղարաբաղը, ատոր կարգին՝ ազրպէյճանական գրաւեալ եօթը շրջանները, Հայաստանի մէկ մասը կը կազւմեն, ուր 146.000 հայ կը բնակէր՝ 12.600 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի վրայ: Տիե-զերքի իսկական շքեղութիւն: 
 
Անցնող 26 տարուան ընթացքին աշխարհի ոչ մէկ երկիր ճանչցած է Արցախը որպէս անկախ պետութիւն, ներառեալ Հայաստանը եւ Ռուսիան:
 
Միանշանակ, լուծման խնդիր կար, բայց Հայաստանի ղեկավարները կը ձգձգէին եր-կու կողմերուն համար ընդունելի լուծումը: Զայն քաղաքական ճանապարհով լուծելու մի քանի փորձեր եղան, բայց բոլորը ձախողեցան: Արցախեան հարցին լուծում գտնե-լը հրամայական էր: Բայց խաղաղութեան եւ Արցախի անկախութեան ապահովման համար գրաւուած տարածքները վերադարձնելը ընդունելի չէր առհասարակ Հայաս-տա¬նի հասարակութեան եւ, մասնաւորապէս, արցախցի ժողովուրդին համար:
 
Միւս կողմէ, հայկական Սփիւռքէն խնդրեցին ներդրումներ կատարել «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին եւ այլ յատուկ հիմնադրամներու միջոցով՝ ճանա-պարհ¬ներու, մանկապարտէզներու, դպրոցներու, բնակելի տուներու, ջրամատա¬կա-րար¬ման գիծերու եւ տարբեր տեսակի ենթակառուցուածքային նախագիծերու կա-ռուցման համար` Ազրպէյճանի անմիջապէս սահմանակից քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ: 
 
Ճիշդ է, որ հայերը պատմականօրէն եւ դարեր շարունակ ապրած եւ կառուցած են ի-րենց եկեղեցիներն ու վանքերը այդ շրջաններուն մէջ, ուստի օրինական պատմական պահանջք ունին անոնց նկատմամբ որպէս իրենց հայրենիքը, բայց, ցաւօք, այն բանէն ետք, երբ Սթալինը 1923 թուականին զանոնք կցեց Ազրպէյճանի, ի յայտ եկաւ խնդրին իրաւական կողմը, որ լուծում պէտք էր ստանար:
 
Քանի որ որեւէ քաղաքական լուծում չէր քննարկուեր, Հայաստան ամէն տարի իր պիւտճէին զգալի մասը կը յատկացնէր իր ռազմական ծախսերուն, չնայած այդ դեռ Ազրպէյճանի ռազմական պիւտճէին միայն մէկ տասներորդն էր: Սա ազդեց Հայաս-տանի տնտեսութեան վրայ եւ բազմաթիւ հայեր արտագաղթեցին` աւելի լաւ կեանք գտնելու այլ երկիրներու մէջ:
Միւս կողմէ, Ազրպէյճան նաւթէն եւ կազէն ստացուող եկամուտներ ունէր, որոնց շնորհիւ վերականգնեց իր տնտեսութիւնը եւ ուժեղացուց իր ռազմական ենթակա-ռուցուածքները: Իսրայէլեան ռազմական եւ արհեստագիտական աջակցութիւնը ազրպէյ¬ճանցիներուն, ելլելով իրենց փոխադարձ շահերէն, ազրպէյ¬ճանցիներուն հսկայական առաւելութիւն տուած է մարտի դաշտին վրայ: Իսկ Թուրքիոյ ռազմական ներգրաւուածութիւնը իր զօրքերով, զրահահրասայլային զօրագունդով, ռազմաօդա¬յին ուժերով եւ «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքերով շատ կարեւոր գործօն էր ազրպէյճանցիներուն համար՝ հաւասարակշռութիւնը վերացնելու ուղղութեամբ:
 
Թուրքերը իրենց ռազմական հզօրութիւնը ապացուցեցին ոչ միայն հայերուն, այլեւ ռուսերուն, որոնք զգոյշ էին եւ ամէն ինչ ըրին՝ բացառելու ռուս-թրքական առճակատումը, որու հետեւանքով հայերը ստիպուած եղան յանձնուելու:
Այս պայմաններուն մէջ վարչապետ Փաշինեանը կրնա՞ր հրաժարիլ եռակողմ յայ¬տա-րարութիւնը ստորագրելէ:
Արդեօ՞ք արդար է վարչապետ Փաշինեանը նուաստացուցիչ պարտութեան համար պատասխանատու համարելը:
Հաշուի առնելով այն հանգամանքները, որոնց պայմաններուն մէջ հայկական ուժերը յայտնուեցան մարտադաշտին վրայ 2020-ի Նոյեմբերի սկիզբը, պարոն Փաշինեանը յայտարարութիւնը ստորագրելէն բացի այլընտրանք չունէր: Հայաստան պէտք է շնոր-հակալութիւն յայտնէ Ռուսիոյ կառավարութեան՝ այս հակամարտութեան ճիշդ ժա-մա¬նակին իր միջամտութեան համար, վտանգելով իր զինուորներուն կեանքը թրքա-կան մահացու անօդաչու թռչող սարքերուն դէմ՝ չնայած պաշտպանելով իր աշ¬խար-հաքաղաքական շահը այդ տարածաշրջանին մէջ, բայց միեւնոյն ժամանակ փրկե¬լով 20.000 հայ զինուորները եւ խաղաղ բնակիչները:  
 
