Արեւմտահայերէնի ահաւոր վայրէջքին եւ Արեւելահայերէնի տարտամ եւ պղտոր ապագային ի տես, արեւմտահայերէն նոր եւ որակաւոր գիրքի լոյս ընծայումը մեր սիրտը հրճուանքով կը լեցնէ: Անշուշտ Երեւան մայրաքաղաքի Թէքէեան կեդրոնի մէջ այս շնորհահանդէսը իրականացնելն ալ ունի իր խոր-հուրդը:
Բանաստեղծը խօսք ստեղծողն է, նոր խօսք: Ստեղծագործել կը նշանակէ ներքին յոյզերու, մտահոգութիւններու, ապրումներու, գոհութեանց, իմացա-կան ճառագայթումներու խտացած արտացոլում:
Անգլիացի հռչակաւոր գրող Սոմըրսեթ Մոըմը ըսած է. «Բանաստեղծու-թիւնը թա՛գն է գեղեցիկ գրականութեան, անոր վախճանն ու նպատակը, մարդ-կային միտքի վեհագոյն ստեղծագործութիւնը, գեղեցկութեան եւ քնքշութեան գերագոյն արտայայտութիւնը»:
Աստուածային ներշնչումով է որ կը դառնան բանաստեղծ, եւ ոչ իմաս-տութեամբ, կամ...
Պրն. Թադէոս Եսայեան արդէն աւելի քան 60 տարիէ ի վեր կը ստեղծա-գործէ... կը գրէ, կը ջնջէ, կ'երազէ, կը ներշնչուի, կը յուզուի, եւ այլն: Այս գիրքը հեղինակի 6-րդ գիրքն է:
Այս գիրքէն եւ նախորդ գիրքերէն տարբեր բանաստեղծութիւններ զե-տեղուած են դիմատետրի վրայ եւ արժանացած ժողովուրդի սիրոյն եւ գնա-հատանքին:
Հեղինակի խօսքը վճիտ է ու մաքուր, ճիշդ այդպէս ալ իր նոր գիրքը, զոր վերնագրած է «Պարզ ու տաքուկ բառերով», ես կը նախընտրէի «Խոհք ու խռովք», կամ «Մրմունջ ու մռունչ»: Գիրքի մէջ բանաստեղծութիւնները կ'ընթանան ըստ ժամանակագրական կարգի, 2018-էն 2021 թթ.:
Իմ պարտէզիս ծաղիկներով՝
Յասմիկներով, վարդենիով,
Շուշան, մեխակ, մանիշակով,
Անուններով ծաղիկներուս
Պարտէզ ըրի ես կեանքը ձեր,
Սիրուն պարտէզ աղջիկներու...
Ո՜հ, սիրեցէք, համբուրեցէք
Ծաղկանման վարդաշուրթիկ
Աղջիկները ձեր պարտէզին:
Պարզ, անսեթեւեթ, աւելորդ ածականներէ հեռու: Եսայեան իր նուրբ զգացական ուրոյն աշխարհը ունի, անոր քնարը ունի իւրայատուկ ոճ մը, որ ի՛րն է միայն:
Գարնանային տարեդարձ (նուէր բանահօրս՝ Զաւէն Սիւրմէլեանի յիշա-տակին) կը գրէ.
Թոյր-թոյր վարդի փէշերով, շող ու շաղով արծաթէ
Կարծես գարունը եկեր տարեդարձս կը տօնէ,
Կանաչ-կանաչ թփուտներ, գոյն-գոյն սիրուն վարդերով
Կարծես կարմիր են բերեր սիրածներուս շրթունքէն
Ու ճերմակով վարդերուն թաշկինակներ կը ճօճեն...
Բանաստեղծը հարազատ է իր ներքին ձայնին, սիրտէ ի սիրտ քնարա-կան զրոյցի:
Մաքուր արեւմտահայերն՝ սէր, լոյս, հայրենիք, մայր, բնութիւն: Եւ ահա Զապէլ Եսայեանի շունչով -Ազատութեան սէրս- Էջ 10:
Բոլոր Մայրերուն նուիրուած քողտրիկ բան. է.
Աշխարհն ամբողջ թաղարի մէջ ծաղիկով լիք տամ քեզի՝ քիչ է քեզի,
Պսակ պսակ վարդ ու շահպրակ դնեմ գլխուդ արեւի՝ քիչ է քեզի
Շալակ շալակ ուսիս վրայ բերեմ շողերն արեւի՝ քիչ է քեզի
Կոկոն կոկոն կակաչուքներ փռեմ ճամբուդ որ բացուի՝ քիչ է քեզի:
Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան բազմերանգ օղակներէն մին է Պրն. Թադէոս Եսայեանի քերթութիւնը: Հեղինակը աւանդապահ ճշմարիտ բանաս-տեղծն է, ան հեռու է անտեղի, յաճախ անհասկնալի նորարարութիւններէ: Վահէ Օշական, եւ Գէորգ Պըլըտեան օրինակ բերել:
Եւ ահա Թադէոս Եսայեան իր բանահօր Վահան Տէրեանի յիշատակին -Սիրտ իմ ներէ, կ'արտայայտուի այսպէս. (էջ 27): Ուրիշ տեղ մը բանահօր Վահան Թէքէեանին -Սէրս բանաստեղծութիւնը, էջ 43
Դիւրին չէ նոր խօսք ստեղծելը, տաղանդ պիտի ունենաս... ժամանակին երբ 14-16 տարեկան էինք, ինչպէս ձեզմէ շատերը, փորձեր կատարած էինք գրելով մանաւանդ սիրոյ մասին...կ'ուրախանայինք վանկերը եւ տողերու վեր-ջաւորութիւնները բռնեցնելով... անշուշտ մերը պատանեկան փորձեր էին, պարզ ոտանաւորներ: Այո, իսկական բանաստեղծութիւնը մէջդ պիտի արթնցնէ նոր կայծ, պիտի զգաս զայն, պիտի սիրես եւ կրկին կարդաս, դող պիտի տայ որպէսզի ամբողջութեամբ ըմբոշխնես:
Բանաստեղծը նայուածք պիտի ունենայ, մեր չտեսածը պիտի տեսնէ, կարեւորն ու գեղեցիկը մեզ մատուցէ, գեղարուեստական նրբութեամբ, պատ-կերներով գեղագիտական հայճոյք պատճառէ:
ԵԹԷ - բանահօրս Քիփլինկի յիշատակին (էջ 86):
Կան Արցախի եւ Շուշիի նուիրուած այլ բանաստեղծութիւններ: Ժամանակի առումով բոլոր բանաստեղծութիւններուն չենք կրնար անդրադառնալ անշուշտ:
1960-2000-ական թ.ը Սփիւռքի բանաստեղծութեան համապատկերին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն աւանդապահները, գրելաձեւը, կառոյց, սէր, հայրենիք եւ հայու հոգին (հայապահպանում), գրեթէ նոյնն է բոլորի մօտ: Անոնցմէ կը յիշենք՝ Ժագ Յակոբեան, Մուշեղ Իշխան, Գառնիկ Ադդարեան, Պէպօ Սիմոնեան, Զարեհ Մելքոնեան, Բիւզանդ Թօփալեան, Զարեհ Խրախունի, Եդուարդ Սիմքէշեան, Վահէ Վահեան, Գեղամ-Գեղակ, Թադէոս Եսայեան եւ այլք: Անշուշտ այլ են որակները, նիւթի եւ մատուցման ձեւերը:
Բանաստեղծ Կարապետ Սիտալը ունէր 11 հատոր բանաստեղծութիւն: Վահրամ Հաճեանը 20 հատոր բանաստեղծութիւն եւ արձակ, Աբրահամ Ալիքեան, եւ նման ուրիշներ... այսօր անոնց բանաստեղծութիւններու հատոր-ները չկան, որպէսզի կարդացուին, ո՞վ կամ ովքե՞ր պիտի համակարգեն, ո՞վ պիտի կարենայ ի մի բերել ծաւալուն բազմահատորներ, որպէսզի նոր սերունդը -թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Սփիւռք- աւելի եւս տեղեակ ըլլան, թէ Սփիւռքի մէջ ովքեր ստեղծագործած են...եւ կարդա՛ն... եթէ կարդան...
Սիրելի ներկաներ չերկարելու համար կարճ կապեմ:
Սիրելի Պրն. Եսայեան, վարձքդ կատար, վաստակդ արդար, քաջառող-ջութիւն, որպէսզի ստեղծագործես ի փառս հայ գիրի, բանաստեղծութեան եւ գիրքի պահպանման, զարգացման եւ յարատեւման: Կրկին կը շնորհաւորեմ: