Գիրքերու Աշխարհի մէջ նոր Գիրքերու Տողանցքը ...


Գիրքերու Աշխարհի մէջ նոր Գիրքերու Տողանցքը ...

  • 15-11-2021 17:08:27   | Հայաստան  |  Նոր գրքեր

Անցնող Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն լոյս ընծայուած գիրքերու շնորհահանդէսները կը հաստատէին առկայութիւնը սփիւռքահայ աննահանջ գրականութեան:   
 
Ուրախութիւն էր բոլորիս համար բանաստեղծ, ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեանի հրատարակուած բանաստեղծութիւններու՝ «Պարզ ու Տաքուկ Բառերով» հատորին շնորհահանդէս-գինեձօնը Երեւանի Թէքէեան Կեդրոն սրահին մէջ, 20 Սեպտեմբեր 2021-ին:
 
Մշակութային այս եզակի նախաձեռնութեան ներկայ էին հոյլ մը գրողներ, մշակութասերներ, Երեւանցիներ թէ հայաստանաբնակներ, ըլլան անոնք Հալէպէն, Պէյրութէն եւ այլ հայ գաղութներէ, ինչպէս՝ Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ իրաւունքի պատմութեան ամպիոնի վարիչ, քաղաքական գիտութիւններու Փրոֆ. Լեւոն Շիրինեան, Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի մէջ 1995 թուականէն ի վեր գործող «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն,  գրականագէտ՝ Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, Բանասիրական Գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս Քնարիկ Աբրահամեան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու՝ Գէորգ Եազճեան, գրող, բանաստեղծ՝ Ժան էքմէքճեան եւ գեղանկարիչ՝ Վիգէն Շարոյեան, «Ծաղիկ» գրական Ազգային Շաբաթաթերթի խմբագրապետ՝ Յակոբ Տիւնեայեան ներկայ էին նաեւ ընթերցասէր ու մշակութասէր հայրենակիցներ:
 
Գիրքի շնորհահանդէսի բացումը կատարեց Գերշ. Արիս Արք. Շիրվանեան Սրբազանի Տէրունական աղօթքով: Օրուայ հանդիսավարուհին էր Ռատիօ Այգ-ի հիմնադիր Տիկ․ Շաքէ Մանկասարեան, որ ձեռնհասօրէն վարեց օրուայ նախաձեռնութիւնը, բացման իր խօսքը սկսելով հեղինակի հետեւեալ խորիմաստ բառերով՝ 
 
Ու դեռ Աստուած թող շէննայ, շէննայ շնան ամէն տուն
Իր պապիկով մամիկով թոռնիկներով ծոռներով
Ու երբ ծունկ տան աղօթքի՝ Աստուած իմ լոյս ծաթէ
Վրան չքնաղ իմ ազգին, հողին ջուրին եւ գիրին
 
Գրող, արձակագիր Յակոբ Միքայէլեան սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ու ըսաւ.- Սովորաբար մարդիկ  երկու ուղղութիւններէն մէկուն կը հակին, կամ նախասիրութիւնը զիրենք կ՛առաջնորդէ դէպի գիտութիւն, ու այդ ճիւղը բոյն դնելով իրենց մէջ, կը զարգանայ տարիներու ընթացքին, կամ կը հակին դէպի գրականութիւնն ու արուեստները, եւ այդ ուղին զիրենք կ՛առաջնորդէ: Պատահած է, սակայն, որ երբեմն այդ երկու ճիւղերն ալ անձի մը մէջ կը զարգանան, մին՝ գիտութիւնը՝ սնուցանելու համար միտքը, եւ միւսը՝ գրականութիւնն ու արուեստը, սնուցանելու համար հոգին:
Թ․ Եսայեանի նոր հատորը փոքր չափի իր 160 էջերով կը բովանդակէ 148 չափածոյ բանաստեղծութիւններ: Քնարաշունչ բանաստեղծութիւններու այս նոր հատորի գրական ներկայացումը կատարեց Ամերիկահայ՝ գրականագէտ-մատենագէտ, խմբագիր-հրապարակագիր, հրատարակիչ՝ Յովսէփ Նալպանտեան: 
 
«Արուեստի խաղաղութիւն» կազմակերպութիւն www.peaceofart.org հիմնադիր-նախագահ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան շնորհահանդէսի ընթացքին պարգեւատրեց Թադէոս Եսայանը՝ Կազմակերպութեան Երախտագիտութեան վկայականով իր բանաստեղծութիւններուն մէջ խաղաղութեան եւ մարդկային ոգիի դրական տեսլականները ուսումնասիրելու եւ լուսաւորելու համար»: 
 
Հանդիսութեան աւարտին հեղինակը մակագրուած 51 օրինակներ բաշխեց ներկաներուն եւ զինք շնորհաւորողներուն, որոնց մէջ էր նաեւ Աշուղ Նազելին, որ իր զմայլելի ձայնով երգեց հեղինակի խնդրանքով, սրահը լիցքաւորուած էր, թէ գրական եւ թէ մշակութային բարձր տրամադրութեամբ, մանաւանդ երբ ներկաներն ալ առաւել խանդավառուած երգելու մասնակցեցան այս շատ տպաւորիչ մթնոլորտէն հրապուրուած:
 
Դարձեալ ուրախութիւն էր  ի տես Թէքէեան մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած սփիւռքահայ կրթական եւ մշակութային գործիչ Զարմինէ Պօղոսեանի «Ազէզէն Ամերիկա» գիրքի շնորհահանդէսը 20 Սեպտեմբեր 2021-ին:
 
Երկարամեայ մանկավարժի գիրքին մէջ ամփոփուած է հեղինակիՙ 1960-ականներէն մինչեւ մեր օրերը հասնող խոհագրութիւնները, յռդուածներն ու բանաստեղծութիւնները։ 
 
Գիրքի խմբագիր Քնարիկ Աբրահամեանը ընդգծեց՝ Զարմինէ Պօղոսեանը մանկավարժ է։ Հայ համայնքային կեանքը անոր աշխատանքի կիզակէտն էրՙ  նպատակ ունենալով ամերիկեան ափերու վրայ հայ մշակոյթը եւ հայուն պահել», ու եւս մէկ անգամ վստահեցուցՙ  Զարմինէ Պօղոսեանը հայ մշակոյթի արթուն պահակ է։ Հայկական Պետական Մանկավարժական համալսարան ՀՊՄՀ «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնի տնօրէն, Փրոֆ. Սուրէն Դանիելեանը ընդգծեցՙ սփիւռքահայ ուսուցիչին մեծարելու առիթ է. ան ընտրեր է Ամերիկայի մէջ ամէնէն դժուար  գործըՙ օտար ափերու վրայ  հայի ոգին պահելը, հայ մարդուն վերակերտելը։
 
Ամերիկաբնակ հրապարակախօս, գրականագէտ Յովսէփ Նալպանտեան բարձր գնահատեց Զարմինէ Պօղոսեանի գործունէութիւնը, որ շաղախուած է ոչ թէ խօսքով, այլ բացառապէս գործովՙ դասաւանդելով։
Ուրախութիւնը կը շարունակուի: 29 Սեպտեմբեր 2021-ին, Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանի մէջ շնորհահանդէսն էր մատենագիր, գրականագետ, հրապարակախոս, թարգմանիչ, մանկավարժ  Յովսէփ Նալպանտեանի աշխատասիրութեամբ եւ խմբագրութեամբ՝ 26-27-րդ հատորները (մէկ կողքի տակ)՝ ՀՐԱՆԴ ԱՐՄԷՆԻ "Մարզպանը եւ Սպարապետը", "Հայկական գերագոյն ատեան Վասակ Սիւնի (ամբաստանեալ) + յօդուածներ, Երեւան, 628 էջ։ Մատենաշարի 56-րդը։ 
 
Շնորհահանդէսի բանախօսներն էին՝ Պատմաբան Փրոֆ Սամուէլ Մուրատեան| Հայ բանասիրութեան կաճառի պատուոյ անդամ - Ակադեմիկոս Հրանտ Թամրազեանի անուան հայ գրականութեան պատմութեան ամպիոն, Գրականագէտ, Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան  Բանասիրական գիտություններու դոկտոր, Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական հիմնարկի  «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոնի տնօրէն: Գրականագետ, թարգմանիչ Հենրիկ Բախչինեան:
 
Եւ տողանցքի մեծ ուրախութիւնն ու շնորհապարտ աշխատանքն է մեր բոլորին համար «Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» Շաքէ Մանկասարեանի նոր հատորը՝ հերքիաթագիրքը, որ լոյս տեսաւ Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունէն: Իր 104 էջերու մէջ կը բովանդակէ 18 հայ եւ օտար հեքիաթագիրներու ստեղծագործութիւնները:  
 
կարող եք ձեռք բերել Շաքէ Մանկասարեանի Արեւմտահայերէն Հեքիաթները: Այցելեցէք Դարան (Իսահակյան 16ա) Գրեցէք ???? էջին կամ  պատուիրեցէք օնլայն https://daran.company.site 
????  010 56 80 38, 096 56 80 38 haygirq2014@gmail.com  ???? Մեր գրքերը հասանելի են ՀՀ ողջ տարածքին, Արցախ, նաեւ`արտերկիր: Facebook - ԴԱՐԱՆ - ՀԱՅ ԳԻՐՔ
 
Պատրաստեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
 
Նոյյան տապան  -   Նոր գրքեր