Եթէ Ռուսիոյ կառավարութիւնը չմիջամտէր հակամարտութեան եւ քրտնաջան չաշ-խա¬տէր կողմերուն հետ եռակողմ յայտարարութիւնը պատրաստելու համար, այսօր մենք ականատես պիտի ըլլայինք, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանի դրօշը կը ծածանի Ստե-փանակերտի եւ Արցախի մնացած տարածքներուն վրայ:
 
Բայց արդեօք վարչապետ Փաշինեանը ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն պա¬տաս-խանատո՞ւ է պատերազմի ելքին համար: Իսկ եթէ այո, մի՞թէ ան միակն է:
 
2016-ի Ապրիլէն ի վեր, երբ Ազրպէյճան օգտագործեց իր իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը մեր մօտաւորապէս հարիւր զինուորները սպաննելու եւ աւելի քան երկու հա¬րիւրը վիրաւորելու համար, ակնյայտ էր, որ Ազրպէյճան գերակայութիւն ունէր ռազ¬մական արհեստագիտութեան մէջ, ուստի հայերուն համար հրամայական էր ու-նե¬նալ մեծաքանակ անօդաչու թռչող սարքեր՝ ազրպէյճանցիներուն հետ հաւասարե-լու համար: Այն ժամանակուան Հայաստանի նախագահը համապատասխան եզրա-յանգումեր չըրաւ Ապրիլեան պատերազմէն ետք՝ վերազինելու հայկական բանակը ար¬դիական անօդաչու թռչող սարքերով, թողելով այդ հին զինատեսակներու յոյսին:
 
Իր փտած վարչակարգը այլեւս անտանելի էր հայ ժողովուրդին համար, եւ Փաշին¬եան կրցաւ իր ամբոխավարական ելոյթներով ու անիրատես խոստումներով նուաճել դժգոհ բնակչութեան սրտերը եւ արեւմտեան երկիրներու հետախուզական գործակալութիւններուն օգնութեամբ 2018-ի Մայիսին հասաւ այսպէս կոչուած Թաւշեայ յեղա-փոխութեան:
 
Մենք պէտք է ողջունենք Փաշինեանի համարձակութիւնը եւ վճռականութիւնը կա-ռա¬վարութեան ղեկավարի դերը ստանձնելու հարցին մէջ: Մարդոց ճնշող մեծամաս-նու¬թիւնը կ’աջակցէր իրեն եւ կը պաշտպանէր զինք ոչ թէ անոր համար, որ ան որա-կա¬ւորուած էր այդ գործին մէջ, այլ պարզապէս անոնց ատելութեան պատճառով հին փտած վարչակարգին հանդէպ:
 
2018-ի Մայիսէն մինչեւ 27 Սեպտեմբեր 2020-ի պատերազմին բռնկումը, գրեթէ եր-կուքուկէս տարի, Փաշինեանը բաւական ժամանակ ունէր պատրաստելու հայ զի-նուո¬րականները Ազրպէյճանի հետ անօդաչու թռչող սարքերու պատերազմին, կամ Լեռնային Ղա¬րաբաղի հակամարտութիւնը լուծելու քաղաքական եւ դիւանագի¬տա-կան ճանա¬պար¬հով:  
Երկու տեղերուն մէջ ալ ան ձախողեցաւ: Ռազմական գետնի վրայ, փոխանակ հայ¬կա-կան բանակը վերազինելու արդիական թռչող սարքերով, ատոր փոխարէն նախընտ-րեց ծախսել 120.000.000 ԱՄՆ տոլար՝ ապահովելու 4 հատ SU-30 կործանիչներ առանց  իրենց հրթիռներուն, առանց որոնց վերոյիշեալ կործանիչները անօգուտ են:
 
Չնայած, որ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ զօրավար Օնիկ Գաս¬պարեանը դեռեւս 2020 թուականի Յունիս 12-ին, ռազմական գործողութիւններու սկսելէն 3 ամիս առաջ, զինք նախազգուշացուց, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ բա-խում կը սպասուի եւ հնարաւոր է, որ պատերազմ ըլլայ: Ուստի հարկաւոր է ամէն գնով խուսափիլ այդ պատերազմէն, քանի որ վերջաւորութեան Հայաստան պիտի ըլլայ ծանրօրէն պարտուող կողմը:
 
Այս փուլին ես կը կասկածիմ՝ արդեօ՞ք Ազրպէյճան պիտի ընդունէր որեւէ փոխզիջում եւ քաղաքական լուծում: Գրեթէ տասը տարուան ռազմական նախապատ¬րաստու¬թե-նէ, նաեւ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ քաղաքական ու ռազմական դաշինքէ ետք, Ալիե-ւին անհրաժեշտ էր ռազմական յաղթանակ` 1990–94 թուականներու Լեռնային Ղա-րա¬բաղի պատերազմին ժամանակ Ազրպէյճանի խայտառակ պարտութեան վրէժը լու¬ծելու համար եւ փառաբանելու ինքզինք՝ որպէս Ազրպէյճանի պատմութեան մէջ յաղթող նախագահ, որ հետապնդեց հայը եւ, մեղմ ըսած, դուրս հանեց ազրպէյ¬ճա¬նա-կան տարածքներէն: 
 
Աւելին, Ալիեւ կրնար պնդել բոլոր տարածքները, այդ շարքին`Արցախը Ազրպէյճանի վերադարձնելու մասին, ինչը կտրականապէս մերժելի էր Ղարաբաղի նախագահնե-րուն եւ Արցախի ժողովուրդին կողմէ, եւ այսօր ալ դժուար լուծելի խնդիր է, նոյնիսկ կրակի դադրեցումէն եւ պարտութենէն ետք: Այսպիսով կրնանք ըսել, որ դեռեւս Յունիս 12-ին պատերազմը անխուսափելի էր եւ Փաշինեան ոչինչ կրնար ընել զայն կա¬սեցնելու համար: 
Բայց բուռն ռազմական գործողութիւններու 44 ծանր օրերուն ընթացքին պատերազմը դադրեցնելու այլ հնարաւորութիւններ կայի՞ն:
 
Սեպտեմբեր 30-ին, զօրավար Օնիկ Գասպարեանը Հայաստանի վարչապետին առա-ջարկեց ամէն գնով դադրեցնել կրակը այն բանէն յետոյ, երբ երկրորդ թրքական անօ-դաչու թռչող սարքերը ամբողջութեամբ ոչնչացուցին Հայաստանի հակաօդային պաշտ¬պանութեան համակարգը, որ բաղկացած էր ռուսական S300-է եւ ռատարային համակարգերէ: Այսինքն, պատերազմին երրորդ օրը Լեռնային Ղարաբաղի երկինքը բաց էր թրքական F16-երուն, իսրայէլեան եւ թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն առջեւ, որոնցմով սպաննուեցան բազմաթիւ հայ զինծառայողներ եւ ոչնչացուեցան հսկայական քանակութեամբ հրասայլեր եւ բազմաշերտ հրթիռային սարքաւորումներ:
 
Ձեռք բերուեցան հրադադարի պահպանութեան մի քանի համաձայնագրեր, որոնք կը հովանաւորուէին Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ, բայց ապարդիւն, քանի որ ազերիներու եւ թրքական բանակի ուժերը կը շարունակէին մէկը միւսին ետեւէն խախ¬տել հրադադարը, որպէսզի հասնին իրենց վերջնական նպատակին, որն էր Շու-շիի եւ Լաչինի միջանցքի գրաւումը: Այնուհետեւ պիտի բանակցէին հայկական ու¬ժե-րու պարտութեան շուրջ Շուշիի բարձունքներուն հասնելէ ետք, ուրկէ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը կը գտնուէր 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
 
Փաշինեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը եւս մէկ հնարաւորութիւն ունեցան ընդու¬նե-լու հրադադարի մասին Հոկտեմբեր 19-ի համաձայնագիրը, որ առաջարկուած էր Ռու-սիոյ կողմէ: Ըստ ատոր՝ Արցախի շրջանի մեծ մասը, որպէս անձեռնմխելի տարածք, կը մնար հայերուն, եօթը շրջանները կը վերադարձուէին Ազրպէյճանի, կը թոյլա-տրուէր տեղահանուած ազրպէյճանցի գաղթականներու վերադարձը Շուշի: Սակայն Փաշինեանն ու Յարութիւնեանը կորսնցուցին իրենց առաջարկուած լաւագոյն հնա-րա¬ւորութիւնը՝ մերժելով ռուսական առաջարկը, եւ ստիպուած եղան Նոյեմբեր 9-ին ստորագրելու պարտութեան համաձայնագիրը:
 
Այդ հսկայական սխալ էր, որուն համար անոնք ստիպուած պիտի ըլլան պատաս¬խա-նե¬լու աւելի քան 5000 հայ զինուորներու ընտանիքներուն, որոնք զոհուեցան իրենց երկրին համար: Փաշինեանն ու Յարութիւնեանը կրնային փրկել այդ զինուորներուն կեանքերը:
 
Իմանալով Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան բոլոր համակարգերու ոչնչաց¬ման մասին՝ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարները կոչ ուղղեցին հայերու ընդհանուր զօրահաւաքի՝ խոստանալով անոնց յաղթանակ՝ «յաղթելու ենք» կար¬գա-խօսով, ու¬ղարկելով հազարաւոր խիզախ հայրենասէր հայեր՝ առաջնագիծին վրայ կոտորուելու թրքական եւ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներէն:
 
Փաշինեան եւ Յարութիւնեան շատ լաւ գիտէին, որ Հայսատանի եւ Արցախի բա¬նակ-ները չեն կրնար դիմակայել Սուրիայէն ժամանած ժիհատականներու եւ ազրպէյճանական ու թրքական զօրքերու դաշինքին, յատկապէս որ անոնք զինուած էին իսրա-յէլեան եւ թրքական մահացու անօդաչու թռչող սարքերով, բայց այնուամենայնիւ ա-նոնք շարունակեցին պատերազմը: 
 
Անոնց մտքին մէջ սկզբնական շրջանին զինադադարի կնքումը եւ եօթը շրջանները Ազրպէյճանի վերադարձնելը առանց Արցախի անկախութեան ապահովման՝ հայ հա-սարակութեան կողմէ պիտի դիտուէր որպէս դաւաճանութիւն: Այնուամենայնիւ, ա-նոնց որոշումը կը նշանակէր հազարաւոր հայերու եւ Արցախի տարածքի կէսի կո-րուստ, չնայած Ռուսիոյ կառավարութեան մի քանի առաջարկներուն, որոնք շատ աւելի շահեկան էին, քան Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած համաձայնագիրը:
 
Փաշինեանն ու Յարութիւնեանը քաջութիւնը չունէին ընդունելու այն փաստը, որ իրենք պատրաստ չէին այս պատերազմին եւ պէտք է հնարաւորինս նուազագոյն կո-րուստներով դադրեցուի ան: Անոնք ընտրեցին բացայայտօրէն հայ ժողովուրդին ստե-լու ուղին՝ պնդելով, որ հայոց բանակը մեծ կորուստներ կը հասցնէ թշնամիին եւ յաղ-թանակը պիտի ըլլայ, միայն՝ համբերութիւն: Եւ ահա ուղղակի այստեղ անոնք ամբողջովին կը կրեն պատասխանատւութիւն:
Ինչ կը վերաբերի հարցին քաղաքական եւ դիւանագիտական կողմերուն.
 
Քանի որ պարոն Փաշինեանը կառավարութիւնը ստանձնած էր 2018-ի Մայիսին, ա-նոր հիմնական կեդրոնացումը ԱԱԾ-ի վրայ էր, որուն միջոցով ան կը մեղադրէր իր քաղաքական հակառակորդները շինծու պատրուակներով՝ զանոնք բանտ նստեցնե-լու եւ իր հետեւորդներուն կողմէ ժողովրդականութիւն վայելելու համար: Անոր զոհե-րէն են նախագահ Քոչարեանը (ռուսամէտ ՀՀ նախագահը), պարոն Ծառուկեանը (հա-րուստ գործարար եւ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար): Անհաւա¬տա-լի է…
 
Ան կը ցանկար կատարել իր խոստումը, որուն շուրջ քարոզչութիւն ծաւալած էր այս-պէս կոչուած Թաւշեայ յեղափոխութեան ընթացքին՝ բոլոր հարուստ եւ փտած մար-դիկը (իր սահմանումով՝ օլիկարգները) ասֆալտին «փռել»: Անոր հիմնական նպա¬տա-կը ժողովրդականութիւն ձեռք բերելն ու քաղաքական հակառակորդները վարկա¬բե-կելն էր:
Ան այսօր ալ կ’օգտագործէ նոյն մարտավարութիւնը ընդդիմադիր քաղաքական կու-սակցութիւններու առաջնորդներուն դէմ, որոնք Արցախեան պատերազմի խայտա-ռակ պարտութենէն ետք կը պահանջեն իր հրաժարականը: Ան կը վախցնէ զանոնք՝ ձեռնաշղթաներով եւ բանտ նստեցնելով, պարզապէս այն բանին համար, որ անոնք կոչ կ’ուղղեն իրեն հրաժարական տալու:
 
Անոր ժողովրդավարութեան, արդարութեան եւ խօսքի ազատութեան խոստումը, ո-րուն համար ան ընտրուած էր, խորապէս մոռցուած է: Պարտութեան համաձայնագի-րը ստորագրելէն ետք փոխանակ ներդնելու իր բոլոր ջանքերը երկրին եւ ժողովուր-դին առջեւ ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրները լուծելու, ան յայտա¬րա¬րեց, որ այս աննախադէպ հանգամանքներուն մէջ պէտք է գումարուի արտահերթ խորհրդա-րա¬նի նիստ՝ զրկելու համար պարոն Ծառուկեանը պատգամաւորական ի¬րա¬ւունքէն:
 
Ան կը կարծէր, որ իր արեւմտամէտ, հակառուս արտաքին քաղաքականութիւնը Հա-յաստանը պիտի դարձնէ անկախ, յատկապէս անկախ՝ ռուսական ազդեցութենէն: Եւ ան գործեց այդ տրամաբանութեամբ՝ վնասելով Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ մեր ունե-ցած պատմական եւ բարձր մակարդակի վրայ գտնուող ռազմավարական յարաբե¬րու-թիւններուն:
Եթէ նայինք Կովկասի քարտէսին, պիտի տեսնենք, որ Հայաստան շատ փոքր երկիր է՝ դէպի ծով ելք չունեցող, իր հարեւաններուն՝ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Իրանի համեմատ, եւ եթէ ան 5000 տարուան աղէտներէ ետք ընդհանրապէս գոյութիւն ունի, ապա այդ հայ ժողովուրդի մարտական եւ գոյատեւման ոգիին, եւ, ի հարկէ, տա¬րա¬ծաշրջանին մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան եւ անոր աշխարհաքաղաքական հետա¬քրքրութեան շնորհիւ է:
Ցանկացած պահու եթէ Հայաստանի հարեւաններէն որեւէ մէկը որոշէ ներխուժել Հա-յաս¬տան, ապա անոնցմէ շատ ժամանակ չի պահանջուիր իրենց նպատակին հասնե-լու համար: Վերջերս Էրտողանի կողմէ մի քանի յայտարարութիւններ եղան, որ Հա-յաս¬տանը թրքական տարածք է, որուն զուգահեռ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանը Ազրպէյճանի տարածք է: 
 
Միակ պատճառը, որ Հայաստան դեռ կանգուն է, Կովկասի նկատմամբ Ռուսիոյ հե-տա¬քրքրութիւնն է: Հայաստանի ապագան սերտօրէն կապուած է ռուս ազգի բարեկե-ցու¬թեան հետ: Եթէ ՆԱԹՕ-ին յաջողուի տապալել Ռուսիոյ Դաշնությունը, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ժամանակ չեն կորսնցներ երթով շարժելու դէպի Երեւան:
 
Էրտողանի վերջին թշնամական եւ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան Ազրպէյճանի մէջ կ’աջակցէին Ուաշինկթընը եւ բրիտանական հետախուզական MI6- ը, որու տնօրէն պրն. Ռիչըրտ Մուրը՝ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Թագաւորութեան նախ-կին դեսպանը, Էրտողանի ամենամօտիկ ընկերն է:
 
Աշխարհի իսլամ ծայրայեղականներու ինքնահռչակ առաջնորդ Էրտողանը կը ցան-կայ մէկ դրօշի ներքոյ միաւորել թրքալեզու նախկին խորհրդային երկիրները՝ Ազրպէյ¬ճանը, Ղազախստանը, Թուրքմենիստանը եւ Ղրղզիստանը, ստեղծելով, այս-պէս կոչուած, թրքական/իսլամական ՆԱԹՕ, որ Արեւմուտքի կատարեալ դաշնակիցն է, եւ փորձ կը կատարուի Ռուսիոյ հարաւային սահմաններուն մէջ ապակայունացնել իրավիճակը :
 
Հետեւաբար Փաշինեանի արեւմտամէտ եւ հակառուս քաղաքականութիւնը չ’օգներ Հայաստանի շահերուն: Սակայն արեւմտեան քաղաքակրթութիւններու համար բաց ըլլալը պէտք չէ ըլլայ մեր հիմնական պաշտպան Ռուսիան կորսնցնելու հաշուոյն: Ապագային իր գոյատեւման համար Հայաստան պաշտպանի կարիք ունի եւ այդ պաշտ¬պանը Ռուսիան է:
Վերջին 2,5 տարուան ընթացքին Փաշինեանի քաղաքականութիւնն ու որոշումները ծունկի բերին Հայաստանը: Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, որոնք հրաժարած են եռակողմ պայմանագրէն, կը ցանկան վերսկսիլ բանակցութիւնները՝ կորսնցուցած տա¬րածքներուն մէկ մասը ետ բերելու համար եւ կը պահանջեն վարչապետին հրա-ժարականը: 
 
Ռուսիա շատ յստակ ըսաւ, որ իրենք շահագրգռուած չեն որեւէ նոր բանա¬կցու¬թիւն-ներով։ Անոնք դժուարութիւն ունին վերահսկելու Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին թրքական զօրքերը եւ անոնց պահանջները, ինչպէս նաեւ կը ցանկան հաւատարիմ մնալ նախնական համաձայնագրին: Անոնք պէտք է գոյատեւեն Փաշինեանի կառա-վա¬րութեան հետ՝ մինչեւ համաձայնագրին իրագործումը աւարտի:
 
Փաշինեանի բնաւորութիւնը իմանալով՝ ան երբեք պիտի չընդունի իր մեղքը եւ կա-մա¬ւոր հրաժարական պիտի չտայ, բացի անկէ, երբ ստեղծուի այնպիսի պարագայ, որ ան ստիպուած ըլլայ այդ քայլին դիմելու: 
 
Ան միշտ պիտի գտնէ մեղաւորներ իր ձախողութիւններուն համար, ինչպէս Արայիկ Յարութիւնեանը՝ Արցախի նախագահը, որ կը մեղադրէր իր իսկ զինուորները առաջ-նա¬գիծէն փախչելնուն համար:
 
Ան պէտք է ինքզինք մեղադրէ իր զինուորներուն կռուելու համար օդային պաշտպանութիւն չտրամադրելուն մէջ: Ինչպէ՞ս ան կրնար այդ երիտասարդ երեխաները ու-ղար¬կել դէպի մահ եւ մեղադրել զիրենք, որոնք նախընտրած էին ապրիլ:
Ի հարկէ, այս ձախողութեան մէջ հայ ժողովուրդը ունի իր մասնաբաժինը՝ հետեւեալ պատճառներով.
 
1. Ամբոխավարական, մակերեսային, անկարող առաջնորդին եւ անոր երիտասարդ, անփորձ եւ ոչ-համարժէք անձնակազմը կուրօրէն ընտրելուն եւ սատարելուն համար, որոնք աւելի շատ շահագրգռուած էին որեւէ ձեւով կառչիլ իրենց պաշտօններուն եւ մնալ իշ¬խա¬նութեան վրայ, այլ ոչ թէ ազգին մարտահրաւէրներուն դիմակայել եւ լու-ծել: Ասոնք կարելի է նոյնիսկ փտած համարել. ծախսելով կառավարութեան գումար-նե¬րը ելեկ¬տրո¬նային կայքի կեղծ աշխատողներու բանակ վարձելու համար՝ զանոնք կ’օգ¬տա¬գոր¬ծեն ընկերային ցանցերու վրայ իրենց շահին եւ առաւելութեան քարոզ¬չու-թեան հա¬մար: Անոնք բաժնեցին ազգը, ոչ թէ միացուցին՝ իրենց հակառակորդները պիտա¬կա¬ւորելով որպէս «սեւ» հայ, իսկ համակիրները կը համարէին «սպիտակ» հա-յեր: Ստե¬լով ժողովուրդին, խեղաթիւրելով ռազմաճակատի իրողութիւնը՝ անոնք կը շա¬րու¬նա¬կէին հայ երիտասարդները ուղարկել առաջնագիծ՝ սպաննուելու:
 
2. Մտածել, որ հայերը անպարտելի են: 
1994-ին պատերազմը յաղթելէ ետք, Ղարաբաղի ղեկավարները կը կարծէին, որ իրենք անպարտելի են: Արցախի հոգեւոր առաջնորդը 2019-ի Յունիսին Ստեփանակերտի մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ կը պնդէր, որ Ղարաբաղի ժողովուրդը Աստուծոյ ընտ¬րեալ ժողովուրդն է, ուստի ան երբեք չի պարտուիր: 
 
1994-ի յաջողութիւնը բարոյահոգեբանական խթան հանդիսացաւ ամբողջ աշխարհի հայութեան համար՝ հաշուի առնելով այն փաստը, որ հայերու մեծ մասը ողբերգական յիշողութիւն ունի 1915-ի Ցեղասպանութեան մասին, իսկ Ղարաբաղի յաջողութիւնը իրենց ինքնութեան վերածնունդն էր: Ինքզինքնին կապեցին այդ յաջողութեան հետ եւ մոռցան, որ Հայաստանը շատ փոքր ազգ է՝ համեմատած աշխարհի միւս ազգերուն հետ եւ չի կրնար գոյատեւել առանց զօրաւոր ռազմավարական պաշտպանի:
 
Առնուազն տարակուսանք կը յառաջացնէ մօտս, թէ ինչպէ՛ս հայերը կը մտածեն իրենց մասին. իրենք կը կարծեն, թէ իրենք աշխարհի ամենախելացի ժողովուրդն են, իրենց բա¬նակը աշխարհի ամենաուժեղ բանակն է, որեւէ յայտնի գիտնական, դերասան, քա¬ղաքական գործիչ, հարուստ գործարար՝ այս կամ այն կերպով ունի հայկական ծագում: 
Եթէ այդ ճիշդ է, ապա Հայաստան պէտք է ըլլար աշխարհի ամենահզօր ազգերէն մէկը: Իրականութիւնը այն է, որ Հայաստան աշխարհի ամենաաղքատ երկիրներէն մէկն է: Անոնք կը մոռնան, որ այս փոքր, թոյլ քրիստոնեայ ազգը բոյն դրած է երեք մեծ, ուժեղ, հարուստ, 200 միլիոն բնակչութիւն ունեցող մահմետական ազգերու միջեւ, ո-րոնցմէ երկուքը դարեր շարունակ եղած են իր պատմական թշնամիները: Եւ իրականութիւնը այն է, որ անոնք չեն կրնար գոյատեւել, քանի դեռ պաշտպանուած չեն գեր-տէրութեան մը կողմէ: Եւ գուցէ սա այսօր աւելի արդիական է, քան մեր հայոց պատ-մու¬թեան ցանկացած այլ ժամանակաշրջանի ընթացքին: Քաջութիւն է պէտք՝ ընդունելու մեր թոյլ կողմերը, քան պնդելու, որ մենք անպարտելի ենք եւ երթալով առաջ¬նա¬գիծ՝ մեռնիլ: Նոյնիսկ այսօր, պարտութեան պայմանագիրը ստորագրելէ ետք, հայկական որոշ լրատուամիջոցներու հռետորաբանութեան մէջ դեռ կը տեսնես հետեւեալ կարգախօսը՝ «Հայուն անհնար է յաղթել»:
 
Ժամանակն է, որ հայերը արթննան եւ տեսնեն իրականութիւնը ինչպէս որ է: Անոնք ո՛չ աւելի լաւն են եւ ո՛չ ալ աւելի խելացին, քան որեւէ այլ ազգ կամ ժողովուրդ: Ընդ-հակառակը, անոնք շատ աշխատանք ունին ընելու՝ գոյատեւելու եւ այս փոքրիկ հո-ղակտորը շոգիացումէ փրկելու համար. Հայաստանը ոչնչացման եզրին է:
 
3. Բողոքելու համար հայերը մինակ մնացած են, եւ աշխարհի որեւէ մէկ երկիր չ’օգներ հա¬յերուն: Հայերը կը սիրեն զոհի դեր կրել: Դարեր շարունակ այդպէս եղած է եւ այդ դարձած է անոնց DNA-ին մէկ մասը: Ժամանակն է փոխելու զայն: Հայերու յաջողութիւնը կամ ձախողումը հայերու ձեռքերուն մէջ է, մի՛ մեղադրէք այլ երկիրները ձեզի չօգնելնուն համար: Մեղադրեցէ՛ք դուք ձեզ, որ չէք կրցած բաւարար հետաքրքրութիւն ստեղծել այլ երկիրներու մօտ, որոնք հարկ եղած ատեն օգնեն ձեզի:
 
Այս սարսափելի պարտութենէն ետք, Հայաստանի տնտեսութիւնը այսօր խայտառակ վիճակի մէջ է: Յաջորդ տարիներուն անոր արժոյթը կտրուկ պիտի արժեզրկուի: Գոր-ծազրկութիւնը պիտի հասնի բոլոր ժամանակներու համեմատութեամբ բարձր մա-կար¬դակի: Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մեծ թուով քաղաքացիներ պիտի մեկնին երկ-րէն՝ Սփիւռքի մէջ աւելի լաւ կեանք փնտռելու համար: Փաշինեանի «հպարտ քաղա-քա¬ցիները» վերջաւորութեան այդքան հպարտ պիտի չըլլան՝ իր երկուքուկէս տա-րուան աղէտալի ու խեղճուկ իշխանութենէն ետք: Ան եւ իր անփորձ խումբը պիտի դատուին ապագայ սերունդներուն կողմէ, որպէս Հայաստանի պատմութեան ընթաց-քին ամէնէն անարդիւնաւէտ, անպիտան, մակերեսային, ինքնահաւան առաջնորդներ:
 
Ժամանակն է լրջօրէն մտածելու ապագայ սերունդներու անվտանգութեան եւ բարե-կե¬ցութեան մասին: 
Հայաստան չի կրնար յաւերժ պայքարիլ իրմէ աւելի հզօր թշնամիներու դէմ եւ պէտք է վերանայի իր քաղաքականութեան կորսուած տարածքներուն վերաբերեալ, առաջնա¬հերթութիւնը պէտք է տրուի ապահովելու Հայաստանի եւ Արցախի ներկայի սահման¬ները ինչպէս որ են, եւ կեդրոնանայ երկրի տնտեսութեան բարելաւման եւ իր քաղա¬քացիներուն բարեկեցութեան վրայ:
 
Հայ ժողովուրդին իրական յաղթանակը կ’ըլլայ այն, որ ան ապահովէ խաղաղ եւ ա-պա¬հով երկիր իր քաղաքացիներուն համար, պատրաստելով առողջ սերունդներ, ո-րոնք պիտի ապրին բարիդրացիական պայմաններու մէջ իրենց հարեւաններուն հետ:
 
Թուրքիա հսկայական բանակ կուտակած է Հայաստանի սահմաններուն: Հայաստան չի կրնար պաշտպանել իր սահմանները առանց իր տարածքին ռուսական բանակի ֆիզիքական ներկայութեան: Դժբախտաբար, Ռուսիոյ ռազմական ներկայութիւնը Հա-յաստանի համար պիտի արժէ իր անկախութիւնը եւ Հայաստան պիտի ըլլայ Ռուսիոյ պաշտպանութեան տակ, անկախ անկէ, որ կը ցանկա՞ն, թէ՞ ոչ: Նոյնիսկ չի բա¬ցա-ռուիր, որ ան կրնայ ըլլալ Ռուսիոյ Դաշնութեան մէկ մասը՝ իր բոլոր հետեւանքներով:
 
4. Հայ ժողովուրդը ձախողեցաւ ճանչնալու Սփիւռքը որպէս լիարժէք գործօն Հա¬յաս-տանի եւ Արցախի զարգացման ծրագրերուն, մերժուեցաւ մասնակցելու քաղաքական գործընթացներուն եւ կը դիտուէր որպէս դրամի աղբիւր՝ որոշակի ծրագրերու իրա-կա¬նացման համար:
 
Որպէսզի ունենանք զարգացող Հայաստան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւն մեր հարեւան երկիրներուն հետ, կայ չորս նախապայման.
 
ա) Ունենալ մշտապէս զարգացող տնտեսութիւն եւ տնտեսապէս հզօր Հայաստան:
 
բ) Ունենալ հզօր բանակ եւ ժամանակակից ռազմարդիւնաբերական համալիր՝ դիմագրաւելու համար հարեւաններու թշնամական նկրտումները:
 
գ) Ամրապնդել Ռուսիոյ հետ մեր ռազմական դաշինքը՝ ապահովելու համար մեր տա-րածքներուն ամբողջականութիւնը արտաքին ցանկացած յարձակումէ:
 
դ) Ապահովել միջազգային քաղաքական աջակցութիւն Հայաստանի անվտան¬գու-թեան ու բարեկեցութեան:  
Ինչպէս նկատեցիք, Ա. եւ Դ. կէտերը չենք կրնար իրականացնել առանց Սփիւռքի լիարժէք ներգրաւուածութեան այս գործընթացներուն:
 
2,5 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստանը աւելի քիչ հնարաւորութիւն ունի գոյատեւելու, քան տասը միլիոն բնակչութիւն ունեցող միասնական հայ ազգը:
 
Արդէն ժամանակն է, որ ինքզինք հայ համարող սփիւռքահայը ունենայ Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Ան իր տարեկան եկամուտին 5 տոկոսը պէտք է փոխանցէ Հայաս-տանի՝ որպէս ազգային տուրք, որուն դիմաց իր ներկայացուցիչներով ներկայացուած ըլլայ ՀՀ Ազգային Ժողովին եւ կառավարութեան մէջ: Այս ամէնը առիթ պիտի տայ, որ Սփիւռքէն հայրենիք ուղարկուող հաստատուն նիւթական օժանդակութիւնները օգնեն տնտեսական հզօրացման:
 
Այս հարցը դժուար է կեանքի կոչել, որովհետեւ կարիք պիտի ըլլայ սահմանադրական որոշակի փոփոխութիւններու: Չեմ կարծեր, որ սա դիւրին խնդիր է, բայց ժամանակն է գիտակցելու, որ այլ տարբերակ գոյութիւն չունի:
Հայաստանի ապագան մշուշոտ է։ Հայերը իրաւունք չունին յապաղելու. մենք պէտք է արագ եւ ժրաջան գործենք մեր գոյութիւնը եւ գոյատեւումը ապահովելու համար։ Մեզի հարկաւոր է նոր որակի խելացի կառավարութիւն, որ կարենայ յաղթահարել այս ճգնաժամը եւ դուրս բերել երկիրը ծանր կացութենէն: 
 
Այս վերջին պարտութիւնը մեզ որպէս ազգ պէտք է արթնցնէ: 
 
Կանադա, Տորոնտո Վարուժան Լափոյան
 
 
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն